ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՆԳԱՐՈՒԱԾ (DIPLOMACY DISRUPTED)

Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին, նա­խա­գա­հու­թեան հա­մար բա­նա­վէ­ճի մը ըն­թաց­քին հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու մի­ջեւ, Թէտ Քրուզ դա­տա­պար­տեց Սու­րիոյ մէջ իշ­խա­նու­թեան փո­փո­խու­թեան Ա­մե­րի­կա­յի պա­հան­ջա­տի­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ե­թէ Ո­ւա­շինկ­թըն տա­պա­լէր Պե­շար Է­սա­տը, ինք­նա­կոչ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւ­նը «պի­տի գրա­ւէր Սու­րիան, վատ­թա­րաց­նե­լով Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան շա­հե­րը»։ Ք­րուզ թե­լադ­րեց այլ ծրա­գիր մը. «Փո­խա­նակ որ­դեգ­րե­լու Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ջա­տա­գո­վող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, հա­լա­ծե­լու ենք մեր թշնա­մի­նե­րը, կոր­ծա­նե­լով ISIS-ը, փո­խա­նակ թոյ­լատ­րե­լու ա­նոր գրա­ւե­լու նոր եր­կիր­ներ»։­

Ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը յա­ճախ կը սխա­լին պե­տու­թեան հան­դէպ ի­րենց ան­տար­բե­րու­թեամբ (կամ՝ տգի­տու­թեամբ)։ Բայց եւ այն­պէս, նսե­մաց­նե­լով հան­դերձ Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գահ Ո­ւիլ­սը­նի դար մը ա­ռա­ջուան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­նի­կա տա­կա­ւին կրնայ յա­ջո­ղու­թեան կէ­տեր ար­ձա­նագ­րել ընտ­րա­պայ­քա­րի մը ըն­թաց­քին։

Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ետք, Ո­ւիլ­սըն ջա­տա­գո­վեց շա­հա­դի­տա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան դ­րա­մա­տի­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը որ­դեգ­րու­մը։ Ա­նոր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը յու­սա­խա­բու­թեամբ ա­ւար­տե­ցաւ, իր մտքի յղա­ցու­մը ե­ղող Ազ­գե­րու Լի­կա­յի ձա­խո­ղու­թեամբ։ Այ­սու­հան­դերձ, Նիւ Եոր­քի ա­ռեւտ­րա­կան կեդ­րո­նի եր­կու աշ­տա­րակ­նե­րու ա­հա­բե­կու­մին (Սեպտեմբեր 11, 2001) յա­ջոր­դող շրջա­նը, ինչ­պէս ա­պա­ցու­ցա­նեց, թէ ուիլ­սը­նեան գա­ղա­փա­րա­կա­նը տա­կա­ւին կեն­դա­նի է։

Մե­զի կտա­կուած նմա­նօ­րի­նակ գա­ղա­փար­ներ խոր-հըր­դա­ծու­թեան նիւթ դար­ձած են անգ­լիա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­-պատ­մա­բան Տէյ­վիտ Միլ­նէի, «Worldmaking: The Art and Science of American Diplomacy» (2015, 624 pp.) հա­տո­րին մէջ։

Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու աշ­խար­հա­վա­րու­թիւ­նը ցարդ կը տնօ­րի­նուէր ա­նոր գե­րըն­տիր ղե­կա­վար­նե­րու եւ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու ա­կա­դե­մա­կան հա­յեացք­նե­րով։ Ներ­կա­յիս, կեդ­րո­նա­խոյս դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն մը ստեղ­ծուած է, տնտե­սա­կան բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու, հա­մաշ­խար­հա­յին ըն­դար­ձա­կուող գոր­ծառ­նու­թեանց, բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թեանց եւ ոճ­րա­յին քար­թել­նե­րու իբ­րեւ հե­տե­ւանք։ Պաշ­տօ­նա­տար­ներ ու քա­ղա­քա­գէտ­ներ այ­լեւս հա­կակ­շիռ չու­նին տե­ղե­կու­թեանց վրայ։ Ջա­տա­գո­վա­կան (advocacy) կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, խորհր­դա­տու ըն­կե­րու­թիւն­ներ (counseling firms), մար­դա­սի­րա­կան (բա­րե­գոր­ծա­կան) հիմ­նարկ­ներ կը կա­տա­րեն դի­ւա­նա­գի­տա­կան շատ մը պաշ­տօն­ներ։ Այլ խօս­քով, քա­նի մը խորհր­դա­տու­նե­րու, ղե­կա­վար­նե­րու հա­մո­զում­ներն ու գա­ղա­փար­նե­րը, կամ՝ նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րը, հիմ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի չո­րո­շեն ա­մե­րի­կեան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ըն­թաց­քը, այն­քան խո­րա­պէս որ­քան ան­ցեալ դա­րա-շըր­ջա­նին։

Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը թե­ւա­կո­խած է ան­ցեա­լի ա­ւան­դա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը, դառ­նա­լով ա­ւե­լի ճկուն, հնա­րա­միտ ու ժո­ղովր­դա­վար։ Այ­լա­խոհ­նե­րու հա­մար կա­րե­լիու­թիւն դար­ձած է ընտ­րեալ­նե­րու մեծ ծրա­գիր­նե­րը ա­կա­նա­հա­րել (վի­ժեց­նել)։ Պաշ­տօ­նա­կան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը յար­մա­րե­լու են այս նոր աշ­խար­հի ի­րա­կա­նու­թեան, ե­թէ կ՚ու­զեն ազ­դե­ցիկ դառ­նալ։

Ա­րուես­տա­գէտ­ներ ու գիտ­նա­կան­ներ

Աշ­խար­հա­վա­րու­թիւ­նը (Worldmaking) սկսած է 1949-ին, երբ բա­նա­վէ­ճի մը ըն­թաց­քին, այն գլխա­ւոր հար­ցին շուրջ թէ Միացեալ Նա­հանգ­ներ պէ՞տք է զար­գաց­նէր ջրած­նա­յին ռում­բը, հա­կազ­դե­լու հա­մար Խորհր­դա­յին Միու­թեան կող­մէ ա­թո­մա­կան հնար­քի մը պայ­թու­մին։ Պե­տա­կան Քար­տու­ղա­րու­թեան վա­րիչ տնօ­րէ­նը՝ Ճորճ Քե­նըն դէմ ար­տա­յայ­տուած է, ա­ռաջ­նոր­դուած պա­տու­թեան, գրա­կա­նու­թեան ու բա­րո­յա­կա­նու­թեան սկզբունք­նե­րէ։ Իր օգ­նա­կա­նը՝ Paul Nitze հա­կա­ճա­ռած է, հիմ­նուե­լով «գի­տա­կան ու ռազ­մա­վա­րա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան» վրայ։ Այս վերջ­նոյն տե­սա­կէ­տը որ­գեգ­րուած է։

Վե­րո­յի­շեալ լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րէ մեկ­նե­լով, Միլ­նէ եր­կու խմբա­ւո­րում­նե­րու կը դա­սա­ւո­րէ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մեկ­նա­բան­նե­րը. «ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը» ու «գիտ­նա­կան­նե­րը»։ Ա­ռա­ջին խմբա­կին մաս կը կազ­մեն Մա­հան, Լիփ­ման, Քե­նըն, Քի­սին­ճըր եւ Օ­պա­մա, ո­րոնց հե­տե­ւու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րա­պէս հիմ­նը-ւած են գրա­կա­նու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան ու պատ­մու­թեան վրայ։ Ա­նոնք զգու­շա­ւոր են բարդ կա­ցու­թեանց առ­ջեւ։ Չեն ու­զեր վե­րա­ցա­կան տե­սու­թեանց վրայ հիմ­նուիլ, ու վե­րա­պահ են ի­րենց զօ­րու­թեանց աս­տի­ճա­նին հան­դէպ։ Կը նա­խընտ­րեն աշ­խար­հը դի­մա­ւո­րել ինչ­պէս որ է։

«Գիտ­նա­կան­նե­րը», ո­րոնց գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն են Ո­ւիլ­սըն, Նի­ցէ ու Փոլ Վուլ­ֆո­վից, տե­սա­բան­ներ են, ո­րոնք կը նա­խընտ­րեն վեր­լու­ծել հիմ­նա­կան օ­րի­նակ­ներ, քան՝ մարդ­կա­յին ե­րե­ւոյթ­ներ, եւ հա­կա­մէտ են վե­րա­շի­նե­լու (վե­րա­փո­խե­լու) աշ­խար­հը։

Վե­րեւ բնո­րո­շուած ի­տէա­լա­պաշտ­նե­րու խում­բը կը ներշն­չուի Ո­ւիլ­սը­նի կո­րո­վի ու բա­րո­յա­մէտ մի­ջազ­գայ­նա­կա­նու­թե­նէն։ Իսկ ի­րա­պաշտ­նե­րը կը նա­խընտ­րեն ի­րենց ու­ժը ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նի բարձ­րաց­նել ա­նիշ­խա­նա­կան աշ­խար­հի մը մէջ։ Այ­սու­հան­դերձ, Միլ­նէ կ՚ըն­դու­նի, թէ վե­րո­յի­շեալ եր­կու մտա­ծո­ղու­թիւն­ներն ալ բա­ցար­ձակ չեն, քա­նի որ պատ­մա­կան կա­պակ­ցու­թիւն­նե­րը, մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը, եւ ան­հատ­նե­րու յա­րա­փո­փոխ մի­տում­նե­րը (propensity) ի դե­րեւ կը հա­նեն դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն ճի­գե­րը՝ դիր­քո­րո­շուե­լու հա­մար, որ­դեգ­րե­լով վե­րո­յի­շեալ մէկ կամ միւս խմբա­ւո­րու­մին տե­սա­բա­նու­թիւ­նը։

