ՃՆՇՈՒՄ

Գրաքն­նու­թեան ճնշող
Պար­տադ­րող
Պե­տա­կան մե­քե­նա­յին տակ կքող
Ա­ղա­ւա­ղուած - աղ­ճա­տուած
Մա­մու­լին նման
Հի­մա այդ­քան
Այ­լա­փո­խուած եմ եւ մամ­լուած
Մարդ­կա­յին ան­վերջ ճնշում­նե­րէն 
Եւ ան­հե­թեթ օ­րե­րու ե­լե­ւէջ­նե­րէն 
Որ այ­լեւս ան­հա­ւատս կը հա­ւա­տամ
Որ ա­մէն ինչ ճնշման տակ է

Իսկ ա­մե­նէն ա­րագ կոր­ծա­նուողն
Ի­րա­րու ե­տե­ւէ փլչո­ղը
Domino-ի քա­րե­րուն նման
Այն է որ կը գտնուի
Բա­ցար­ձակ ա­զա­տու­թեան
Հա­ճե­լի թուող
Դա­ժան եւ հզօր
Նոյ­նիսկ Բաս­կա­լեան միա­ւոր­նե­րու
Չեն­թար­կուող
Ճնշման ներ­քոյ

Ձայ­նի պա­տը պատ­ռող jet-ե­րու նման
Խե­լաց­նոր սլացք
Հաս­նե­լու - նուա­ճե­լու
Ճնշման - ա­զատ անկ­ման
Ա­կունք­նե­րը նիւ­թա­կերտ
Ստեղ­ծե­լու
Ճնշո­ղի եւ ճնշուո­ղի մի­ջեւ 
Նոր տա­րա­ծու­թիւն մը
Ժա­մա­նա­կա­կից նոր կայս­րու­թիւն մը
Ճնշում­նե­րէն դէ­պի դուրս ցցուած
Լեռ­նե­րու նման
Շեշ­տուած սրա­ծայր նոր օ­րէնք­նե­րով

Ես տա­կա­ւին չկա­յա­ցած չկեր­տուած
Բա­նաս­տեղծս
Բա­ռե­րով հիւ­սուած պա­տեա­նով մը
Կը դի­մա­կա­լեմ
Ճնշման անբ­նա­կան դաշ­տե­րը 
Ուր բա­ռե­րը կը փշրուին
Նոր հա­կազ­դե­ցու­թիւն
Նոր խո­րու­թիւն 
Եւ նոր դի­մադ­րա­կա­նու­թիւն
Ստա­նա­լու

Լա­ւա­գոյն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը
Հայ­րե­նիք­նե­րը
Ճնշման տակ կ՚ա­րա­րուին
Եւ անճն­շում կը շնչեն
Գո­յար­շա­ւին մաս կը կազ­մեն
Ժա­մա­նա­կին ըն­դա­ռաջ
Յա­ւեր­ժա­նա­լու

ՅԱ­ԿՈԲ  ՆԱԼ­ՊԱՆՏ  ՏԼՏԼԵԱՆ

Հա­լէպ, 10 Յու­լիս 2011

Շաբաթ, Մարտ 5, 2016