ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Զ.)
Զ) ԴՈՒԻՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ
Կոչուած է նաեւ Սրբոյն Գրիգորի ժողով, Դուինի Ս. Գրիգորի Կաթողիկէին մէջ գումարուած ըլլալուն համար։ Գումարուած է 554 թուին Մարտ 29-ին, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի Կաթողիկոսի օրով, «ընդդէմ քաղկեդոնականներու», ինչպէս նաեւ նեստորականներու գտած համարձակութեան առաջքը առնելու համար։ Նեստորականներ վերջին շրջանին վաճառաշահութեան պատճառով Պարսկաստանէն եկած եւ Հայաստան հաստատուած էին, եւ «Քրիստոնէական օթարաններ» էին կազմած, ուր կը կատարէին ամէն տեսակի պղծութիւն, գողութիւն, պոռնկութիւն եւ այլն։ Մաղաքիա Օրմանեան բացարձա2կապէս կը մերժէ այն տեսութիւնը, թէ ժողովը գումարուեցաւ «ընդդէմ քաղկեդոնականներու» եւ կը բացատրէ ըսելով, թէ՝ «ոմանք կը գրեն թէ այս ժողովը գումարուեցաւ հակառակ ժողովոյն Քաղկեդոնի (Թղթ. 221), սակայն ժողովին պատկանող երեք վաւերագիրներուն մէջ ալ բնաւ Քաղկեդոնի յիշատակութիւն կամ ակնարկութիւն չկայ, այլ միշտ անիծեալ խուժկաց նեստորականաց (Թղթ. 70), չար աղանդին խուժկաց նեստորականաց (Թղթ. 72) եւ անիծեալ նեստորականաց (Թղթ. 76) վրայ կը դառնայ բոլոր խօսքը»։
Այս ժողովին մասնակցած են 18 եպիսկոպոսներ, մեծ թիւով նախարարներ, ինչպէս նաեւ ուղղափառ ասորիներու Աբդիշոյ Եպիսկոպոսը։ Համաձայն տիրող կարծիքի, Հայ եւ քաղկեդոնական Եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցած երկբայութիւնները սկսած էին արդէն։
Դուինի Բ. ժողովին վերջնականապէս որոշուեցաւ, թէ երբ պէտք է տօնել Քը-րիստոսի Ծնունդը եւ Մկրտութիւնը։ Առաւել եւս որոշուեցաւ Ս. Աստուածը «որ խաչեցար»ով երգել։ Ժողովը ընդունած է «Ուխտ միաբանութեան հայոց աշխարհիս» գրութիւնը, ուր յիշուած են միայն երեք Տիեզերական Ժողովները, նզովուած են նեստորականութիւնը, պաւղիկեաններու եւ մծղնէութեան աղանդները, հաստատուած 37 կանոնները, որոնք «Կանոնագիրք Հայոց» գրքին մէջ յայտնի են «Կանոնք Ներսէսի Կաթողիկոսի եւ Ներշապհոյ Մամիկոնէից Եպիսկոպոսի» անունով։ Կանոնները դաւանական, ծիսական կարեւոր որոշումներ չունին, այլ կը վերաբերին Եկեղեցւոյ ու եկեղացականներու կարգ ու կանոնին։ Կանոնները մարմնական եւ նիւթական պատիժներ չեն սահմաներ, այլ՝ նզովքի, կարգալուծման եւ ապաշխարութեան կ՚ենթարկեն։
Մեղադրութեան թուղթը
Ներսէս Կաթողիկոս կ՚որոշէ ժողով գումարել եւ կը հրաւիրէ բոլոր եպիսկոպոսները։ Եպիսկոպոսները կ՚ուշանան, որուն պատճառաւ ալ Կաթողիկոսը ծանր ոճով մեղադրութեան թուղթ կը գրէ ու կ՚ըսէ. «Ձեզի համար հրաման տուինք, անմիջապէս Դուինի Ս. Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուելու, որպէսզի այստեղ միաբանութեամբ, աստուածահաճոյ խորհուրդներով կարելի ըլլար մէջտեղէն վերցնել այսպիսի անհնարին աղէտ մը (խօսքը ուղղուած է նեստորականներուն), եւ հանապազօրեայ հոգիի վիշտ մը…։ Սակայն դուք աննախանձախնդիր ըլլալով Աստուծոյ հանդէպ, ծուլութեամբ եւ անհոգութեամբ երկարաձգեցիք եւ Ս. Եկեղեցւոյ հանդէպ ձեր կատարելիք բազում գործերը մնաց անկատար, ձեր մարմնական հեշտութիւնը աւելի կարեւոր համարելով, որուն մեծապէս մեղադիր ենք»։ Այսպիսի ծանր ոճով մաղադրանքներէ ետք, Ներսէս Կաթողիկոս կը հրամայէ անմիջապէս գալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, առանց ուշացումի եւ կը թելադրէ, որ եպիսկոպոսները Աստուծոյ հանդէպ աւելի նախանձախնդիր ըլլան եւ չզբաղին մարմնական հեշտութեամբ ու ծուլութեամբ։
Է) ԴՈՒԻՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ
Ժողովը գումարուած է 610 թուին, նախագահութեամբ Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի Կաթողիկոսի եւ Սմբատ Բագրատունի իշխանի։ Ժողովին մասնակցած են հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ։
Աբրահամ Կաթողիկոսի օրով, վրաց եկեղեցին բաժնուած էր Հայ Եկեղեցիէն։ Այս բաժանումը առիթ ստեղծեց, որ զանազան գրութիւններ գրուին հայոց Աբրահամ Կաթողիկոսի եւ վրաց Կիւրոն Կաթողիկոսի միջեւ։ Նշենք, որ այդ ժամանակ Կիւրոն Եպիսկոպոս Հայ Եկեղեցիէն անջատուելով՝ Վրաստանի մէջ նոր եկեղեցի մը կը հիմնէ։
Ժողովը գումարուեցաւ, որպէսզի վրաց եկեղեցւոյ վերաբերմունքին առաջքը առնուի, որուն ընթացքին քննուեցաւ կաթողիկոսին քաղկեդոնական ըլլալու խնդիրը եւ ընդհանուր վճիռով մը բոլոր վրացիները քաղկեդոնական համարուեցան իրենց Կիւրոն Կաթողիկոսի հետ ու անոր հետեւորդներով։ Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի Կաթողիկոս ժողովի ընթացքին ժողովուրդին ուղղուած «Շրջայական Թուղթ» գրեց, որուն մէջ կը յայտարարուէր, թէ Կիւրոն Կաթողիկոս եւ իր հետեւորդները նզովուած են Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ կ՚արգիլէր անոնց Եկեղեցին երթալ։
Դուինի Գ. ժողովը եկեղեցական կանոններ չէ սահմանած, այլ միայն զրկած է վրացիներուն հայերէն հաղորդուիլ։ Ժողովը որոշած է հայոց, աղուանից եւ սիւնեաց աթոռներու աստիճանը եւ սահմանած է 9 դասակարգեր։ Հայ Եկեղեցւոյ գահակալը հռչակուած է պատրիարք, աղուանից եկեղեցւոյ գահակալը՝ արքեպիսկոպոս, սիւնեացը՝ մետրապոլիտ։
Ը) ԴՈՒԻՆԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎ
Ներսէս Գ. Տայեցի Կաթողիկոս խաղաղ շրջանէն օգտուելով, շինարարութեանց կողքին ուզեց նաեւ բարեկարգել Եկեղեցին, եւ այդ մտահոգութիւններէ մեկնած՝ ժողով գումարել տուաւ։
Ժողովը գումարուած է 645 թուին, որուն մասնակցեցան 17 եպիսկոպոսներ եւ նախարարներ։ Սահմանուեցան 12 կանոններ, որոնք «Կանոնագիրք Հայոց»ին մէջ ճանչցուած են «Կանոնք Դունայ Ս. Ժողովոյն» անունով։ Այս ժողովին կանոնները յար եւ նման են Շահապիվանի ժողովի կանոններուն, ուր պատիժները եղած են ծեծն ու տուգանքը։
Թ) ԴՈՒԻՆԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎ
640-ական թուականներուն, երբ արաբները արշաւեցին Հայաստանի վրայ, այդ օրուընէ սկսեալ Բիւզանդիոն իր մէջ զօրաւոր ձգտում ունէր Հայ Եկեղեցին իր կողմ գրաւել դաւանական միութեամբ, պարտադրելով անոր քաղկեդոնականութիւնը ընդունիլ։
Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս Գ. կայսրը եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը նամակ կ՚ուղարկեն հայոց կաթողիկոսին եւ Թէոդորոս Ռշտունի իշխանին, խնդրելով որ ընդունին քաղկեդոնականութիւնը եւ վերջ տան թշնամանքի։ Ասոր վրայ հայոց Ներսէս Գ. Տայեցի Կաթողիկոսի եւ հայոց իշխան Թէոդորոս Ռշտունիի նախագահութեամբ Դուինի մէջ, 648 թուին ժողով մը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին մասնակցեցան հայոց բոլոր եպիսկոպոսներն ու նախարարները։ Եւ ահա Դուինի 5-րդ ժողովը գումարուեցաւ՝ յոյներուն ուղարկուելիք պատասխանը որոշելու, ինչպէս նաեւ յոյներու եւ հայերու միջեւ դաւանական զանազան խնդիրները քննարկելու համար։
Ժողովը պատրաստեց յոյներուն ուղարկուելիք պատասխանը։ Յայտնի չէ սակայն, եթէ թուղթը ուղարկուած է կայսրին։ Սեբէոս Պատմիչ ընդարձակօրէն կը մէջբերէ անոր պարունակութիւնը։ Նամակը գլխաւորաբար կը բովանդակէ Հայ եւ յոյն Եկեղեցւոյ դաւանական տարբերութիւնները։ Կը յիշուի, որ Հայ Եկեղեցին իր դաւանանքը հիմնած է Տիեզերական Երեք Ժողովներուն վրայ, անկէ դուրս խստօրէն կը մերժէ բոլոր հերձուածողները, մանաւանդ քաղկեդոնականութիւնը։ Ժողովին որոշումները ստորագրուած են հոգեւորական եւ աշխարհական ժողովականներուն կողմէ, իրենց մատանիներով կնքած ու յանձնած կաթողիկոսին։
Թուղթին մէջ նզովուած է նաեւ Յովհան Մայրավանեցին, որ նաեւ ծանօթ է նաեւ Մայրագոմեցի մականունով։ Դուինի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ փակակալն էր եւ հմուտ աստուածաբան էր։ Կոմիտաս Աղձեցի Կաթողիկոս անոր կը յանձնէ տեղապահութիւնը։ Երբ կայսրը Դուինի մէջ գումարեց կրօնական ժողովը (633), Եզր Կաթողիկոսը իրեն հետ Մայրագոմեցին չտարաւ, որ կարող էր կրօնական վէճերուն լաւ պատասխան տալ։ Այս պատճառով Եզրը պարտուեցաւ եւ ստիպուեցաւ ընդունիլ քաղկեդոնական դաւանանանքը։ Ասոր պատճառով Յովհանը յանդիմանեց Եզր Կաթողիկոսը՝ ըսելով. «Դու յիրաւի կոչեցար Եզր, զի յեզր հանեալ տրոհեցիր զհայաստանեայսս, քակեալ զսահման հաւատոյ հարցն»։ Եզր Կաթողիկոսը քանակոծեց Յովհանը եւ հալածեց զայն։ Ասոր վրայ Յովհան Բջնիի Մայրոց վանք քաշուեցաւ։ Եզր Կաթողիկոս նախատինքի համար վայրը Մայրոյ գոմ կոչեց, իսկ Յովհանն ալ Մայրագոմեցի, որպէս թէ յամար եւ պինդ գլուխ մէկն էր։ Յովհան այստեղէն ալ հալածուելով՝ ճգնելու համար քաշուեցաւԳարդման գաւառը եւ այնտեղ ալ մեռաւ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