ԳՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄ ՈՒՆԵՑՈՂ ՁԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՑԷ՛Ք, ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Դասարանին բանաստեղծը...

19-րդ դարավերջին ու 20-րդ դարասկիզբին բնական երեւոյթ էր, որ մանաւանդ Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ իւրաքանչիւր դասարան ունենայ իր բանաստեղծը: Պէտք է ըսել, որ այն ատեն աչքի զարնող աշակերտները կ՚ըլլային ոչ թէ ապագայ թուաբանները, այլ նոյնինքն գրական հակում-խմորում ունեցողները:

Արդարեւ, «տարօրինակ, բայց իրա՜ւ»ի փայլուն նմոյշ մը:

Իրողութիւնը այն է, որ այս կարգի աշակերտները հասակ կ՚առնէին գրական այնպիսի ջերմ ու եռուն մթնոլորտի մը մէջ, ուր բաւարար գործօն կար անոնց ծաղկումին, զարգացումին ու կատարելագործումին համար:

Համամի՞տ էք:

Պահ մը պատկերացուցէ՛ք չնաշխարհիկ ու եդեմական Պոլիսը, մասնաւորաբար 1800-ականներու վերջին քսանամեակին ու 1900-ականներու առաջին տասնհինգ ամեակին, ուր, ինչպէս գիտէք, միաժամանակ ունէինք մեծ ու պատկառելի անուններու ամբողջ հոյլ մը, որով կը հպարտանանք մենք այսօր: Կարելի՞ բան է, որ ապագայ բանաստեղծ մը յայտնուած ըլլայ Զոհրապներո՜ւ, Զարդարեաններո՜ւ, Երուխաններո՜ւ, Մեծարենցներո՜ւ, Վարուժաններո՜ւ եւ Ինտրաներո՜ւ պուրակին մէջ ու ինքնեկ մղումով մը չփորձէ լիանալ իր առջեւ պարզուած «մեծ ու շքեղ այգիով», «բարձրաբերձ ծառերով» ու «վարարուն աւազաններով»:

Պարզապէս կարելի չէ:

Սակայն պէտք է ըսել, որ, այնուամենայնիւ, այս ու նման աշակերտներու հայոց լեզուի ու գրականութեան դասատուները, որոնք իսկապէս մեծ յարգանք կը վայելէին մտաւորական շրջանակներու կողմէ, շատ մօտէն կը հետաքրքրուէին անոնցմով, կը ջանային ինչ-որ ձեւով օգտակար դառնալ անոնց՝ տալով լեզուա-գրական անհրաժեշտ գիտելիքներ, ինչ որ քիչ բան չէ, եւ սա՝ տեւաբար, մինչեւ որ անոնք դառնան շրջանաւարտներ:

Պարզ է, որ նման պայմաններու մէջ «դասարանին բանաստեղծ»ները կամաց-կամաց կը կազմաւորուէին, կը ծաղկէին ու կը կատարելագործուէին: Որքա՜ն ապիկար պէտք է ըլլայ մարդ, որպէսզի ան չկարենայ բաւականաչափ խմել մշտապէս հոսող աղբիւրէ մը:

Ինչպէս կը նկատէք, այն օրերուն մեր ապագայ բանաստեղծներուն (եւ ընդհանրապէս գրողներուն) կազմաւորման համար առկայ էին համարեա բոլո՜ր նպաստաւոր պայմանները: Անոնց պարտականութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ գրե՜լ, գրե՜լ ու գրե՜լ: Եւ, ինչպէս վերը ըսի, լաւ ու արժէքաւոր գործեր արտադրելու բոլոր նախադրեալները ունէին:

Երանելի՜ ժամանակներ...

Ի զուր չէ, որ ընդամէնը քառասուն տարուան ժամանակահատուածի մը մէջ ունեցանք արձակագիրներու եւ բանաստեղծներու այնպիսի սերո՜ւնդ մը, որուն մասին կարելի է լոկ ու լոկ երազել այսօր Սփիւռքի մէջ:

Այնպէս չէ՞:

***

Յետեղեռնեան շրջան...