Վուլ­ֆո­վից, որ պաշտ­պա­նու­թեան փոխ­-նա­խա­րար էր Ճորճ Պու­շի իշ­խա­նու­թեան ժա­մա­նակ, հա­ւա­քա­կան պաշտ­պա­նու­թեան կողմ­նա­կից չէր։ 2011, Սեպ­տեմ­բեր 9-ի ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք, ա­նի­կա մղեց Միացեալ Նա­հանգ­նե­րը ար­շա­ւե­լու Ի­րա­քի վրայ, Սատ­տամ Հիւ­սէյ­ինը տա­պա­լե­լով ստեղ­ծե­լու հա­մար Ա­մե­րի­կա­յի դաշ­նա­կից նոր եր­կիր մը։ Ինչ­պէս որ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մէն ետք, Միացեալ Նա­հանգ­ներ յա­ջո­ղած էր մնա­յուն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եր­կիր­ներ ստեղ­ծել Գեր­մա­նիոյ ու Ճա­բո­նի մէջ, այն­պէս ալ կա­րե­լի էր ռամ­կա­վա­րա­կան ջահ մը վա­ռել Ի­րա­քի մէջ։

Նա­խա­գահ Օ­պա­մա, եր­կար վեր­լու­ծում­նե­րով, կը մեր­ժէ Վուլ­ֆո­վի­ցի ու Պու­շի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու (neoconservatives) հա­յեացք­նե­րը, տա­րա­զե­լով ա­մե­րի­կեան զօ­րու­թեան ա­ւե­լի զուսպ տե­սա­կէտ մը։ Ար­դա­րեւ, 2006-ին ա­նի­կա յայ­տա­րա­րեց, թէ «պի­տի հե­տե­ւի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը ա­ւե­լի ի­րա­տես քննարկ­ման, հիմ­նուած շօ­շա­փե­լի տուեալ­նե­րու վրայ, ու շրջա­նին մէջ Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու շա­հե­րէն ա­ռաջ­նոր­դուած։ Մեր հա­ւատ­քին եւ սկզբունք­նե­րուն մէջ հա­մեստ ու չա­փա­ւոր գտնուե­լով, կրնա­յինք յաղ­թա­հա­րել չա­րը»։ Այլ խօս­քով, տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ սկզբուն­քը պի­տի յաղ­թա­հա­րէին կիր­քին, գա­ղա­փար­բա­նու­թեան (ideology) ու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Այ­նու­հե­տեւ, ա­նի­կա քննար­դա­տուե­ցաւ, քա­նի ի­րեն կը պակ­սէր կամ­քը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լու ա­մե­րի­կեան զօ­րու­թիւ­նը։ Այ­սու­հան­դերձ, ա­նոր կա­րո­ղու­թիւ­նը՝ հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, անհրա­ժեշտ է հասկ­նա­լու հա­մար 21-րդ դա­րու աշ­խար­հը։ Սա­կայն, կա­նուխ է յայտ­նե­լու, թէ նման կե­ցուածք մը որ­քա՞ն կա­րե­լի է յա­ջո­ղու­թիւն մը նկա­տել ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։

Ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն

Միլ­նէի խնդրոյ ա­ռար­կայ հա­տո­րը, ո­րուն ակ­նար­կե­ցինք այս յօ­դուա­ծին սկիզ­բը, գլխա­ւո­րա­բար ա­ւե­լի կը կեդ­րո­նա­նայ ա­մե­րի­կեան ազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան հար­ցե­րուն վրայ, քան՝ գոր­ծադ­րու­թեան։ Ա­նի­կա կը զբա­ղի ի­րաւ, պար­կեշտ տե­ղե­կագ­րու­թեամբ, ըն­թա­ցիկ դէպ­քե­րու քննար­կու­մով ու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­մով։

Աշ­խար­հի դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեանց մեծ մա­սը կը ծա­ւա­լի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն դուրս, ու կ՚անց­նի բարձր պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու գաղտ­նի հան­դի­պում­նե­րէն ան­դին, երբ ու­րիշ­ներ եւս կ՚ու­նե­նան ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը։

Նոր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն մը զար­գա­ցու­մի մէջ է, մա­նա­ւանդ երբ հա­մաշ­խար­հա­յին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը զգե­նուն բարդ ու բազ­մա­զան գո­յա­վի­ճակ մը։ Միջ­կա­ռա­վա­րա­կան շփում­նե­րը ինք­նին բա­ւա­րար չեն ար­գի­լե­լու տե­ղե­կու­թեանց, դրա­մագ­լու­խի ու չէ­զոք դե­րա­կա­տար­նե­րու թա­փան­ցու­մը այն­պի­սի վայ­րեր, ո­րոնք վե­րա­պա­հուած են, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու ու քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու։

Ար­դի դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ նաեւ ոչ­պե­տա­կան դե­րա­կա­տար­նե­րով, ինչ­պէս՝ դրա­մագ­լու­խի կամ հա­սոյ­թի ներդ­րում կա­տա­րող­նե­րով, նուի­րա­տու­նե­րով, ոչ­-հա­սու­թա­փեր (nonprofit) հաս­տա­տու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով։ Ան­ցեա­լին, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը, ու գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեանց կամ տե­ղե­կա­տուու­թեանց վեր­լու­ծող­նե­րը ա­մե­նէն կա­րե­ւոր աղ­բիւր­ներն էին, ա­ռեւ­տու­րի գոր­ծառ­նու­թեանց կամ միջ­պե­տա­կան պայ­քար­նե­րու ըն­թաց­քին։ Ներ­կա­յիս, Մըք­Քին­սիի նման խորհր­դա­տու կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ աշ­խար­հով մէկ 100-է ա­ւե­լի գրա­սե­նեակ­ներ, շուրջ 11 հազար հե­տա­զօ­տող­ներ ու բազ­մա­լե­զու խորհր­դա­տու­ներ ու­նի, կը հայ­թայ­թէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու կը կա­տա­րէ նա­խա­տե­սու­թիւն­ներ, ո­րոնք նա­խա­պէս կը կա­տա­րուէին միայն պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու կող­մէ։ Ու Մըք­Քին­սին միա­կը չէ. կը գոր­ծեն նաեւ Քո­հէն Սթրեթ­ֆըր­տի նման այլ ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը հայ­թայ­թեն տե­ղե­կու­թիւն­ներ թրքա­կան բա­նա­կի շար­ժում­նե­րուն մա­սին Մու­սու­լի մէջ, կամ՝ աւստ­րա­լիա­կան նա­ւա­տոր­մի­ղին՝ Հա­րա­ւա­յին Չի­նաս­տա­նի ծո­վա­յին շրջա­նին մէջ։ Աշ­խու­ժօ­րէն կը գոր­ծեն նաեւ Մար­դու Ի­րա­ւանց եւ Amnesty International կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը լա­րեն հան­րա­յին կար­ծի­քը, ու ճնշում կը բա­նեց­նեն կա­ռա­վա­րու­թեանց վրայ։ Մոռ­նա­լու չէ եր­բեք նաեւ բազ­մազ­գեան հզօր ա­ռեւտ­րա­կան տու­նե­րու վա­յե­լած ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը։ Շնոր­հիւ այ­լա­զան հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց ձե­ւե­րու զար­գաց­ման, ու վե­րո­յի­շեալ «միջ­նորդ­ներ»ու, -ան­հատ թէ սպա­սար­կող գրա­սե­նեակ,- ծա­ռա­յու­թեանց, միջ­պե­տա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը կրնան հար­թուիլ, կամ՝ հաս­կա­ցո­ղու­թեան յան­գիլ. օ­րի­նակ՝ Ի­րա­նի հետ հիւ­լէա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Վե­րեւ մատ­նան­շուած Միլ­նէի դի­տար­կում­նե­րը (observations) օգ­տա­գոր­ծուե­ցան, երբ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ըն­թա­նա­յին, մշա­կե­լու հա­մար ա­մե­րի­կեան պե­տա­կա­նու­թեան զօ­րու­թիւ­նը։

Այ­սու­հան­դերձ, ան­հան­դարտ ու բարդ աշ­խար­հի մը բազ­մաբ­նոյթ զար­գա­ցում­նե­րուն հա­կազ­դե­լու հա­մար, կա­րի­քը պի­տի զգա­ցուի նոր ար­ժե­չա­փե­րու։

ՔԵ­ՄԸ­ՐՈՆ ՄՈՒՆ­ԹԸՐՔ

 

(*) Cameron Munter նա­խա­գահն ու գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը ե­ղած է EastWest Institute-ի։ Ա­տե­նին ա­նի­կա Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պանն էր Սեր­պիոյ (2007-09) ու Փա­քիս­տա­նի (2010-12) մօտ։

Ա­զատ թարգմ.՝ Սար­գիս Յ. Մի­նա­սեան

(“Foreign Affairs” պար­բե­րա­թեր­թի Մար­տ-Ապ­րիլ 2016, թիւ 2, էջ 156161)

«Նոր Օր»

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016