ՀԻՒՐ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ
Երբեմն, բոլորովին անսպասելի, ամբողջովին զուրկ դրդապատճառէ, եւ չեմ գիտեր ուրկէ՞, յիշատակ պատկերներ կու գան, կը կախուին ուղեղիս պաստառին։ Անկոչ հիւրեր։
Կարծես սենեակ մտնող, ըսենք ծալլուած օրաթերթ մը ձեռքին, հանգիստ քալող դէպի այս կամ այն բազկաթոռը, նստող, ոտքը ոտքին նետող ու թերթը բացող կարդացող, առանց բարեւի, առանց «կարելի՞ է»ի, առանց «հրամմէ»իս իսկ սպասելու։ Կը յայտնուին պարզապէս։
Ու կը յայտնուին խիտ, ամբողջական, մանրամասն։ Ընդհանրապէս տեղ մը կամ պահ մը կենդանացնող. յաճախ երկուքը միատեղ։
Այդ սենեակը թատերական բեմէն ետեւ։ Նստած եմ հայելիին դիմաց, տիկին Լանան դէմքս կը ներկէ։ Մեսչեանի երգերէն մէկը կայ եկող կողքի սենեակէն, եւ տիկնոջ կարծիքը հեղինակին մասին։ Կարմիր կօշիկներ ունի տիկին Լանան, ճինզ տաբատ մը։ Ներկերու տուփն ալ կարմիր է. մէջն առնուազն քսան գոյն ունի, երկու շարք տասնական թոյր։ Կեդրոնացած եմ, «դերիս մէջ կը մտնեմ»։
Լոնտոնեան ընդուղին։ Կառքերու դեղին ներսիդին։ Կապոյտ նստարաններ, վրան կանաչ, կարմիր, դեղին խալերով։ Կին մը, 30-ի վերջերուն, սլացիկ, կռնկակօշ, դեղնամազ. ոտքի է։ Նստած հնդիկ մը. մայր, գրկին քնացած գլխիկը դստեր։ Համեստ հագուկապ, յոգնած հայեացք, որ միւսին կօշիկներուն կը նայի։
Հանրախանութ, հօրս հետ. ու ձեռքը մարդուն, որ կը բռնեմ, աչքերս մսեղէններու սառնարանին մէջ կորսուած. եւ ձայնը բռնած ձեռքիս տիրոջ, որ հայրս չէ։ Կ՚ամչնամ։ Հայրս անդիէն զուարթ քահ մը կը նետէ։
Առաւօտ։ Դպրոցական ենք։ Դասարան չբարձրացած կը շարուինք։ Անդօն հայաստանցի հսկիչին «Հայաստանի վարչապետին մեռցուցեր են» կ՚ըսէ։ Հսկիչը գիտէ անշուշտ, բայց չ՚արձագանգեր։
Հին երթուղային կառքի մը մէջ նստած, Երեւանէն Դիլիջան կ՚երթամ առաջին անգամ ըլլալով։ Քառորդ բացուող պատուհանէն ճակատս աչքերս դուրս կը հանեմ, երկիրը տեսնեմ։ Կողքիս կին մը կայ, ձեռքին տոպրակ մը, մէջը հագուելիք։ Ճամբուն վրայ տեղ մը կ՚իջնէ, կ՚անցնի միւս կողմը մայրուղիին, եւ կը քալէ փողոցէն վար, դէպի գետ, եւ կամաց-կամաց կ՚անհետի։
Ձուկերը մեծ են այս անգամ, սովորականէն աւելի. պառկած Պէյրութեան այս քարափին, ձկնորսներու ետին։ Այս եղանակին այս տեսակն է թերեւս, կը մտածեմ։ Սեւ ու կեղտոտ սալիկներուն վրայ մի քանին կը թփռտան դեռ, մնացածը անշարժ կը պառկին։
Մօրս հովանոցը, որ Կարէնը, դասընկերս, պահեր կամ գողցեր էր։ Երկար, փայտեայ կամ փայտագոյն կոթով։ Աստիճաններէն վար տարաւ, յետոյ չեմ յիշեր։ Վերջը, տարիներ ետք, մահացաւ տղան դեռ երիտասարդ։
Տապկուած սմբուկներ, մեծ մօրս մօտ. կը հանգչին թղթէ թաշկինակի վրայ, իւղ կու տան։ Մեծ մայրս Այնթապէն կը պատմէ։ Աւելի ուշ, ճակատս կը համբուրէ։
Երբեմն, բոլորովին անսպասելի, ամբողջովին զուրկ դրդապատճառէ, եւ չեմ գիտեր ուրկէ՞, յիշատակ պատկերներ կու գան, կը կախուին ուղեղիս պաստառին։
ԵՐԱՄ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024