ԴՐԱԿԱՆ ՀԱՄԲԱՒԻ ՎԵՐԵԼՔ

Հա­յաս­տա­նի մէջ, բա­ցուած է զբօ­սաշր­ջու­թեան շրջա­նը: Յա­ռա­ջի­կայ հինգ-վեց ա­միս­նե­րը կա­րե­լի է նկա­տել Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշրջու­թեան ա­մե­նա­թէժ ա­միս­նե­րը, երբ Եր­ե­ւա­նի փո­ղոց­ներն ու Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րը կը լե­ցուին զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ե­կած զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րով, հիւ­րե­րով եւ այ­ցե­լու­նե­րով:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք՝ սկսեալ 1990-ա­կան­նե­րէն զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ երկ­րի տնտե­սու­թեան կար­ե­ւո­րա­գոյն եւ գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւ­նը կը նկա­տուի: Այս աս­պա­րէ­զի հան­դէպ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէ ա­ռանձ­նա­ցուած պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Զբօ­սաշր­ջա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հիմ­քին մէջ դրուած են քա­նի մը հիմ­նա­կան նպա­տակ­ներ՝ զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու քա­նա­կի աճ, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն ստա­ցուած ե­կա­մուտ­նե­րու ա­պա­հո­վում եւ ա­ւե­լա­ցում, աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու ստեղ­ծում, Հա­յաս­տա­նի համ­բա­ւի եւ ա­նոր մշա­կոյ­թի տա­րա­ծու­մը՝ աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Հա­յաս­տա­նը այն ե­զա­կի եր­կիր­նե­րէն մէկն է, ուր զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ոչ միայն տե­ղաբ­նակ­նե­րուն, այլ նաեւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ­նե­րու հա­մար: Բա­ցի բնու­թեան գե­ղա­տե­սիլ վայ­րե­րէն, Հա­յաս­տա­նի մէջ կան նաեւ բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան յու­շար­ձան­ներ, ո­րոնք, ինչ­պէս պատ­մամ­շա­կու­թա­յին, այն­պէս ալ հոգ­ե­ւոր ա­ռու­մով կար­ե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին թէ՛ հայ ժո­ղովուր­դի, թէ՛ հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար: Զբօ­սաշր­ջու­թեան աս­պա­րէ­զի մաս­նա­գէտ­նե­րը կը նշեն, որ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նի զար­գաց­ման բազ­մա­թիւ նա­խադ­րեալ­ներ: Յայտ­նի դար­ձած է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը բազ­մա­ցած է Ի­րա­նի, Եւ­րո­միու­թեան եր­կիր­նե­րու, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Սկան­տի­նա­ւեան եր­կիր­նե­րու, Թուր­քիո­յ զ­բօ­սաշր­ջիկ­նե­րու կող­մէ:

Սա­կայն, զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը տու­ժէ այն բո­լոր խնդիր­նե­րէն, ո­րոնք առ­կայ են միւս ո­լորտ­նե­րուն մէջ: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ մեծ գու­մար­ներ կը ներդ­րուին սպա­սարկ­ման աս­պա­րէ­զը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար, սա­կայն Հա­յաս­տա­նի սպա­սարկ­ման ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին չեն հա­սած մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն, բա­ցա­ռու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­նի մը մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թե­նէն, ո­րոնք ո­րակ ու չա­փա­նիշ կը թե­լադ­րեն:

Վեր­ջին շրջա­նին մի­տում կայ այ­լա­զա­նու­թիւն մտցնել զբօ­սաշր­ջու­թեան մէջ. ստեղ­ծուած են գիւ­ղա­կան, քա­րան­ձա­ւա­յին, հե­ծան­ւա­յին, բնա­պահ­պա­նա­կան, մշա­կու­թա­յին, խո­հա­նո­ցա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց հետ­ե­ւորդ­նե­րը ու­նին ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին եւ ա­նոնք, զբօ­սաշր­ջու­թեան նպա­տա­կով կը փնտռեն նոր եր­կիր­ներ, նոր մշա­կոյթ­ներ, նոր հա­մեր, ան­խառն բնու­թիւն...

