ԱԶԳԻ ԶԱՐԹՕՆՔ՝ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻԱՑՈՒՄ
Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի նիւթի եւ բովանդակութեան առումով նորութիւն բերող համաժողով մը, որ քննութեան առաւ հայերէնի երկու ճիւղերու՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման հարցերը: Համաժողովի գլխաւոր նիւթին հետ հաւասար գլխաւոր նիւթ մըն էր նաեւ հայութեան համար նոր ուղղագրութեան մը ստեղծումը: Այս համաժողովը կարծես ուղերձ դարձաւ համապատասխան մարմիններուն, այս հարցով մտահոգուողներուն, որ արեւմտահայերէնի՝ Հայաստան վերադարձը եւ հայութեան համար նոր ուղղագրութեան ստեղծումը արդէն սկսած գործընթաց մըն է եւ պարզապէս միայն որոշ ժամանակամիջոց մը անհրաժեշտ է՝ զայն իրականութիւն դարձնելու համար: Այս մասին կը վկայեն Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու, ի դէմ Սփիւռքի նախարարի, փոխ-նախարարի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Լեզուի կաճառի տնօրէնի, կրթական մշակներու եւ տասնեակ մասնագէտներու ելոյթները, համոզումները այս հարցի առընչութեամբ: Համաժողովի նախաձեռնողներն էին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Պետական ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառը:
ԺԱՄԱՆԱԿ համաժողովի աւարտէն ետք հանդիպում մը ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ համաժողովի կազմակերպիչներէն Լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանի հետ: Ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուց երկու հայերէններու մերձեցման իր՝ իբրեւ մասնագէտի պատկերացումները:
Վիքթոր Կատուեալեան հարցազրոյցի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ ուղղագրութեան հարցերու շուրջ՝ շեշտելով, որ հայերէնի հարցերու մասին խօսելով՝ սխալ է չքննարկել ուղղագրութեան առընչուող հարցերը: Ան վստահ է, որ հեռու չէ այն օրը, երբ ամբողջ հայութիւնը կ՚ունենայ մէկ ու միասնական ուղղագրութիւն: Վիքթոր Կատուալեան յիշեցուց, որ ուղղագրութեան հարցի վերաբերեալ Հայաստանի մէջ այլեւս չկան նախկին խիստ, ծայրայեղական դիրքորոշումները՝ թէ՛ պետական, թէ՛ ակադեմական եւ թէ հասարակական մակարդակներու վրայ: Ծանօթ լեզուագէտը նշեց, որ ընդհակառակը՝ պետական մակարդակով կայ պատրաստակամութիւն՝ աջակցելու մասնագէտներու ընդունած որոշումներուն:
-Պարոն Կատուեալեան, ի՞նչ անհրաժեշտութենէ մղուած նախաձեռնուցաւ նման համաժողովի մը:
-Որեւէ ժողովուրդի գոյատեւման եւ միասնականութեան կարեւորագոյն հիմքերէն է լեզուն, որու կորուստը կրնայ նշանակել այդ ժողովուրդի անհետացում, եւ որու երկփեղկումը ժամանակի ընթացքին կրնայ ի վերջոյ տեղի տալ ժողովուրդի երկփեղկման. մարդկութեան պատմութիւնը տուած է նման բազում օրինակներ: Հայոց լեզուն հայապահպանութեան գլխաւոր զէնքն է, մեր գոյութեան հիմնասիւնը, ազգային միաբանութեան կարեւոր առհաւատչեան, համազգային, համապետական արժէք, ուստի անոր նկատմամբ անհրաժեշտ է յատուկ հոգածութիւն, որ պէտք է արտայայտուի բոլորիս կողմէ՝ թէ՛ հայաստանեան իշխանութիւններու, թէ՛ աշխարհասփիւռ հայ հանրութեան, եւ թէ մանաւանդ՝ մտաւորականութեան ջանքերու արդիւնաւէտ ու շահագրգիռ համադրմամբ՝ ի շահ հայ ժողովուրդի, Հայաստան աշխարհի, հայ մշակոյթի: Անշուշտ, լեզուն ունի զարգացման իր բնական օրէնքները, եւ ձախողման դատապարտուած է լեզուի նկատմամբ հնչիւնաքերականական յօրինուած կանոններու, արհեստական կազմութիւններու պարտադրանքը, սակայն հասարակութիւնը չի կրնար անտարբեր ըլլալ լեզուական զարգացման գործընթացներու հանդէպ, ընդհակառակը՝ հասարակութեան մտաւորական հատուածը պարտաւոր է ուղղորդել այդ գործընթացները, նպաստել լեզուի պահպանման, միասնականութեան ու զարգացման: Ի դէպ, հայ մտաւորականները միշտ ալ մտահոգ եղած են լեզուական հարցերով, նպաստած են հայերէնի մշակման ու կանոնակարգման, պայքարած են լեզուական աղճատումներուն դէմ, իրենց գիտական ու գեղարուեստական, հրապարակախօսական երկերով նպաստած են լեզուի հարստացման:
Լեզուն միանգամընդմիշտ անփոփոխ տրուած ու քարացած իրողութիւն մը չէ, ան շարունակ կը զարգանայ, ձեռք կը բերէ նոր որակներ, կ՚ունենայ լուծման ենթակայ խնդիրներ, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ արտալեզուական, պատմական հանգամանքներով, լեզուական հանրութեան կեանքին եւ կենսապայմաններուն առընչուող իրողութիւններով:
Ինչպէս որեւէ լեզու, այնպէս ալ հայերէնը կը դրսեւորուի տարբերակային ձեւերով, եւ լեզուական իւրաքանչիւր տարբերակ կրնայ ունենալ իր մարտահրաւէրները: Ի հարկէ, հայերէնի դրսեւորման բոլոր տարբերակները՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրական լեզուները, խօսակցական լեզուն եւ բարբառները, միասնական համակարգի անտրոհելի բաղադրիչներ են, եւ այդ դրսեւորումներէն իւրաքանչիւրի խնդիրները ի վերջոյ ընդհանուր հայերէնի, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուի խնդիրներն են:
Այսօր առանձնայատուկ ուշադրութեան կարիք ունին ընդհանուր հայերէնեան բազմաթիւ խնդիրներ. օրինակ՝ արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը եւ մայրենի լեզուի միասնականութեան ապահովումը:
Արեւմտահայերէնի պահպանութեան խնդիրը, յառաջանալով եղեռնեան դէպքերու հետեւանքով, երթալով աւելի ու աւելի հրատապ կը դառնայ: Արդէն հարիւր տարի, զրկուած ըլլալով բնօրրանէն, միասնական գործածութեան ու զարգացման, հետեւաբար նաեւ՝ կանոնակարգման հնարաւորութիւններէն՝ բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան լեզուի իր դերէն, դպրոցական համալիր ուսուցման միջոց ըլլալու գործառոյթէն՝ օտարախօս միջավայրերու մէջ արեւմտահայերէնը կը գոյատեւէ յամառ ջանքերու, ուժերու ամէնօրեայ լարման շնորհիւ: Ընդհանրապէս, հայրենիքէն դուրս, օտար պետականութեան շրջանակներու մէջ գործածուող որեւէ լեզու ստիպուած է դիմակայել բազում մարտահրաւէրներու: Մասնաւորապէս, տուեալ երկրի լեզուի նկատմամբ իրաւական անհաւասար վիճակը, համաշխարհայնացման գործընթացները, այլալեզու միջավայրին յարմարուելու նոր սերունդի բնական մղումը, խառն ամուսնութիւնները առարկայական իրողութիւններ են, որոնք մշտապէս առկայ են եւ մշտապէս կը ձգտին նեղցնել արեւմտահայերէնի գործածութեան շրջանակները: Ընդհանուր առմամբ, արեւմտահայերէնի հիմնական խնդիրը հայրենիքէն դուրս եւ ոչ-միասնական գոյութիւնն ու գործածութիւնն է: Ըսուածը նորութիւն չէ, եւ ակնյայտ է, որ այս խնդրի լուծման եղանակները ներկայիս դժուար է կանխորոշել: Սակայն ակնյայտ է նաեւ, որ արեւմտահայերէնի միասնականութիւնը որոշակի կերպով կրնայ ապահովել մայր հայրենիքը: Կը կարծեմ՝ նախ եւ առաջ հարկաւոր է մեր հասարակութեան մէջ ամրապնդել այն բանի գիտակցումը, թէ արեւմտահայերէնը համազգային արժէք է, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուի եւ տանտիրոջ իրաւունքով պէտք է իր տեղը ունենայ հայաստանեան իրականութեան մէջ, արեւելահայերէնի հետ զուգահեռ գործածուի, արմատներ ձգէ, ամրապնդուի հայրենիքի մէջ եւ իր կենդանարար աւիւնը մղէ Սփիւռք:
Արեւմտահայերէնը ոչ միայն ազգապահպան դեր ունի Սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ կ՚ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական ներկայութիւնը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կը կատարէ լեզուական դեսպանի իւրայատուկ դեր՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով աշխարհի մէջ ծանօթացնել մեր մշակոյթը, ազգային ինքնատիպութիւնը: Այս առումով, արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ զարգացումը ո՛չ միայն ազգային, այլ նաեւ պետական նշանակութիւն ունեցող առաջնահերթութիւն մըն է:
Ահաւասիկ, այս մտահոգութիւններէն, այս անհրաժեշտութիւններէն մղուած կազմակերպուեցաւ գիտաժողովը, որ, կը կարծեմ՝ աւելի շատ մարդոց գիտակցութեան մէջ կ՚ամրագրէ, թէ արեւմտահայերէնի պահպանումը հայերէնի պահպանումն է, արեւմտահայերէնը մեր հոգեւոր հայրենիքի անբաժանելի, բայց վտանգուած մէկ մասն է, եւ ինչպէս անթոյլատրելի է նահանջը երկրի սահմաններէն, այնպէս ալ անթոյլատրելի է նահանջը լեզուական սահմաններէն: Գիտաժողովի հիմնական լոզունգը կարծեմ հասկնալի է՝ արեւմտահայերէնը պէտք է վերադառնայ Հայաստան, իր ոտքի տակ պէտք է հարազատ հող զգայ, հայրենի հող, Հայաստանի հող: Եւ հաւատացէք, որ արեւմտահայերէնի ներկայութիւնը շատ անհրաժեշտ է նաեւ արեւելահայերէնին համար:
-Համաժողովի ընթացքին բազմիցս խօսուեցաւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայէրենի մերձեցման ուղիներու մասին: Դուք, իբրեւ մասնագէտ, նաեւ այս համաժողովի նախաձեռնողներէն մէկը, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք մերձեցումը:
-Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցումը լեզուի ճիւղերու համակարգերու արհեստական փոփոխութիւններ չ՚ենթադրեր, եւ մերձեցում ըսելով նպատակը գրական լեզուի մէկ միասնական տարբերակ ունենալը չէ, այլ զարգացման միասնական հեռանկարի եւ փոխհամաձայնեցուած կանոնակարգման ու փոխհարստացման ուղիներու մշակումը եւ անոնց գործադրումը՝ այն գիտակցումով, որ իր տարբերակային բոլոր դրսեւորումներով հանդերձ հայերէնը մէկ միասնական լեզու է, որու բոլոր իրողութիւններն ու միաւորները շաղկապուած են իրարու՝ անկախ տարբերակային վերաբերութենէն:
-Իսկ ո՞ր կառոյցը պէտք է զբաղի այս հարցերով եւ բոլոր այն հարցերով, որոնք յառաջ քաշուեցան համաժողովի ընթացքին:
-Ես կը կարծեմ, թէ համաժողովէն ետք մենք պէտք է կարողանանք ստեղծել յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի իմ ըսած հարցերը ուսումնասիրելով եւ զանոնք հանրութեան ներկայացնելով:
-Մեծածաւալ քննարկումներ տեղի ուեցան նաեւ հայերէններու երկու ուղղագրութիւններու մասին: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը:
-Թերեւս ստեղծուելիք նոր կառոյցը կազմակերպէ նաեւ հայերէնի միասնական ուղղագրութեան ձեւաւորման հարցի քննարկումներ, ուսումնասիրութիւններ, մշակէ եւ ներկայացնէ գիտականօրէն հիմնաւորուած առաջարկութիւններ:
Իմ համոզումս այն է, որ անբնական եւ տարօրինակ է, երբ մէկ լեզուն ունի երկու ուղղագրութիւն: Խնդիրը առկայ է եւ լուծում կը պահանջէ, մանաւանդ որ լեզուի մասին երկրի օրէնքին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նպաստէ հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացման: Կը կարծեմ, թէ սկզբնական շրջանին համար ուղղագրութեան հարցին մէջ տարակարծիք կողմերէն մէկը պէտք է ընդունի, որ դասական ուղղագրութիւնը հայ ժողովուրդի լեզուամշակութային մեծարժէք ժառանգութիւններէն մէկն է, գիտելիքի աղբիւր, լեզուի պատմութեան շտեմարան, որ դարեր շարունակ գործածուած է եւ կը շարունակէ գործածուիլ, եւ որուն ուսուցումը պէտք է ընդգրկել եթէ ոչ դպրոցական, ապա գոնէ համալսարանական կրթական ծրագրերուն մէջ, իսկ միւս կողմը պէտք է ընդունի, որ նոր ուղղագրութիւնը խօսքի գրաւոր արտայայտութեան անյարմարութիւններու պատճառ չէ եւ նոյնպէս ունի գոյութեան իրաւունք: Միասնական ուղղագրութեան կարելի է հասնիլ ոչ թէ հակամարտութեամբ, այլ համագործակցելով, մէկ կողմ թողլով յաւակնութիւնները եւ վիճաբանելու բուռն ցանկութիւնը, ամէն ինչէն վեր դասելով ազգային միասնութեան հրամայականը, կատարելով հիմնաւոր ուսումնասիրութիւններ, քննարկումներ եւ գտնելով ոսկէ միջինը: Ուղղագրութիւնը փոխելու ուղղուած կտրուկ պահանջները կամ՝ հնչող մեղադրանքները միայն կը խանգարեն գործը: Հայերէնը պէտք է ունենայ միասնական ուղղագրութիւն, որ պէտք է ձեւաւորուի դասական եւ նոր ուղղագրութիւններու արժանիքներու եւ առաւելութիւններու հաշուառումով:
Իսկ այս կարգի համաժողովներու կազմակերպումը անընդհատ օրակարգի վրայ կը պահէ հարցը, անընդհատ կը հնչեցնէ, այդ մէկը արդէն իսկ նուաճում մըն է: Մենք՝ ամէնքս ուս ուսի տալով պէտք է նպաստենք, որպէսզի մեր հայերէնի դրսեւորումները, ուղղագրութիւնները, ինչպէս թռչունին երկու թեւերը, վեր բարձրացնեն մեր լեզուն, մեր ազգը: Այսօր մենք ազգային զարթօնքի կարիք ունինք եւ այդ մէկը վստահ, նաեւ այս ճանապարհով իրականութիւն պիտի դառնայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