ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Էսաեան վարժարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ արտասանութեան ձեռնարկ մը։ Լիսէի բաժնի աշակերտներուն միջեւ կազմակերպուած մրցոյթի մը ձեւաչափը ունէր հանդիսութիւնը։ Հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Արմաւենի Միրօղլուի, Մարալ Սաթարի եւ Սեսիլ-Նարօտ Քարահիսարիտիսի ջանքերով կազմակերպուած մրցոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան։ Լորա Քըրի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու սկիզբին աշակերտներէն Արիս Թիրեաքեան խօսեցաւ Հայ մշակոյթի ամսուան մասին։

Արտասանութեան մրցոյթին զուգահեռ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Օրուան ծրագրին մաս կազմեցին երկու յայտնի արուեստագէտներ՝ Նաթալի Պօղոսեան եւ Արտա-Արտաշէս Ակօշեան։ Այս օրերուն արտասահմանէն հիւրաբար քաղաքիս մէջ կը գտնուին անոնք եւ իրենց գործադրած յայտագիրը տարբեր որակ մը տուաւ այս ձեռնարկին։ Երկու յայտնի արուեստագէտները աշակերտներուն ծանօթացուեցան Միրէյ Ինթիպայի եւ Իլայտա Պօղոսեանի կողմէ։ Բեմ առաւ նաեւ դպրոցի լիսէի բաժնի նուագախումբը։

Մրցոյթի մասնակից աշակերտներն էին՝ Սարեմ Գույումճեան, Գարին Տէյիրմենճի, Նաթալի Մաշալը, Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Թալիա Ֆերահեան, Էլայ Չըրաք, Էլլա Ենոքեան։

Տղոց պարտադիր եւ ազատ արտասանութիւններէն վերջ հրապարակուեցան դափնեկիրները՝ Սարեմ Գույումճեան (առաջին), Գարին Տէյիրմենճի (երկրորդ), Էլլա Եանոքեան (երրորդ) եւ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու (չորրորդ)։

Դափնեկիրները պարգեւներ ստացան ձեռամբ Էսաեանի յոբելեար շրջանաւարտուհիներէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի։ 

Տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի շնորհաւորութեան խօսքով եզրափակուեցաւ ձեռնարկը, որու դատակազմին մէջ էին՝ Նատիա Գօչունեան, Մելինէ Թոքյովսէփեան, Լեռնա Գարագիւթիւք, Մելիսա Ֆերահեան, Էսաեանի լիսէի բաժնի աշակերտուհիներ՝ Նարօ Փիոսեան եւ Լեթիսիա Եըլտըրըմ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019