Առ­հա­սա­րակ, որ­ե­ւէ երկ­րի զբօ­սաշր­ջու­թեան աս­պա­րէ­զի զար­գաց­ման հա­մար թիւ մէկ պայ­ման է երկ­րի համ­բա­ւը եւ ա­նոր ու­նե­ցած դրա­կան ցու­ցա­նի­շը՝ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ: Հա­յաս­տա­նի համ­բա­ւի մա­սին միան­շա­նա­կօ­րէն կա­րե­լի չէ ը­սել, թէ ան դրա­կան է։ Մէկ կող­մէն գո­յու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տա­նի հնա­գոյն մշա­կոյ­թի եւ ա­րա­րող ժո­ղո­վուր­դի մա­սին դրա­կան ըն­կա­լում, իսկ միւս կող­մէն՝ եր­կիր մը, ուր­կէ կ­­՚ար­տա­գաղ­թեն հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ, ուր կայ աղ­քա­տու­թեան մեծ տո­կոս եւ աշ­խա­տան­քի դժուա­րու­թիւն: Հա­յաս­տա­նի դրա­կան համ­բա­ւի բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեծ աշ­խա­տանք տա­րուած է աշ­խար­հի տա­րած­քին: Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը իր կար­գին, հայ­կա­կան կամ սփիւռ­քեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ի­րենց կար­գին ա­մէն ինչ ը­րած են Հա­յաս­տա­նի մա­սին ա­ւե­լի շատ դրա­կան տե­ղե­կա­տուու­թիւն, յա­ջո­ղու­թեան պատ­մու­թիւն­ներ, զար­գաց­ման ցու­ցա­նիշ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու: Այդ ա­մէ­նը իր դե­րը ու­նե­ցած է, սա­կայն՝ շատ դան­դաղ ժա­մա­նա­կի մէջ եւ ոչ այն­քան բա­ւա­րար ար­դիւն­քով:

Ան­ցեալ ա­միս ան­նա­խա­դէպ ի­րա­դար­ձու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ին­չ որ մե­ծա­պէս ազ­դեց Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւին վրայ: Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող ա­մե­րի­կա­հայ հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան՝ իր ա­մու­սի­նին, զաւ­կին, քրոջ ու ու­ղեկ­ցող խում­բին հետ: Ա­նոնց այ­ցէն տա­կա­ւին օ­րեր ա­ռաջ եւ այն հինգ օ­րե­րու ըն­թաց­քին, երբ աստ­ղա­յին այս ըն­տա­նի­քը կը գտնուէր Հա­յաս­տա­նի մէջ, աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի վրայ: Նշա­նա­ւոր ABC News-ը, օ­րի­նակ, յօ­դուած մը տպած է «Քար­տաշ­եան ըն­տա­նի­քի այ­ցը աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նէ Հա­յաս­տա­նի վրա­յ» խո­րագ­րեալ։ Յօ­դուած­ներ տպագ­րած են նաեւ աշխարհի վրայ հռչակաւոր բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը:

 Ա­նոնք, ո­րոնք չէին գի­տեր Հա­յաս­տան ա­նու­նով այդ փոք­րիկ երկ­րի մա­սին, հան­րա­յին դէմք նկա­տուող Քիմ Քար­տա­շեա­նի այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ հա­մա­ցան­ցի, քար­տէ­սի եւ տար­բեր ո­րո­նո­ղա­կան հա­մա­կար­գե­րու մի­ջո­ցով փնտռած եւ գտած են Հա­յաս­տա­նին տե­ղը, ա­ւե­լի՛ն՝ կար­դա­ցած ա­նոր պատ­մու­թեա­ն եւ ներ­կա­յի մա­սին:

 Հա­մաշ­խար­հա­յին բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը սկսած են գրել Հա­յաս­տա­նի մա­սին տա­կա­ւին այն ժա­մա­նակ, երբ դեռ Քիմ Քար­տա­շեա­ն Հա­յաս­տան տա­նող օ­դա­նա­ւը օ­դին մէջ էր: Մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի ըն­թաց­քին չէին լսած Հա­յաս­տա­նի մա­սին կամ ան­տար­բեր էին, Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ ա­նոր ա­մու­սի­նի՝ հա­մաշ­խար­հա­յին ռա­փ աստղ Քե­նի Ո­ւես­տի այ­ցով սկսած են ի­րա­պէս հե­տաքրքր­ուիլ Հա­յաս­տա­նով եւ ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ այ­ցե­լու եր­կիր­նե­րու շար­քին, հնա­րա­ւոր է, որ նե­րա­ռած են նաեւ Հա­յաս­տա­նը:

Քիմ Քար­տա­շեան, իր ա­մու­սի­նը եւ քոյ­րը, ո­րոնք նոյն­պէս շատ հան­րա­ճա­նաչ են, Հա­յաս­տան գտնուե­լու օ­րե­րուն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս գո­վազ­դած են Հա­յաս­տա­նը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րենց ա­մէն մէկ քայ­լի մա­սին կա­տա­րե­լով գրա­ռում­ներ հա­մա­ցան­ցին վրայ, այդ մա­սին տե­ղե­կաց­նե­լով ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու՝ Twitter-ի, Facebook-ի եւ այլ ժա­մա­նա­կա­կից կա­պի մի­ջո­ցաւ: Քիմ Քար­տա­շեան, իր ա­մու­սի­նը եւ ա­նոնց ըն­տա­նի­քի այլ ան­դամ­ներ այդ ցան­ցե­րուն մէջ ու­նին մի­լիո­նա­ւոր հետ­ե­ւորդ­ներ:

Մաս­նա­գէտ­նե­րը նոր եզր յօ­րի­նե­ցին Քիմ Քար­տա­շեա­նի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, զայն ա­նուա­նե­լով «Քի­մի ար­գա­սի­ք» (կամ ներ­գոր­ծու­թիւն) (Kim՚s effect) եւ այդ ա­մէ­նով սկսան չա­փել այն ամ­բողջ օ­գտա­կա­րու­թիւ­նը, զոր Հա­յաս­տա­նը ստա­ցաւ Քար­տա­շեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­-տարուած այ­ցե­լու­թե­նէն: Այդ այ­ցե­լու­թիւ­նը նկա­տուե­ցաւ «Տա­րուան այ­ցե­լու­թիւ­ն»:

Մաս­նա­գէտ­նե­րը նախ ստու­գե­ցին Wiki-pedia մի­ջազ­գա­յին առ­ցանց հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նին մէջ Հա­յաս­տա­նի անգ­լե­րէն է­ջի ըն­թեր­ցե­լիու­թիւ­նը, ո­ր Քիմ Քար­տա­շեա­նի՝ Հա­յաս­տան այ­ցէն ետք դի­տուած է օ­րա­կան մի­ջի­ն հա­շուով հինգ հա­զար ան­գամ։ Հայ աշ­խար­հահռ­չակ հե­ռուս­տա-աստ­ղը Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է 8 Ապ­րի­լին, եւ նոյն օ­րը Wikipedia-ի մէջ միայն անգ­լե­րէն լե­զուով Հա­յաս­տա­նի է­ջի դի­տում­նե­րուն քա­նա­կը հա­սած է 8 հա­զար 208-ի։ 9 Ապ­րի­լին այդ թի­ւը հա­սած է 14 հա­զա­րի, 10-ին՝ 15 հա­զար 600-ի։ 11 Ապ­րի­լին ցու­ցա­նի­շը քիչ մը նուա­զած է, իսկ յա­ջորդ օ­րը նոր ցու­ցա­նիշ գրան­ցած է՝ 16 հա­զար 830։ Ան­շուշտ, 12 Ապ­րի­լին Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ճը հիմ­նա­կա­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած էր նաեւ Հռո­մի մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գով, սա­կայն նա­խորդ օ­րե­րու ըն­թաց­քին Քար­տա­շեան­նե­րու ներդ­րու­մը այս հար­ցին մէջ ա­նու­րա­նա­լի է։ Ընդ­հա­նուր հա­շուարկ մը ցոյց կ­­ու տայ, որ Քիմ Քար­տա­շեա­նի այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն՝ շնոր­հիւ ա­նոնց ներ­կա­յու­թեան Հա­յաս­տա­նի մէջ, Wikipedia-ի Հա­յաս­տա­նի է­ջը ու­նե­ցած է շուրջ 35 հա­զար լրա­ցու­ցիչ այ­ցե­լու։ Այ­սինքն՝ այս­քան մարդ, լսե­լով, որ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող ըն­տա­նի­քը այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան՝ փոր­ձած է ինք­նու­րոյն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել երկ­րին մա­սին: Քիմ Քար­տա­շեա­ն մի­լիո­նա­ւոր հետ­ե­ւորդ­ներ ու­նի աշ­խար­հի ե­րեք խո­շոր ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ՝ 30 մի­լիոն հետ­ե­ւորդ ու­նի Instagram-ի, 25 մի­լիոն՝ Facebook-ի եւ 31 մի­լիոն՝ Twitter-ի մէջ: Ըստ ո­րոշ տուեալ­նե­րու, Քար­տա­շեան քոյ­րե­րը այ­սօր աշ­խար­հի մէջ ա­ւե­լի ճանչ­ցուած են, քան՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը: Ուս­տի ա­նոնց ա­մէն մէկ հրա­պա­րա­կուած լու­սան­կա­րին կամ գրառ­մա­ն մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ կը հետ­ե­ւին եւ հա­ւա­նու­թիւն կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւն կու տան: Պա­տա­հա­կան չէ, որ Հա­յաս­տա­նէն տե­ղադ­րուած լու­սան­կար­ներն ու գրա­ռում­նե­րը մեծ տա­րա­ծում գտած են աշ­խար­հի մէջ՝ գո­վազ­դե­լով Հա­յաս­տա­նը եւ ճա­նա­պարհ բա­նա­լով ա­նոր դրա­կան համ­բա­ւի ուղ­ղու­թեամբ: Քար­տա­շեա­ն Հա­յաստա­նէն գրա­ռում­ներ կա­տա­րած է երկ­րի բնու­թեան, ու­տե­լի­քի, ջերմ ու բա­րեա­ցա­կամ մար­դոց մա­սին, նշած է Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան հա­րուստ ան­ցեա­լի հան­գա­ման­քը՝ ա­մէն մէկ գրառ­ման մէջ նշե­լով այն ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, զոր Հա­յաս­տա­նի բնա­կիչ­նե­րը ա­մէն քայ­լա­փո­խի ցու­ցա­բե­րած են իր ու իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն հան­դէպ:

ԳԵ­ՂԱՐ­ԴԻ ՎԱՆ­ՔԸ ԵՒ Ա­ՆՈՐ ՀԱՄ­ԲԱ­ՒԻ ՏԱ­ՐԱ­ԾՈՒ­ՄԸ

Քար­տա­շեան Հա­յաս­տա­նի մէջ այ­ցե­լած է կարգ մը վայ­րեր. ինչ­պէս՝ «Գա­ֆես­ճեա­ն» կեդ­րոն, «Մայր Հա­յաս­տա­ն» յու­շա­հա­մա­լիր, Կիւմ­րի, Եր­ե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լած է ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոն եւ ճա­շա­րան­ներ, բայց դի­տար­կենք մա­նա­ւանդ Գե­ղարդ ա­նոր այ­ցը, ո­ր ան­տար­բեր չձգեց ա­նոր երկր­պա­գու­ներն ու հետ­ե­ւորդ­նե­րը:

Գե­ղար­դի վան­քը կը նկա­տուի Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին կար­ե­ւոր վայ­րե­րէն մէ­կը: Ա­մէն տա­րի հա­զա­րա­ւոր զբօ­սաշրջիկ­ներ կ՚այ­ցե­լեն միջ­նա­դա­րեան Հա­յաս­տա­նի հոգ­ե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն նկա­տուած հան­րահռ­չակ վան­քը, ո­ր, ըստ ա­ւան­դու­թեան, հիմ­նադ­րած է Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը: Վան­քը մաս կը կազ­մէ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան: Հա­յաս­տան գտնուե­լու օ­րե­րուն Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ ա­նոր ու­ղեկ­ցող խում­բի Գե­ղարդ այ­ցե­լու­թիւ­նը, ինչ­պէս ի­րենց ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ կը նշեն հան­րա­յին կա­պե­րու (PR) մա­սնա­գէտ­նե­րը, զգա­լիօ­րէն հան­րա­ծա­նօթ դար­ձու­ցած է վան­քի մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւը: Միայն իր ու դստեր հետ մոմ վա­ռե­լու լու­սան­կա­րը տե­ղադ­րե­լէն ետք ա­ռա­ջին հինգ ժա­մուան ըն­թաց­քին հա­ւա­քած է հինգ հա­րիւր յի­սուն հա­զար հա­ւա­նում: Այ­ցե­լու­նե­րը, հաւ­նե­լով Քի­մի լու­սան­կա­րը, բնա­կա­նա­բար, ու­շադ­րու­թիւն դար­ձուած են, թէ ան ուր վա­ռած է իր մո­մը: Այս վի­ճա­կը շա­րու­նա­կուած է նաեւ միւս օ­րե­րուն:

Գե­ղար­դէն գրա­ռում­ներ կա­տա­րած են նաեւ Քիմ Քար­տա­շեա­նի քոյ­րը, Քիմ Քար­տա­շեա­նի դի­մա­յար­դա­րը՝ Մա­րիօ Տե­տի­վա­նո­վի­չ, որ ու­ղեկ­ցած է քոյ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցի ըն­թաց­քին եւ նոյն­պէս մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նի եւ մի­լիո­նա­ւոր հե-տե­ւորդ­ներ՝ ցան­ցե­րու մէջ, այ­սինքն ա­նոր գրա­ռու­մը նոյն­պէս գո­վազդ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի հաշ­ւոյն: Քար­տա­շեա­նի դի­մա­յար­դա­րը Գե­ղար­դի մէջ իր կա­տա­րած տե­սա­նիւ­թը տե­ղադ­րած էր Instagram-ի իր է­ջին վրայ եւ կա­տա­րած է հետ­ե­ւեալ գրա­ռու­մը. «Գե­ղար­դի վան­քը՝ ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ վայ­րե­րէն մէ­կը, որ երբ­ե­ւի­ցէ տե­սած չե­մ ն­ման վայր մը»: Այս գրա­ռու­մը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած է մի­լիո­նա­ւոր օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րու կող­մէ: Գե­ղար­դի մա­սին գրա­ռում կա­տա­րած է նաեւ Քիմ Քար­տա­շեա­նի թիկ­նա­պա­հը: Հա­յաս­տա­նի մէջ մաս­նա­գէտ­նե­րը ուղ­ղա­կի զար­մա­ցած են, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է քա­նի մը ժա­մուան ըն­թաց­քին եւ ա­ռանց լուրջ ջան­քեր ներդ­նե­լու, թէ­կուզ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով գո­վազ­դել Գե­ղար­դի վան­քը՝ հան­րա­յին դէմք հան­դի­սա­ցող մար­դոց այ­ցե­լու­թեան շնոր­հիւ: Մաս­նա­գէտ­նե­րը յան­գած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ ա­ւան­դա­կան քա­րոզ­չա­մի­ջոց­նե­րու կող­քին այ­սօր հա­ւա­սար եւ ա­ւե­լին ալ ի­րենց դե­րը ու­նին ժա­մա­նա­կա­կից քա­րոզ­չա­մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնց­մէ պէտք չէ խոր­շիլ եւ պէտք է փոր­ձել օ­գուտ քա­ղել:

Google եւ այլ առ­ցանց ո­րո­նո­ղա­կան հա­մա­կար­գե­րու մէջ փնտռման յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը ա­ճած է Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի, Քաս­կա­տի, «Թու­մօ» կեդ­րո­նի՝ ուր այ­ցե­լած է աշ­խար­հի ա­մե­նան­շա­նա­ւոր եր­գիչ­նե­րէն մէ­կը՝ Քիմ Քար­տա­շեա­նի ա­մու­սի­նը՝ Քե­նի Ո­ւես­տ, «Ար­մե­նիա» պան­դո­կի, «Մալ­խա­ս» ճազ ա­կում­բի, ե­րեք-չորս ճա­շա­րան­նե­րու, Վա­հագ­նի թա­ղա­մա­սի՝ ուր Քար­տա­շեան­նե­րուն հո­ղա­տա­րածք մը ըն­ծա­յուե­ցաւ, եւ այն բո­լոր վայ­րե­րու ուղ­ղու­թեամբ, ուր այ­ցե­լած են ա­նոնք: Այս այ­ցով շա­հած են բո­լոր այն վայ­րե­րն ու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, օ­րի­նակ՝ «Մեր­կե­լեան կար­պե­տ», «Ա­ղաք­սա­կ» յու­շա­նուէր­նե­րու խա­նութ ե­ւայլն, ուր այ­ցե­լած է Քիմն ու ա­նոր ըն­տա­նի­քը։

Գե­ղար­դի մա­սին թի­ւե­րով դի­տար­կում ըն­դա­մէ­նը դրուագ էր, բայց նկա­տի ու­նե­նանք, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ վե­րա­դառ­նա­լէ ետք Քար­տա­շեան քոյ­րե­րու այ­ցի մա­սին ժա­պա­ւէն պի­տի պատ­րաս­տուի, այդ մէկն ալ ի սկզբա­նէ ե­ղած է ա­նոնց այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը՝ նկա­րա­հա­նել ժա­պա­ւէն մը՝ «Վե­րա­դարձ ար­մատ­նե­րու­ն» ընդ­հա­նուր գա­ղա­փա­րի ներ­քոյ ու զայն տա­րա­ծել: Իսկ մինչ ժա­պա­ւէ­նը՝ հա­յաս­տա­նեան այ­ցե­լու­թեան նիւ­թե­րը տեղ կը գտնեն Keeping Up With The Kardashians ռեա­լի­թի-շոուի մէջ, որ ու­նի բազ­մա­մի­լիոն հե­ռուս­տա­տե­սի­լա­յին լսա­րան եւ ո­րու շնոր­հիւ ալ Քար­տա­շեան քոյ­րե­րը նշա­նա­ւոր դար­ձած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Քար­տա­շեան­նե­րու գո­վազ­դա­յին ար­շա­ւը տա­կա­ւին չէ վեր­ջա­ցած եւ զբօ­սաշր­ջա­յին շրջա­նի բա­ցու­մէն ա­ռաջ ա­նոնց այ­ցը մեծ պար­գեւ մըն էր Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Քար­տա­շեա­նի այ­ցի մա­սին գրած են բա­ցա­ռա­պէս բո­լոր նշա­նա­ւոր պար­բե­րա­կան­նե­րը, նոյ­նիսկ պահ­պա­նո­ղա­կան նկա­տուող­նե­րը, ո­րոնք հա­կա­ռակ ա­նոր, որ կը գի­տակ­ցէին, թէ անվ­ճար կը գո­վազ­դեն եր­կիր մը, բայց միւս կող­մէ ալ տե­ղի կ՚ու­նե­նար հան­րա­յին պա­հան­ջուած ան­ձի մը այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րուն սկզբուն­քօ­րէն չէին կրնար չանդ­րա­դառ­նալ, քա­նի որ այդ այ­ցի ման­րա­մաս­նե­րուն կը սպա­սէր ըն­թեր­ցող­նե­րու մեծ բա­նակ մը:

Մե­տիայի մշտա­դի­տարկ­ման (monitoring) հա­յազ­գի փոր­ձա­գէտ Մայք Շալ­ճեան հան­դէս ե­կած է դի­տարկ­մամբ մը, ըստ ո­րու, վճա­րո­վի քա­րո­զար­շաւ մը կազ­մա­կեր­պե­լու պա­րա­գա­յին Քար­տա­շեան քոյ­րե­րու՝ Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին եր­կու օ­րե­րու լու­սա­բա­նու­մը միայն հե­ռուս­տա­տե­սու­թեամբ եւ ձա­յնաս­փիւ­ռով կ­­՚ար­ժէր 36.5 մի­լիոն տո­լար։ Փոր­ձա­գէ­տը հա­շուար­կի հա­մար հիմք ա­ռած էր ա­մե­րի­կեան յա­ռա­ջա­տար Nielsen եւ Arbitron կա­ռա­վար­ման կենդ­րոն­նե­րու ցու­ցա­նիշ­նե­րը: Ան տա­կա­ւին չէ դի­տար­կած տպա­գիր ու առ­ցանց մա­մու­լը, ո­րոնց մէջ նոյն­պէս մեծ ե­ղած է լու­սա­բա­նու­մը. ա­մէն մէկ հրա­պա­րակ­ման մէջ անվ­ճար անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին, ին­չ որ լրա­տուու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից մօ­տեց­մամբ ուղ­ղա­կի կը նկա­տուի գո­վազդ:

Ան­շուշտ, Քիմ Քար­տա­շեա­նի այ­ցը հան­րա­յին մեծ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նաց­նե­լու առ­թիւ ե­ղան նաեւ քննա­դա­տող­ներ եւ բա­րո­յա­խօս­ներ, սա­կայն փո­խա­րէ­նը գտնուե­ցան մար­դիկ, ո­րոնք բա­ցատ­րո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի մի­ջո­ցով հասկ­ցու­ցին, թէ ու­նե­ցած ուժն ու ա­պա­ւէն­նե­րը պէտք է ճիշդ գնա­հա­տել՝ ա­ռանց տա­րուե­լու այլ­ե­ւայ­լու­թիւն­նե­րէ։ Մա­նա­ւանդ, Քիմ Քար­տա­շեան Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է ըն­տա­նի­քով, ին­չ որ ան փոր­ձած է հաս­տա­տել, թէ իր ան­ցեա­լը ար­դէն ե­տին է եւ ինք իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է ըն­տա­նի­քի եւ ար­մատ­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման վրայ: Այդ ա­մէն ին­չէն ետք ան­շուշտ պա­տա­հա­կան չէր նաեւ Հա­յաս­տա­նէն յե­տոյ ա­նոնց այ­ցը Ե­րու­սա­ղէմ, ուր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին մէջ ա­նոնք մկրտե­ցին ի­րենց դուստ­րը:

Քիմ Քար­տա­շեա­նի այ­ցե­լու­թե­նէն Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ այս տա­րուան զբօ­սաշր­ջա­յին ակն­կա­լիք­նե­րը մեծ են: Ա­ռա­ջին քայ­լը կա­տա­րուած է, կը մնայ ա­պա­հո­վել շա­րու­նա­կու­թիւ­նը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015