Մարդն Ու Երաժշտութիւնը

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը շփման հա­մա­մարդ­կա­յին  լե­զու է:  Դժուար է պատ­կե­րաց­նել մար­դու կեան­քը ա­ռանց ե­րաժշ­տու­թեան, քա­նի որ ան կ՚ար­տա­յայ­տէ մարդ­կա­յին ա­մե­նա­վեհ զգա­ցում­ներն ու ա­մե­նա­նուրբ ապ­րում­նե­րը: Ան կը ձե­ւա­ւո­րէ մար­դուն նե­րաշ­խար­հը, ճա­շա­կը, կ՚օգ­նէ` ճիշդ գնա­հա­տե­լու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:

Մար­դու հո­գե­վի­ճա­կի, ինչ­պէս նաեւ ա­ռող­ջու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան փոխ­ներ­գործ­ման հար­ցե­րը փի­լի­սո­փա­նե­րու ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած են քա­ղա­քակր­թու­թեան  հնա­գոյն այն­պի­սի կեդ­րոն­նե­րու մէջ, ինչ­պի­սիք էին` Հին Յու­նաս­տա­նը, Ե­գիպ­տո­սը, Հռո­մը, Չի­նաս­տա­նը եւ այլն: Տա­կա­ւին Ե. դա­րուն Քոն­ֆի­չիուս իր կա­նո­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ կը գրէ. «Կը ցան­կա՞ք կա­տա­րե­լա­գոր­ծուիլ: Ման­րակր­կիտ ու­սում­նա­սի­րե­ցէք ե­րաժշ­տու­թիւն: Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մե­զի կը նկա­րագ­րէ եւ կը պատ­կե­րէ երկն­քի ու երկ­րի միու­թիւ­նը»:

Ըստ հին յու­նա­կան ա­ռաս­պե­լի մը, Օր­փէո­սի  եր­գը հրաշք­ներ կը գոր­ծէր այն­տեղ, ուր չէին օգ­ներ  նետն ու սու­րը, ուժն ու ա­րիու­թիւ­նը:

Ինչ­պէս կը գրէ Մոս­կուա­յի Ա­ւան­դա­կան բժշկու­թեան եւ ե­րաժշ­տա­թե­րա­փիի հիմ­նար­կի տնօ­րէն, Ռու­սաս­տա­նի Բժշկա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու ա­կա­դե­միոյ ա­կա­դե­մի­կոս, Ա­ւան­դա­կան բժշկու­թեան մի­ջազ­գա­յին միու­թեան նա­խա­գահ Սէր­կէյ Շու­շար­ջեան, յոյն փի­լի­սո­փա­ներ Պիւ­թա­կո­րա­սի, Ա­րիս­տո­տէ­լի եւ Պղա­տո­նի կար­ծի­քով, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը հա­ւա­սա­րակշ­ռէ ամ­բողջ տիե­զեր­քի հա­մա­մաս­նու­թիւնն ու ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը: Ա­րիս­տո­տէլ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը հա­մա­րէր ինչ­պէս հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու բուժ­ման, այն­պէս ալ հո­գիի սրբա­գործ­ման` քա­թար­սի­սի լա­ւա­գոյն մի­ջոց:

Մարդ-ե­րաժշ­տու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւ­նը իր մշտա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը գտած է նաեւ  հայ գիտ­նա­կան փի­լի­սո­փա­նե­րու աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ: Տա­կա­ւին ԺԳ.  դա­րուն հայ խո­շո­րա­գոյն մտա­ծող Յով­հան­նէս Երզն­կա­ցին (Պլուզ) իր «Մեկ­նու­թիւն քե­րա­կա­նին»  աշ­խա­տու­թեան մէջ կը գրէ, որ ե­րաժշ­տա­կան ա­րուես­տը իր մէջ կը միաց­նէ հո­գե­ւո­րը եւ նիւ­թա­կա­նը: Հե­տաքրք­րա­կան է այն փաս­տը, որ ինչ­պէս Յով­հան­նէս Երզն­կա­ցին, այն­պէս ալ միջ­նա­դա­րեան շարք մը հայ գիտ­նա­կան­ներ, փորձ­նա­կան ճա­նա­պար­հով  յան­գած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ  ե­րաժշ­տու­թիւ­նը մար­դու ֆի­զի­քա­կա­նի եւ հո­գե­ւոր-ի­մա­ցա­կա­նի վրայ ու­նի  ներ­գործ­ման  հսկա­յա­կան  հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։

