ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ԾՐԱԳՐԵՐ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ ըն­դու­նե­լու Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նը, «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քա­նը եւ հա­մոյ­թի սիւ­նե­րէն Սա­րեմ Քիւ­լէ­կէչ-Շէ­շէ­թեա­նը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Է­սաեան սա­նուց միու­թեան եւ «Մա­րալ» հա­մոյ­թի կող­մէ մշա­կուած բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րե­րու մա­սին։ Այս­պէս, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ա­նոնք պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն նոր ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնք ուղ­ղուած պի­տի ըլ­լան թէ՛ մեր մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան եւ թէ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սար­դու­թեան։

Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան յայտ­նեց, թէ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան մէջ յա­ռա­ջի­կայ շա­բա­թա­վեր­ջին բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս պի­տի գայ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Այս վեր­ջի­նը պի­տի բա­նա­խօ­սէ զուտ իր մաս­նա­գի­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թի մը շուրջ՝ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի մա­սին։ Ծա­նօթ է, որ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղե­ցին ան­ցեալ տա­րի Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հռչա­կած էր «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ»։ Այս շար­ժա­ռի­թով ծրագ­րուած է սոյն ձեռ­նար­կը։

Հարկ է նշել, որ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ» հռչակ­ման ժա­մա­նակ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած էին գի­տա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը՝ Վա­տի­կա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան ըն­թա­ցա­կար­գով։ Այդ հռչա­կու­մէն վերջ, ան­ցեալ աշ­նան Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ հան­դէս ե­կած էր բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը։ Հի­մա ու­րեմն նոյն նիւ­թին շուրջ ան նոր բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս կու գայ քա­ղա­քիս մէջ։

Ե­րէ­կուան զրոյ­ցին ըն­թաց­քին մեր հիւ­րե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ երկ­րորդ կա­րե­ւոր ծրագ­րի մը։ Այս­պէս, «Մա­րալ» հա­մոյ­թը կը պատ­րաս­տուի կազ­մա­կեր­պել միջ­վար­ժա­րա­նա­յին պա­րի մրցոյթ մը։ Միջ­նա­կար­գե­րու մա­կար­դա­կին հա­մար նա­խա­տե­սուած ձեռ­նարկ մըն է այս մէ­կը։ Հա­մայն­քա­յին տաս­նե­րեք վար­ժա­րան­ներ ար­դէն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են մաս­նակ­ցե­լու այս նա­խագ­ծին, որ կեան­քի պի­տի կո­չուի Մա­յիս ամ­սուան մէջ։ Եր­կու հանգ­րուան­նե­րով պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի մրցոյ­թը։ Ա­ռա­ջին փու­լին մաս­նա­կից բո­լոր խում­բե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ժո­ղովր­դա­կան պար մը։ Ա­ւար­տա­կան փու­լին անց­նե­լէ ա­ռաջ պի­տի կա­տա­րուի զտում մը եւ ե­րեք խում­բեր հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան անց­նե­լու ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, այդ նոյն ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նի ըն­թաց­քին մաս­նա­կից խում­բե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն նաեւ ա­զատ պար մը։ Մրցոյ­թի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան մէջ, իսկ ա­ւար­տա­կա­նը՝ տար­բեր եր­դի­քի մը տակ, որ տա­կա­ւին պի­տի յստա­կա­նայ։ Եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին ալ պի­տի ըլ­լայ այն, որ ա­ւար­տա­կա­նի փու­լի բարձ­րա­ցած խում­բե­րը վեր­ջին ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն առ­թիւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան հան­դէս գա­լու «Մա­րալ» հա­մոյ­թի տա­րազ­նե­րով։ Եզ­րա­փա­կիչ փու­լին զու­գա­հեռ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թիւ­նը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կ՚աշ­խա­տին նաեւ դա­տա­կազմ մը ձե­ւա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով։ Հիւ­րե­րը շեշ­տե­ցին, որ հայ­կա­կան պա­րը միշտ ալ կ՚ո­գե­ւո­րէ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, իբր այդ ի­րենք հե­տա­մուտ են պա­րի վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ խան­դա­վա­ռել մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ զայն հա­ղորդ դարձ­նել մեր մշա­կոյ­թին։

Միւս կող­մէ, վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս ար­դէն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի լայն ար­ձա­գանգ կը գտնէ, որ «Մա­րալ»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ գար­նան Իս­թան­պու­լի մէջ ե­լոյթ մը պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը։ Այս ծրա­գի­րը այժ­մէն ար­դէն ար­տա­կար­գօ­րէն խան­դա­վա­ռած է մեր մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջին ան­գամ շուրջ տասն տա­րի ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը հան­դէս ե­կած էր Իս­թան­պու­լի մէջ։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Կար­պիս Չափ­քան մե­զի տե­ղե­կա­ցուց, թէ վա­ղը քա­նի մը օ­րուան հա­մար պի­տի մեկ­նի Ե­րե­ւան, ուր պի­տի յստա­կա­նան կազ­մա­կերպ­չա­կան վեր­ջին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Այդ շփում­նե­րէն վերջ Կար­պիս Չափ­քան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին պի­տի վե­րա­դառ­նայ քա­ղաքս եւ նոյն օ­րե­րուն «Մա­րալ»ի կող­մէ ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան ու վերջ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի տրա­մադ­րուին մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։ 

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016