1920-ականներէն մինչեւ 1990-ականներու աւարտը գրեթէ պատկերը նոյնն էր: Եւ սա ի հեճուկս այն իրողութեան, որ արեւմտահայութիւնը ցիրուցան եղաւ ամբողջ աշխարհով մէկ՝ հուսկ ստիպուած ըլլալով հաստատուելու օտար ափերու վրայ:

Պէտք չէ մոռնանք, որ բազմաթիւ գրողներ, որոնց կարգին՝ Չօպանեան, Թէքէեան ու մանաւանդ Օշական, բարեբախտաբար վերապրեցան ցեղասպանութիւնն ու շարունակեցին իրենց ազդեցութիւնը տարածել հայկական ուրիշ գաղթօճախներու մէջ, ըլլայ ուսուցչութեան ճամբով թէ այլապէս:

Սա նոյնպէս իր դրական արդիւնքը տուաւ:

Եկաւ նոր սերունդ մը, որ դարձաւ արժանաւոր յաջորդը իր նախորդին: Ունեցանք նոր արձակագիրներ ու բանաստեղծներ, որոնց գործերը դասուեցան մեր գրականութեան մնայուն ու անկորնչելի արժէքներու շարքին:  

Ուրեմն, հակառակ մեր սփիւռքանալուն (թոյլ տուէք այս բառը գործածել), ամէն ինչ միեւնոյն թափով շարունակուեցաւ՝ շնորհիւ ուսուցիչներու, որոնք միեւնոյն ատեն գրող էին, խմբագիր ու հասարակական գործիչ:

Եւ սա այսպէս՝ մինչեւ 90-ականներու աւարտը:

***

Սակայն 2000-ականներու սկիզբէն ամէն ինչ կտրուկ փոխուեցաւ:

Նախ մեր գրական անդաստանը զգալիօրէն կորսնցուց իր բազմերա՜նգ ու բազմաբո՜յր ծաղիկները, ու թէեւ ունեցանք նորերը, բայց, ցաւօք, այլեւս չկար գրական շարժում մը. ուրեմն լերան կատարէն էջք՝ դէպի ստորոտ:

Ներկայ պահուս ալ կացութիւնը նոյնն է. կան գրողներ,- ոմանք՝ շատ տաղանդաւոր,- սակայն չիք գրական շարժում Սփիւռքի մէջ՝ ի տարբերութիւն Հայաստանի (անշուշտ միշտ ու միշտ համեմատած Սփիւռքին), ուր որոշ յառաջընթաց նկատելի է այս ուղղութեամբ:

Ու վերադառնանք մեր «դասարանին բանաստեղծ»ներուն (չչարաշահելու համար ձեր համբերութիւնը): Արդէն իմ բուն նիւթս անոնք են:

Մէյ մը մտածենք. արդեօք ներկայիս չկա՞ն «դասարանին բանաստեղծը» յորջորջումին արժանացած աշակերտներ. պիտի չըսեմ՝ Սփիւռքի մէջ. ընդհանուր չխօսինք, այլ առնենք ի մասնաւորի Լիբանանը, ուրկէ, ինչպէս ընդունուած է, ծնունդ կ՚առնեն մեր բանաստեղծներն ու խմբագիրները, ուսուցիչներն ու հայագէտները (մեծ մասամբ):

Ինչպէ՞ս թէ չկան. կան, թէեւ ոչ առաջուան պէս մեծ թիւերով: Այսինքն՝ եթէ նախապէս կ՚ունենայինք 5-10 հոգի, հիմա՝ ընդամէնը մէկ կամ երկու: Սակայն հիմնական խնդիրը այս չէ, այլ անոնց հանդէպ նոյնինքն տնօրէնութեան ու մանաւանդ հայ գրականութեան դասատուին բացայայտ «անտարբերութիւնը»:

Ի՞նչ կը նշանակէ «անտարբերութիւն»: Չէ՞ որ հայկական վարժարանները իրենց աչքին լոյսին պէս կը պահեն այդ աշակերտները, «կը գուրգուրան» անոնց վրայ ու «կը քաջալարեն» զանոնք, այնպէս չէ՞:

Սկսելու համար նշեմ, որ քաջալերանքը «կեցցե՛ս»ներով ու ծափահարութիւններով չ՚ըլլար ու պէտք չէ որ ըլլայ: Տնօրէնութիւնն ու հայ գրականութեան ուսուցիչը պարտին տաշել ու յղկել զանոնք, մէկ խօսքով՝ աշխատիլ անոնց վրայ ու ոչինչ խնայել անոնց համար:

Ինչպէ՞ս կարելի է տաշել ու յղկել «դասարանին բանաստեղծը», որպէսզի սա գրական ամայացած անդաստանին վրայ օր մը, ի հպարտութիւն ու յուրախութիւն մեզի, դառնայ լաւ ու մնայուն գործերու հեղինակը:

Յառաջ քան զամենայն ուսուցիչը պէտք է ապագայ բանաստեղծին յաւելեալ ժամանակ տրամադրէ (ես բանաստեղծ կ՚ըսեմ, որովհետեւ ամէն սկսնակ ստեղծագործող նախ եւ առաջ բանաստեղծութեամբ կը սկսի իր ճամբան. անշուշտ բացառութիւններ միշտ ալ կան ու պիտի ըլլան). այսինքն՝ զբօսանքին, երբ ան ազատ է, պէտք է իր քով կանչէ զայն, որպէսզի կարենան իրարու հետ զրուցել առնուազն մեր դասական ու ժամանակակից գրականութեան, ինչպէս եւ արեւմտահայերէնին տիրապետելու հարցին շուրջ:

Ինչո՞ւ այս երկուքը:

Նախ սկսինք առաջինով՝ դասական ու ժամանակակից գրականութեամբ: Պարզ է, որ ուսուցիչը դասապահուն կը խօսի մեր դասական գրողներուն ու անոնց գործերուն մասին, չէ՞. կ՚ըլլան ընթերցումներ այս կամ այն գրողին գործէն (ընդամէնը մասնակի) ու վերլուծումներ. աշակերտը որոշ ծանօթութիւն ձեռք կը բերէ ու գաղափար կը կազմէ, սակայն, վստահաբար, չի գիտեր, թէ ո՛ր գրողին գործերը պէտք է կարդայ՝ գրական յագեցում ստանալու, տեսադաշտ ընդարձակելու եւ միաժամանակ գրե՜լ, գրե՜լ, գրե՜լ սորվելու համար:

Ուսուցիչը պարտի, այսպէս ըսած, պատրաստել ցանկը այն գործերուն, որ ուսանողը պարտաւոր է ըստ ամենայնի կարդալու եւ ուսումնասիրելու: Հիմա խնդիրը այն է, որ թէկուզ եւ կարդայ, ան պիտի չկարենայ ծայրէ-ծայր հասկնալ ու ընկալել գործին ներքին իմաստն ու վերծանել ծածկագրութիւններն ու լոյսի բերել անոր խուլ անկիւնները:

Այս պարտականութիւնը ուսուցիչը ինք պիտի ստանձնէ:

Որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, որ աշակերտը հասանելիութիւն չունի վերլուծական թէ բացատրական գրութեանց. ինչո՞ւ կը կարծէք,- քանզի այդպիսիք գոյութիւն չունին: Գաղտնիք չէ, որ առցանց աշխարհին մէջ մեր դիրքերը այնքան ալ ուժեղ չեն. այսինքն՝ կը բանաս Google-ը՝ այս կամ այն բանաստեղծութիւնը աւելի լաւ հասկնալու նպատակով. սակայն եկո՛ւր-տե՛ս, որ ո՛չ բանաստեղծութիւնը կայ, ո՛չ ալ անոր մասին հակիրճ վերլուծական մը: Իսկ այնուհետ կ՚ունկնդրես երգ մը, որ քեզ իսկոյն կը ներգրաւէ, սակայն չես յաջողիր բառերը ճիշդ լսել. այդ իսկ պատճառով դարձեալ կը դիմես Google-ի օգնութեան:

Նոյն զզուելի պատմութիւնը...

Անշուշտ կայ խնդիրին միւս երեսակն ալ. վստա՞հ ենք, որ ուսուցիչը այդ բոլորը գիտէ, թէ՞ ան ալ երրորդ, այլ խօսքով՝ աւելի հմուտ անձի մը օգնութեան կարիքը ունի: Տարօրինակ, բայց տեղին հարցում մը:

Ինչեւէ, չմտնենք նման հարցերու մէջ:

Հասանք ժամանակակից գրականութեան, որուն թէկուզ մասնակի ծանօթացումը պէտք է ըլլայ աշակերտին առաջնահերթութիւններէն մէկը: Սակայն երբ դասատուն կը դասաւանդէ այնպէս մը (սա լուրջ խնդիր է, որ կարելի չէ անտեսել), որ մեր գրականութեան պատմութիւնը սահմանափակուած է Զարթօնքի, Իրապաշտ ու Գեղապաշտ սերունդի գրողներով, իբրեւ թէ, պարզ է, որ աշակերտը անտեղեակ պիտի ըլլայ ժամանակակից գրողներու գոյութեան:        

Ուրկէ՞ ուր ան պիտի լսէ Գ. Պըլտեանի, Վ. Թեքեանի, Յ. Պէրպէրեանի, Ք. Բատիկեանի, Թ. Պոյաճեանի, Հ. Էդոյեանի, Յ. Արայի, Ա. Պաչեանի եւ այլ ժամանակակից գրողներու (լա՞ւ, թէ՞ վատ՝ ուրիշ հարց) անունները:

Ի վերուստ ինչ-որ մէկը պիտի չփսփսայ անոր ականջին:

Խնդիրը այն է, որ շատ անգամ նոյնինքն ուսուցիչը տեղեակ չէ, թէ ո՛վ կայ այս պահուս հրապարակին վրայ եւ ի՛նչ գործեր կը հրատարակուին, այլ խօսքով՝ մեր գրականութիւնը ի՛նչ փուլէ կ՚անցնի հիմա, վստահ ըլլալով, որ ուշադրութեան արժանի չէ ան, եւ սա՝ առանց որեւէ տող կարդացած ըլլալու ժամանակակից գրողներու գործերէն:

Ժամանակակիցը ընդհանրապէս մերժելի է մեր գրական շրջանակներուն համար, իսկ դասականը՝ սրբադասուած ու անփոխարինելի: Եւ ո՞վ կրնայ մեղադրել աշակերտը, եթէ ան ալ, իր կարգին, նման վերաբերում ու կեցուածք ցուցաբերէ այսօր ստեղծուող գրականութեան հանդէպ, ըլլայ այդ Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:

Ո՞վ է մեղաւորը՝ դուք ըսէք:

Խօսինք քիչ մը արեւտմահայերէնը իւրացնելու կարեւորութեան մասին:

Ստեղծագործող աշակերտը, որքան ալ ծանօթանայ մեր դասական ու ժամանակակից գրականութեան (տաղանդաւոր ըլլալէ զատ), չի կրնար յաջողիլ, տեղ մը անպատճառ պիտի սայթաքի, եթէ ան ճիգ չգործադրէ տիրապետելու արեւմտահայերէնին:

Ուստի, «կեցցես»ներու ու «հպարտ ենք քեզմով»ներու փոխարէն, թող դասատուն գէթ մղէ զայն, որ լեզու ու քերականութիւն ուսումնասիրէ. ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն ու բայերու խնդրառութիւն: Գործնակա՞ն առաջարկ,- թող ան ձեռքը առնէ, սկսելու համար, Կ. Առաքելեանի, Ա. Եղիայեանի ու Յ. Չոլաքեանի քերականութեան (դասա)գիրքերը ու սկսի լուռ ու մունջ ուսումնասիրել զանոնք:

Վստահաբար ան պէտք չունի քերականագէտ դառնալու, սակայն առնուազն ամենէն տարրական կանոններուն ու օրէնքներուն պարտի ծանօթ ըլլալ: Եւ կարելի է անտարակոյս ըսել, որ որոշ ժամանակ ետք անոր գրելաձեւը էական փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, անշուշտ միշտ դէպի լաւը, եւ սա նկատի կը դառնայ առաջին իսկ հայեացքէն:

Սակայն տակաւին իր առաջին քայլերը ընող ապագայ գրողը ամենեւին ուշադրութիւն չի դարձներ այս կէտին վրայ՝ կարծելով, թէ գրելը, թէկուզ շարունակ գրելը մինակ բաւարար է: Մինչդեռ ո՛չ, բաւարար չէ: Ան ստիպուած է լեզուին գաղտնարանը յայտնաբերելու միջոցները գտնելու, այսինքն՝ անոր գաղտնիքներն ու ներքին ծալքերը բացայայտելու:

Եւ ո՞վ կրնայ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրել այս հարցին վրայ, եթէ ոչ ուսուցիչը:

Ահաւասիկ այս ձեւով է, որ հայկական վարժարան մը «պիտի ծափահարէ» գրական հակում-խմորում ունեցող աշակերտները եւ ոչ թէ լոկ քաջալերական փուչ ու նանիր խօսքեր տեղացնէ անոր գլխուն:

Ի սկիզբ բանիս անդրադարձ կատարած էի 19-րդ դարու վերջին քսանեամակի ու 20-րդ դարու մեր գրական շարժումներուն՝ նախաեղեռնեան ու յետեղեռնեան, ի մասնաւորի նշելով, որ անոնց մէջ կը կազմաւորուէին մեր ապագայ գրողները՝ դպրոցական գրասեղաններէն իսկ: Արդ, չկայ նոյն գրական մթնոլորտը: Ուստի զայն հնարաւորինս պիտի փորձէ «ձեւաւորել» ոչ այլ ոք, քան գրականութեան դասատուն:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021