ԿՐԷ՛, ՈՐ ԿՐԵՆՔ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամէն երեկոյեան պարտաճանաչ կը հետեւինք լուրերու հերթական թողարկումին: Անկեղծ ըսած, մինչ թագաժահրի ժամանակաշրջանը, ամէն օր չէր, որ երեկոյեան ժամը ութին կը գամուէինք հեռատեսիլի դիմաց եւ մեր շունչերը պահած կը հետեւէինք աշխարհի անցուդարձին: Ինչեւէ...

Գրեթէ ամէն օր լուրերու թողարկումի բարետես հաղորդավարուհին կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի մէջ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ խստագոյնս հետեւիլ համաճարակի կանոններուն. բացօթեայ ու փակ տարածութիւններու, ինչպէս նաեւ երթուղիներու մէջ մարդիկ կը շարունակեն հետեւիլ հակահամաճարակային կանոններուն:

-Ո՜հ, ինչ լաւ, ըսել է, թէ շուտով կը յաղթահարենք 2020 թուականը սեւ քօղի մը տակ առած սա չարաբաստիկ վարակը,- ինքնիրեն կը խորհիմ: Այնուհետեւ միտքս կը սկսի փայլատակելու.

-Վարկեան մը, այդ ինչպէ՞ս: Մարդիկ շաբաթներ շարունակ, ամրան տապին կը կրեն միեւնոյն դիմակը: Յիրաւի, դիմակի գինը բաւական յարմար է այսօր: Սակայն մեր ազգաբնակչութեան սահմանափակ միջոցները թոյլ չեն տար ամէն օր, առաւել եւս օրը քանի մը անգամ փոխել զայն: Մարդիկ ստիպուած կը գնեն դիմակ մը եւ կը գործածեն շաբաթներ շարունակ: Մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութեան յարգարժան վարչապետը վստահ է, թէ դիմակ կրելու շնորհիւ է, որ մեր երկրի մէջ նուազած է թագաժահրով վարակեալներու թիւը. երկիրը սկսած է յաղթահարել վարակը:  Միթէ՞ քրտինքի մէջ կորած, հազար ու մէկ տեսակ ժահրի բոյն հիւսած սա կտորէ պաշտպանիչ դիմակը, զոր կրելու ընթացքին տասն անգամ ձեռքով կը շտկենք, ունա՞կ է մեզ պաշտպանելու քորոնաժահրէն, առաւել եւս պատճառ դառնալու վերջինիս նահանջումին... խոկալու լուրջ առիթ:

Ինչ կը վերաբերի հանրային վայրերու, առաւել եւս երթուղիներու մէջ համաճարակային կանոններու խստագոյնս պահպանումին՝ խնդրայարոյց է:

Եւ այսպէս, շաբաթավերջին նստանք հանրաշարժ, ի դէպ, կը փորձենք հնարաւորինս քիչ օգտուիլ հանրային երթեւեկներէն, առհասարակ կը խուսափինք մարդաշատ վայրերէ: Յաջորդ կանգառին շարժավարի կողքին նստաւ առանց դիմակի երիտասարդ ուղեւոր մը. թերեւս առողջական խնդիր ունէր, այդ իսկ պատճառաւ դիմակ չէր կրեր։ Պարէտի որոշմամբ՝ շնչառական խնդիրներ ունեցող մարդիկ վերջերս ազատուած են դիմակ կրելու պարտաւորութենէ: Մինչդեռ յղիները մի կերպ կը շարունակեն կրել զայն, ուրիշ ճար չունին, պարտաւոր են...

