ՓՐՈՖ. ԳՐԻԳՈՐ ԵՐԶՆԿԱՑԵԱՆԻՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒ
Իր բազմամեայ գործունէութեան եւ վիրաբուժութեան ծիրէն ներս մեծ ներդրում ունենալուն համար մարդասէր եւ բարերար Փրոֆ. Գրիգոր Երզնկացեան արժանացաւ Իրլանտայի Վիրաբոյժներու թագաւորական գոլէճի բարձրագոյն պարգեւին՝ պատուաւոր անդամի կոչումին:
Երզնկացեան իր կեանքը նուիրած է արեւելեան, կեդրոնական եւ հարաւային Ափրիկէի մէջ բժշկութեան մարզի զարգացման, վիրաբոյժներու ուսուցման, որակեալ մասնագէտներ պատրաստելու եւ իր մասնագիտական փորձը անոնց փոխանցելու աշխատանքին: Ան հեղինակ է ափրիկեան վիրաբուժութեան վերաբերեալ մեծ թիւով աշխատութիւններու:
Արեւելեան, կեդրոնական եւ հարաւային Ափրիկէի Վիրաբոյժներու համալսարանի (ԱԿՀԱՎՀ ) նկատմամբ իր ունեցած ներդրումին եւ նուիրումին պատճառով համալսարանը արձանագրած է բազմաթիւ յաջողութիւններ ու նուաճումներ: Իր մեծ վաստակին եւ ներդրումին համար 2012 թուականին ան արժանացած է ԱԿՀԱՎՀ-ի պատուաւոր անդամի կոչումին:
2007 թուականին ԱԿՀԱՎՀ-ի եւ Իրլանտայի Վիրաբոյժներու թագաւորական գոլէճին միջեւ սկսաւ համագործակցութիւն, որուն մէջ մեծ է դերը Փրոֆ. Գրիգոր Երզնկացեանի:
Փրոֆ. Երզնկացեան պարպերաբար կ՚այցելէ Հայաստան վիրաբուժական եւ բարեգործական գործունէութեան նպատակներով: