ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, պոլսահայ մեներգչուհի՝ Սիպիլ, Արժանթին մեկնած էր Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասը համերգ մը տալու համար: Սիպիլի համերգը նախատեսուած էր 17 նոյեմբերին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Տեղւոյն «Plaza Seeber»ի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենար այդ համերգը, սակայն տարի մը առաջ անհետացած «Ա.Ր.Ա.Սան Խուան» սուզանաւին զոհուած անձնակազմին յայտնաբերումը, որ նոյն օրերուն զուգադիպեցաւ, յետաձգած է համերգը, քանի որ երկրին մէջ, այդ օրերուն, այլ տրամադրութիւն կը տիրէր:

Սակայն Սիպիլ, գտնուելով Արժանթին, ուրիշ ծրագիրներ իրականացուցած է, ունեցած է հանդիպումներ, մասնակցած է հեռատեսիլային հաղորդումներու, ծանօթացած է արժանթինահայ համայնքի կեանքին:

ԺԱՄԱՆԱԿ կապ հաստատեց եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ վերջերս Արժանթինէն վերադարձած Սիպիլին հետ, որ պատմեց Արժանթին իր այցելութեան, հանդիպումներուն եւ հայկական համայնքին մասին։

*

-Սիպիլ, տեղեակ ենք, որ համերգը տեղի չունեցաւ, սակայն տակաւին ծրագրի մէ՞ջ է Արժանթինի մէջ համերգ ունենալը:

-Այո, համերգներու վերաբերեալ, կազմակերպիչներու հետ կապի մէջ ենք, յուսամ յառաջիկայ օրերուն յստակ կը դառնայ ամէն ինչ եւ հանդիսատեսը կը տեղեկացուի այդ մասին: Աստուծոյ կամքով ամէն ինչ կարգի կը դրուի: Այն փառատօնին, որ պիտի մասնակցէի, նաեւ Հայաստանէն եկած էին, սակայն սուզանաւին մէջ զոհուած անձնակազմին յայտնաբերումը փոխեց ծրագիրները:

-Ի՞նչ հանդիպումներ ունեցաք Արժանթինի մէջ: Ինչպէ՞ս ընդունեց համայնքը՝ Պոլիսէն գացած նշանաւոր երգչուհին:

-Կրնամ ըսել, որ այցելութիւնս շատ արդիւնաւէտ էր, քանի մը օրուան մէջ համայնքէն կարգ մը անձերու հետ ծանօթացայ:

ՀՕՄ-ի կազմակերպութեամբ ունեցայ բանախօսութիւն մը, որ ցուցադրուեցաւ նաեւ սպաներէն տեսանիւթով: Այդ մէկը պատրաստած էր Արժանթին կեցութեանս ընթացքին ինծի ուղեկցող հայրենակից մը՝ Լէօ Մոմճեան: Բանախօսութեանս նիւթը, կը կարծեմ, որ շատ հետաքրքրական էր. խօսեցայ Թուրքիոյ մէջ հայ կիներու դերին մասին, պատմեցի նաեւ գործունէութեանս շուրջ: Հանդիպումը շատ ջերմ անցաւ, ներկաները հարցումներ ուղղեցին, ես ալ սիրով պատասխանեցի:

Տպաւորիչ էր այցս հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը, ուր ծանօթացայ այդ օտար ափերու վրայ հայ դպրոցի գոյութեան, հանդիպումներ ունեցայ հայ աշակերտներու հետ, հոն նոյնպէս հարցում-պատասխան եղաւ, աշակերտներն ալ, ուսուցիչներն ալ հետաքրքրուած էին երգով, երաժշտութեամբ: Ոգեւորիչ էր այդ բոլորը:

Արժանթինի հայ համայնքը, բնականաբար, ունի նաեւ իր եկեղեցին, հոգեւոր կառոյցները. այցելեցի առաջնորդանիստ եկեղեցին, ծանօթացայ եւ զրոյց ունեցայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանին եւ Հայր Արէն Շահինեանին հետ, ծանօթացայ առաջնորդարանի տարած աշխատանքներուն: Կիրակի օրուան պատարագին մասնակցեցայ երգովս եւ ուրախութեամբ տեսայ, թէ որքան լեցուն էր եկեղեցին: Մեր ժողովուրդը, ուր ալ ըլլայ, միշտ կը համախմբուի հայ եկեղեցւոյ շուրջ:

Զիս հրաւիրեցին նաեւ հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն, մեծ ուրախութիւն էր մասնակցիլ մեր հայրենակից Լէօ Մոմճեանի ղեկավարութեամբ արժանթինական Radio Conexion Alberta-ի մէկ ժամ տեւող հաղորդման, նոյնպէս ուրախառիթ էր հիւրը ըլլալ Լէօ Մումճեանի պատրաստած արժանթինական հեռատեսիլային «Մեթր» ալիքով հաղորդումին: Ասիկա առիթ մըն էր՝ իմ ձայնս եւ անունս մանաւանդ Արժանթինի տեղացի ժողովուրդին լսելի դարձնելու: Ուր որ գացի, միայն ջերմ ընդունելութեան արժանացայ: Եւ բոլոր վայրերուն մէջ անպայման հարցումներ կ՚ուղղէին Թուրքիոյ հայութեան մասին: Մարդիկ կը հետաքրքրուէին հայութեան կեանքով, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայութեան կենցաղով: Յիշարժան էր նաեւ հանդիպումը Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, ուր դեսպան Էսթերա Մկրտումեան եւ հիւպատոս Էլէն Արզումանեանն ու դեսպանատան աշխատակիցները ստեղծած էին հայաստանեան մտերմիկ միջավայր մը. կրկին լաւ օր մը անցուցինք:

-Ջերմութիւնը, հիւրընկալութիւնը կարծես Արժանթինի անբաժան մէկ մասն է, ճի՞շդ է:

-Այո, այդպէս է: Հայերը հոն շատ ջերմ, հիւրընկալ, մտերմիկ են: Կարծես հին բարեկամներ ըլլայինք, բոլորը այնքան ջերմ կ՚ողջունէին: Ցաւալի է, որ սուզանաւին 44 զինուորականները զոհուեցան, երկիրը երեք օրուան սուգի մատնուեցաւ, փառատօնը յետաձգուեցաւ, բայց ես եւ կազմակերպիչները նկատեցինք, որ Արժանթին այցելութիւնս շատ արդիւնաւէտ էր՝ թէ՛ հանդիպումներու եւ թէ կապեր հաստատելու առումով: Արդէն համերգներու կազմակերպման աշխատանքներուն սկսանք:

-Առաջին անգա՞մն էր, որ Հարաւային Ամերիկա այցելեցիք, ինչպէ՞ս տեսաք մանաւանդ Պուէնոս Այրէսի հայկական համայնքը, երկիրը:

-Այո, իմ առաջին այցս էր:

Շատ գեղեցիկ քաղաք մըն է Պուէնոս Այրէսը, բայց ինծի համար, անշուշտ, կարեւորը երկրին մէջ ապրող մարդիկն են, ինչպէս ըսի՝ մէկը միւսէն ջերմ, որոնք նաեւ իրարու հետ կապուած են եւ ուժեղ են: Համայնքը միաւորուած է, կազմակերպուած. լեզուն, մշակոյթը պահելու մեծ ճիգեր կը կատարեն, ինչ որ անշուշտ ողջունելի է: Նաեւ տեսայ, թէ որքան շատ պոլսահայեր կան հոն, անոնք ալ, տեսակ մը կարօտնին առին, կարօտով, սիրով եկան հանդիպումներուն:

-Ի՞նչ երաժշտական կեանք ունի երկիրը:

-Երկրին մէջ ամէն ատեն զգալի է լատինական Ամերիկայի շունչը, համերգները զանազան ոճի են, թանկոյէն մինչեւ իրենց համար ամենաաւանդական պարերը:

Շատ հաճելի է տեսնել նոյնիսկ փողոցներու մէջ պարող զոյգերը, ինչ որ այս մշակոյթին մէկ մասն է: Երգը, երաժշտութիւնը, պարը, անշուշտ շատ կարեւոր են Արժանթինի ժողովուրդին համար, բայց կարծեմ ամենակարեւորը այդ երկրին մէջ եւ այդ ժողովուրդին համար, ֆութպոլն է: Անոնք մոլեռանդ են, անվերապահ կերպով կը սիրեն այդ մարզաձեւը: Արժանթինի ամենայայտնի խումբերէն մէկուն՝ «Պոքա Խունիորս»ի մարզադաշտը այցելեցի: Հոն տեսանիւթ մը ցոյց տուին, աներեւակայելի բան մըն էր ամիկոներու ոգեւորութիւնը:

-Տեղեկացանք, որ Պրազիլի յառաջիկայ դիմակահանդէսը՝ քարնաւալը, հայկական շունչ մը պիտի ունենայ ձեր մասնակցութեամբ: Կը պատմէ՞ք այդ մասին:

-Երբ վերջերս այցելեցի Սան Փաուլօ, հոն ալ այլ առիթ մը ունեցայ ծանօթանալու եւ հաղորդակցելու պրազիլահայերուն հետ: Ընկերներէս մէկուն միջոցով պրազիլական սամպայի ամենահեղինակաւոր դպրոցը՝ «Ռոզաս տէ քուրոս» ՝ «Ոսկէ վարդեր» խումբը իմացած էր, որ Սան Փաուլոյի մէջ կը գտնուի հայ երգչուհի մը: Այս առիթէն օգտուելով՝ խումբին անդամները խնդրած են, որ ես իրենց խումբին 47-րդ տարեդարձին առիթով հայերէնով երգեմ «Տարեդարձ է այսօր» երգը: Երեկոյի ընթացքին ծանօթացայ կազմակերպիչներուն, անոնք հետաքրքրուեցան պատմութեամբս, գործունէութեամբս: Գնահատելով իմ կատարած աշխատանքը՝ առաջարկեցին մաս կազմել 2019 թուականի փառատօնին՝ հայկական նիւթով մը: Փառատօնի ընթացքին 65 վայրկեան տեւողութեամբ հայոց պատմութիւնը պիտի ներկայացուի: Պիտի ցուցադրուին քանդակներ եւ տարազներ: Կազմակերպիչները առաջարկեցին, որ կանգնիմ դիմակահանդէսի այն ինքնաշարժին մէջ, որ ձօնուած պիտի ըլլայ Շարլ Ազնաւուրին եւ Արամ Խաչատուրեանին: Ինծի համար յուզիչ է այս երաժիշտներուն անունները կրող ինքնաշարժին մէջ կենալն ու աշխարհին ներկայացնելը հայ մշակոյթը՝ նշանաւոր այդ շոուին ընթացքին: Ես, փաստօրէն Պրազիլէն դուրս ապրող առաջին հայն եմ, որ դիմակահանդէսի տնօրէն Անժելինա Պասիլիոյի կողմէ նամակով հրաւէր ստացայ: Նշանաւոր այս դիմակահանդէսը հեռատեսիլէն շուրջ 200 երկրի մէջ պիտի սփռուի: Կը կարծեմ, որ հայութեան եւ Հայաստանի համար մեծ բան մը պիտի ըլլայ այս մէկը, քանի որ առաջին անգամ հայուն մասնակցութիւնը, նաեւ հայկական նիւթ կայ, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կրկին պիտի խօսուի հայութեան մասին: Հոն եղած միջոցիս առիթ ունեցայ տեսնելու պատրաստուող քանդակներէն քանի մը հատը եւ կրցայ պատկերացնել, թէ որքան մեծ աշխատանք կը տարուի եւ որքան հետաքրքրական պիտի ըլլայ մեզի եւ աշխարհի հայերուն համար: Մասնակցութեանս մասին լսողները բոլորը նոյն հարցումը կ՚ուղղեն, թէ արդեօք ի՞նչ ոճով պիտի մասնակցիմ դիմակահանդէսին, նկատի ունենալով, որ քարնաւալը տօնական սամպան քարոզող ամենէն մեծ ձեռնարկն է աշխարհի վրայ: Ես կ՚ուզեմ այս առիթով ճշդել, որ իբրեւ երգչուհի Սիպիլ, իմ կերպարովս պիտի մասնակցիմ, ոչ թէ սամպային կամ դիմակահանդէսին բնորոշ հագուստներով:

-Կազմակերպիչներէն խումբ մը արդէն Հայաստան այցելած է, դուք ալ ներկայ էիք հանդիպումներուն, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունեցան:

-«Ոսկէ վարդ»ի անձնակազմէն անդամներ ուզեցին անձամբ տեսնել այն երկիրը, որու մշակոյթը առաջին անգամ պիտի ներկայացուի սամպայի ամենամեծ տօնին: Ինծի ալ առաջարկեցին, որ ընկերանամ իրենց, չնախատեսուած այց մըն էր, բայց ես ալ ներկայ եղայ իրենց հանդիպումներուն: Հանդիպումներ ունեցանք Մշակոյթի, Սփիւռքի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, շեշտուեցաւ, որ այս ձեռնարկը նաեւ հայ-պրազիլական յարաբերութիւններու եւս մէկ խթան կը հանդիսանայ: Անոնք այցելեցին մշակութային, տեսարժան վայրեր, դրական տպաւորութիւններով վերադարձան եւ արդէն սկսած են նախապատրաստական աշխատանքներուն: Հայաստան այցիս շրջանին նաեւ Ռուսաստանի հայ երիտասարդներու նախաձեռնած «Ուրարտու» ազգային երաժշտական երկրորդ մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու հրաւէր ստացայ: Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ այդ մրցանակաբաշխութիւնը, որ այս տարի նուիրուած էր Շարլ Ազնաւուրին: Ներկայացուցի իմ նոր՝ «Միայն դուն» երգս:

-Ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունիք:

-Ամէն ինչ, այս պահուս, ընթացքի մէջ է: Յուսամ՝ կարճ ժամանակի ընթացքին կրնամ իրականացնել ծրագիրներս ու կրնամ բաժնել զիս սիրող եւ միշտ լաւը մաղթող իմ հետեւողներուս հետ:

«ԿԵՑՑԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»

«Պրազիլեան դիմակահանդէս» ամէնամեայ փառատօնը յառաջիկային հայկական շունչ մը պիտի ունենայ: Պրազիլի մէջ ամենանշանաւոր, նաեւ ամենասիրուած տօնն է, որ դուրս եկած է երկրի սահմաններէն եւ լայն տարածում գտած նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Բացի արդիւնաբերական արտադրութենէն, հիւանդանոցներէն եւ այլ աշխատատեղիներէն, Պրազիլիան դիմակահանդէսին ժամանակ շաբաթով մը կը հանգստանայ, մարդոց ուրախութիւնը հիմնականօրէն կը տարածուի ափամերձ վայրերուն մէջ: Այս տօնը սովորաբար մինչեւ Մեծ պահքի սկիզբը տեղի կ՚ունենայ եւ իր արմատներով շատ հին է: Ձեւով մը կը նմանի հայկական մշակութային իրականութեան մէջ տեղի ունեցող Բարեկենդանի տօնին:

Մեծ պահքի օրերուն կաթողիկէները եւ որոշ քրիստոնեաներ աւանդաբար միսի եւ թռչնամիսի սպառման հանդէպ ձեռնպահ մնացած են եւ տօնին անունը՝ «քարնաւալ» բառը (carnelevare), կը նշանակէ հեռացնել (բառացիօրէն բարձրացնել) միսը։ Քարնաւալը հիմքով հեթանոսական տօն մըն է, որ կը կոչուի Սաթուրնալիա (Saturnalia): Անիկա կաթողիկէներուն համար դարձած էր մեղքերու թողութիւն՝ «կրօնական կարգապահութեան» շրջանը, որ իր կարգին մարդիկը կը պատրաստէ Քրիստոսի մահուան եւ Յարութեան տօնին։

