ՓԱ՜ՌՔ ՕԾԵԱԼ ՓՐԿՉԻՆ

«Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ
Դաւիթին քաղաքին մէջ,
որ Օծեալ Տէր է»
(Ղուկ. 2.11)։

Քրիստոոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի…

Ահաւասիկ տարի մը եւս հասած է Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւար մը եւս, զոր առիթ կը ստեղծէ պահ մը հեռանալու աշխարհիկ մտածումներէ, վախերէ ու  մտահոգութիւններէ եւ խոկմամբ փնտռելու Աստուածային ներկայութեան նշանակութիւնը։ Ոմանց համար սովորական, իսկ ոմանց համար լուրջ առիթ մը դարձած այս տօնակատարութիւնը, իր դրական զօրութեամբ կրնայ պարուրել բոլորս։ Յատկապէս այս տարի երբ քորոնա համավարակի աւերիչ ներկայութեան որպէս հետեւանք, մենք զմեզ անկեալ կը զգանք, բալասանի նման մեր մօտ կը կանգի Օծեալ Տէրը։ Երբ նիւթական եւ բարոյական նեղութիւններու, ալեկոծումներու մէջ կորստեան մատնուած ենք, Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը՝ յաւիտենական «Փրկիչ»ի ներկայութիւնը կը յիշեցնէ Աստուածային զօրութիւնը։ 

Խաղաղափարատիչ աշխարհի իշխանի մեծագոյն մղձաւանջը դարձած էր այն պահը երբ, «Խաղաղութեան Իշխանը» (Ես. 9.6) յայտնուած էր փոքրիկ քաղաքի մը մէջ եւ ան՝ սատանան փորձած էր անլսելի դարձնել Օծեալ Տիրոջ անուրանալի ներկայութեան աւետիսը։ Պատմութեան ընթացքին, որքա՜ն հիւանդութիւններու, պատերազմներու, սովերու, տառապանքներու եւ աշխարհասասան զարգացումներու ականատեսը եղաւ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը, սակայն միշտ մնաց աշխոյժ ու կենսունակ եւ շարունակեց ներգործել հաւատացեալներու կեանքէն ներս։ Չարը, հերետիկոսութիւններու ճամբով նոյնիսկ փորձեց եկեղեցին բաժնել։ Մէկ նպատակ ունէր չարը, որ բարութեան աղբիւրը ուղիղ ձեւով չմիանայ հաւատացեալին եւ կամ յոյսի ծովէն՝ ումպ մը ջուրով չյագենայ Աստուծոյ գութին ծարաւ անձը։ Չարը փորձեց, որ հաւատացեալը դառնայ անհաւատ եւ կամ թերահաւատ, մինչ այդ ժամանակը որպէս սրընթաց ձի հասաւ մերօրեայ դարուն։

Ճիշդ է, թէ հարիւրաւոր տարիներ անցած են անկրկնելի դէպքէն յետոյ, սակայն որքա՜ն հետաքրքրական է, որ երբեք չէ մարած Ս. Ծնննդեան լոյսը։ Որքա՜ն որ ալ երկար տարիներ անցած ըլլան Բեթղեհէմի երկնակամարէն լսուած հիանալի երաժշտութենէն յետոյ, աւետաբեր մեղեդին տակաւին կը շարունակէ լսելի դառնալ աշխարհի իրականութենէն ներս։ Երբեմն փոքրիկ սենեակի մը, երբեմն աննշան քարայրի մը, իսկ երբեմն ալ փառաւոր տաճարի մը մէջ, միշտ առիթներ ստեղծուեցան փառաւորելու Ամենակալ Աստուածը, որ  «առաջնորդեց մեզ խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք, ապականութենէ դէպի անապականութիւն եւ անգիտութենէ իր գիտութեան ճշմարտութիւնը»։

