ԴԱՌՆԱԼ ՄԵՆՔ ՄԵԶ

Թուային դարաշրջանը մեզի համար նոր ինքնութիւններ կը ձեւաւորէ, մեզի կը հագցնէ դիմակներ։ Առցանց աշխարհը մեզ կը ստիպէ թաքցնել մեր զգացումները եւ մենք հերթով ականատես կ՚ըլլանք մեր մարդկային զգացումներու անհետացման։ Ամէն ինչ փոքրացաւ եւ վերածուեցաւ «like» կոճակի: Բաց աստի, մենք նետուած ենք դարաշրջանի մը, ուր հետզհետէ կը դժուարանայ սիրոյ բացայայտումը, «քեզ կը սիրեմ» ըսելը: Մենք այլեւս կեանքին կը նայինք շփոթած երեխայի պէս։

Ինչո՞ւ։ Ինչո՞ւ սէրը դիտել որպէս տառապանք: Իսկապէս, ե՞րբ վախցանք սէրէն ու փախանք։ Ե՞րբ թմրութեան մատնեցինք մեր մէջ գոյութիւն ունեցող ամենախոր զգացումը։ Մենք ե՞րբ մեր սիրելիին «քեզ կը սիրեմ» ըսելը համարած ենք թուլութիւն:  Մենք պատեր կառուցած ենք, սառոյցէ պատեր։ Ինչո՞ւ…

2000-ականներու սկիզբէն ի վեր անձնական զարգացման մասին գրի առնուած գրեթէ բոլոր գիրքերը միշտ հետեւեալը պարտադրած են մարդոց. ամենէն կարեւորը դուն ես, քեզմէ լաւը չկայ, բացայայտէ քու ներքին ուժը, դուն քեզ դարձիր, դուն քեզ հարցաքննէ, դուն քեզ ապաքինէ... Լաւ, լաւ, մենք վերադարձանք մենք մեզ։ Հապա՞…

Այսպիսով, ի՞նչ պատահեցաւ մեզ շրջապատողներուն, երբ մենք վերադարձանք մենք մեզ: Ի՞նչ պատահեցաւ մեր սիրոյն։ Ի՞նչ եղաւ մեր համերաշխութեան, զգայնութեան եւ միասնականութեան։ Ըսեմ՝ փտաւ, այլասերեցաւ, ապականեցաւ ու զոհ գնաց արագութեան դարաշրջանին։ Որպէս այս դարաշրջանի ամենատարածուած սահմանումը՝ հոգեցնցումը մեր առօրեային մէջ զբաղեցուց կարեւոր տեղ մը։

Մարդկային յարեբերութիւնները զանազան բառերու տակ «ճզմուած» վերաձեւաւորուեցան, մանրամասն ուսումնասիրուեցան, դատուեցան եւ ի վերջոյ մահապատիժի ենթարկուեցան։ Մարդիկ շատ անհանգիստ դարձան։  Որոնումներու, նորանոր ցանկութիւններու եւ անոնց արագ սպառման արդիւնքին մեզի մնաց յարաբերութիւններու եւ բարեկամութեան հսկայ գերեզման մը։ Որովհետեւ ամենակարեւորը մե՛նք ենք, չէ՞։ Սիրողը լքուեցաւ, սիրուածը վախցաւ ու փախաւ։ Մենք յուսահատ կառչեցանք իրարու մեր հիւանդ վիճակով, ապաքինածները գացին, չբուժուածները դատապարտուեցան ամէն ինչին վերսկսելու։ Դաժան դարաշրջան…

Սէրն ու ջերմութիւնը, ինչ որ մենք կը զգայինք ո՛չ միայն մեր ընկերոջ, այլեւ հարազատներու, ընկերներու եւ կենդանի էակներու նկատմամբ, կ՚ընկալուէր որպէս չարամիտ, հիւանդագին արարք մը։ Երբեմն մարդիկ իրարու կ՚ըսէին. «Ինծի այդքան մի՛ սիրեր»։ Տեսէք արդիւնքը, ո՞վ երջանիկ է, ո՞վ  լաւ է, ո՞վ առողջ է, ո՞վ հանգիստ է երբ գլուխը կը դնէ բարձին վրայ:

Ես միշտ կ՚ըսեմ. ներկայ դարաշրջանի տրամադրութիւնը «անսէրութիւնն» ու անբարեացակամութիւնն է։ Ես չեմ սիրեր, որ մարդիկ իրարու նկատմամբ կոպիտ ու անգութ ըլլան։ Ես չեմ սիրեր, երբ կը դատուին ու կախաղան կը բարձրանան անբիծ, մաքուր, լաւ ու բարի զգացումները։

Անշուշտ, ինքզինք սիրելու արդիւնքը միշտ եսապաշտութիւն, անսէրութիւն չէ։ Սիրենք մենք մեզ, որպէսզի կարողանանք սիրել տիեզերքը, մարդիկ, կենդանիները, բնութիւնը… Մենք մեզ սիրելը տիեզերքը տեսնելու, սիրոյ եւ խաղաղութեան հիմնական սկզբունքն է, անկասկած։ Միայն թէ չմոռնանք ուրիշներու նկատմամբ սիրոյ անկեղծութիւնը, խորութիւնը եւ զանոնք միաբանող ուժը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2022