ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանս Քաֆքայի ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն մին է «Կերպարանափոխութիւն»ը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1915 թուականին եւ կը համարուի հեղինակի ամենահանրաճանաչ գործը։ Գիրքը կը ծանօթացնէ «միջատի վերածուած մարդ» մը, սակայն վէպի հաղորդած իմաստը եւ տողատակերը այսքանով սահմանափակուած չեն։

Բազմաթիւ գրողներ փորձած են խորասուզուիլ մարդկութեան անծայրածիր հոգեբանութեան մէջ, բայց Քաֆքան իր ստեղծագործ ու իմաստուն գրչի շնորհիւ յաջողած է դոյզն ինչ բացայայտել անոր նրբերանգները։

Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Կրեկոր Սամսա օր մը կ՚արթննայ եւ կ՚անդրադառնայ, թէ ան կերպարանափոխուած է հրեշային միջատի մը ու այսպէս կը սկսի պատմել իր կեանքի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու, իրեն նկատմամբ շուրջիններու վերաբերմունքին մասին։

Կրեկոր, առաւօտ մը չկրցաւ արթննալ եւ գործատեղիին ուշանալուն պատճառով ուզեց աճապարանքով անկողինէն դուրս գալ, բայց այդ օրը աւելի բարդ եւ դժուար էր նախորդ օրերու բաղդատմամբ։ Նկատելով իր «նոր» ոտքերը, որոնք կը շարժէին իր կամքէն անկախ, դարձեալ փորձեց անկողինէն դուրս գալ։ Մայրը նկատեց, որ իր որդին չէ արթնցած, թակեց Կրեկորի սենեակին դուռը՝ արթնցնելու համար զայն։ Կրեկոր արթնցած ըլլալը հաստատեց կղպուած դրան ետեւէն։ Մայրը մտածեց, թէ ան հիւանդացած էր։ Կրեկորի մայրը մտահոգուած էր, քանի որ ան կ՚ուշանար աշխատանքի եւ սա անսովոր էր։ Կրեկորի քոյրը՝ Կրեթան, որ շատ մտերիմ քոյր-եղբայր էին, շշուկով խօսեցաւ անոր հետ, որպէսզի համոզէ դուռը բանալու համար։ Կրեկոր դարձեալ փորձեց մահճակալէն դուրս գալ, բայց չկրցաւ շարժել իր մարմինը։ Այս ընթացքին լսեց, թէ իր գործատէրը եկած էր տուն՝ պարզելու համար անոր աշխատանքէ բացակայութեան պատճառը։ Բարկացած էր ան։ Կրեկոր անընդհատ ըսաւ, որ ան պիտի բանայ դուռը, սակայն դրան միւս կողմը ոչ ոք կը հասկնար անոր ըսածները։ Պատճառը այն էր, որ անոր ձայնը նոյնպէս «այլափոխուած» էր։ Հասկնալով, որ պիտի պաշտօնազրկուի, Կրեկոր բացաւ դուռը եւ դուրս ելաւ։ Երբ գործատէրը տեսաւ Կրեկորը, վախցաւ եւ անմիջապէս խոյս տուաւ տունէն։ Մայրը ուշաթափեցաւ, իսկ հայրը փայտի հարուածներով՝ Կրեկորը վռնտեց իր սենեակը։ 

Երբ Կրեկոր կերպարանափոխուեցաւ, իր շուրջինները, մանաւանդ՝ գործատէրը չէին հետաքրքրուած, թէ ի՛նչ պատահած էր անոր։ Անոնք միայն կը հետաքրքրուէին Կրեկորի աշխատանքի ուշացած ըլլալուն պատճառով։ Երբ գործատէրը տեսաւ Կրեկորի կերպարանափոխուած մարմինը՝ հասկցաւ, թէ ան այլեւս անճարակ, անգործունակ է, ի զօրու չէ իրենց որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալու եւ անմիջապէս փախաւ տունէն։ Ան այլեւս «շահագործելի» չէր։ Ի՞նչ կարիք կար այդտեղ մնալու եւ ժամանակ վատնելու, մսխելու։ 

Քաֆքա իր այս ստեղծագործութեամբ կը բացատրէ նաեւ փոխուող ընկերային յարաբերութիւնները, իրենց շրջապատէն օտարացած մարդոց հոգեբանութիւնը եւ անոնց նկատմամբ հասարակութեան վերբերմունքը եւ այլն։ Կրեկոր Սամսայի օտարացած, յօշոտուած «էութիւնն» ալ վերածուեցաւ ուտիճի։

Կերպարանափոխութեան զուգահեռ փոխուած էին նաեւ Կրեկորի սովորութիւնները։ Կրեկոր յաջորդ առաւօտ տեսաւ, որ իր սենեակը գաւաթ մը կաթ ու հացի պատառ մը դրուած էր։ Ան միայն կ՚ուզէր ուտել փտած, բորբոսած սնունդներ։ Կրեթան կը մաքրէր Կրեկորի սենեակը, իսկ ան կը թաքնուէր, որպէսզի չվախցնէ քոյրը։ Կրեկոր դրան ետեւէն կը լսէր ընտանիքի անդամներու խօսակցութիւնները։ Անոնք յաճախ կը խօսէին ընտանիքի անձուկ վիճակի մասին, քանի որ Կրեկոր այլեւս աշխատանք չունէր եւ չէր կրնար օգնել անոնց։ Կրեկոր ծրագիրներ ունէր քրոջը երազանքները իրականացնելու կապակցութեամբ։ Կրեթան կը փափաքէր դառնալ ջութակահարուհի եւ ուսանիլ երաժշտանոցի մը մէջ։ Կրեկոր որոշած էր անակնկալ մը ընել իրեն։ Կրեթան իր եղբօրը ուզած կերակուրը կը թողէր սենեակը եւ կը մաքրէր զայն։ Ընտանիքի անդամներէն Կրեկորի մասին հոգ տանողը միայն քոյրն էր։ Բայց եւ այնպէս, որոշ ժամանակ անց, նկատելով, որ եղբայրը այլեւս պիտի չբարելաւուի, նետուեցաւ աշխատանքային ասպարէզ։ Կրեթա աշխատանքի սկսելէ յետոյ դադրեցաւ մաքրելէ իր եղբօրը սենեակը եւ Կրեկորի տունէն հեռացման մասին առաջին խօսողը եղաւ ան։ Կրեթայի խօսքերէն յետոյ հայրը սկսաւ բռնութիւն գործադրել Կրեկորի վրայ եւ օր ըստ օրէ սաստկացաւ բռնութեան մակարդակը։ Ամենացաւալին է, թէ ընտանիքի միւս անդամները այս պատահածներէն որեւէ անհանգստութիւն չէին զգար։

Բոլորս կը յանկերգենք, թէ մարդու արտաքին տեսքը երկրորդական է եւ առաջնային ու ամենակարեւորն է՝ ներքին գեղեցկութիւնը։ Դժբախտաբար, թէեւ կը յանկերգենք, սակայն առաջին հերթին մենք մեզ կը խաբենք, քանի որ մեր իսկական մտածումը այդպէս չէ։ Կեանքի ընթացքին անպայման հանդիպած ենք ընտանիքներու, թէեւ միշտ բացառութիւնները յարգելի են, որոնց անդամներէն մին հաշմանդամ է կամ՝ անկողնի ծառայող։ Բայց որոշ ժամանակ անց ընտանիքի միւս անդամները կը սկսին դժուարութեամբ տանիլ նոյնիսկ անոր ներկայութիւնը։ Ի հարկէ, հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն անոր բարելաւման համար, սակայն ներքնապէս կը փափաքին այդ անտանելի, ցաւալի ու տառապալից վիճակի վերջ գտնելը։ Նոյն պարագան ներկայացուած է գիրքին մէջ։ 

Բնութեան մէջ կայ օրէնք մը. իւրաքանչիւր արարած կը ձգտի հանգիստ ապրելու, անդորր կեանք մը ունենալու։ Բայց եթէ որեւէ փոփոխութիւն կամ որեւէ պատահար խանգարէ եւ խաթարէ իրենց հանգստութիւնը, անոնք կը կեդրոնանան միայն իրենց նախկի՛ն անդորրութեան հասնելու, իրենց նախկին հանգիստը վերահաստատելու վրայ։ Ինչպէս գիրքին մէջ ներկայացուած է, Սամսա ընտանիքի անդամները կը սկսին աշխատանքի, երբ Կրեկոր այլեւս գործունակ չէ։ Արդեօք կարելի չէ՞ր, որ անոնք աշխատէին, երբ Կրեկոր կ՚աշխատէր եւ «առողջ» էր։ Այս հարցումը լոյս կը սփռէ այն իրողութեան, թէ ամբողջ ընտանիքը կը գերադասէին միայն իրենց հանգիստը, իսկ այս բանին համար ալ կը շահագործէին Կրեկորը։ 

Հեղինակը գրեթէ հարիւր տարի առաջ կանխատեսած է դրամատիրութեան ազդեցութիւնները ընտանեկան եւ ընկերային յարաբերութիւններու վրայ։ Մէկ խօսքով, երբ կարդանք «Կերպարանափոխութիւն» գիրքը եւ ուսումնասիրենք Կրեկորի կերպարը, կ՚անդրադառնանք, թէ ան իւրաքանչիւր մարդու կեանքի հայելին է։ Քաֆքայի իւրայատուկ եւ բացառիկ երեւակայութեան շնորհիւ է, որ ամէն անգամ ընթերցողը բոլորովին նոր իմաստներ կը քաղէ անոր իւրաքանչիւր երկէն։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 5, 2021