ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս յոբելեանը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ մասնաւոր ցուցահանդէսով մը։ Մինչ այդ, «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը երէկ թողարկեց շատ յատկանշական դրուագներ։ Գործակալութեան յոբելենական շրջանի թողարկումները կը համարուին այդ դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն Երեւանի գիշերային գեղատեսիլ պահեր։ Երէկ, լիալուսին էր Երեւանի մէջ եւ «Ֆոթոլուր»ի ոսպնեակը այդ լիալուսինը որսած է՝ մայրաքաղաքի «Մայր Հայաստան» արձանին հետ համադրութեամբ։ Դրուագին մէջ «Մայր Հայաստան»ի սուրին ծայրէն կախուած կ՚երեւի լիալուսինը։   

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017