ԱՊՐՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԻ ՅՈՒՇԵՐ

«Ապրուած կեանքի յուշեր. հոգեշունչ մանրապատումներու ամբողջական հաւաքածոյ» գիրքէն վերջին անգամ այս սիւնակով մատուցած էինք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի յուշերէն փունջ մը՝ զայն նուիրելով իր 65-ամեակին: Նոյն հաւաքածոյէն այժմ կը ներկայացնենք պատումներու մէկ այլ հետաքրքրական փունջ։

*

ԹՈՐՈՆԹՕ

Իմ հովուական կեանքին մէջ անկիւնադարձ մըն ալ Թորոնթոն է: 27 տարեկան էի, երբ յանձն առի հովուական պաշտօնը: 1984 թուականի ապրիլին, հոգելոյս Վազգէն Վեհափառի յանձնարարութեամբ, Զատիկի տօնին մեկնած էի Պաղտատ. վերադարձին ինծի համար յստակ դարձաւ, որ պաշտօն պիտի ստանձնէի Գանատայի մէջ: Կրնամ պարզօրէն ըսել, որ թերեւս բացառիկ խանդավառութիւն մը այդ օրերուն չունեցայ իմ զգացմանց մէջ: Որեւէ պատկերացում ալ չունէի, թէ ինձ սպասող հովուական դաշտը ինչպիսի՛ նոր անակնկալներ պիտի մատուցէր: Կրնամ անկեղծօրէն ըսել, սակայն, որ Թորոնթոն դարձաւ իմ հովուական կեանքի ամենէն շրջադարձային փուլը՝ այն իմաստով, որ իմ մէջ խմորուեցաւ հոգեւորականն ու հովիւը:

Յուլիսի վերջերուն կը հասնէի Մոնրէալ, ուր իմ առաջին օրերը անցընելէ յետոյ օրուան առաջնորդ հոգելոյս Վազգէն Եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ կ՚ուղեւորուէի Թորոնթօ: Մոնրէալէն Թորոնթօ մեքենայով ճանապարհորդութիւնը իրօք արկածախնդրութիւն մըն էր: Ինքնաշարժը վարողը հանգուցեալ սրբազանն էր, որ աւելի քան հինգ ժամ, յոգնած ըլլալու պատճառով, գրեթէ կիսով չափ քնացած վիճակով կը վարէր մեքենան:

Օգոստոսի 3-ին կը հասնինք Թորոնթօ եւ յոգնաբեկ ճանապարհորդութենէ մը յետոյ կ՚անդրադառնամ, որ կորսուած ենք քաղաքի հիւսիսային թաղերուն մէջ՝ մինչեւ որ մեր մեքենային մօտ կը կանգնի ոստիկանակառք մը: Սրբազանի ուրախութիւնը մեծ էր եւ նախքան ոստիկանին բարեւելը կը կարդայ մեքենայի վրայի գրութիւնը. “To serve and protect”.

Իսկոյն ոստիկանին համար յստակ կը դառնար, որ օգնութիւն կը հայցենք: Վերջապէս կը հասնինք այն յարկաբաժինը, ուր ապրած էր քաղաքի նախկին հովիւը: Կը դժուարանամ բառերով բացատրել, թէ ինչպիսի ներքին խաղաղութիւն մը ապրեցայ, երբ վերջապէս դուրս եկայ անորոշութենէն:

Աւելի ուշ, յաջորդող տարիներուն, ամէն անգամ, երբ կը տեղեկանայի, թէ սրբազանը Մոնրէալէն Թորոնթօ կ՚ուղեւորուէր, ապա սիրտս դող կ՚ունենար, քանզի երկիւղով կը վերյիշէի առաջին եւ անմոռանալի ճամբորդութիւնս: Տարիներ յետոյ կը հասկնամ, որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ էր միայն, որ անփորձանք անցան իմ ճանապարհորդութիւնները:

…Թորոնթոյի եւ աւելի ուշ Գանատայի յուշերս թուղթին յանձնելէ առաջ կ՚ուզեմ ջերմեռանդ իմ աղօթքը բարձրացնել առ Աստուած՝ հոգելոյս սրբազանի հոգիին համար: Քաջ կը գիտակցիմ, որ շատ բան սորվեցայ նաեւ իրմէ: Իր քարոզներու պերճախօսութիւնը իրապէս հոգիները գրաւելու ուժ մը ունէր: Բնաւորութիւնը եւ նկարագրի իր իւրօրինակ գիծերը անջնջելի կը մնան իմ յիշողութեան մէջ: Տարակոյս չկար, որ ան անձնուէր հայրենասէր մըն էր եւ բացառիկ կերպով նուիրուած՝ Սուրբ Էջմիածնին:

Շատ անգամներ իր կեանքը վտանգներու ենթարկած էր յանուն Սուրբ Էջմիածնի, որու հանդէպ իր նուիրումը իրապէս նախանձելի էր:

Թորոնթօ իմ հովուութիւնս սկիզբ առաւ Վազգէն սրբազանով: Անոր սիրտը խնդաց իմ հովուական աշխատանքներով եւ զգացի, որ ամէն օր իմ մէջ յարաճուն կը դառնար հովուական ծառայութեան ոգին:

Ինչքան յիշատակներ կան պարուրուած իմ հոգիին մէջ… Այսօր արդէն կծիկը կը քակեմ…

25 ապրիլ 2006

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՂՕԹՈՂԸ

Հովուական կեանքիս առաջին տարիները Թորոնթոյի մէջ այնքան ալ դիւրին չեղան:

Նախ կը զգայի կորսուած, անփորձ, բայց հետզհետէ իմ մէջ կը խմորուէր ընտելացումը նոր կեանքի մը, որ, անշուշտ, շատ տարբեր էր վանքի կեանքէն ու մանաւանդ՝ համալսարանական տարիներէն: Կը զգայի, որ իւրաքանչիւր քայլափոխիս Աստուած զիս կ՚առաջնորդէր ու երբեմն ալ կը խօսէր ինծի ուրիշներուն մէջէն: Այդպէս ալ պատահեցաւ. երեկոյ մը երբ ընտանեկան այցելութենէ մը կը վերադառնայի տուն եւ պահ մը ուզեցի անցնիլ եկեղեցիէն, ինքնաշարժս կայանելէ յետոյ կը յառաջանամ դէպի եկեղեցւոյ դուռը եւ այդ պահուն կը նշմարեմ, որ մեքենայի մը մէջ մէկը կ՚աղօթէ… Կը մօտենամ ու կը բարեւեմ զինք:

Մնացեալը չեմ յիշեր, բայց բան մը շատ յստակ կերպով զիս այնքան կը տպաւորէ, որ կարծէք այդ պահուն աղօթքը նոր իմաստ մը կ՚առնէ ինծի համար:

Ինչքան երախտապարտ կը զգամ իմ ժողովուրդին հանդէպ, որուն ծառայելով աղօթքի կեանքը կը նորոգուի մէջս: Այնքան մօտ ու հարազատ չէի զգացած Աստուծոյ՝ որքան հովուական կեանքիս առաջին օրէն սկսեալ: Վանքի մէջ, անշուշտ, մեզ կը դաստիարակեն կրօնական գիտելիքներով, շարականներով, հաւատքով, բայց այս բոլորը կ՚արժեւորուին Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառայելով:

Ամէն մարդ իր հաւատքի կեանքով դիմացինը կը լեցնէ ներշնչումով մը: Երիտասարդ աղօթողը իրմէ բան մը հաստատեց մէջս՝ իմ հոգիի աշխարհը դարձնելով Աստուծոյ բնակութեան մշտական վայրը: Այս եւ նման փորձառութիւններու մէջ ես կը տեսնեմ աղօթքի հրաւէրով ուժեղ քաշողականութիւն մը, որուն աղբիւրը նոյնինքն Աստուածն է, որ կը յայտնուի մեզ ամէնուրեք, իսկ մեզի կը մնայ հաւատքով տեսնել ու լսել Աստուծոյ կանչը՝ աղօթող երիտասարդին մէջ: Հաւատքի նման փորձառութենէ մղուած հոգիս կը ծարաւի Քրիստոսի խօսքին:

«Պիտի սիրես Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ»:

«Պիտի սիրես քու ընկերդ ինչպէս քու անձդ»:

9 սեպտեմբեր 1992

ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
(1990-2003 թուականներ)

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 1990 թուական: Մայր Տաճարի աւագ խորանին վրայ կը ստանամ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ երանաշնորհ Վազգէն Վեհափառի: Այդ օր աննկարագրելի հանդարտութիւն մը կը տիրէր մայրավանքէն ներս:

…Ինչքա՜ն նուիրական պահ մըն է ձեռնադրութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ամէն անգամ, երբ ներկայ ըլլամ ձեռնադրութեան ու օծման արարողութեան մը, կ՚ապրիմ այդ հոգեպարար պահերը: Իմ մէջ կը վերանորոգուի ուխտը՝ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայելու: Ահաւասիկ այդ նոյն զգացումը կ՚առթէր նաեւ ժողովուրդը: Արարողութեան աւարտին ներկայ բազմութիւնը խուռներամ եկաւ շնորհաւորելու ձեռնադրեալները՝ Խաժակ, Գիսակ, Յակոբ եւ Յովնան եպիսկոպոսները:

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 1990 թուականը կարծես երէկ ըլլար: Այնքան թարմ է յիշողութեանս մէջ օրհնեալ այդ թուականը:

26 մարտ 2003

ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

Զիս ներշնչող թանկագին հայ մայր մը, որուն կը հանդիպիմ Մոնրէալի մէջ։ Հաւատաւոր հայուհի մը, որ շուրջ 60 տարի առաջ ամուսնոյն հետ հաստատուած էր Մոնրէալ: Ան յուզումով կը պատմէր, որ ինչպէս այդ տարիներուն իրենց անդրանիկի ծննդեան հաւաքուած դրամական նուէրներէն գոյացած 76 գանատական տոլարը կը յատկացնեն ապագայ եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Այդ օրերուն, տակաւին գաղութը չէր կազմաւորուած, հայրենիքի կարօտով լեցուած պանդուխտ այդ քանի մը հայերը կ՚ունենան տեսիլքը իրենց յետագայ ազգային եկեղեցիին:

Տարիները կ՚անցնին եւ այսօր եկեղեցին կանգուն է շնորհիւ այն բանին, որ գանատաբնակ այդ առաջին հայերը տեսիլքը ունեցան հոգեպէս անմնացորդ նուիրուելու այդ նպատակին եւ իրենց ընտանիքներու սրբութեամբ ու աւանդապահութեամբ դառնալու հիմքը՝ յաջորդելիք սերունդներուն:

Հաւատաւոր հայուհի՛, երանի՜ քեզ, որովհետեւ դուն վարձատրութիւն ստացար Աստուծմէ: Լոյսերու մէջ թող խաղաղութիւն գտնէ իր կեանքը եկեղեցիին նուիրած ձեր ամուսնոյն հոգին: Անձնապէս ինծի, նաեւ շատ երիտասարդներու համար հաւատքի ներշնչում պարգեւող օրինակելի տիպարներ են այս գաղափարներու հիմքը դնող մեր մեծերը, որոնք իրենց կեանքը դարձուցին պատարագ: Այս պահուս կը յիշեմ առաջնորդ ընտրուելու առթիւ արտասանած քարոզիս հետեւեալ խօսքերը. «Ծառայութիւնը կեանքը իմաստաւորող լաւագոյն ձեւն է…»:

Այսօր ալ կը զգամ պոռթկումը նոյն այդ զգացումին, կեանքի նպատակը տեսնելով նախ եւ առաջ եւ ամենէն աւելի՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ անբաժան մասնիկը կազմող Հայց. Առաքելական մեր Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ:

«Զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմ ըստ ամենայնի եւ յաղագս ամենեցուն»:

26 փետրուար 1993

ՄԱՆՐԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ

ՎԵՀԱՓԱՌ, ՕՐՀՆԷ՛ ԶԻՍ

1994 թուականի յուլիս եւ օգոստոս ամիսներու ամբողջ տեւողութեան մնացի Հայաստան: Այդ օրերուն ինծի հետ Հայաստան տարած էի նաեւ «Գանատահայ երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան-CYMA»ի երկրորդ խումբը, որու անդամները իրենց առաքելութիւնը կը ծաւալէին Շիրակի թեմէն ներս, Հառիճայ գիւղին մէջ: Երիտասարդներուն հետ մնալով հանդերձ, ամէն օր Երեւան կ՚իջնէի այցելելու համար անկողնին գամուած կաղնիին՝ իմ սիրելի Վեհափառին: Այդ օրերուն ինչքան մտերմիկ հանդիպումներ ունեցայ Վեհափառին հետ: Հետզհետէ հիւծուող Վեհափառը ո՜վ գիտէ ինչե՛ր կ՚ուզէր պատմել՝ իր կեանքէն: Ինծի համար անբացատրելի խորհուրդ մը պիտի մնայ, թէ ինչպէս կը զսպէր ան իր մէջ տառապանաց ալիքը, որ կը խռովէր իր հոգին ու ողջ էութիւնը: Լիովին կը զգայի, որ անհանգիստ էր, բայց անկէ անդին անցնելու համարձակութիւնը ո՞վ կրնար ունենալ: Վեհափառը իր պատկառանքը չէր կորսնցուցած: Ազդեցիկ իր ներկայութիւնը պարտադրող էր:

Ինծի համար բաւական էր, որ երկարօրէն նստէի ու զրուցէի Վեհափառին հետ: Ի՜նչ յիշատակներ չէին անցներ այդ օրերուն իմ մտքէն: Մասնաւոր կերպով կը յիշեմ իմ առաջին մտերմիկ հանդիպումը Վեհափառին հետ 1977 թուականի յուլիսին: Ճիշդ է, որ արդէն գրեթէ տարիէ մը ի վեր մայրավանք կը գտնուէի որպէս ուսանող, բայց ուսանողի մը համար հնարաւոր չէր այդքան մօտիկ կապ մը հաստատել Ամենայն Հայոց Վեհափառին հետ: Իմ վրայ խոր տպաւորութիւն թողեց այդ գիշեր այն հանգամանքը, որ Վեհափառը երկար ու մանրամասն լսեց ընտանիքիս մասին:

Վեհափառի հետ յուշերէս անմոռանալի պիտի մնան այն պահերը, որոնց ականատես եղայ եւ որոնք ըմբոշխնեցի: Յատուկ կերպով կը յիշեմ Արամ Խաչատուրեանի վերջին այցելութիւններէն մէկը մայրավանք: Ուխտաւորը իր ուսերուն շալկած ուլիկ մը դրաւ Վեհափառի ոտքերուն առջեւ, Վեհափառի աջը առաւ ու ողջագուրուեցան: Ազգի մեծերուն ջերմ սիրով հանդիպումը ազդեցիկ էր ու սարսուռ տուող:

Վեհափառի հետ անթիւ հանդիպումներու շարքին տպաւորող պիտի մնայ այն օրը, երբ իր հետ միասին հեռուստատեսութեամբ հետեւեցանք Շիրազի յուղարկաւորութեան: Ես այդ օր միայն հասկցայ, որ Վեհափառը անսահման սէր ու յարգանք կը տածէր Շիրազի նկատմամբ:

Ահաւասիկ այս եւ նման բազում յիշատակներ կ՚արթննային իմ մէջ իւրաքանչիւր այցի ժամանակ:

Շատ յստակ կը յիշեմ եւ մանաւանդ կ՚ապրիմ այդ հարուստ պահը, երբ օր մը, չեմ գիտեր ինչու, յանկարծ ներքին ձայն մը մղեց ինծի մօտենալու Վեհափառին, երբ գլուխս անոր կուրծքին դնելով ըսի.

