ՀԱՆԱՊԱԶՕՐԵԱՅ ՀԱՐՑ…

Բա­ցի Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նէն, Ա­րաբ­կի­րի հա­մայն­քը միշտ նա­խընտ­րե­լի վայր մը ե­ղած է ին­ծի հա­մար: Կը քա­լեմ Կո­մի­տա­սի լայն պո­ղո­տա­յէն, Յա­կոբ Յա­կո­բեան փո­ղո­ցին ան­կիւ­նը կը նշմա­րեմ «Նոր Զով­ք» հան­րա­խա­նու­թը եւ ներս կը մտնեմ: Ընդ­հան­րա­պէս կը յա­ճա­խեմ այս հան­րա­խա­նու­թի ցան­ցին մաս կազ­մող կրպակ­նե­րը քա­ղա­քին բո­լոր հա­տուած­նե­րուն մէջ: «Նոր Զով­ք­»ի պզտիկ խա­նութ­նե­րը՝ ի­րենց մտեր­միկ մի­ջա­վայ­րը միշտ կը տրա­մադ­րեն յա­ճա­խորդ­նե­րուն: Դրան վրայ ան­ծա­նօթ գրու­թիւն մը կայ՝ «Յար­գե­լի յա­ճա­խորդ­ներ, այ­սու­հե­տեւ վա­ճա­ռա­տու­նի տոպ­րակ­նե­րը վճա­րո­վի են, մէկ տոպ­րա­կը կ­­՚ար­ժէ՝ 20 դրա­մ»: Ան­ծա­նօթ գրու­թիւ­նը մէկ ան­գա­մէն ա­նակն­կա­լի կը բե­րէ զիս, բայց մէկ կող­մէն ալ կը յի­շեց­նէ եւ­րո­պա­կան հան­րա­խա­նութ­նե­րուն որ­դեգ­րած նոյն ո­ճը, բայց նաեւ զիս կը նե­տէ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ, երբ խա­նութ կ­­՚եր­թա­յինք պա­յու­սակ­նե­րով պատ­րաս­տուած, կամ ալ, պար­զա­պէս խա­նու­թէն կը գնէինք կեր­պըն­կա­լէ պա­յու­սակ­նե­րը, ո­րոնք՝ այ­սօ­րուան պէս կը յի­շեմ, եր­բեք չէին բա­ցուեր եւ մեծ ջանք կը գոր­ծադ­րէինք գտնե­լու ա­նոնց միաց­ման տե­ղը, կը տրո­րէինք եւ ու­ժով փչե­լով կը բա­նա­յինք կեր­պըն­կա­լէ պա­յու­սա­կը: Խորհր­դա­յին ար­տադ­րու­թեան այդ կեր­պըն­կալ տոպ­րակ­նե­րը թէեւ դժուար կը բա­ցուէին, բայց կարծր էին ու դի­մաց­կուն եւ կա­րե­լի էր զա­նոնք գոր­ծա­ծել մի քա­նի ան­գամ լուա­լով եւ չորց­նե­լով: Ման­կա­կան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն գիր­կը կը ժպտիմ ու կը փոր­ձեմ խա­նու­թին ծա­նօթ աշ­խա­տո­ղէն ճշդել հան­րա­խա­նու­թի տնօ­րի­նու­թեան նոր ո­րոշ­ման դրդա­պատ­ճա­ռը, թէեւ, ի հար­կէ, կա­րե­լի է կռա­հել նման ո­րոշ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը­՝այ­սօ­րուան աշ­խար­հի բնա­պահ­պա­նա­կան նոր շար­ժում­նե­րուն լոյ­սին տակ:

Աշ­խա­տո­ղը կը բա­ցատ­րէ, որ ո­րո­շու­մը ըն­դու­նուած է զուտ բնա­պահ­պա­նա­կան նկա­տա­ռում­նե­րով, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կեր­պըն­կա­լէ պա­յու­սակ­նե­րը պէտք է փո­խա­րի­նուին թուղ­թէ տոպ­րակ­նե­րով, իսկ, մինչ այդ, ա­մէն մէկ տոպ­րա­կին հա­մար խա­նու­թը յա­ճա­խոր­դէն կը գան­ձէ 20 դրամ, որ­պէս­զի քիչ մը զսպուի կեր­պըն­կալ (փլաս­թիք) գոր­ծա­ծե­լու անխ­նայ ու ան­դա­դար մո­լուց­քը: Ան անդ­րա­դար­ձաւ, որ յոյ­սով են նաեւ, թէ միւս հան­րա­խա­նութ­ներն ալ կ­­՚որ­դեգ­րեն այդ սկզբուն­քը եւ գնորդ­նե­րը ստի­պուած կ՚ըլ­լան վե­րա­նա­յե­լու գնու­մի եր­թա­լու մշա­կոյ­թին կամ տու­նէն ի­րենց հետ կտո­րէ կամ ցանց­կեն պա­յու­սակ­ներ ու կո­ղով­ներ տա­նին կամ ալ ստի­պուած կ՚ըլ­լան ար­դէն դրա­մով գնուած տոպ­րա­կը չնե­տել եւ գոր­ծա­ծել քա­նի մը ան­գամ եւս:

«Նոր Զով­ք­»ի վա­ճա­ռո­ղու­հի­նե­րէն մին ը­սաւ, որ այդ ո­րո­շու­մը գոր­ծի դրուած է հան­րա­խա­նու­թի ցան­ցին մաս կազ­մող Ե­րե­ւա­նի բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն մէջ, եւ ա­ռայժմ «Նոր Զով­ք­»ը միակն է, որ այդ հա­մար­ձակ քայ­լը ա­ռած է: Միա­ժա­մա­նակ, բա­րե­տես վա­ճա­ռո­րդու­հին տե­ղե­կա­ցուց, ո­րոշ ապ­րանք­նե­րու գի­նե­րուն նուա­զե­ցու­մը այլ վա­ճա­ռա­տու­նե­րու գի­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տե­լով: Ան­շուշտ, տոպ­րակ­նե­րը վճա­րո­վի դարձ­նե­լու ո­րո­շու­մը նաեւ գնորդ­նե­րուն մօտ մեծ դժգո­հու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է, բայց կան նաեւ ող­ջու­նող­ներ, ո­րոնք պատ­րաստ են կի­րար­կել խնա­յո­ղու­թեան, բնա­պահ­պա­նու­թեան այդ ճա­նա­պար­հը ի­րենց ա­ռօ­րեայ գնում­նե­րուն ժա­մա­նակ:

Ան­ձամբ ես եւս ող­ջու­նե­ցի այս ո­րո­շու­մը, քա­նի որ վեր­ջին շրջա­նին ար­դէն սկսած էի խա­նութ այ­ցե­լել ճեր­մակ գոյ­նով կտո­րէ պա­յու­սակ­նե­րով, ո­րոնք զա­նա­զան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կամ այլ գո­վազ­դա­յին ար­շաւ­նե­րու ժա­մա­նակ նուէր ստա­ցած էի: Պինդ կտո­րով պատ­րաս­տուած եւ եր­կար կան­թե­րով այդ պա­յու­սակ­նե­րը նաեւ գե­ղե­ցիկ տեսք ու­նին գնում­նե­րէն ետք եւ ստի­պուած չես ըլ­լար կեր­պըն­կա­լէ բա­րակ կան­թե­րուն վստա­հիլ շատ ի­րեր, ո­րոնց ծան­րու­թե­նէն մոմ­լա­թը կրնայ պատ­ռուիլ, մին­չեւ որ տու­ն հաս­նիս:

«Նոր Զով­ք­»էն գնե­լով շիշ մը պաղ ջուր, դուրս կ՚ել­լեմ եւ կը դի­տեմ փո­ղո­ցը եւ շրջա­կայ­քը այդ տե­սան­կիւ­նէն՝ ան­պէտք կեր­պըն­կալ­ներ կու­տա­կե­լու եւ զա­նոնք մայր բնու­թեան գիր­կը նե­տե­լու ցա­ւը կ՚ապ­րիմ: Բո­լո­րիս հա­մար պարզ է, որ ըստ նշա­նա­կու­թեան օգ­տա­գոր­ծու­մէն յե­տոյ տոպ­րակ­նե­րուն կեն­սա­կան շրջա­փու­լը կը շա­րու­նա­կուի, հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ պէտք են ա­նոնց քայ­քայ­ման հա­մար: Յա­ճախ ա­նոնք կը յայտ­նուին ջու­րե­րուն մէջ, կամ ալ՝ կեն­դա­նի­նե­րուն եւ թռչուն­նե­րուն ստա­մոք­սին մէջ: Ի՞նչ կ՚ըլ­լայ, ե­թէ մար­դիկ սահ­մա­նա­փա­կեն կեր­պըն­կա­լի գոր­ծա­ծու­մը կեն­ցա­ղի եւ ա­ռօ­րեա­յի մէջ, որ­քան մա­քուր եւ կո­կիկ կ­­՚ըլ­լայ մեր շրջա­պա­տը եւ որ­քան պաշտ­պա­նուած՝ բնու­թիւ­նը: Կը նա­յիմ շուրջս, օ­րուան ա­ւարտն է ար­դէն եւ մայ­թե­րուն եզ­րին ար­դէն կու­տա­կուած են կեր­պըն­կա­լէ մեծ ու փոքր տոպ­րակ­նե­րու կոյ­տե­րը, ո­րոնք թե­թեւ հո­վէն կը թռին եւ ան­ճոռ­նի թռչուն­նե­րու նման վար կ­­՚իյ­նան կամ կը փաթ­թուին ծա­ռե­րու ճիւ­ղե­րուն, մար­դոց ոտ­քե­րուն: Ա­ւե­լի տգեղ տե­սա­րան­նե­րու եւս կա­րե­լի է հան­դի­պել աղ­բա­վայ­րե­րուն շուրջ, երբ քա­միէն, փո­ղո­ցա­յին կա­տու­նե­րու ու­տե­լիք փնտռե­լու պրպտու­մէն կամ այլ շար­ժում­նե­րէն կեր­պըն­կալ­նե­րը կը թռին աղ­բա­նո­ցի մե­տա­ղեայ տար­րա­նե­րուն մէ­ջէն եւ գար­շա­հոտ կ՚ար­ձա­կեն շուրջ բո­լո­րը:

Ան­գամ մը, ա­ռիթ ու­նե­ցած եմ մօ­տե­նա­լու Ե­րե­ւա­նի գլխա­ւոր աղ­բա­վայ­րին՝ Նու­պա­րա­շէ­նի աղ­բա­նո­ցին, կրնամ խոս­տո­վա­նիլ, որ կեան­քիս ըն­թաց­քին ան­գամ մը եւս չեմ հա­մար­ձա­կիր անց­նիլ այդ կող­մե­րէն: Այ­րող աղ­բի հոտն ու ծու­խը մէկ կող­մէն, աղ­բա­կոյ­տե­րուն մէջ քու­ճուճ ը­նող չքա­ւոր­ներն ու շու­նե­րը, կա­տու­նե­րը եւ այլ կեն­դա­նի­նե­րը միւս կող­մէն, ա­ռա­ւել սար­սա­փե­լի էր օ­դին մէջ ճախ­րող եւ շրջա­կայ­քը գրա­ւած կեր­պըն­կա­լէ տոպ­րակ­նե­րուն քա­նա­կը: Պահ մը այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն կազ­մած էի, որ ա­նոնց թի­ւը ա­ւե­լի շատ է Հա­յաս­տա­նի մէջ, քան՝ մար­դոց, թե­րեւս ալ այդ­պէս է:

1960 թուա­կա­նին հիմ­նուած այդ աղ­բա­նո­ցին մէջ ար­դէն յի­սուն­վեց տա­րիէ ի վեր կը կու­տա­կուի մայ­րա­քա­ղա­քին ու յա­րա­կից բնա­կա­վայ­րե­րուն ամ­բողջ աղ­բը՝ ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ այ­րե­լով զա­նոնք: Աղ­բին նուա­զեց­ման կը նպաս­տեն նաեւ չքա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք աղ­բէն կը հա­նեն ինչ որ տա­կա­ւին հնա­րա­ւոր է գոր­ծա­ծել, ան­շուշտ, ի­րենց աղ­քատ խրճիթ­նե­րուն եւ կա­ցա­րան­նե­րուն մէջ: Մե­տաղ­ներն ու շի­շե­րը չնչին դրա­մի դի­մաց կը յանձ­նուին հա­մա­պա­տաս­խան վայ­րեր, աղ­բին մէկ մասն ալ որ­պէս ա­նա­սուն­նե­րու կեր կ՚ա­ռանձ­նա­ցուի շրջա­կայ գիւ­ղե­րու ա­նա­սուն­նե­րուն հա­մար, իսկ աղ­բին հիմ­նա­կան ծա­ւա­լը կը մնայ այդ վայ­րին մէջ՝ բլուր­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լով այն­տեղ: Եր­բեմն-եր­բեմն Հա­յաս­տա­նի մէջ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կը լսուին աղ­բի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րան­ներ հիմ­նե­լու մա­սին, սա­կայն այդ ծրա­գիր­նե­րը, այդ­պէս ալ չեն ի­րա­գոր­ծուիր: Ան­գամ մը, աղ­բի վե­րամ­շակ­ման ո­լոր­տին մէջ հնա­րա­ւոր ներդ­րող­ներ ե­կած էին, կար­ծեմ Ճա­բո­նէն, ու­սում­նա­սի­րած եւ յայ­տա­րա­րած էին, որ Հա­յաս­տա­նի աղ­բը իր ծա­ւա­լով բա­ւա­րար չէ վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րան­ներ հիմ­նե­լու հա­մար եւ ա­նի­մաստ նկա­տած էին ներդ­րում կա­տա­րել, նոյ­նիսկ ա­ռա­ջար­կած էին այլ եր­կիր­նե­րէ աղբ ներկ­րել, որ­պէս­զի շա­հա­ւէտ ըլ­լայ վե­րամ­շակ­ման գոր­ծա­րա­նի հիմ­նու­մը: Ա­նոնց այդ ա­ռա­ջար­կը հան­դի­պած էր սուր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու, հա­յաս­տան­ցի­նե­րը վրդո­ված էին աղբ ներկ­րե­լու ա­ռա­ջար­կէն եւ ներդ­րող­նե­րը հե­ռա­ցած էին Հա­յաս­տա­նէն: Եւ աղ­բը՝ իբ­րեւ ա­մե­նօ­րեայ ապ­րանք, կը շա­րու­նա­կուի կու­տա­կուիլ եւ նո­րա­նոր բլուր­ներ յա­ռա­ջաց­նել: Ա­մէն օր այդ վայ­րին մէջ կը լե­ցուի 800-1000 թոն աղբ: Ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու, աղ­բը կը թա­փեն նաեւ մայ­րա­քա­ղա­քի շրջա­կայ­քի գե­տակ­նե­րուն մէջ, օ­րի­նակ, Էջ­միա­ծին-Աշ­տա­րակ ճա­նա­պար­հի բո­լոր գե­տափ­նե­րը ո­ղո­ղուած են աղ­բա­կոյ­տե­րով:

Մենք միշտ կը պար­ծե­նանք, թէ Հա­յաս­տա­նը թան­գա­րան է բաց երկն­քի տակ, բայց նա­յե­լով բաց երկն­քի տակ ցու­ցադ­րուող աղ­բի բլուր­նե­րուն՝ այլ մտա­ծում­ներ կ­­՚ու­նե­նանք:

Վեր­ջերս, հայ­րե­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շում ըն­դու­նած է 24 մի­լիոն եւ­րօ ներդ­րում կա­տա­րել Նու­պա­րա­շէ­նի աղ­բա­նո­ցին վրայ, բայց ոչ թէ աղ­բը վե­րամ­շա­կե­լու, այլ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող աղ­բա­նո­ցին քով ար­դիա­կան աղ­բա­նոց մը կա­ռու­ցե­լու հա­մար: Ո­րո­շուած է այդ գու­մար­նե­րը Վե­րա­կա­ռուց­ման եւ զար­գաց­ման եւ­րո­պա­կան դրա­մա­տան մի­ջո­ցով հայ­թայ­թել եւ­րո­պա­կան դրա­մատ­նա­յին եւ ներդ­րու­մա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը խոս­տա­նայ հսկա­յա­կան ներդ­րու­մով նուա­զեց­նել շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի, հան­րա­յին ա­ռող­ջու­թեան եւ կեն­սո­լոր­տին վրայ մայ­րա­քա­ղա­քի կոշտ թա­փօն­նե­րուն ան­բա­րեն­պաստ ազ­դե­ցու­թիւ­նը: Կը թուի, թէ ա­նի­մաստ է նման հսկա­յա­կան գու­մար մը ներդ­նել աղ­բին հա­մար, սա­կայն ով որ մէկ ան­գամ տե­սած է Նու­պա­րա­շէ­նի աղ­բա­նո­ցը, գի­տէ, թէ ինչ կոր­ծա­նա­րար ազ­դե­ցու­թիւն կը ձգէ ան շրջա­կայ­քին վրայ, ա­պա եր­բեք չ­­՚ափ­սո­սար զայն վե­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րուող ոե­ւէ գու­մա­րի չա­փէն: Տաս­նա­մեակ­նե­րու կու­տա­կուած աղ­բի բլուր­նե­րուն գար­շա­հո­տը հե­ռուէն կը ստի­պէ փա­կել աչք, քիթ ու բե­րան: Մեծ քա­նա­կու­թեամբ աղ­բի կու­տա­կում­նե­րը, ինչ­պէս կը նշեն մաս­նա­գէտ­նե­րը, շատ վտան­գա­ւոր են. ա­նընդ­հատ ի­րա­րու վրայ կու­տա­կուող աղ­բա­ծածկ տա­րածք­նե­րուն­մէջ կը ստեղ­ծուի ա­ռանց թթուած­նի մի­ջա­վայր մը, այս­տեղ կ­­ը յա­ռա­ջա­նան զա­նա­զան քի­միա­կան միա­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք պէտք է տե­ղէ մը, ձե­ւով մը դուրս գան: Ար­դիւն­քին, աղ­բը կամ կը հրկի­զուի, կամ ալ՝ կը պայ­թի: Այդ միա­ցու­թիւն­նե­րը կա­զի տես­քով ստա­նա­լու հա­մար ստոր­գետ­նեայ խո­ղո­վակ­ներ ան­ցուած են, սա­կայն այդ մի­ջո­ցը ար­դիւ­նա­ւէտ չէ, քա­նի որ ստա­ցուած կա­զը կ՚ար­տա­նե­տուի օդ: Այդ խո­ղո­վակ­նե­րը նոյն ճա­բո­նա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը զե­տե­ղած էր գետ­նին տակ, սա­կայն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը պէտք էր ըլ­լար աղ­բէն ստա­ցուող կա­զը ոե­ւէ օգ­տա­կար նպա­տա­կով գոր­ծա­ծե­լը, որ չէ ուղ­ղոր­դուած եւ թու­նա­ւոր կա­զը պար­զա­պէս օդ կը մղուի:

Ցա­ւով կը կար­դամ տե­ղե­կու­թիւն­ներ այն մա­սին, որ Նու­պա­րա­շէ­նի աղ­բա­նո­ցը տա­րուէ տա­րի ա­ւե­լի մեծ տա­րածք­ներ կ­­՚ընդգր­կէ եւ այ­սօր ար­դէն կը զբա­ղեց­նէ 52 հեք­թար տա­րա­ծու­թիւն՝ մայ­րա­քա­ղա­քի ոչ հե­ռա­ւոր այդ ա­րուար­ձա­նին մէջ:

Հա­մայն հա­յու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քի աղ­բա­հա­նու­թեան խնդի­րը տա­կա­ւին շատ-շատ հե­ռու է մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շնե­րէն: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ լի­բա­նա­նեան «Սա­նի­թէ­ք» ըն­կե­րու­թիւ­նը այս­տեղ այ­սօր ստանձ­նած է աղ­բա­հա­նու­թեան գոր­ծը, սա­կայն նկա­տե­լի է, որ ո­լոր­տը այն­քան բար­ձի­թո­ղի վի­ճա­կի մէջ ե­ղած է, որ ո­րե­ւէ ար­տա­սահ­մա­նեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն ալ ե­թէ մտնէ եր­կիր, տա­կա­ւին շատ աշ­խա­տանք ու­նի այդ ո­լոր­տը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար: Զար­գա­ցած պե­տու­թիւն­նե­րը ար­դէն այս ծի­րէն ներս գտած են լու­ծում­ներ այն հար­ցե­րուն հա­մար, ո­րոնք այ­սօր կը յու­զեն մեզ: Դժուար չէ կի­րար­կել եւ­րո­պա­կան տար­բե­րա­կը՝ աղ­բի բա­ժա­նու­մը: Բնա­կիչ­նե­րը ար­դէն աղ­բը ա­ռանձ­նա­ցու­ցած կը թա­փեն տար­բեր աղ­բա­տար մե­քե­նա­նե­րուն մէջ, որ կը դիւ­րաց­նէ աղ­բա­հա­նու­թեամբ զբա­ղող­նե­րուն գոր­ծը, ինչ­պէս նաեւ կը մղէ վե­րամ­շա­կել ար­դէն զա­տուած աղ­բը: Կրկին յի­շե­լով խորհր­դա­յին ոչ բար­ւոք տա­րի­նե­րը, կը մտա­բե­րեմ, որ բարձ­րա­յարկ շէն­քե­րուն մուտ­քե­րուն կից ա­ռան­ձին աղ­բա­ման­ներ կա­յին թուղ­թի հա­մար եւ ա­ռան­ձին աղ­բա­ման­ներ՝ հա­ցի հա­մար: Հա­ցը կը տա­նէին մայ­րա­քա­ղաք կաթ, մա­ծուն վա­ճառ­քի բե­րած գիւ­ղա­ցի­նե­րը՝ ի­րենց հա­ւե­րուն եւ ըն­տա­նի կեն­դա­նի­նե­րուն հա­մար, իսկ թուղ­թի վե­րամ­շակ­ման ա­ռու­մով Խորհր­դա­յին Միու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­տար էր: Նոյ­նիսկ թուղ­թը կը հա­ւա­քէինք եւ կը վա­ճա­ռէինք պե­տու­թեան: Այդ մէ­կը կը դի­տուէր իբ­րեւ հան­րօ­գուտ աշ­խա­տանք եւ կը քա­ջա­լե­րուէր դպրոց­նե­րէն եւ բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս: Այ­սօր այդ մշա­կոյ­թը չկայ, բայց ան­շուշտ, դժուար չէ զայն վե­րա­կանգ­նել:

Աշ­խար­հի ոչ մէկ մայ­րա­քա­ղաք իր կա­տա­րեալ մաք­րու­թեամբ կը փայ­լի, բայց դժուար է նաեւ հա­ւա­տալ, որ օ­տար մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ հիմ­նա­կան աղ­բա­նո­ցը կը գտնուի քա­ղա­քի կեդ­րո­նէն 10 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, որ մեծ ա­ւեր­ներ կը գոր­ծէ:

Հա­կա­ռակ աղ­բի վե­րամ­շակ­ման ժա­մա­նա­կա­կից մի­ջոց­նե­րուն, աշ­խար­հի մէջ տա­կա­ւին կան քա­ղաք­ներ, ուր աղ­բը կը կու­տա­կեն բաց երկն­քի տակ: Այդ ա­ռու­մով, յայտ­նի է նի­ւեոր­քեան աղ­բա­կոյ­տը, ո­րուն ա­մե­նէն բարձր կոյ­տին հա­սա­կը 25 մեթր է:

Դար­ձեալ մտո­րում­ներս դէ­պի ան­ցեա­լի Ե­րե­ւա­նը կ­­՚եր­թան, եւ մտո­րում­նե­րուս զու­գըն­թաց՝ ե­րի­տա­սարդ մը ծխա­խո­տին մնա­ցոր­դը կը նե­տէ ուղ­ղա­կի մայ­թին… Կը հա­ւա­տամ, որ աղ­բա­հա­նու­թեան մեծ հար­ցե­րը լու­ծե­լէ ա­ռաջ պէտք է տու­գանք սահ­մա­նել աղ­բը քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն մէջ թա­փող­նե­րուն հա­մար, բան մը, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ տա­կա­ւին գո­յու­թիւն չու­նի:

Զար­մա­նա­լիօ­րէն այս մտո­րում­նե­րէն ետք կը հան­դի­պիմ լի­բա­նա­հայ ա­րուես­տա­բան Մով­սէս Հեր­կե­լեա­նին, կը զրու­ցենք եւ կ՚ը­սէ, թէ՝ Ե­րե­ւա­նէն ար­դէն իսկ պի­տի մեկ­նի Լի­բա­նան:

-Ի՞նչ կայ Լի­բա­նա­նի մէջ,- քիչ մը կա­տա­կով կը հարց­նեմ:

-Աղբ,- ա­մե­նայն լրջու­թեամբ կը պա­տաս­խա­նէ Մով­սէս՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով Լի­բա­նա­նը պա­տած աղ­բի ճգնա­ժա­մը:

Իսկ ի՞նչ ը­նեն լի­բա­նան­ցի­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն ամ­սի­նե­րէ ի վեր թա­ղուած են աղ­բի գար­շա­հո­տու­թեան մէջ: Ինչ­պէս ծա­նօթ է՝ Լի­բա­նա­նի մէջ ան­ցեալ տա­րի սկսած էր աղ­բե­րու մի­ջո­ցաւ քա­ղա­քա­կան հար­ցեր լու­ծե­լու գոր­ծըն­թաց մը, որ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի: Լի­բա­նա­նի աղ­բը ա­միս­ներ կու­տա­կուած կը մնար փո­ղոց­նե­րուն մէջ, որ բնա­պահ­պա­նա­կան լուրջ ա­ղէ­տի մը առ­ջեւ կե­ցու­ցած է եր­կի­րը: Այ­սօր թէեւ աղ­բը կը հա­ւա­քուի, սա­կայն Լի­բա­նա­նը կե­ցած է լուրջ սպառ­նա­լի­քի առ­ջեւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԼՈՒՐՋ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան կեդ­րոն հա­մա­րուող Պուրճ Հա­մուտ շրջա­նի ծո­վե­զե­րեայ հա­տուա­ծին վրայ «բարձ­րա­ցա­ծ» է շրջա­նի հիմ­նա­կան աղ­բա­լե­ռը: Այդ շրջա­նը ե­րե­սուն տա­րի­ներ, որ­պէս աղ­բա­նոց օգ­տա­գոր­ծուե­լէ ետք 1996 թուա­կա­նին կը փա­կուէր: Շրջա­նի հայ բնակ­չու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը տաս­նեակ բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ ը­նե­լէ ետք յա­ջո­ղած էին օ­րուան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­մո­զել վերջ­նա­կա­նա­պէս փա­կել այդ աղ­բա­նո­ցը: Խոր­քին մէջ Լի­բա­նա­նի աղ­բա­հան­ման հար­ցը նո­րու­թիւն մը չէ, մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ է տա­կա­ւին, երբ տա­րի մը ա­ռաջ հա­րիւ­րա­ւոր ցու­ցա­րար­ներ բո­ղո­քի հա­ւաք կա­տա­րե­լով պե­տա­կան մար­մին­նե­րէն կը պա­հան­ջէին ա­րա­գօ­րէն լու­ծել աղ­բա­հան­ման հար­ցը՝ գոր­ծադ­րե­լով խնդրի լուծ­ման բո­լոր ար­դիա­կան եւ կեն­սո­լոր­տի մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շե­րը յար­գող մօ­տե­ցում­ներ:

Խնդի­րը օ­րա­կար­գի վրայ կը բե­րուէր, երբ «Ալ Նահ­մէ» շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րը բո­ղո­քի ցոյ­ցեր կ՚ը­նէին, ու կը վճռէին ա­մէն գնով փա­կել ի­րենց ա­ւա­նին մէջ գտնուող աղ­բա­նո­ցը: Ան­կէ ետք էր նաեւ, որ աղ­բա­հան­ման «Սուք­լի­ն» ըն­կե­րու­թիւ­նը իր պայ­մա­նագ­րի ա­ւար­տով կը հրա­ժա­րէր մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի եւ այլ շրջան­նե­րու աղ­բը հա­ւա­քե­լէ: Կար եր­կու հիմ­նա­հարց՝ ա­ռա­ջին, երկ­րին մէջ նա­խա­գա­հի բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­ւա­րար ուժ չու­նէր հրա­ժա­րե­լու մինչ այդ գոր­ծող «Սուք­լի­ն» ըն­կե­րու­թե­նէն եւ ա­նոր փո­խա­րէն նոր ըն­կե­րու­թեան մը հետ պայ­մա­նա­ւո­րուե­լու, եւ երկ­րորդ, ու ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը աղ­բա­հան­ման ո­րե­ւէ ըն­կե­րու­թիւն, որ պի­տի ըն­դու­նէր նոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն կնքել կա­ռա­վա­րու­թեան հետ մէջ­տեղ պի­տի մնար, ո­րով­հե­տեւ փո­ղոց­նե­րը լե­ցու­ցած աղ­բը թա­փե­լու յա­տուկ բո­լոր կէ­տէ­րը փա­կուած էին:

Ան­ցեալ Մար­տին Վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լա­մի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նախ­նա­կան ծրագ­րով մը հան­դէս գա­լով կ­­՚ո­րո­շէր փա­կուած եր­կու աղ­բա­նոց­նե­րը վերս­տին բա­նալ ու ա­նոնց վրայ ա­ւելց­նել եր­կու այլ աղ­բա­թափ­ման կէ­տեր ու այդ կերպ փոր­ձե­լով եր­կի­րը բա­ւա­կան բարդ դրու­թեան մատ­նած աղ­բա­հա­նու­թեան խնդրին հանգ­րուա­նա­յին լու­ծում մը բե­րել:

Ու ա­տոր հա­մար էր, որ Պուրճ Հա­մուտ հայ­կա­կան շրջա­նի աղ­բի կա­յա­նը վերս­տին պի­տի բա­ցուէր:

Ըստ շրջա­նի հայ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն՝ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մի­ջեւ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը դրա­կան էր, ո­րով­հե­տեւ նախ եւ ա­ռաջ առ­կայ «աղ­բա­լե­ռ­»ը պի­տի հա­նուէր ու այդ վայ­րին մէջ պի­տի հիմ­նուէր ար­դիա­կան եւ եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող աղ­բա­թափ­ման կէտ մը: Տա­կա­ւին կը խօ­սուէր շրջա­նին մէջ հիմ­նուե­լիք աղ­բալր­ման կեդ­րո­նի մը մա­սին, որ նաեւ նիւ­թա­կան կա­րե­ւոր շահ պի­տի տրա­մադ­րէր Պուրճ Հա­մու­տի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան:

Ներ­կա­յիս օ­րա­կան կտրուած­քով տար­բեր շրջան­նե­րէ տաս­նեակ թոն աղբ կը հա­ւա­քուի Պուրճ Հա­մու­տի շրջա­նը: Աղ­բը կը մնայ ինչ­պէս որ է, ո­րով­հե­տեւ մին­չեւ այս պա­հը շրջա­նին մէջ չեն գոր­ծեր հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծա­րան­ներ:

Իսկ «աղ­բա­լե­րա­ն» հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ օ­րա­կար­գի վրայ, սա­կայն այդ ա­ռու­մով եւս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին պե­տա­կան մար­մին­նե­րը չեն ա­ճա­պա­րեր:

Մտա­հո­գիչ է, որ մա­նա­ւանդ ամ­րան տա­պին, ինչ­պէս տաս­նեակ այլ շրջան­ներ, Պուրճ Հա­մու­տի հայ­կա­կան շրջա­նը եւս աղ­բի գար­շա­հո­տով կը լե­ցուի, բան մը, որ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին կրնայ լրջօ­րէն վնաս հան­դի­սա­նալ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան:

Ներ­կա­յիս այս պատ­կերն է, որ կը տի­րէ հայ­կա­կան Պուրճ Հա­մուտ շրջա­նին մերձ, չմոռ­նա­լով, որ նոյն ծանր ի­րա­վի­ճա­կը առ­կայ է Լի­բա­նա­նի այլ շրջան­նե­րու մէջ եւս, ուր քա­ղա­քա­ցի­ներ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով բո­ղո­քի ցոյ­ցեր կ­­՚ը­նեն, յու­սա­լով, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը օր մը ան­պայ­ման լու­ծում պի­տի գտնէ այս կա­րե­ւոր ու ան­յե­տաձ­գե­լի խնդրին:

ՍԱԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2016