ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՒԹՈՓԻԱ՞ Է, ԹԷ ՀԱԿԱԻՒԹՈՓԻԱ

Շուրջ 500 տարի առաջ Պելժիոյ մէջ լոյս տեսած է Թոմաս Մորի «Իւթոփիա»ն՝ իր մտերիմ ընկերոջ Էրասմուսի օգնութեամբ։ Գիրքը կը նկարագրէ կղզիի մը վրայ հիմնադրուած երկիր մը, որ շատ աւելի կատարեալ է՝ քան գիրքի գրի առնուած ժամանակուան եւրոպական երկիրները, որոնց իւրաքանչիւրը զբաղած են հակամարտութիւններով, անհաւասարութեամբ եւ փտածութեամբ: Իւթոփիք հասարակութեան մէջ կը նկատուի ընդհանուր սեփականութիւն եւ կրօնական հանդուրժողութիւն, նաեւ ջանքեր կը գործադրուին ապահովելու համար բոլոր քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը՝ ցեղային հաւասարութիւնը առաջնահերթ համարելով: Իւթոփիա բառը, որ առաջին անգամ օգտագործած է Մոր, կը մատնանշէ կատարեալ իտէալական հասարակութիւն, որ դեռ գոյութիւն չունի եւ գիրքին մէջ այդ հասարակութեան գոյութիւնը պատկերուած է ապագայ ժամանակաշրջանի մը մէջ։

Վերջերս իւթոփիա բառապաշարը դարձաւ առաւել հանրաճանաչ, երբ աճեցան կատարեալ հասարակութիւն ունենալու հետ կապուած առաջարկները։ Այս մէկուն պատճառը, հաւանաբար, իւթոփիայի հիմքի համայնավարութեան ըմբռնումն է։ Իւթոփիք մտածողութեան գագաթնակէտն էր ստեղծել դասակարգային հասարակութիւն մը, ուր բոլոր աշխատողները ներգրաւուած են իրենց աշխատանքի վարձատրութեան վճռման գործընթացին՝ զգալիօրէն կրճատելով անօգուտ եւ անհանգիստ աշխատանքի վրայ մսխուող ժամանակը: Բայց իրական համայնավարութեան վերադարձը հիասթափեցուց իւթոփիզմի կողմնակիցները: Ստալինէն սկսեալ մինչեւ Քամպոտիայի Կարմիր Խմերներու բռնութիւնները, պատմութիւնը երբեք չէ տեսած, որ համայնավարութիւնը հասնի իր տեսական իտէալին:

«Իւթոփիա»ի գրի առնուելէն շուրջ 500 տարի անց, արդեօք ժամանա՞կն է ըլլալ իրատես: Բազում մտածողներու կարծիքով՝ այո։ Օրինակ, անգլիացի մտածող Ճոն Կրէյ «Սեւ ծէս, ափոքալիփթիք կրօն եւ իւթոփիայի մահը» գիրքին մէջ կը պնդէ, որ իւթոփիաներ կը գործեն որպէս օրինակելի մոտելներ, որոնք կ՚օգտագործուին կրօնական կամ քաղաքական խումբերու կողմէ բռնութեան արարքները օրինականացնելու համար եւ անոնք անխուսափելիօրէն կը ծնին ամբողջատիրական վարչակարգեր։ Ֆրանսացի մտածող Ժան-Լուք Նենսի նոյնպէս կը հեռանայ իւթոփիք միտքէն եւ կը նշէ, որ իւթոփիան լաւագոյն պարագային գեղեցիկ, բայց անհասանելի երազանք մըն է:

Ինչպէս փիլիսոփայութեան եւ քաղաքականութեան, այնպէս ալ գրականութեան մէջ իւթոփիան իր տեղը կը զիջէ հասարակութիւնը ճնշող հայեացքներու: Մինչդեռ իւթոփիայի կիզակէտին կը գտնուի որեւէ վայրի մէջ, որեւէ ժամանակաշրջանին աւելի լաւ հասարակութիւն մը ստեղծելու երազանքը։ 20-րդ դարու մարդիկ ականատես եղան հակաիւթոփիք պատմութիւններու: Ճորճ Օրուէլի «1984»էն մինչեւ Մարկրըթ Էթուուտի «Աղախնի պատմութիւնը», Եւկենի Զամեաթինի «Մենք»էն մինչեւ Ռէյ Պրետպիւրիի «471 աստիճան ըստ ֆահրենհայտի»ի… Հակաիւթոփիայի մտածողութիւնը, ի հարկէ, կը նմանի իւթոփիայի նպատակին. քննադատել հասարակութիւնը: Այնուամենայնիւ, մինչդեռ իւթոփիաները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կարելի է աշխարհը բարելաւել՝ բաղդատելով զայն աւելի լաւ աշխարհի մը հետ. հակաիւթոփիաները կը սրեն մեր ժամանակի խնդիրները՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն աշխարհի վրայ, թէ ի՛նչ կ՚ըլլար, եթէ մեր ամենավատ վախերը իրականութիւն դառնային:

Իւթոփիան կը սնուի այն գաղափարով, որ ներկայիս իրավիճակը կրնայ բարելաւուիլ մարդկային բանականութեամբ։ Իւթոփիք մտածողութիւնը ենթակայ է ժամանակի ըմբռնման եւ յառաջընթացի նկատմամբ հաւատին, որ սկսաւ ձեւաւորուիլ Վերածնունդի դարաշրջանին։ Հակաիւթոփիան, ի տարբերութիւն իւթոփիայի, չ՚ընդունիր «յոյսի սկզբունքը»։ Առանց առաջարկելու այլընտրանքային տարբերակներ կամ հնարաւոր լուծումներ այսօրուայ խնդիրներու համար, հակաիւթոփիան կը քննադատէ հասարակութեան ապակառուցողական մակարդակը:

Աշխարհի տարբեր ժողովրդավարական վարչակարգերու մէջ ամբողջատիրական գործիչներու վերելքը ձեւով մը յուսահատութեան քաղաքական արտայայտութիւնն է, որ յանգած է համատարած յուսախաբութեան, մնացեալ բոլոր տարբերակներու վերացման եւ նշեալ գործիչներուն ու գաղափարախօսութեան ծայրայեղութեան հասնելուն։ Համայնքային հասարակութիւնը, որ կը նկարագրէ Մոր, կրնայ յոյս տալ աշխարհին։ Ըստ իրեն, հասարակութիւնները կարիքն ունին հաւատի, թէ հնարաւոր է հասնիլ աւելի լաւ ապագայի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2023