ԺԵ. դա­րու ֆլա­ման­տա­ցի հռչա­կա­ւոր ե­րա­ժիշտ, ա­րուես­տի տե­սա­բան եւ փի­լի­սո­փայ Եո­հան Տինկ­տո­րիսն իր «Ե­րաժշ­տու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան ընդ­հան­րա­ցում­ներ» աշ­խա­տու­թեան մէջ կը գրէ մար­դու հո­գե­ւոր աշ­խար­հի եւ ֆի­զի­քա­կա­նի վրայ ե­րաժշ­տու­թեան ու­նե­ցած քսան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին: Ո­րոնց­մէ են` ա) հա­ճե­լի է Աս­տու­ծոյ, բ) կը զար­դա­րէ Աս­տու­ծոյ փա­ռա­բա­նու­թիւ­նը, գ) կը ցրուէ տխրու­թիւ­նը, դ) կը մեղ­մէ դա­ժա­նու­թիւ­նը, է) կը հե­ռաց­նէ սա­տա­նան, զ) կը բու­ժէ հի­ւանդ­նե­րը, է) կը ծնի մեծ սէր, ը) կ՚եր­ջան­կաց­նէ մար­դի­կը եւ այլն:  Մար­դու հո­գե­յու­զա­կան վի­ճա­կի վրայ ե­րաժշ­տու­թեան ազ­դե­ցու­թեան մա­սին բա­ւա­կա­նին պատ­կե­րա­ւոր ը­սած է ռուս հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ Ա. Ս. Պուշ­կին իր «Քա­րէ հիւ­րը» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ. «Կեան­քի հա­ճոյք­նե­րէն  վստա­հա­բար ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը զի­ջի միայն սի­րոյն. սա­կայն սէրն ալ մե­ղե­դի է»:

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը որ­պէս բուժ­ման մի­ջոց կու գայ հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րու խոր­քէն` սկսած տա­կա­ւին հին եւ չի­նա­կան բժշկու­թե­նէն: Ինչ­պէս կը վկա­յէ Հին Կտա­կա­րա­նը «Երբ չար ո­գին կ՚իջ­նէր Սա­ւու­ղի վրայ, Դա­ւի­թը կ՚առ­նէր քնա­րը եւ կը նուա­գէր իր ձեռ­քով, կը հանգս­տաց­նէր Սա­ւու­ղը: Սա­ւու­ղը կը հանգս­տա­նար, եւ չար ո­գին ան­կէ կը հե­ռա­նար»:

Պա­տա­հա­կան չէ, որ հին յոյ­նե­րու ա­րուեստ­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րող Ա­պո­ղո­նի  որ­դին` Էս­կու­լապ կը հո­վա­նա­ւո­րէր բժշկու­թիւ­նը, իսկ հին հռո­մէա­ցի­նե­րու աս­տուա­ծու­հին՝ Մի­նե­րուան  հա­ւա­սա­րա­պէս կը հո­վա­նա­ւո­րէր թէ՛  ե­րա­ժիշտ­նե­րը եւ թէ բժիշկ­նե­րը:

ԺԲ. դա­րու նշա­նա­ւոր բժշկա­պետ Մխի­թար Հե­րա­ցի կը գրէ. «Զուար­ճա­ցուր հի­ւան­դը խա­ղե­րով եւ կա­տակ­նե­րով, ա­մէն կերպ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռէ ա­նոր: Թող հնա­րա­ւո­րին չափ շատ լսէ գու­սան­նե­րը, լա­րե­րու ձայ­նը եւ դու­րե­կան մե­ղե­դի­ներ»:

Կը հա­մա­րուի, որ ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը հեշ­տու­թեամբ կը քշեն դի­ւա­յին ու­ժե­րը եւ խորհր­դա­ւոր կապ կը ստեղ­ծեն սրբա­զան ու­ժե­րու ու մարդ­կա­յին հո­գի­նե­րու մի­ջեւ: Յեն­լով ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցով հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու բուժ­ման ա­ւան­դա­կան մե­թոտ­նե­րու վրայ, ներ­կա­յիս բժշկա­գի­տու­թեան մէջ իր ու­րոյն տե­ղը գտած է ե­րաժշ­տա­դար­մա­նու­մը, որ հո­գե­դար­մա­նա­կան մի­ջոց է` պայ­մա­նա­ւո­րուած  ե­րաժշ­տու­թեան բու­ժիչ ներ­գոր­ծու­թեամբ  մար­դու հո­գե­բա­նա­կան վի­ճա­կի վրայ:

Ե­րաժշ­տա­կան դար­մա­նու­մի գի­տա­կա­նօ­րէն հիմ­նա­ւո­րուած ա­ռա­ջին ու­սում­նա­կան ծրագ­րե­րը ի­րա­կա­նա­ցուած են Լոն­տո­նի մէջ, 1961 թուա­կա­նին, իսկ տասն­հինգ տա­րի անց այս­տեղ հիմ­նադ­րուած է ե­րաժշ­տա­կան դար­մա­նու­մի մեծ կեդ­րոն: Գեր­մա­նա­ցիք ե­րաժշ­տա­դար­մա­նու­մի ի­րենց նոյ­նա­տիպ աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսան 1978 թուա­կա­նին` Աա­խե­նի ե­րաժշ­տա­կան գո­լէ­ճին մէջ: Ա­ւե­լի ուշ` մեկ­նե­լով գրան­ցուած հիա­նա­լի ար­դիւնք­նե­րէն, հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բա­ժան­մուն­քուին մէջ հիմ­նադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան դար­մա­նու­մի հիմ­նարկ: Հե­տա­գա­յին Եւ­րո­պա­յի շարք մը այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցան ե­րաժշ­տա­կան դար­մա­նու­մի ու­սում­նա­կան նմա­նա­տիպ ծրագ­րեր, ո­րոնք բա­ւա­կա­նին յա­ջո­ղու­թեամբ  կը կի­րառ­ուին   առ  այ­սօր:

Ե­րաժշ­տա­կան դար­մա­նու­մի կի­րա­ռու­մը մեծ տա­րա­ծում գտած է  նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Աւստ­րա­լիոյ, Ճա­բո­նի, Նոր Զե­լան­տա­յի, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի եւ շարք մը այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Հայ­րե­նա­կան եւ ար­տա­սահ­մա­նեան ե­րաժշ­տա­դար­մա­նող­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած են բազ­մա­պի­սի  հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը փաս­տեն  այն մա­սին, որ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կրնայ ազ­դել մեր էու­թեան վրայ, ինչ­պէս դրա­կան, կե­նա­րար, ո­գե­ւո­րող եւ վե­հաց­նող, այն­պէս ալ` բա­ցա­սա­կան, մեր հո­գե­վի­ճա­կը  քայ­քա­յող եւ նոյ­նիսկ` մա­հուան հասց­նող:  Ա­պա­ցու­ցուած է ե­րաժշ­տու­թեան բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը նէյ­րոէն­դոկ­րին հա­մա­կար­գի գոր­ծա­ռոյթ­նե­րու վրայ, եւ յատ­կա­պէս ա­րեան մէջ գտնուող` յու­զա­կան բո­լոր հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րող հոր­մոն­նե­րու վրայ: Ե­րաժշ­տու­թեան նկատ­մամբ ե­ղած վե­րա­բեր­մուն­քով կը բնո­րո­շուի նաեւ մար­դու ներ­քին բա­րո­յա­կան ար­ժե­հա­մա­կար­գը: Այս ա­ռու­մով շատ կա­րե­ւոր է ունկնդ­րուող ե­րաժշ­տու­թեան ճիշդ ընտ­րու­թիւ­նը:        

Մարդ­կա­յին օր­կա­նիզ­մի վրայ ե­րաժշ­տու­թեան  ազ­դե­ցու­թեան  եր­կա­րա­տեւ   ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին գիտ­նա­կան­նե­րու կող­մէ  հաս­տա­տուած է.

1.- «Ծանր մե­տալ» (հե­ւի մե­թըլ) ե­րաժշ­տու­թեան հնչիւն­նե­րէն  կը դա­դա­րին ա­ճիլ բոյ­սե­րը:

2.- Սուր, ճչա­ցող, բարձր յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ հնչող ձայ­նե­րը ըն­դու­նակ են մա­կար­դել օր­կա­նա­կան սպի­տա­կուց­նե­րը: Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին հում հաւ­կի­թը ե­րեք ժամ հզօր բարձ­րա­խօ­սի մօտ պա­հե­լէ յե­տոյ պար­զուե­ցաւ, որ ան ամ­բող­ջա­պէս մա­կար­դուել` «ե­փած» է:

3.- Ձու­կը կը սոս­կայ լու­սա­յին վառ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով ու­ղեկ­ցուող ռոք ե­րաժշ­տու­թեան ազ­դե­ցու­թեամբ:

4.- Մի քա­նի ժամ տիս­քո­թէ­քի մէջ գտնուե­լէ յե­տոյ դե­ռա­հա­սը կը յայտ­նուի ա­մե­նա­տի­պիկ հիփ­նո­սի վի­ճա­կի ներ­քեւ: Իսկ սա կը նշա­նա­կէ, որ այս վի­ճա­կի մէջ գտնուող ան­ձը դիւ­րու­թեամբ կա­րե­լի է ուղ­ղոր­դել ո­րո­շա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու:

Հի­մա խօ­սինք մար­դու ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր վի­ճակ­նե­րու վրայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան մա­սին: Երբ գիտ­նա­կան­ներ ան­ցեալ դա­րու կէ­սե­րէն սկսեալ լրջօ­րէն ու­սում­նա­սի­րե­ցին դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը մար­դու նե­րաշ­խար­հի վրայ, զար­մա­նա­լի ար­դիւնք­ներ գրան­ցե­ցին: Փաս­տուե­ցաւ, որ գրե­թէ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, հի­ւանդ մար­դիկ լսե­լով դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն սո­վո­րա­կա­նէն շատ ա­ւե­լի ա­րագ կ՚ա­պա­քի­նին: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ կա­րե­լի է ը­սել, որ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը խիստ դրա­կան ներ­գոր­ծու­թիւն կ՚ու­նե­նայ մարդ­կա­յին օր­կա­նիզ­մի կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան վրայ` բա­րե­լա­ւե­լով ու­ղե­ղի աշ­խա­տան­քը, նպաս­տե­լով նիւ­թա­փո­խա­նա­կու­թեան, զար­գաց­նե­լով յի­շո­ղու­թիւ­նը, կար­գա­ւո­րե­լով սրտա­նօ­թա­յին հա­մա­կար­գի աշ­խա­տան­քը, ա­զա­տե­լով գլխա­ցա­ւէն եւ այլն: Ա­պա­ցու­ցուած է, որ Մո­ցար­թի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կ՚ա­րա­գաց­նէ տե­ղե­կա­տուու­թեան իւ­րա­ցումն ու մշա­կու­մը, էա­կա­նօ­րէն կ՚աշ­խու­ժաց­նէ  ու­ղե­ղին աշ­խա­տան­քը: Պեթ­հո­վէ­նի, Լիս­թի, Կրի­կի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը հեշ­տու­թեամբ կը բու­ժեն գլխա­ցա­ւե­րը, կը կար­գա­ւո­րեն շնչա­ռա­կան հա­մա­կար­գը, կ՚ա­րա­գաց­նեն նիւ­թա­փո­խա­նա­կու­թիւ­նը: Հայ­տը­նի, Վի­վալ­տիի, Քո­րել­լիի գոր­ծե­րը կը կար­գա­ւո­րեն ա­րեան շրջա­նա­ռու­թիւ­նը, կը նպաս­տեն սրտի կշռուա­թա­ւոր  աշ­խա­տան­քին, կը պար­գե­ւեն եր­ջան­կու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւն` դուրս բե­րե­լով ընկ­ճուա­ծու­թեան վի­ճակ­նե­րէն:

Հարկ է նշել, որ մար­դու ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­կան վի­ճակ­նե­րու վրայ բա­ցի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թե­նէն, խիստ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի նաեւ ազ­գա­յին զու­լալ աղ­բիւր­նե­րէն ե­կող ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, որ իր մէջ կ՚ամ­բող­ջաց­նէ ազ­գա­յին, ժա­ռան­գա­կան, ցե­ղա­յին, մեն­թալ եւ  կա­րե­ւո­րա­գոյն  շարք  մը այլ  յատ­կա­նիշ­ներ:

Ի հար­կէ, խօ­սե­լով դա­սա­կան կամ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին, որ­պէս բու­ժիչ խիստ ներ­գոր­ծօն մի­ջոց, պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ ան խիստ ան­հա­տա­կան է եւ կա­խուած է մար­դու հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն, հե­տե­ւա­բար նոյն ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը տար­բեր մար­դոց վրայ կ՚ըլ­լայ տար­բեր:

ԱՐՄԷՆ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016