Երթեւեկութեան ընթացքին ծածուկ, աչքիս ծայրով կը նայէի, թէ արդեօք ուղեւորները կը պահե՞ն հակահամաճարակային կանոնները: Ի զարմաս ինձ, այն առաջինը խախտած էր ինքը՝ շարժավարը: Դիմակը կզակին, ինքզինքին իրաւունք վերապահած էր ծխելու: Շատ բարի, եթէ սիրտդ կ՚ուզէ ծխել, ծխէ՛, ո՜վ մեծն շարժավար, սակայն մինչ ծխախոտիդ կրակը վառելը պատռէ այն թուղթի կտորը, որու վրայ խոշոր տառերով գրուած է. «Յարգելի, ուղեւորներ, պահանջեցէք շարժավարէն չծխել եւ այդպէսով չվտանգել ձեր առողջութիւնը»:

Իսկ եթէ ոեւէ մէկը՝ խելքը գլուխը ուղեւոր,  համարձակի նկատողութիւն ընելու շարժավարին, կ՚արժանանայ ամօթանքի ու պարսաւանքի:

Պարէտի որոշմամբ արգիլուած է հանրաշարժերու մէջ յոտնկայս ուղեւոր փոխադրելը: Սակայն սա միայն պարէտի որոշմամբ, այն ալ՝ թուղթի վրայ: Կը շարունակենք մեր երթեւեկութիւնը: Հերթական կանգառում՝ երիտասարդուհի մը նստաւ: Մեր դիմացի նստատեղին իր տեղը զբաղեցնելուն պէս պայուսակէն հանեց ախտահանիչ նիւթն ու ախտահանեց իր ձեռքերը, ակնոցն ու պայուսակը: Հաճելի էր քովէն հետեւիլ վերջինիս գործողութիւններուն:

Թէպէտ մեր հանրաշարժի մէջ այլեւս ազատ նստատեղ չկար, բայց շարժավարը նոր ուղեւորներ վերցնելու համար կանգնեցաւ հերթական կանգառին: Երեք-չորս կին եւ պատանուհի մը փորձեցին ոտքի վրայ տեղաւորուիլ հանրաշարժի մէջ: Մեր դիմաց նստած կարգապահ երիտասարդուհին այլայլեցաւ, ի վերջոյ պոռթկաց.

-Ներեղութիւն, ազատ նստատեղ չկայ, չէք կրնար նստիլ: Յոտնկայս ուղեւորափոխադրումը  արգիլուած է, բաց աստի, վտանգաւոր է մեր իսկ առողջութեան համար:

-Ի՞նչ ընենք, արեւի տակ որքան պիտի կենանք, ձայնի մէջ շեշտուած զայրոյթով շտապեց պատասխանել կիներէն մին:

-Ես չեմ ուզեր վարակուիլ, խնդրեմ լքեցէք հանրաշարժը, շարունակեց բարեհամբոյր երիտասարդուհին:

Այս խօսքի վրայ վէճ մը ծագեցաւ: Ուղեւորները կարծես երկու թեւի բաժնուելով իրարու մտան: Տգէտներու խումբը իրենց ականջները խլացուցած անդադար կը պոռային եւ վիրաւորական խօսքեր կը հասցնէին դիմացի կողմին: Այդ ընթացքին մեղաւոր շարժավարը ժամանակ առ ժամանակ կ՚ըսէր՝ «լռեցէ՛ք» ու կը շարունակէր իր ճամբան: Վէճին խառնուեցաւ տասնհինգ-տասնվեց տարեկան անդաստիարակ պատանուհին: Ի զուր չեն ըսեր, թէ նոր սերունդը աւելի ճարպիկ ու զօրաւոր է: Ամենաբարձրը սա անկիրթ ու առանց  դիմակի աղջկան ձայնը կը հնչէր:

-Դիմակ չես կրեր, հերիք չէ, ձայնդ կը բարձրացնես, նկատեց մեր դիմացինը:

-Ես առողջական խնդիրներ ունիմ, լկտիաբար պատասխանեց ան:

-Այն ատեն ցոյց տո՛ւր համապատասխան փաստաթուղթդ:

-Դուն ո՞վ ես, որ քեզի փաստաթուղթ ցուցնեմ: Ինչպէս ուզեմ այնպէս ալ կ՚երթեւեկեմ...

Վէճը կը շարունակուէր, երբ մենք հասանք մեր կանգառ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020