ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ (Դ.)

7.- Որոշ դասեր, որոնք կարելի է քաղել ելից ԺԴ. գլխուն մէջ նկարագրուած դէպքերէն

ա.- Երբ Աստուած մեզ դժուարութեան մը կ՚առաջնորդէ, Ան նաեւ մեզի կը հայթայթէ անկէ յաղթական դուրս գալու միջոցներ։

բ.- Աստուած մեզ կը պաշտպանէ անոնցմէ, որոնք կ՚ուզեն մեզի վնաս հասցնել։

գ.- Աստուած միջոցներ հնարած է յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն, մեր կացութիւնը որքան ալ շփոթեցնող ըլլայ կամ բարդ։

դ.- Կը նշուի ամբողջական հաւատքին կարեւորութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ։

ե.- Անոնք՝ որոնք սարսափի կը մատնեն Աստուծոյ մարդիկը, պիտի չարչար-ւին եւ կորուստի մատնուին, մինչ անոնք՝ որոնք կը ծառայեն Իրեն, պիտի վերապրին՝ հրճուելու եւ փառաբանելու համար։

8.- Ի՞նչ է իմաստը ամբողջ այդ անցքին եւ նպատակը ելքին

Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, թէ իսրայէլացիները կը ներկայացնեն Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը, այսինքն՝ այն մարդիկը, որոնք պիտի փրկուին։

Ծովէն անցքը եւ դէպի Քանաան մուտքը կը խորհրդանշէ մահէն կեանք անցնումը, որովհետեւ այս աշխարհին վրայ մեր ապրած կեանքը ձեւով մը նախապատրաստութիւնն է գալիք ճշմարիտ կեանքին։ Եւ ինչպէս իսրայէլացիները պանդխտացած, իրենց հարազատ ու մայրենի հողէն հեռացած ստրկութեան մէջ կ՚ապրէին, այնպէս ալ մենք, այս աշխարհին վրայ որպէս պանդուխտներ եւ աշխարհի ստրուկները դարձած՝ կ՚ապրինք սատանային իշխանութեան տակ, որմէ կրնանք ձերբազատիլ միմիայն մենք մեզ Քրիստոսի յանձնելով, մեր կեանքերը անոր ձեռքերուն մէջ դնելով։

Եւ ինչպէս իսրայէլացիք բազմաթիւ նեղութիւններէ ետք կրցան մտնել Քանաանու երկիրը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգելու համար, մենք ալ պիտի հանդիպինք ու դիմագրաւենք բազմաթիւ նեղութիւններ ու անձկութիւններ։

Ինչպէս իսրայէլացիներէն շատեր, չըսելու համար բոլորը, իրենց անհնազանդութեան հետեւանքով մեռան անապատին մէջ եւ չժառանգեցին խոստացուած երկիրը, այնպէս ալ մենք, եթէ չհնազանդինք Աստուծոյ եւ չքալենք Անոր ճամբէն՝ պիտի չմտնենք խոստացուած թագաւորութենէն ներս։

Աստուած իսրայէլացիները ազատեց իրենց գերութենէն, երբ անոնք ամենայն երկիւղածութեամբ զԻնք կը պաշտէին. այնպէս ալ մեզ պիտի ազատէ աշխարհին մեզի հասցուցած ու հասցնելիք նեղութիւններէն, եթէ միշտ Իրեն կառչած մնանք։

Աստուծոյ պահանջածը Իր խոստացածին համեմատ ոչինչ է։ Ինչպէս Ան իսրայէլացիներէն կը պահանջէր միայն Իրեն վստահիլ, հաւատալ, ապաւինիլ ու պաշտել, նոյնն ալ մեզմէ կը պահանջէ եւ անոր փոխարէն անպակաս կ՚ընէ Իր երկնային պարգեւները՝ երկինքի արքայութեան մէջ։

Ի վերջոյ կ՚ուզեմ ըսել, որ իսրայէլացիներու Եգիպտոսէն ելքի ամբողջ պատմութեան իմաստը այն է, որ Աստուած փոքրամասնութիւն կազմող ցեղախումբ մը իր ծրագիրներու իրագործման միջոց կը դարձնէ՝ «Ես եմ Տէր» ծանուցանելու համար աշխարհին։

Պէտք է եզրակացնել, որ այս բոլորին մէջ մենք կը տեսնենք Աստուծոյ անսահման սէրը մեր նկատմամբ, Անոր նախախնամութիւնը՝ Իր արարածներուն հանդէպ, ողորմութիւնն ու գթութիւնը եւ արդարութիւնը՝ բոլոր մարդոց նկատմամբ։ Այնքան ատեն որ մենք Իրեն կը հնազանդինք, Աստուած հեռու կը պահէ մեզ որեւէ փորձութեան հանդիպելէ։

Ամբողջ ելքի այս դրուագը տարտղնուած ժողովուրդի մը մէջ ազգային ինքնագիտակցութեան արթնութեան պատմութիւնն է։ «Փախուստի» պատմութիւն մը չէ, այլ զանգուածային ուղեւորութեան պատմութիւնը՝ նոր հայրենիքի մը ի խնդիր։ Եւ այս ելքին դրդապատճառը միաստուածեան ազատ պաշտամունքի անունով նոր հայրենիք մը փնտռելն է ։

Ելքի այս դրուագը նաեւ գալիք փրկութեան խորհրդանիշն ու պատկերացումն է՝ իր ամբողջական ու լայն առումով։

Այս բոլոր անցուդարձերը նախապատկերացումներն են մարդոց երկու տեսակ խաւերուն, առաջինը՝ յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներուն, իսկ երկրորդը՝ յաւտենական մահի ժառանգորդներուն։ Հոգ չէ թէ այդ եղելութիւնները Կարմիր ծովուն կամ ճախճախուտ վայրերու մէջ եղած են (մեզի համար կարեւորը այն է, որ այդ դէպքը իսկապէս եղած է, որովհետեւ պատահական չեն եւ ո՛չ ալ մէկ պարզ զուգադիպութիւնը բնութեան տարրերուն, որոնք պատահեցան սոյն հրաշքին ժամանակ։ Ուրիշ աղբիւր մըն ալ կ՚ըսէ, թէ անիկա արդիւնքն է Մովսէսի աննման եւ տեսանող հանճարին, որ պիտի ըլլար Իսրայէլի փրկութեան եւ Եգիպտոսի պարտութեան կորիզը)։ Սակայն մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ, այն ալ մարդուն տրուած Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրն է։ Այս իսկ պատճառով պէտք է մատնանշել, որ փրկութիւնը չենք կրնար ապահովել վերջնականապէս, որովհետեւ միշտ փորձութեան մէջ իյնալով՝ կարելի է կորսնցնել զայն. իրողութիւն մը, որուն ակներեւ արտացոլացումը կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ, որ շատ յստակօրէն կը սորվեցնէ, թէ հաւատացեալը միշտ կրնայ մեղքի ճիրաններուն մէջ իյնալ, փորձութեան դէմ յանդիման գտնուիլ եւ իր փրկութեան շնորհը կորսնցնել։ Պօղոս առաքեալ շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ իր տեսութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Այս բոլորը անոնց պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ գալիքին, եւ գրուեցան՝ իբրեւ ազդարարութիւն մեզի, որ ժամանակներու վախճանին մօտեցեր ենք։ Ահա թէ ինչու, ով որ կը կարծէ թէ կանգուն է՝ թող զգոյշ ըլլայ որ չիյնայ» (Ա. Կր 10.11-12)։ Առաքեալը այս բառերով կ՚ազդարարէ՝ փոխ առնելով Մովսէսի հետ Կարմիր ծովը կտրած իսրայէլացիներուն օրինակը, երբ անոնք աւելի ուշ սայթաքեցան եւ պատժուեցան (Ել 13.14)1։   


Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ
Ա) «Աս­տուա­ծո­շունչ», Լի­բա­նան։
Բ) «Նոր Կտա­կա­րան», Ան­թի­լիաս, 2001։ 
Գ) «Քննա­կան Պատ­մու­թիւն Հին Կտա­կա­րա­նի», Ա. Բ. Գ. հա­տոր, Բիւ­զանդ Ե­ղիա­յեան, Ան­թի­լիաս, 1972։
Դ) «Աս­տուա­ծաշն­չա­կան Սուր­բեր», Շնորհք Արք.
Գա­լուս­տեան, Ե­րե­ւան, 1997։
Ե) «Կրօնք­նե­րու Պատ­մու­թիւն», Բիւ­զանդ Ե­ղիա­յեան,
Ան­թի­լիաս, 2005։
Զ) «Պատ­գամ­ներ Ս. Գիր­քէն», Ա­ղեք­սանդ­րիա, 1948։­
Է) «Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պա­տաս­խան­նե­րը Ոչ-Ուղ­ղա­փառ
Ա­ռար­կու­թիւն­նե­րու», Նա­րեկ Եպսկ. Ա­լեէ­մէ­զեան,
Ան­թի­լիաս, 2003։­
Ը) «Bible Background Commentary Genesis-Deuteronomy», John H.Walton And Victor H.Matthews։
Թ) «The Interpreters Dictionary Of The Bible», Volume IV։
Ժ) «The New Ungerþs Bible Dictionary»,
Merrill F. Unger, Chicago։
­ԺԱ) «New Century Bible Exodus», J.P. Hyatt։
ԺԲ) «Laymanþs Bible Book Commentary», Exodus, Volume II։
ԺԳ) «The Oxford Companion To The Bible», Bruce M.
Metzger and Michael D. Coogan։
ԺԴ) «Devotional Commentary on Exodus», F. B. Meyer։
­ԺԵ) «Every Miracle And Wonder In The Bible»,
Larry Richards։
ԺԶ) «Life Applications from Every Chapter Of The Bible»,
G. Campbell Morgan։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

- Վերջ -

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018