ՆԱՓՈԼԻԻ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԸ՝ ՄԱՐԱՏՈՆԱՅԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Ի­տա­լա­կան «Քու­րիե­րէ տէլ Մեց­ցո­ճիոր­նօ»ի հա­մա­ձայն, նա­փո­լի­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Ան­թո­նիօ տէլ Փիա­նօ կ՚ա­ռա­ջար­կէ Նա­փո­լիի մար­զա­դաշ­տը կո­չել Տիե­կօ Մա­րա­տո­նա­յի ա­նու­նով:

Ներ­կա­յիս, Նա­փո­լիի Սան Փաու­լօ մար­զա­դաշ­տը վե­րա­նո­րոգ­ման կա­րի­քը ու­նի: Աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­լէ ետք միայն, նպա­տա­կա­յար­մար պի­տի ըլ­լայ այդ ա­նուա­նա­փո­խու­թիւ­նը կա­տա­րել:

Վե­րոն­շեալ աղ­բիւ­րը իր այս լու­րը կ՚եզ­րա­փա­կէ նշե­լով, որ ար­ժան­թին­ցի Տիե­կօ Մա­րա­տո­նա 1984- 1991 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ մաս կազ­մած է Նա­փո­լիի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016