ՄԱՀԱՑՈՂ ԼԵԶՈՒՆ Կ՚ԱՐԺԷ՞ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԵԼ

Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար: «Պի.Պի.Սի.» անդրադարձած է այս երեւոյթին: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

Լեզուաբաններ յաճախ ժողովներ կը գումարեն քննարկելու համար անհետացման վտանգի ենթարկուած լեզուները փրկելու կարելիութիւնները: Սակայն միշտ հարցում մը կը յառաջանայ, թէ արդեօք կ՚արժէ՞ ողջ պահել բարբառներ, որոնք երբեմն միայն քանի մը հոգի կը խօսին:

«Լեզուն մտածումի տարազն է», ժամանակին ըսած է Սամուէլ Ճոնսըն:

Շուրջ վեց հազար տարբեր լեզուներ կը խօսուին աշխարհի մէջ: Բայց Վտանգուած լեզուներու հիմնարկը կը նշէ, որ այդ լեզուներէն 500-1000-ը միայն քանի մը անձեր կը խօսին:

Ամէն տարի աշխարհը կը կորսնցնէ շուրջ 25 մայրենի լեզուներ: Տխուր հոլովոյթ մը՝ ոմանց համար: «Տարբեր լեզուներ ունին իրենց նրբութիւնները, դարձուածքներն ու կատակները, որոնք մեզի բան մը կ՚ըսեն մարդոց մասին», ըսաւ Վտանգուած լեզուներու հիմնարկի տնօրէն Նիքոլաս Օսլըրը:

«Եւ երբ լեզու մը կը կորսուի, ատոնց հետ գիտելիքներու մեծ մասը եւս կը կորսուի: Մարդիկ հոգ կը տանին ինքնութեան, որովհետեւ կ՚ուզեն տարբեր ըլլալ: Այս օրերուն մենք կ՚ուզենք առընչութիւն, հաղորդակցութիւն ունենալ ամէն բանի հետ, բայց չենք ուզեր նկատուիլ աշխարհի միւս ծայրին վրայ գտնուող մարդիկ», աւելցուց Նիքոլաս Օսլըր:

Գոյութիւն ունի Շրջանային լեզուներու եւրոպական հռչակագիրը, որ Եւրոպական Միութեան անդամ իւրաքանչիւր երկիր ստորագրած է, եւ Եւրոպական Միութիւնը ունի ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Եւրոպական լեզուի բազմազանութիւն բոլորին համար», որուն նպատակն է պաշտպանել ամենէն վտանգուած բնիկ լեզուները: Ծրագիրը անցեալ տարի 2.7 միլիոն եւրօ ստացաւ ճշդելու համար ամենէն վտանգուած լեզուները:

Ոմանց համար ասիկա ոչ միայն միջոցներու մսխում է, այլեւ՝ լեզուի հոլովոյթի թիւրիմացութիւն: Գրող, հաղորդավար Քենան Մալիք կ՚ըսէ, որ «անտրամաբանական» է փորձել պահպանել, պահել աշխարհի բոլոր լեզուները:

Վերջին խօսողը մահացաւ

Անցեալ տարի պօ լեզուն մեռաւ, երբ 85 տարեկան անդամ մը՝ պօ ցեղախումբէն, մահացաւ Հնդկաստանի Անտաման կղզիին մէջ:

«Կրնայ տխուր թուիլ, որ լեզուն անհետացած է, սակայն մշակութային փոփոխութեան հոլովոյթ կը սկսի: Առումով մը, կրնաք ատիկա անուանել մշակութային կորուստ: Բայց ատիկա անտրամաբանական է, որովհետեւ մշակութային ձեւեր միշտ կը կորսուին: Ըսելը, որ մշակութային ամէն ձեւ պէտք է յաւիտեան մնայ, ծիծաղելի է: Եւ երբ պետութիւններ կը փորձեն նեցուկ կանգնիլ լեզուներու, ատիկա ցոյց կու տայ աւելի անցեալին կառչելու, քան յառաջդիմելու ցանկութիւն մը»:

Եթէ մարդիկ կ՚ուզեն փոքրամասնութեան մը լեզուն սորվիլ, ինչպէս՝ մանքս լեզուն, ատիկա իրենց գիտնալիքն է, պետութեան դրամական միջոցներով պէտք չէ ըլլայ ատիկա», կը պնդէ Քենան Մալիք եւ կ՚աւելցնէ. «Ունենալ հանրային քաղաքականութիւն մը, որ պէտք է որոշ մշակոյթ մը, կամ լեզու մը պահպանուի, ցոյց կու տայ հիմնական թիւրիմացութիւն մը: Չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս հանրութեան օգտակար կրնայ ըլլայ մանքս կամ քորնիշ լեզուն պահպանելը: Ի վերջոյ, լեզու մը գործնակա՞ն է, թէ՞ ոչ, շատ պարզ է. եթէ ժողովուրդը չի գործածեր լեզու մը, ատիկա այլեւս լեզու չէ»:

Չարագործ բառեր

Լեզուաբան, «Թայմզ» թերթի յօդուածագիր Ֆիլիփ Հաուըրտ համաձայն է, որ լեզուները ժողովուրդին ձեռքերուն մէջն են, ոչ՝ քաղաքական գործիչներուն:

«Լեզուն միակ բացարձակապէս ճշմարիտ ժողովրդավարութիւնն է: Լեզուն ակադեմականներուն,  լեզուաբանութեան դասախօսներուն կամ լրագրողներուն  ըսածը չէ, այլ այն, ինչ որ կ՚ընէ ժողովուրդը: Եթէ երեխաները խաղավայրին մէջ սկսին գործածել չարագործ բառը՝ սքանչելի իմաստով, ապա ատիկա մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ», ըսաւ ան:

«Սպանացի նախկին բռնապետ Ֆրանքօ տասնամեակներ վատնեց՝ փորձելով ճզմել երկրի շրջանային լեզուները, բայց այսօր քաթալան լեզուն առաջուան նման ուժեղ է, եւ պասքերու լեզուն նոյնպէս ժողովրդական է»:

Ֆիլիփ Հաուըրտ կ՚ըսէ, որ քաղաքական գործիչները «հանգամանալի սխալ» կը գործեն, երբ անոնք կը փորձեն միջամուխ ըլլալ լեզուին: Որպէս օրինակ՝ ան կը նշէ Կլասկոյի դպրոցներուն մէջ փորձարկում մը, որ ըստ անոր, դատապարտուած է ձախողութեան:

«Gaelic սորվեցնել այն երեխաներուն, որոնց ծնողները այդ լեզուն չեն խօսիր, կը նմանի կորսուած փառքի պահպանման: Շատ ռոմանթիկ է փորձել եւ փրկել լեզու մը, բայց անտրամաբանական է»:

Սակայն Ֆիլիփ Հաուըրտ չի պնդեր, որ բոլորը պէտք է անգլերէն խօսին:

«Ոմանք քանդիչ տեսակէտ կ՚ունենան եւ կը պնդեն, որ ամէն ոք շուտով անգլերէն պիտի խօսի: Բայց մանտարինը աշխարհի ամենէն ժողովրդական լեզուն է, եւ սպաներէնը՝ ամենէն արագ զարգացողը»:

«Աշխատանքի մէջ կան մրցունակ ուժեր, որոնք կ՚որոշեն աւելի փոքր լեզուներու գոյատեւելու ճակատագիրը: Համաշխարհայնացումը բազմաթիւ լեզուներ պիտի անհետացնէ, բայց կարգ մը հաւաքականութիւններ միշտ իրարմէ անջատ պիտի ապրին, բաժնուած՝ ծովով, տարածութեամբ կամ սահմաններով, եւ ուրեմն պիտի պահեն իրենց սեփական լեզուն: Ժամանակակից հաղորդակցութիւններով եւ ժողովրդային մշակոյթով յայտնի պիտի դառնայ, որ եթէ բաւարար թիւով  մարդիկ ուզեն լեզու մը խօսիլ, պիտի յաջողին»:

Այլ խօսքով, պէտք չկայ ահազանգ հնչեցնելու:

«Լեզուն բոյս մը չէ, որ կ՚աճի եւ կ՚իյնայ, կ՚ապրի եւ կը մաշի: Լեզուն գործիք մըն է, որ կատարելապէս պատշաճեցուած է զայն գործածող ժողովուրդին կողմէ: Շարունակեցէ՛ք ապրիլ եւ խօսիլ»:

ՊԱՏԵՇԵՐԷՆ. ՄԻԱՅՆ ԵՐԵՔ ՀՈԳԻ ԿԸ ԽՕՍԻ
ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵՆԷ ԴԱԴՐԱԾ ԼԵԶՈՒՆ

Կ՚ուզէ՞ք սորվիլ քանի մը բառեր՝ լեզուէ մը, որ աշխարհի վրայ միայն երեք հոգի կը խօսի:

Պատեշերէնը (Badeshi) կը խօսուէր հիւսիսային Փաքիստանի ձիւնածածկ լեռներու խորքը գտնուող անջատուած հովիտի մը մէջ: Բայց այժմ երեք կամ աւելի սերունդներէ ի վեր խօսողներ չունի, կը նշէր գործածութենէ դադրած լեզուներու մասին տեղեկագիրը:

Բայց Պիշիկրամ հովիտին մէջ մենք գտանք երեք ծերեր, որոնք կրնան խօսիլ պատեշերէն:

«Սերունդ մը առաջ պատեշերէնը կը խօսուէր ամբողջ գիւղին մէջ», ըսաւ 70-ամեայ Ռահիմ Կուլ, որ չի գիտեր, թէ քանի՛ տարեկան է, բայց աւելի քան 70 տարեկան կը թուի:

«Բայց ապա այլ գիւղերէ ամուսնութեան համար մենք բերինք կիներ, որոնք թորուալերէն կը խօսէին, հետեւաբար մեր լեզուն սկսաւ մեռնիլ»:

Շրջանին մէջ տիրապետող լեզուն թորուալերէնն է, որ ինք եւս  այլ լեզուի մը  ճնշումին կ՚ենթարկուի, սակայն այս հովիտին մէջ անհետացումի մղած է պատեշերէնը:

«Այժմ մեր զաւակներն ու անոնց զաւակները թորուալերէն կը խօսին: Ուրեմն, մենք որո՞ւ հետ պիտի խօսինք մեր լեզուն», ըսաւ Սայիտ Կուլ՝ Ռահիմ Կուլի առաջին զարմիկը:

Սայիտ Կուլ նոյնպէս չի գիտեր իր տարիքը: Երբ նշեց, թէ ինք 40 տարեկան է, գիւղացիներէն մէկը ըսաւ. «Աւելի հաւանական է 80»: Կուլ անմիջապէս հակազդեց. «Ո՛չ, ո՛չ, թերեւս 50, բայց՝ ոչ 80»:

Շրջանին մէջ աշխատանքի առիթներ չկան, հետեւաբար այս մարդիկը իրենց ժամանակին մեծ մասը անցուցած են զբօսաշրջային Սուաթ շրջանին մէջ, ուր որդեգրած են փաշթօ լեզուն, որուն միջոցով գլխաւորաբար անոնք կը հաղորդակցին:

«Ես իսկապէս կ՚ափսոսամ»։

Պատեշերէնը խօսելու առիթներու բացակայութեան պատճառվ, տասնամեակներու ընթացքին նոյնիսկ այս երեք անձերը սկսած են մոռնալ լեզուն:

Պատեշերէն խօսելու ատեն Ռահիմ Կուլ եւ Սայիտ Կուլ մէկ-երկու բառ միշտ կը մոռնան, եւ միայն այն ատեն կը յիշեն, երբ ուրիշներու կը հարցնեն:

Ռահիմ Կուլ ունի տղայ մը, որ իր կարգին հինգ զաւակներ ունի, բայց բոլորն ալ թորուալերէն կը խօսին: «Իմ մայրս թորուալերէն խօսող է, ուրեմն իմ ծնողներս տան մէջ պատեշերէն բնաւ չեն խօսիր:Ես առիթ չեմ ունեցած մանկութեանս այդ լեզուն լսելու եւ սորվելու: Քանի մը բառեր գիտեմ, բայց լեզուն չեմ գիտեր: Իմ բոլոր զաւակներս թորուալերէն կը խօսին»:

«Ես ատոր համար կ՚ափսոսամ, բայց այժմ երբ 32 տաեկան եմ, պատեշերէնը սորվելու ոչ մէկ առիթ կայ: Շատ տխուր եմ այն հեռանկարով, որ լեզուն պիտի մեռնի իմ հօրս հետ»:

Սակար Զաման լեզուաբան է, որ կը գործակցի «Լեզուի հարթակ» նախաձեռնութեան հետ, քաղաքացիական կազմակերպութիւն մը, որ նուիրուած է Փաքիստանի մէջ վտանգուած լեզուներու պահպանումին: «Ես երեք անգամ այցելեցի այս հովիտը, բայց բնակիչները չուզեցին իմ ներկայութեանս խօսիլ այս լեզուն», կ՚ըսէ ան: Զաման Սակար կը նշէ, որ թորուալերէն խօսողները արհամարհանքով կը նային պատեշերէն խօսողներուն, հետեւաբար մարդիկ կ՚ամչնան այդ լեզուն խօսելու:

Թերեւս շատ ուշ է պատեշերէնը փրկելու համար, բայց առնուազն կարելի է քանի մը բառեր սորվիլ՝ լեզուն յիշողութեան մէջ պահելու համար:

Մին նաօօ Ռահիմ Կուլ-Իմ անունս Ռահիմ Կուլ է

Մին պատեշի ճայպ աասա-Ես պատեշերէն կը խօսիմ

Թհին հաալ խալէ-Ինչպէ՞ս ես

Մէյ կրոտ խեքթի-Ես կերած եմ

Իշու կաալ հիմ կամ իխտի-Այս տարի շատ չձիւնեց

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ 500 ՏԱՐԵԿԱՆ ԼԵԶՈՒՆ

Մինչեւ քանի մը տարի առաջ համալսարանի ուսանող Քեւին Մարթենս Ուոնկ բնաւ չէր լսած իր նախահայրերուն լեզուին մասին: Սինկափուրցի լեզուաբանը կը հետազօտէր վտանգուած լեզուներ, երբ գիրքի մը մէջ հանդիպեցաւ քրիսթանկի: Երբ աւելի խորացաւ, անդրադարձաւ, որ ատիկա իր մօրենական նախահայրերուն լեզուն է:

Ուոնկ քրիսթանկի պատառիկներ լսած էր մանկութեան: Բայց իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը սահուն չէին խօսեր: Իր մայրը բնաւ չէր խօսեր այդ լեզուն:

«Մանկութեանս օրերուն ես դպրոցին մէջ կը լսէի մանտարին եւ անգլերէն: Իմ ծնողքս ինծի հետ անգլերէն կը խօսէին: Հետեւաբար ես բնաւ չէի անդրադարձած իմ ժառանգութեանս այդ կողմին», ըսաւ Քեւին Ուոն, որ կէս չին է եւ կէս եւրոսիական փորթուգալցի է:

Քրիսթանկը լեզուն է եւրոասիական փորթուգալցիներու, փոքրամասնութիւն մը, որ սերած է փորթուգալցի ներգաղթեալներէ, որոնք 16-րդ դարուն այդ շրջանը հասած են եւ ամուսնացած՝ բնիկներու հետ:

Իւրայատուկ գաղթածին մը փորթուգալցիի եւ մալայի, չինական լեզուներու տարրերով, ինչպէս՝ մանտարին եւ հոքքիէն, այս լեզուն 19-րդ դարուն  Մալայեան կըղ-զիներու մէջ կը խօսէին առնուազն 2000 անձեր:

Բայց այսօր Սինկափուրի մէջ հազիւ 50 հոգի սահուն կը խօսի, այդ թիւէն քիչ մըն ալ աւելի՝ Մալեզիոյ մէջ, ուր լեզուն անկումի ճամբուն վրայ է:

Այս անկումին գլխաւոր պատճառը այն է, որ իր հասարակութիւնը այդ լեզուն տնտեսապէս անկապ կը նկատէ:

Երբ բրիտանացիք կը կառավարէին Սինկափուրը եւ այժմու Մալեզիան, բազմաթիւ եւրոասիական փորթուգալցիներ աշխատանք գտան պետական հիմնարկներու մէջ: Այնպէս որ, անգլերէնը աւելի կարեւոր թուեցաւ, քան՝ քրիսթանկը, ուրեմն շատեր սկսան իրենց զաւակները համոզել, որ չսորվին:

«Քրիսթանկ խօսելուս համար զիս կը ծեծէին»

Պեռնարտ Մէսէնաս, 78 տարեկան, կը յիշէ, որ երբ հայրը կը լսէր իր քրիսթանկ խօսիլը, զինք կը ծեծէր:

«Հայրս չէր սիրեր ատիկա, եւ կ՚ըսէր, որ չեմ կրնար խօսիլ այդ լեզուն, որովհետեւ կը խանգարէ անգլերէնս: Ես կ՚առարկէի՝ ըսելով, որ ատիկա մեծ մօրս լեզուն է: Ապա հայրս իր ձեռքը կը դնէր գօտիին վրայ՝ եւ ես կը պահուըտէի մօրս ետին», ըսաւ Պեռնարտ Մեսենաս:

Երբ բրիտանացիները մեկնեցան, նոր անկախացած երկիրները՝ Մալեզիա եւ Սինկափուր, նպատակադրեցին որոշել, թէ իրենց բազմամշակոյթ բնակչութիւններուն խօսած ո՞ր լեզուն պէտք է ճանչցուի որպէս պաշտօնական լեզու: Քրիսթանկը ատոնցմէ մէկը չէր:

Այդ լեզուին անկումը շարունակուեցաւ, որովհետեւ եւրոասիացիները ամուսնացան այլ ցեղերու հետ, եւ անոնց երեխաները այլ լեզուներ սկսան խօսիլ:

Սինկափուրի մէջ, ուր իւրաքանչիւր երեխայ պէտք է երկրորդ լեզու մը սորվի, բազմաթիւ եւրոասիացիներ ընտրած են մանտարինը: Նոյնիսկ Մալակայի մէջ, որ քրիսթանկի ծննդավայրն է եւ՝ եւրոասիական փորթուգալցի ներգաղթեալներու բը-նակավայրը, լեզուն դանդաղօրէն կը մահանայ: Բայց Ուոնկ եւ լեզուական հարցերով զբաղողներու խանդավառ խումբ մը կը յուսան բան մը փոխել:

Անոնց խումբը՝ «Քոտրա քրիսթանկ» («սթափած քրիսթանկ), շաբաթական հերթականութեամբ դասընթացք կազմակերպած է: Անոնց նպատակն է ստեղծել քրիսթանկ սահուն  խօսողներու ճգնաժամային զանգուած մը, որ կրնայ ատիկա փոխանցել ապագայ սերունդներուն:

Ամէն շաբաթ շուրջ 200 աշակերտներ, մեծամասնութիւնը՝  եւրոասիական փորթուգալցիներ, ներկայ կ՚ըլլան դասընթացքին: Անոնց շարքին են Ուոնկի մեծ հայրն ու մեծ մայրը: Մայրենի լեզունին իրենց թոռներէն սորվելու հեգնանքը չէ նուաստացուցած զիրենք:

«Ես բնաւ չէի գիտցած, որ քրիսթանկը իմ մայրենի լեզուս է, միշտ կարծած էի, որ անգլերէնն է», ըսաւ 80-ամեայ Մորինջ, որ մեծ մայրն է Ուոնկի:

«Ես կարօտցած եմ ատիկա: Կը զգամ, որ պէտք է աւելի լաւ սորված ըլլայի, որպէսզի խօսէի իմ երեխաներուս հետ»:

«Բայց երբեք ուշ չէ: Եւ կը կարծեմ՝ շատ լաւ է, որ երիտասարդ մը կրնայ սորվեցնել ծերերու, մանաւանդ երբ ան քու թոռնիկդ է», ըսաւ Մորին:

Բացուածքը լեցնել

Բայց մեռնող լեզու մը վերապրեցնելը դիւրին չէ:

Հիմնական մարտահրաւէրը այն է, որ քրիսթանկ  խօսակցական լեզու է եւ հազ-ւագիւտ ձայնագրութիւններ կան: Ուղղագրական եւ հնչելու հաստատ օրէնքներ չկան: Բառ մը կրնայ քանի մը տասնեակ տարբերակներ ունենալ: Չորս բառը՝ քուարթու, կրնայ 20 տարբեր ձեւերով գրուիլ եւ հնչուիլ: Եւ որովհետեւ երկար ատենէ անկումի մէջ է, խոշոր բացուածքներ ունի իր բառապաշարին մէջ:

Քրիսթանկ բառեր չունի անուանելու՝ խնձորը, հիւանդապահուհին, կայարանը: «Բայց մենք քանի մը բառեր ունինք սեռային գործարաններու համար», նշեց Ուոնկ:

Այս խնդիրը լուծելու համար խումբը հնարած է նոր բառեր՝ օգտուելով քրիսթանկի արմատ բառերէն:

Օրինակ՝ խնձորի քրիսթանկ բառը «մանզանկ» է, պատշաճեցում մը փորթուգալերէն «մաքա»ի պատշաճեցում մը, մալայ լեզուական օրէնքներով:

Լեզուական այս գիւտերէն ոմանք բանաստեղծական դարձուածքներ կրնան ունենալ: Լուսանկարչական մեքենան կ՚անուանեն «փինթալումեզի» (ներկող թեթեւ մեքենայ), քերականութիւնը՝ «օսուլինկու» (լեզուի մը ոսկորները):

Խումբը նոյնպէս կազմակերպած է այցելութիւններ փորթուգալական բնակեցման վայրեր՝ Մալակայի մէջ: Սկսած է պատրաստել բառարան եւ դասագիրք: Ստեղծած է առցանց անվճար լսողական դասընթացքներ, եւ նոյնիսկ ԵուԹիւպի մէջ՝ քրիսթանկ երգեր:

Ճիշդ է, որ տակաւին բաւական հեռու է քրիսթանկը շնչող, խօսուող  լեզու ըլլալէ, սակայն առաջին քայլը առնուած է:

«Օր մը մենք պիտի ուզէինք տեսնել, որ քրիսթանկը կը ճանչցուի աւելի ընդարձակ հանրութեան մը կողմէ», ըսաւ Ուոնկ:

«Տնտեսական պատճառներ չկան այդ լեզուին վերադարձին համար: Բայց ատիկա մեր հասարակաց պատմութեան բանուածքին եւ ժառանգութեան մասն է»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

 

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018