Այս դիմակահանդէսին ընթացքին տօնական հագուստներ հագած մարդիկ կը տեղափոխուին Պրազիլի մէկ անկիւնէն միւսը՝ լիցքաթափուելով: Հարաւ-արեւելեան քաղաքներուն մէջ՝ Ռիօ տէ Ժանէյրօ, Սան Փաուլօ եւ Վիտորիա, հսկայական կազմակերպուած շքերթներով մարդիկ կը յառաջանան, առաջնորդուելով Սամպայի պարարուեստի դպրոցով։ Քանի մը օր տեւող խնջոյքներուն ընթացքին բազմութիւնը կը հետեւի նուագողներուն եւ քաղաքի փողոցներուն մէջ կը պարէ, կը զուարճանայ, կ՚երգէ: Ասոնք սովորաբար կ՚ըլլան մեծ շքերթներ, որոնց կը հետեւի հասարակութիւնը, բայց կ՚ըլլան նաեւ փոքր շքերթներ: Պրազիլի դիմակահանդէսը նաեւ կը սնանի ափրիկօ-պրազիլական մշակոյթէն։ Այս հանդէսը դիտելու համար երկիր կը ժամանեն հազարաւոր զբօսաշրջիկներ, որոնք որոշ վայրերու մէջ կը միանան դիմակահանդէսի մասնակիցներուն:

Դիմակահանդէսի գլխաւոր պարը, անշուշտ, սամպան է, որ սկիզբ առած է 19-րդ դարու սկիզբին՝ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ, որ այսօր դարձած է պրազիլցիներուն ազգային ինքնութեան խորհրդանիշը:

Երբ պրազիլաբնակ Գէորգ Պեսնիլեանին միջոցով «Ոսկէ վարդեր»ու նախագահ Անժելինա Պազիլիոն կը ծանօթանայ հայոց պատմութեան, մշակոյթին, զայն շատ կը գրաւէ հայերուն տաքարիւն, խանդավառ ու զուարթ բնաւորութիւնը: Անոնք որոշում կ՚առնեն, որ այս տարի դիմակահանդէսը նաեւ հայկական, պատմական շունչ մը ունենայ:

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը Պրազիլէն դուրս ապրող առաջին հայն է, որ պաշտօնապէս հրաւիրուած է մասնակցելու փառատօնին: Տեղեկացանք, որ շոուն հինգ մասերէ կազմուած պիտի ըլլայ: Առաջին մասին պիտի ներկայացուի հայ ժողովուրդին ծագումը, պատմութեամբ մը կը պատմեն Արարատ լերան վրայ հանգրուանած Նոյեան տապանին մասին, որմէ սկիզբ առած է մարդկութիւնը: Երկրորդ մասը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի մարտական ոգին, այն բնաբանով, որ հայերը մարտիկներ են։ Երրորդ մասը ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդի հոգեւոր բաղկացուցիչը՝ եկեղեցիներ, գիր, Մեսրոպ Մաշտոց եւ այլն։ Չորրորդ մասը նուիրուած է Հայաստանին՝ սկսելով Առաջին հանրապետութեան կայացման շրջանէն, ուր հատուած մը յատկացուած կ՚ըլլայ ֆրանսահայ մեծ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին։ Վերջին մասը կը ներկայացնէ Եղեռնը, հայկական համայնքով եւ ժամանակակից Հայաստանով։ Շոուի ծրագիրին աւարտական մասը տեղի կ՚ունենայ Սան Փաուլոյի «Արմէնիա» հրապարակին վրայ։ Այնտեղ կը գտնուի նաեւ հայկական եկեղեցին եւ այդ վայրը ճանչցուած է իբրեւ հայութեան կեդրոնատեղի: «Կեցցէ Հայաստան» շոուի մասնակիցները կը կրեն հայկական հագուստներ:

Այսօր Սան Փաուլոյի հայերուն թիւը կը հաշուէ շուրջ 45 հազար, ընդհանուր պրազիլահայերուն թիւը՝ 100 հազար: Առհասարակ, հայերը կրցած են հաստատուն դիրք մը գրաւել Պրազիլի հասարակական կեանքէն ներս եւ այս շոուն առիթ մըն է՝ հայութեան մասին յիշեցնելու, խօսելու, ինչպէս նաեւ երկրին եւ աշխարհին մէջ հայերու ներկայութեան մասին արտայայտուելու:

Փառատօնի կազմակերպիչները արդէն այցելած են Հայաստան, ծանօթացած են հայ ժողովուրդի մշակոյթին, պատմութեան, ներկայ Հայաստանի կեանքին եւ վերադառնալով, սկսած են շոուի պատրաստութեան: 2019 թուականի մարտի 2-9 թուականներուն միջեւ տեղի ունենալիք դիմակահանդէսին համար խոշոր նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018