ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Մենք յաճախ կը հպարտանանք, թէ առաջին ժողովուրդն ենք, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն: Ճիշդ այդ պահուն մենք կը գործենք ահռելի մեղք մը, քանզի հպարտութիւնը մեծ մեղք է: Տառի մը պատմութիւն, եթէ հեռացնենք «հ» տառը, ապա  կը մնայ (հ) պարտութիւն:

Ներկայիս ազգադաւ իշխանութիւնը երեք տարի շարունակ ստիպեց մենք մեզ զգալ հպարտ: Իշխանութեան գալու առաջին իսկ օրուընէ վարչապետը ժողովուրդին դիմեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ...», այսինքն Հայաստանի Հանրապետութեան պարտուած քաղաքացիներ: Գառան դէմքով գայլը կամ հրեշտակի կերպարանքով սատանան հպարտութեան զգացում սրսկելով մեր ուղեղի ու սրտի մէջ, մեզ աւելի մեղսագործ դարձուց: Քայլ առ քայլ ժողովուրդը հեռացուց հաւատքէն, բարի գործերէ ու մխրճեց մեղքերու մէջ՝ ա՛լ աւելի շարժելով Տիրոջ զայրոյթը:

Որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ մենք աւելի շատ պարտաւորութիւններ ունինք Տիրոջ առջեւ: Սակայն մենք անգիտակցաբար միմիայն կը հպարտանանք սա փաստով՝ ուրիշ ոչինչ: Մենք հաւատացիալ ու քրիստոնեայ ենք միայն բերանացի, սակայն ոչ հոգիով: Սրտաբուխ կ՚աղօթենք Տիրոջը, երբ Բարձրեալէն կ՚ակնկալենք որեւէ շահ: Քչեր կ՚երազեն իրենց հաւատքի զօրութեան, Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու մասին: Ժամանակին Սուրբ Դանիէլ Ասորին յանդիմանութեամբ դիմած էր հայ ազգին. «Մի՛ նմանիք հրեաներուն»: Սա յանդիմանութիւնը արդիական է նաեւ մեր օրերուն: Առհասարակ՝ Աստուծոյ, սուրբերու, մարգարէներու խօսքերն ու խրատները արդիական են բոլոր ժամանակներու համար: Այստեղ կ՚ուզեմ ներկայացնել այդ կարեւոր նամակը.

«Դուք ինչո՞ւ մոռցաք ձեր Արարիչ Տէրը: Անոր՝ ձեզի ցոյց տուած գութը, հրաշքներն ու խրատները, զորս կատարեց ձեր հայրերու ու ձեր հանդէպ: Իսկ դուք ալ փոխարէնը դարձաք ձեր նախնիներու մոլար կռապաշտութեան, այսինքն՝ ատելութեան, ագահութեան, զրկութեան, աղքատները հարստահարելու, պոռնկութեան, նենգութեան, միմիեանց զրկելու, սպանութիւններու: Դուք լցուեցաք ու ինկաք, ետ կեցաք արդարութեան ճանապարհէն, դուք ձգեցի՛ք ձեր բարերար Տէրը, զոր ստեղծեց ու հաստատեց ձեզ ոչինչէն, եւ մոլորուելով հեռացաք Անկէ:

«Մինչդեռ դուք կորուստի մատնած էինք ձեր անձերը, Ան անձամբ եկաւ ձեզ փնտռելու եւ գտնելու, թէպէտ Ան Ինքը Աստուծոյ միածին որդին էր, սակայն եկաւ, իջաւ՝ Իր արարածները, Իր Հայրը ճանչցնելու: Թէպէտ մտիկ չրին Անոր, աւելին՝ չարչարեցին մինչեւ մահ, սակայն Ան համբերեց, Իր զօրութիւնը ոչ մէկէ քօղարկեց, որպէսզի դառնայ պատճառ ամէնքի կեանքի:

«Ան ով որ գտաւ արժանաւոր ու պատրաստուած իր յարութեանը, զանոնք ընտրեց, սորվեցուց եւ արձակեց որպէս քարոզիչներ, կոչնակներ ու հրաւիրակներ՝ հրաւիրելով ձեզ դէպի լոյս փրկութիւն:

«Մինչդեռ դուք այստեղ ալ Անոր երախտիքներու փոխարէն ցոյց տուիք ապերախտութիւն։ Դուք նախ եւ առաջ սպաննեցիք այդ նպատակով ձեզի մօտ եկած քարոզիչը, առաքեալը, հրաւիրակը, որ եկած էր ձեզ հրաւիրելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի արքայութեան, դէպի փրկութեան շնորհը: Դուք ձեր անմտութեամբ եղաք հաղորդակից տիրասպան հրեայ ազգի խորհուրդին: Քանզի անոնք, իրենց կարծիքով, սպաննեցին Տէրը, իսկ ձեր հայրերը՝ առաքեալները, իսկ յետոյ չարչարեցին անոնց նմանները՝ նոյնպիսի բանի համար:

«Այս անցքերէ վերջ եկան Աստուծոյ բազում սուրբ վկաներ, նոյն առաքեալներու ճգնակիցներ։ Անոնք ենթարկուեցան չարչարանքներու վտանգի, մինչեւ մահ տոկացին ու մնացին, որպէսզի ցոյց տան ձեզի ճշմարտութիւնը, գուցէ անոնց միջոցաւ խելօքանայիք, եւ ճանչնայիք Աստուծոյ Որդին: Սակայն դուք անոնց նկատմամբ ալ կատարեցիք ձեր չար կամքը, ձեր սովորական սպանութիւնը, բայց եւ այնպէս, Ան, անոնց արիւնով, որ ըսի, եւ զանազան հրաշքներով ձեզ խրատեց եւ ձեզ մահուան չենթարկեց Իւր մեծ ողորմութեամբ, ձեզ դարձուց Զիրեն մերձաւորներ, ձեզ դարձուց հաղորդակից Իր բուն՝ կենդանի վարդապետութեանը, ուղիղ օրէնքներուն, Իւր սիրելի Որդիի մեծութեանը:

«Ասոնցմէ յետոյ ալ ներեց ձեր բոլոր յանցանքները եւ ձեզի համար ուսուցիչներ դարձուց Իր սիրելիները: Սակայն դուք ոչ մէկը յիշեցիք, չպահեցիք ձեր մտքի ու սրտի մէջ, այլ նմանելով հրէական ազգին, ետ կեցաք, անոնց գործերու նման սկսաք գործել նաեւ դուք: Մինչդեռ, դուք պէտք է յիշէիք ձեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի երախտիքը, որ չյիշեց ձեր հայրերու մեղքերը եւ ձեր անօրէն գործերը:

«Դուք պարտաւոր էիք չմոռանալ ձեր սուրբ հայրերու՝ ձեր խրատիչներու եւ ուսուցիչներու ճիգն ու ջանքը, որոնք շարունակ կը տքնէին ձեր հոգիներու փրկութեան համար, դուք պէտք է ունենայիք սէր անոնց նկատմամբ, որոնք Տիրոջ խօսքը ուսուցանելով ձեզի հոգեպէս երկնեցին ու նորէն ծնան ձեզ, ու նորէն, ձեր անհաւատ դառնալու համաձայն, դարձեալ, իրենց ընկերներու չարագործութիւնները ապաշխարելու համար իրենք իրենց խնդրանքներով վերստին երկնեցին ձեզ՝ մինչեւ որ Քրիստոսը տպաւորեն ձեր մէջ, որպէսզի արժանանաք երկնքի Արքայութեան:

«Պատշաճ էր, որ դուք ալ խնամէիք անոնց որդիներն ու աշակերտները, որոնք ըստ հոգեւոր խօսքի անոնց որդիներն էին Աստուածային ծնունդով, ձեր առաջնորդներն ու վերակացուները Տիրոջ կողմէ, մանաւանդ որ մարմնով ալ անոնց ծնունդներն էին եւ հոգեւոր գործերով պակաս չէին իրենց հայրերէն:

«Սակայն դուք ձգեցիք զԱստուած եւ կրկնեցիք ձեր նախկին չարիքներն ու գերազանցեցիք ձեր հայրերու մեղքերը: Ինչպէս որ ձեր հայրերը չարչարելով սպաննեցին սուրբ հայրերը՝ չկամենալով լսել օգտակար խրատը անոնցմէ, այնպէս ալ դուք սպաննեցիք անոնց որդիներն ու ժառանգները, անոնց գործակիցներն ու նմանողները, որոնք համաձայն չէին ձեր յանցաւոր գործերուն. Սուրբ մանուկ Յուսիկը՝ ձեր հայրապետը, Թադէոս առաքեալը եւ անոր նմանող Գրիգորի վիճակի վիճակակալն ու աթոռակալը:

«Դուք հետեւեցաք հրէական վարմունքին ու օրինակին, անոնց սպանութիւններուն, զրկողութիւններուն, ինչպէս որ անոնք, ըլլալով անխրատ, կոտորեցին իրենց առաքեալներն ու մարգարեները, անոնց պէս վարուեցաք նաեւ դո՛ւք»:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021