Ուստի, խեղճութեան մատնուած մարդկութիւնս լաւ դիտենք այն պահը, երբ երկնառաք հրեշտակաց խումբը, իր իսկ Տիրոջ՝ մարդկութեան մէջ յայտնութեան մասին կը խօսի։ Կայ մեծ աւետիս մը, որուն առընթեր կը յայտնուի աւետեալներու՝ հովիւներու տրամադրութիւնը։ Հրեշտակները խաւարապատ աշխարհի ամենէն մութ ժամերուն եկան Բեթղեհէմի հովիւներուն մօտ եւ աւետեցին անոնց, թէ Արդարութեան Արեգակի ճառագայթումի ժամանակը հասած էր. «Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է» (Ղուկ. 2.11)։ Միթէ մարգարէներ Քրիստոսի ծնունդէն դարեր առաջ չէի՞ն խօսած այս երանելի պահուն մասին։ Այս մարգարէներէն էր՝ Եսայի մարգարէն, որուն  սուրբ խօսքերը նախաքայլերն էին այն պանծալի հրաշքին, որուն իրականակացումը պիտի փոխէր համայն աշխարհի պատմութիւնը։  «Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ։ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Իշխան Խաղաղութեան» (Ես. 9.6)։  Երբ նախնեաց ամենամեծ փափաքն ու երազանքն էր տեսնել խոստացեալ Օծեալը, հովիւները արժանացած էին այս երանելի պահը վայելելու։ Անցեալին հրեայ ժողովուրդը որպէս մարգարէութիւն ունկընդ-րած էր «Օծեալ»ի ծնունդի մասին, իսկ հովիւներուն կ՚աւետուէր ո՛չ թէ մարգարէութիւն մը, այլ ուղղակիօրէն աւետիս մը, որ ճշմարտապէս տեղի կ՚ունենար այդ պահուն իրենցմէ ո՛չ շատ հեռու։ Ոսկեայ օրեր պիտի սկսէին Քրիստոսի ծննդավայրէն։ Որքան փառահեղ առիթ մըն է սա, առնելու մեր տաւիղները Դաւիթեան ու միանալ նոր ուխտի երգին, զոր Բեթղեհեմի դաշտերուն վրայ երկինքն ու երկիրը միացուց. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն»։

Աստուծոյ ո՛չ մէկ յայտնութիւնը այսքան փառաւոր եղած է պատմութեան մէջ, քանի ուղղակիօրէն ինք շփման մէջ մտաւ մարդկութեան հետ։ Աւետիսը մեծ էր համամարդկային չափանիշով, իսկ՝ ապրուստի սիրոյն ոչխարներով մտատանջուած անուս հովիւներու մօտ ինչպիսի՞ տպաւորութիւն մը կրնար թողուլ այդ աւետիսը։ Արդեօք ի՞նչ կը մտածէին գեղջուկ հովիւներ, ի տես այս արտասովոր պահուն։ Երկինքը բացուած, լուսաւոր հրեշտակներ յայտնուած, անձայնութեան մէջ հսկայ երգչախումբ մը… Վստահաբար ծնածը պիտի ըլլար շատ զօրաւոր անձ մը, որ պիտի դառնար թագաւոր Իսրայէլի ու բազում առաջնորդներ, թագաւորներ, իշխանաւորներ իր առջեւ ծունկի եկած իր հրահանգներուն պիտի սպասէին։ «Փրկիչ» բառը այնքա՜ն ծանրակշիռ բառ մըն էր, որ ոմանք ապագային վրդովելով իրմէ, պիտի ջանային շիջանել յոյսի հուրը։ Ազատութեան տենչը որքա՜ն սխալ ըմբռնուած պիտի ըլլար մարդկութեան մօտ, որ շատեր յուսախաբ պիտի ըլլային տեսնելով, թէ խոստացեալ Փրկիչը՝ Յիսուս սովորական ու թափառական կեանք մը պիտի ունենար ժողովուրդին մէջ։ Սակայն եւ այնպէս, այս բոլորին մէջ Ս. Աւետարանի ճամբով ցոյց պիտի տրուէր, թէ «Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ» (Յովհ. 1.9)։ Ս. Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետի բանաձեւումով. «Աստուած կատարեալ՝ մարդ կատարեալ, հոգւով եւ մտօք եւ մարմնով. Մի անձ, մի դէմ եւ միաւորեալ մի բնութիւն։ Աստուածն մարդացեալ առանց փոփոխման եւ առանց այլայլութեան»։ Տէր Յիսուս Քրիստոս ցոյց պիտի տար, թէ Աստուած նոյնինքն պանդխտութեան զգեստը հագած, այս աշխարհի պանդուխտներուն՝ մարդկութեան ներկայացաւ։ Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւնը, թէեւ նոր չէր, սակայն տեսանելի եւ զգալիօրէն մեծ փոփոխութեան մը պիտի ենթարկուէր՝ Աստուածային տնօրինութեամբ։

