ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄ…
Ողջո՜յն աշխարհ, ես Զաւէնիկն եմ։
Իմ այս փոքրիկ, փոքրիկ կեանքին մէջ առաջին անգամ իմ հայրիկէս հեռու մնացի։ Հաւանաբար իմ վշտահարումս կանխելու նպատակով, իմ մայրիկը արհեստավարժ կերպով կազմակերպած էր մեր բաժանումը։
Սկիզբին ամէն բան շատ լաւ էր։ Ինչպէս միշտ, հանդերձ ընտանեօք գացինք պտոյտի։ Սակայն այս անգամ ճամպրուկներով ու քիչ մը հեռու։ Ես շատ երջանիկ էի, քանզի ամէն վայրկեան շրջապատուած էի իմ մայրիկի, հայրիկի, մեծ մայրիկի ու մեծ հայրիկի սիրով եւ հոգատարութեամբ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երբ ինծի կը նայէր, անոնց աչքերը կը փայլատակէին եւ անշուշտ ամէն անգամ իմ սիրելիները ինծի կը շռայլէին գովասանքի ու մեծարանքի սրտաբուխ խօսքեր…
Եւ այսպէս, մենք ժամանեցինք աշխարհի ամենամեծ ու գեղեցիկ օդակայանը։ Ես երբ տեսայ անծայրածիր ու հարթ տարածութիւնը՝ յանկարծ խենթացայ, սկսայ վազել հոս-հոն. իմ ընտանիքն ալ ինծի հետ կը զուարճանար, կը հրճուէր իմ ուրախութեամբ։ Չկարծէք, թէ չհասկցայ, որ արտասահման կ՚երթանք ճամբորդութեան։
Երկար ժամանակ օդակայանի մէջ խաղալէ եւ զայն ուսումնասիրելէ ետք, իմ ընտանիքի անդամները զիս գրկեցին ու համբուրեցին։ Հայրիկս քիչ մը տխուր զիս ամուր սեղմեց իր կուրծքին։ Բան մը չհասկացայ…
Այնուհետեւ, ես ու իմ մայրիկը մտանք կարգի։ Մայրս շատ երջանիկ էր, ուրախութենէն կը շողար արեւի պէս։ Երբ կարգը անցանք, հանդիպեցանք բազմաթիւ մանուկներու, որոնց հետ ես սկսայ խաղալ։ Ինձմէ մեծ ու պզտիկներուն հետ լիաթոք զուարճանալէ վերջ, մենք նստանք հսկայ օդանաւ մը։ Այդ երկաթէ թռչունը կը թռչէր շատ բարձր՝ ամպերն ի վեր։ Քանզի ժամը շատ ուշ էր, ես խմեցի կաթիկ ու քնացայ։
Առաւօտեան արթնցայ անծանօթ տեղ մը. իմ սենեակը չէր, չկային իմ խաղալիքները…
Իմ քովը ոչ մէկը կար. քանի մը վայրկեան համակ ուշադրութեամբ շուրջս դիտեցի, այնուհետեւ սկսայ լալ՝ ես մայրիկիս այսպէս կը ձայնեմ։ Մայրս անմիջապէս մտաւ սենեակ՝ խումբ մը ծանօթ անծանօթներու հետ։ Բոլորը զիս համբուրեցին, սիրեցին ու «բարի եկար» ըսին… սակայն իմ աչուկները կը փնտռէին մէկը՝ իմ հայրիկը, զոր ես չկրցայ նշմարել ամբոխին մէջ։ Հոգ չէ… յաջորդ վայրկեանին մոռցայ ու սկսայ ծանօթանալ մօրենական կողմէ իմ սիրասուն ազգականներուս հետ, որոնցմէ շատերը ես չէի մոռցած եւ ուրախ էի զանոնք կրկին տեսնելուս համար։
Այդ օրը շատ հետաքրքական անցաւ։ Արցախցի մանուկները կը շտապէին ինծի հետ տեսութեան։ Ես բոլորն ալ շատ սիրեցի ու գրեթէ ամիս մը շարունակ մենք ամէն օր միասին խաղացինք երկար։
Թէպէտ ամառ էր, սակայն Արցախ ժամանման մեր առաջին օրը պաղ էր ու անձրեւոտ։ Երեկոյեան տաք լոգանք ընդունելէ վերջ, մայրս փորձեց զիս քնացնել։ Քիչ մը կաթիկ խմելէ ետք ես ըսի. «պապա՞, պապա՞» եւ սկսայ լալ։ Նախապէս իմ մայրիկը փորձեց չարձագանգել իմ հարցումին, սակայն տեսնելով արցունքի կաթիլները իմ այտերուն վրայ, գլուխս շոյելով ըսաւ.
-Հրեշտակս, շուտով պիտի միանանք հայրիկիդ հետ, մի՛ յուզուիր։
Այս խօսքերը զիս չմխիթարեցին, այդ պահուն ես կ՚ուզէի իմ հայրիկը։ Կ՚ուզէի ինչպէս միշտ անկողինի մէջ ծնողքիս մէջտեղը պառկիլ ու քնանալ։ Կ՚ուզէի անոր հետ քիչ մը խաղալ, շփանալ, այնուհետեւ գիրկընդխառնուիլ. սակայն ապարդիւն…
Յաջորդ առաւօտեան կանուխ իմ հայրիկը հեռաձայնեց տեսակապով։ Ես վշտացած անոր՝ իմ փոքրիկ թաթիկներով ու աչքերու տխուր արտայայտութեամբ հարցուցի.
-Հայրիկ, ո՞ւր ես, ինչո՞ւ իմ քովս չես…
Ան կը փորձէր զիս ուրախացնել, խօսեցնել, սակայն իմ վիրաւորանքը թոյլ չտուաւ, որ ես այդ պահուն անոր հետ հաղորդ դառնամ։ Օրէ օր ես սկսայ իմ յոյսը կորսնցնել։ Կը խորհէի, թէ հայրիկս այլեւս զիս չի սիրեր, ինձմէ կ՚ուզէ հեռու մնալ, ես անոր հետաքրքրութիւնը չեմ գրաւեր։ Յաջորդիւ տեսազանգերու ընթացքին ես սկսայ խոյս տալ իմ հայրիկէն։ Բնաւ անոր չէի խնդար ու նոյնիսկ բառ մը չէի ըսեր…
Երկար ժամանակ անց ես ու իմ մայրիկը կրկին ճամբորդեցինք։ Նորէն այդ հսկայ օդակայանին մէջ էինք, հեռուէն իմ ականջներուս հասաւ ծանօթ ձայն մը.
-Զաւէ՜ն, Զաւէ՜ն։
Իմ հայրիկն էր, որ լայնաժպիտ ու գրկաբաց կը յառաջանար դէպի մեր կողմը։ Հայրիկս զիս ու մայրիկս ամրօրէն գրկեց ու համբուրեց։ Ու մենք, ինչպէս սովորաբար, երեքով գիրկընդխառնուած սկսանք երգել։ Ես անսահման երջանիկ եւ ուրախ էի, քանզի հասկցայ, որ իմ հայրիկը ինձմէ պարզապէս ժամանակաւոր զատուած էր, աւելի՛ն. ան զիս շատ կը սիրէ։ Ես պարզապէս իրար խառնած, շփոթած էի արձակուրդն ու բաժանումը։ Այս փոքրիկ թիւրիմացութեան պատճառաւ ալ սրդողած էի իմ անգին հայրիկին…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