ԿՏՈՐ ՄԸ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Կա՛նգ առ ժամանակ…

Գէթ պահ մը մի՛ յառաջանար, այլ ընդհակառակն։

Թող սլաքներդ ետ դառնան՝ դէպի քաղցրութիւն։

Այնտեղ են մերոնք՝ մեծ հայրս, մեծ մայրս, ազգականներս, որոնք տակաւին չէին փոխած իրենց հասցէները։ Մշտադալար եղեւիններու շուքի, պաղ հողակոյտի տակ պառկելու փոխարէն իրենց տուներուն մէջ են կամ աշխատավայրի։

Կը զբաղին առօրեայ հոգերով։

Տար զիս այնտեղ, անոնց մօտ, դէպի իմ անհոգ ու պայծառ մանկութիւն։

Ուր չկայ տրտունջ, ցաւ ու տառապանք։

Գոյները վառ են ու երանգաշատ։ Տակաւին չեն խամրած ու մթագնած։

Այնտեղ ամէն բան իրական է. մարդիկ, բնութիւնը, հողն ու ջուրը, ընկերները, զգացումները։ Այնտեղ չկան դիմակներ, կեղծիքներ ու յոգնութիւն։

Հոգն ու պատասխանատուութիւնը բարդուած են տան մեծերու ուսերուն։

Իսկ ես ազատ էի թիթեռնիկի պէս։ Ամբողջ օր կը թռվռայի, կը թռչտէի ու կը խաղայի։ Օրուայ վերջին՝ յոգնած ու դադրած կը վերադառնայի տուն, ուր սեղանը շտկած ինծի կը սպասէր մայրս։

Աշխարհը կ՚ընկալէի իմ մաքրամաքուր մանկական հոգիով։

Իմ հոգւոյն երանգներով ու տրամադրութեամբ կը ճանչնայի մարդիկը։

Կը թուէր, թէ ամէն մարդու մէջ կայ իմ արտացոլանքը։ Մենք՝ բոլորս կը խորհինք ու կը զգանք նոյն կերպով։

Ինծի խորթ էին դաւաճանութիւնը, շողոքորթութիւնն ու կեղծաւորութիւնը։

Ամէն առտու, խինդ ու ծիծաղով լի աչքերս կը բանայի ու ջերմ կը ժպտայի արեգակին։ Կենսուրախ ու երջանիկ էի իմ ունեցածով։

Կ՚ապրէի իմ հեքիաթի մէջ, ուր ես արքայադուստր էի, մայրս՝ թագուհի, մեր տան սեւ պատերն ալ՝ թագաւորական պալատ մը։

Բաւական երկար ապրեցայ իմ երեւակայական աշխարհին մէջ, երբ սկսայ խորապէս ճանչնալ ինծի պէս միս ու արիւնէ բաղկացեալ մարդոց հոգիները։ Այսինքն՝ սկսայ մեծնալ, առերեսուելով զանազան խնդիրներու հետ։ Երբեմն հանդիպեցայ մրրիկներու, փոթորիկներու, որոնք անգութօրէն կը փորձէին արմատախիլ ընել զիս իմ հեքիաթէն։

Յիրաւի երբեմն խոնարհեցայ, ճիշդն ու սխալը խառնեցի, սակայն ի վերջոյ մնացի կանգուն՝ խրոխտ ու հպարտ։

Այսօր ալ կը շարունակեմ հաւատալ իմ բարի հեքիաթին, որու հերոսները գրեթէ փոխուած են։

Հիները գացին, եկան նորերը…

Ես դարձայ թագուհի, տանտիրուհի։

Իմ մանկութեան թագուհին ալ կը ծերանայ։ Մեր հին դղեակի բնակիչները վաղուց լքեցին զայն։

Դղեակն ալ վերածուեցաւ երեւակայական աւերակի մը։

Քանի մը տարի աշխարհը դեգերելէ վերջ, մայր Հայաստանի երկրորդ մայրաքաղաքէն տեղափոխուեցայ առաջինը։ Երեւանի սրտին մէջ հիմնեցի մի նոր դղեակ, որու մէջ կը բնակին թագուհին, թագաւորն ու մանուկ արքայազնը։

Սակայն շատ ալ գոհ չեմ իմ ապրածէն։

Անցեալն ու կարօտը հանգիստ չեն ձգեր ներկան վայելելու։

Այժմ բան մը պակաս է, բան մը կիսատ… Նախկին հերոսները փոխած են իրենց հասցէները։ Անոնց տեղը պարապ է…

Սա ունայնութիւնը անկարելի է լեցնել։

Կ՚ըսեն, թէ Աստուած ձեռքով մը կու տայ, միւսով կ՚առնէ։

Է՜հ, բայց ես չեմ ուզեր որ առնէ։

Ի՞նչ կ՚ըլլար տար, սակայն չաճապարէր առնելու։ Չէ՞ որ ես պատրաստ չէի…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2020