«Վեհափառ, օրհնէ՛ զիս»։ Իր երկու ձեռքերը գլխուս դրաւ ու աղօթեց Վեհափառը: Բառեր չկային…

27 մարտ 2003

ԶՕՀՐԱՊԻՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՄ

1999 թուականի յունիսի առաջին օրերն էին: Էջմիածնէն քանի մը օրով կը հեռանայի ու մեկնումէս առաջ մօտեցայ հոգելոյս Գարեգին Ա. Վեհափառին՝ իր օրհնութիւնը հայցելու եւ ապա հարցնելու, թէ որեւէ փափաք ունէ՞ր: Լռութեան մէջ նոր լռութիւն մը տիրեց մեր միջեւ… Ինձ երկարեց թուղթի կտոր մը, որուն վրայ արձանագրուած էր հետեւեալը.

«Զօհրապին կը սպասեմ»: Տառապող իր հոգւոյն մէջ կարօտով կը սպասէր իր հարազատ եղբօրը, որուն հանդէպ տածած էր անսահման սէր, որ ոչ մէկ անգամ այնքան զօրեղ կերպով դրսեւորած էր: Արցունքն աչքերուն մէջ կը պատգամէր, որ պիտի տոկար մինչեւ Զօհրապի գալուստը:

Էջմիածին վերադարձիս Զօհրապը այնտեղ էր արդէն: Խաղաղ էր այլեւս Վեհափառը, քանզի իր ձեռքերուն մէջ կը սեղմէր սէրը իր հարազատ եղբօր:

Լուռ ցաւերով կը հաղորդակցէին Վեհափառն ու Զօհրապը: Լոյս գիշերներուն յաճախ միասին կ՚ըլլայի նաեւ ես: Լռութիւնը խանգարող բառեր չկային, այո, բայց իր ներկայութիւնը կը շարունակէր ճառագայթներ արձակել մեր հոգիներուն մէջ:

Վեհափառ Հայրապետ, այսօր, նոր օրերը նոր արշալոյսներ կը դառնան մեր կեանքին մէջ, երբ քու պատգամներով կ՚օծուին հոգեւորականներու կեանքը:

Նոր իմաստ կ՚առնեն քու քարոզները իմ կեանքին մէջ ու կը լուսաւորեն իմ հոգին: Երանի քեզ, Վեհափառ, որ Քրիստոսի եկեղեցիով օրհնեցիր թէ՛ քու եւ թէ շատերուս կեանքը: Դուն հաւատացիր, որ ծառայութեամբ հարուստ կեանքդ պիտի ապրիս անժամանակին մէջ՝ որպէս ներշնչումի աղբիւր գալիք սերունդներուն համար:

23 օգոստոս 2002

ՓԱՌՔ ԱՄԵՆԱԿԱԼԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ…

ՕՐՀՆԵԱԼ ՈՒ ՓԱՌԱՒՈՐ ՄՆԱՅ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ

Գարեգին Բ. Վեհափառ: Հողին ձայնն է ան: Սիրոյ նոր կամուրջը Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն սիրտերը միացնող: Աննախընթաց խանդավառութեամբ կը բացուի Վեհափառի կաթողիկոսութեան շրջանը: Հիմնապէս նորոգութիւններ կը ձեռնարկուին ամէնուրեք, բայց ամենէն էականը կը մնայ իր գործունէութեան մէջ սերունդ պատրաստելու նուիրական առաքելութիւնը:

Այսօր, երբ մայրավանք կը մտնենք, ակնյայտ է, որ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները ներկայութիւն են այնտեղ իրենց աղօթքով ու շարականներու երգեցողութեամբ:

Վաղուան հովիւները կը պատրաստուին Սուրբ Էջմիածնէն հեռու, օտար աշխարհի մէջ։ Միաբան շրջանաւարտները բարձրագոյն ուսում կը ստանան, որպէսզի ուսմամբ զինուած դառնան եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչներ: Խրախուսող է այս սկիզբը: Ի շարս անթիւ, բարի արարումներու՝ ամենէն աւելին զիս յուսադրողը եւ ներշնչողը այս առաքելութիւնն է:

Փառք ամենակալին Աստուծոյ:

Օրհնեալ մնայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

27 մարտ 2003

«ՄԵՆՔ՝ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՍ ԳԱՐՈՒՆ ԵՆՔ ՈՒԶՈՒՄ»

Օգոստոս 1998-ին Հայաստան կը գտնուէի ուխտագնացութեամբ եւ պատեհութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու նաեւ Օշականի անմահ վարդապետ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան ձօնուած դպրատան մէջ կազմակերպուած գեղարուեստական հանդէսի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ փոքրիկներ: Ներկայացուած ելոյթներէն մէկը տպաւորեց զիս, երբ այնքան համոզումով ու ապրումով անոնք արտասանեցին. «Մենք փոքրիկներս գարուն ենք ուզում»:

Միայն Հայաստան ուխտագնաց մը կրնայ հասկնալ, թէ ինչպիսի աղօթք ու մաղթանք կայ այս բառերուն մէջ: Հայաստան ապրող մեր սիրասուն փոքրիկներու կեանքը այնքան ալ դիւրին չէ: Ձմրան դժուարին պայմաններու մէջ անոնք կը տոկան, իրենց ծնողներու բացառիկ զոհողութիւններով ու անբացատրելի գուրգուրանքով: Եւ երբ իրենց ելոյթով կ՚արտասանեն՝ «Մենք փոքրիկներս գարուն ենք ուզում», գուցէ անոնք չեն գիտակցիր իրենց խօսքին, բայց ես կը կարդամ մեր քաղցր փոքրիկներու աչքերուն մէջ գարնան կարօտը՝ կեանքի գարունը:

«Մենք փոքրիկներս գարուն ենք ուզում»:

Սա պարզ խօսք  մը չէ: Սա համոզում է ու հաւատքի վկայութիւն: Աւելին, նոյն փոքրիկներուն մէջ նոր ծնունդ մը կ՚ապրի՝ վաղուան հայրենիքը:

6 հոկտեմբեր 1998

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ
(2003-2013 թուականներ)

ԵԴԵՄ

Արեւմտեան թեմի հոգեւոր առաջնորդ իմ ընտրութենէն վերջ տրուած այցելութիւններու շարքին վերջապէս կը մեկնիմ Եդեմ: Կեդրոնական Գալիֆորնիոյ մէջ, երկինքն ու երկիրը իրարու օղակող, հայկական ոճով ու մեսրոպաշունչ ոգեկանութիւն ներշնչող աղօթքի տունը իմ մէջ կը բոցավառէ Պօղոս առաքեալի Գաղատաւոց ուղղուած սա խօսքը. «Եւ Քրիստոսի հետ խաչը ելայ. այլեւս կենդանի եմ. ոչ թէ ես, այլ իմ մէջ կենդանի է Քրիստոս» (Գաղ. Բ. 20):

Յիրաւի, խորապէս կը զգամ, որ Պօղոս առաքեալի այս բառերը դեռ մանկութենէս եղած են իմ հոգիին աղօթքը: Բայց կ՚ուզեմ հաստատում մը ընել, որ այս օրերուն իմ հոգիին մէջ աւելի շեշտակի կը զգամ Աստուծոյ շունչն ու զօրութիւնը:

3 հոկտեմբեր, ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 6:30 է: Կը հասնինք Եդեմի Սուրբ Աստուածածին Հայց. եկեղեցին: 19-րդ դարու վերջին Չոմախլուէն մեկնած գաղթականներու զաւակներ չարաչար աշխատանքով ու արդար վաստակով, Կեդրոնական Գալիֆորնիոյ հողին հետ կը շաղախեն հայուն քրիստոնէական հաւատքի վկայութիւնը։ Այսօր արդէն չորրորդ սերունդն է այս սուրբ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հայութիւնը աղօթք կը վերառաքէ առ Աստուած. բացառիկ ապրում մը, որ կը նորոգէ իմ հոգեւոր կեանքը: Նորածնունդ կը դառնայ իմ կեանքը: Ծառայութեան նոր եռանդով պատրաստ եմ կեանքս ընծայաբերելու Արեւմտեան թեմին՝ որպէս նոր վկայութիւն իմ հաւատքի կեանքին:

4 հոկտեմբեր 2003

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Շաբաթ, 14 յունուարին կատարեցի Ուաշինկթընի առաջին հայ եկեղեցւոյ օծումը: Եկեղեցւոյ շինութիւնը օրհնեալ առաքելութիւն մըն է, բայց երբ եկեղեցի մը երկինք կը բարձրանայ աշխարհագրական այնպիսի տարածքի մը մէջ, ուր երբեւէ եկեղեցի չենք ունեցած, ապա այս պարագային իւրաքանչիւր հայ մարդու հոգեկան հրճուանքը իր գագաթնակէտին կը հասնի: Աւելի քան երեք հարիւր հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ օծման հոգեպարար արարողութիւնը: Աւետարանիչներուն ձօնուած խաչերու օծումէն յետոյ կատարեցի առաքեալներուն ձօնուած խաչերու օծումը՝ մինչեւ որ պահը եկաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան: Յատկապէս վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին անընդհատ կը մտածէի, թէ ինչպիսի՞ անունով մը պիտի յաւերժանար Ուաշինկթընի եկեղեցին: Երկար մտածելէ յետոյ եւ ի մասնաւորի հիմք ունենալով Պաքուէն դուրս եկած գաղթական հայերու հոգեւոր վերածնունդը՝ որոշեցի եկեղեցին անուանակոչել Սուրբ Յարութիւն: Արդարեւ, այդ պահուն եւէթ ժողովուրդի աչքերուն մէջ ակնյայտ էր յուզումնախառն ուրախութիւնը, որ արտայայտուեցաւ ինքնաբուխ ծափահարութիւններով:

«Իմ փառաւոր ժողովուրդ, դարերով մեր հայրերու (նախնեաց) կեանքը եղած է արտայայտութիւնը Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան խորհուրդին: Այդ խորհուրդը անգամ մը եւս ճառագայթեց ձեր կեանքին մէջէն, երբ հեռաւոր այս ափերուն դուք ձեր սեպուհ պարտքը համարեցիք կառուցել հայ եկեղեցի մը եւս՝ որպէս յուշարձան ձեր նահատակաց եւ որպէս հիմնաքարը ձեր հաւատքի կեանքին»:

Այս էր իմ պատգամը ուղղուած օծման վկայախօս հաւատացելոց: Հոգեպէս հարստացած կը վերադառնամ առաջնորդարան եւ հազար փառք կու տամ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս օրհնեց նուաստիս կեանքը: Քեզի կը բանամ իմ հոգիին ծալքերը եւ աղօթքս կ՚ընծայեմ.

«Քեզ յանձն առնում զանձն իմ, Դու հոգա եւ պատրաստեա զպէտս հոգւոյ եւ մարմնոյ իմոյ»:

16 յունուար 2012

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

•վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2022