Այսօ՜ր բոլոր հոգերու եւ աշխատութիւններու մէջ մենք ունինք մխիթարութեան հոգին մեր կեանքերէն ներս, քանի «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ ծնաւ եւ յայտնեցաւ վասն մեր»։ Ան աղքատ ծնաւ, որպէսզի աշխարհիկ պէս-պէս ցանկութիւններով ու մարմնաւոր տկարութիւններով աղքատացած մեր հոգիները, վերստին հարստանան Իրմով։ Անգամ մը եւս լաւ ըմբռնենք «Փրկիչ» բառին նշանակութիւնը, այս տեսարանին մէջ։ Թէկուզ Քրիստոս այս աշխարհի տարածքին վրայ չհաստացեց որեւէ թագաւորութիւն եւ չգրաւեց հողամասերը այլ երկիրներու, սակայն այս երկրի ճամբով պատրաստեց անայլայլելի ուղի մը, որ հաւատացեալը կ՚առաջնորդ դէպի Երկնքի Արքայութիւն։ Ան թէեւ դրամ, ոսկեղէն իրեր ու արծաթեղէններ չխոստացաւ հաւատացեալին, սակայն իր թանկագին արեամբ հարստացուց՝ հաւատացեալ քրիստոնեաները։

Որքան ատեն որ մարդկութիւնը ի կեանս է եւ իր յոյսը դրած է Յիսուս Փրկիչին, Քրիստոսի ծննդեան դէպքը միշտ պիտի յիշատակուի այս աշխարհի վրայ, մինչեւ վերջին դատաստանի օրը։ Չկարծենք, որ տկար ու կղզիացած ապրումներէ կը բաղկանայ աշխարհացրիւ քրիստոնեաներու հաւատքի կեանքը։  Աշխարհի վրայ կան մեզի անծանօթ շատ թիւով հաւատացեալներ, որոնք ճշմարտապէս կը հրճուին։ Անոնք, հրեշտակներու աւետիսին ունկնդրած հովիւներու նման ծունկի եկած կ՚աղօթեն մանկացեալ Տիրոջ առջեւ։ Սա հսկայածաւալ կոչ մըն է նաեւ բոլորիս։ Աւելի քան երկուհազար տարիներէ ի վեր, ամէն տեսակի սերունդի լսելի դարձած այս աւետիսին ուշադրութեամբ հետեւինք, քանի ուրախառիթ լուրի մը կարօտն ունինք 2021-ին յատկապէս. «ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ» (Ղկս. 2.10)։

Ինչպէս Ս. Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետը կը վկայէ, մեր մէջի Աստուածսիրութեան կամքը դրուած է Աստուծոյ կողմէ։ Իր ծնած առաջին իսկ մէկ օրէն մարդուն մէջ սերմանուած է հունտ մը, որով կը գոյանայ սիրոյ խորհուրդը։ Ուստի Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին, եկէ՛ք սրտովին ըսենք. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ վասն մեր» ու Մանկացեալ Փրկչին առջեւ խոնարհելով աղաչենք, որ Աստուածսիրութեան հունտը պարարտանայ մեր հոգիներէն ներս, որպէսզի հեռանանք աշխարհիկ փորձութիւններէն եւ որպէս Օծեալի՝ Քրիստոսի անունը կրող քրիստոնեաներ, ամուր հաւատքով քալենք դէպի խաղաղութիւն եւ օրհնեալ օրեր։

Քրիստոոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2021