ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՒԱՏՔ

Իմ ընտանիքը հաւատաւոր է: Մայրս միշտ կ՚ըսէր, թէ կը հաւատայ իր մէջ ապրող Աստուծոյ: Այո՛, առանց Տէրը ճանչնալու, վերջինիս պատգամն ու կամքը կատարելու, առանց եկեղեցի այցելելու, Աստուածաշունչ կարդալու, կը հաւատար Բարձրեալի գոյութեանը: Այսքանով կը սահմանափակուէր իմ մօր հաւատքը: Իսկ երբեւէ, եթէ այցելէի եկեղեցի՝ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց մայր տաճարը, ապա միմիայն մոմ վառելու, որեւէ խնդրանքով Տիրոջ դիմելու կամ բախտագուշակի մը ցուցմամբ. «Սիրտդ շատ նեղուած է: Գնա՛, եկեղեցի մոմ մը վառէ»:

Երէկ եւ այսօր ալ Հայաստանի ու Արցախի մէջ շատեր Տիրոջ կը հաւատան այնպէս, ինչպէս իմ մայրիկը ժամանակին: Երբ տարիներ առաջ մեկնեցայ Պոլիս ու որոշ ժամանակով հաստատուեցայ այնտեղ, իմ սիրտը լեցուեցաւ ուրախութեամբ: Ակամայ ինծի թուաց, թէ հայերը այստեղ աւելի շատ կապուած են հաւատքին. ի տարբերութիւն մեզի՝ հայաստանաբնակ հայերուս, անոնք տարին քանի մը անգամ կ՚այցելեն եկեղեցի: Սուրբ Ծնունդին ու Զատիկին՝ տօնական հագուստներով, բարձր տրամադրութեամբ կ՚երթան Աստուծոյ տուն: Օրուայ ընթացքին քանի մը անգամ կը յիշատակեն Տիրոջ անունը, կը փառաբանեն: Այստեղ յաճախ կարելի է լսել. «Աստուած պահէ», «Եթէ Տէրը կամենայ...», «Մեղայ Աստուծոյ...» ու նմանատիպ բազմաթիւ արտայայտութիւններ:

Այս ամէնը ակամայ տպաւորիչ է ու հոգեթով: Սակայն եկուր ու տես, որ պոլսահայերու հաւատքը նոյնպէս սահմանափակ է, եւ միայն Աստուծոյ յայտնի է, թէ որո՞ւ հաւատքը աւելի մեծ է՝ հայաստանաբնակինը, թէ սփիւռքահայունը:

Օրեր առաջ, դէպի Պոլիս կատարած իմ վերջին այցելութեան ընթացքին, ինքզինքիս համար նորանոր բացայայտումներ կատարեցի: Բռնելով ապաշխարութեան ուղին, փորձելով ճանչնալ Տէրը ու կատարել Անոր սրբազան կամքը, ձգտելով իմ հոգիի մէջ հաւատքի զօրութեան ու Տիրոջ արքայութեան, Աստուծոյ օգնութեամբ կամաց-կամաց կը բացուին իմ հոգիի աչքերը: Իմ առջեւ պարզուած տեսարանը յուսադրող չէր. ամէնուր հայը Տիրոջը կը հաւատայ ու կը փառաբանէ բերանով, բայց ոչ հոգիով: Մենք՝ հայերս, բերանացի քրիստոնեայ ենք, ոչ երբեք հոգիով ու սրտով: Մենք աւելի շատ կռապաշտ ենք, ոչ թէ Քրիստոնեայ ու հաւատացեալ: Մեր հաւատքի տկարութեան պատճառաւ, սատանան դիւրութեամբ կը մոլորեցնէ մեզ: Յաճախ կը գայթակղինք ու մեր յոյսը կը դնենք, մեր հաւատքը կը կապենք ոչ թէ Տիրոջ, այլեւ՝ սնահաւատութեան հետ:

Աւա՜ղ, պոլսահայերու մէջ կը գերազանցէ սնահաւատութիւնը, կռապաշտութիւնը: Ծածուկ իրենց պարանոցին կը կրեն խաչ, իսկ ձեռքին կը կապեն աչքի ուլունքով թեւնոց մը: Դէպի Պոլիս կատարած մեր երկշաբաթեայ ճամբորդութիւնը անցաւ բաւական յագեցած: Այդ ընթացքին յաջողեցանք այցելել բազմաթիւ ազգականներու, ընկեր-բարեկամներու: Ամէնուր միեւնոյն տխուր պատկերն էր՝ իւրաքանչիւրի տան շեմին կամ շեմէն ներս կախուած էր կապոյտ աչքի ուլունք կամ ուլունքներ: Միեւնոյն ժամանակ տան մէկ հատուածը կը զարդարէին սրբապատկերներն ու «Աստուած օրհնէ մեր տունը», «Տէրունական աղօթքը» եւ ուրիշ տողեր: Մեր տունն ալ բացառութիւն չէր, նոյնիսկ իմ սենեակը: Իմ դարաններու մէջ գտայ քանի մը հատ կռապաշտութեան խորհրդանիշ հանդիսացող առարկաներ եւ անմիջապէս ազատուեցայ անոնցմէ:

Կռապաշտութիւնը այնտեղ անմասն չի մնար նաեւ մանուկներէն, մասնաւորապէս նորածիններէն. մանկասայլակներու վրայ,  մանուկներու թեւին կամ երեւացող տեղ մը ամրացուած է յայտնի կապոյտ աչքը: Յիշեցի, որ ժամանակին Զաւէնի մանկասայլակին նոյնպէս ամրացուցած էինք այդ ուլունքէն, իբր չար աչքէ պահելու համար: Այն ատեն չէի գիտեր, որ այդ մէկը կռապաշտութիւն է:

Իմ ազգականներէն քանի մը հոգիի զգուշացուցի, որ այդ կապոյտ աչքի ուլունքները եւ նմանատիպ այլ առարկաներ, զոր օրինակ՝ ձիու պայտը, թիւով եօթ փիղերը, կարմիր թելը եւ այլն խիստ կը վիրաւորեն մեր Տէր Աստուածը: Որ մեր յոյսը պէտք է դնենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ոչ նմանատիպ բաներու վրայ: Սակայն իմ բոլոր զգուշացումները ունեցան ոչ մէկ արդիւնք. մարդիկ պարզապէս ականջի ետեւ ձգեցին իմ խօսքերը:

Յարգելի ընթերցողներ, սա կռապաշտութիւն է, եւ այն մեզ կը սպաննէ: Եթէ ըլլայինք կռապաշտ եւ չխոստովանէինք, թէ Քրիստոնեայ ենք՝ ան ալ առաջին Քրիստոնեայ ազգը, ապա մեր մեղքը պիտի ըլլար աւելի թեթեւ: Աստուած պիտի ըսէր՝ չեն գիտեր: Սակայն հիմա կ՚ըսենք՝ գիտենք, որ Քրիստոնեայ ենք, առաջին Քրիստոնեայ ազգն ենք, բայց կը զբաղինք կռապաշտութեամբ: Քանզի մեր յոյսը կը դնենք ոչ թէ Արարիչ Տիրոջ, այլեւ ինչ-որ կապոյտ աչքի ուլունքի, ձիու պայտի, բախտագուշակի, շրջած սուրճի գաւաթի մը վրայ: Պէտք է հրաժարինք նմանատիպ բաներէ: Պէտք է հանենք ու դուրս նետենք նմանատիպ առարկաները, սնահաւատութիւնները մեր տուներէն ու մեր կեանքէն:

Աստուածաշունչի մէջ Աստուած շատ խիստ կը դատապարտէ կռապաշտութիւնն ու սնահաւատութիւնը, համարելով զայն դաւաճանութիւն եւ ուրացութիւն: Հատուցումն ալ շատ ծանր պիտի ըլլայ: Հայաստանն ու Արցախը նոյնպէս զերծ չեն մնար կռապաշտութենէ, սակայն այնտեղ աւելի շատ յաճախ կարելի է տեսնել խաչը, քան աչքի ուլունքը:

Կռապաշտութեամբ ու սնահաւատութեամբ զբաղելու փոխարէն բացէք Աստուածաշունչը եւ կարդացէք: Փորձեցէք ճանչնալ ու սիրել զԱստուած, ինչպէս նաեւ երկիւղիլ: Մենք մեր բոլոր հարցերու պատասխանը կրնանք գտնել Աստուածաշունչի մէջ, իսկ եթէ որեւէ միտք, տող կամ բառ չհասկնաք, դիմեցէք Աստուծոյ ծառաներուն՝ քահանաներուն: Փնտռեցէք ու գտէք հաւատքով զօրեղ Տիրոջ ծառաներ, եւ դարձուցէք զանոնք ձեր ընտանիքի անդամներ: Վստահաբար Աստուածաշունչը ընթերցելէ, ձեր հոգիին հարազատ տէր հայր մը գտնելէ վերջ, այս կամ այն առիթով պիտի չհարցնէք՝ ո՞ւր էիր Աստուած... կամ դատապարտէք ու սրդողիք Տիրոջմէ: Ընդհակառակը՝ պիտի ապաշխարիք, պիտի զօրանաք ձեր հաւատքի մէջ եւ խուսափիք մեղքեր գործելէ: Մեղքը միայն սպանութիւնն ու գողութիւնը չէ, կամ դաւաճանութիւնը: Մենք օրական գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը գործենք բազում ծանր մեղքեր: Այնժամ է, որ պիտի բուժուի մեր հոգիները, ընտանիքները, ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021