ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՄԸ

Երբ սեպտեմբեր եկաւ
Մենք պայուսակ բռնեցինք,
Մանկապարտէզն աւարտած՝
Դէպի դպրոց գնացինք։
Երգ ու ծիծաղ միացան
Զանգի անուշ ղօղանջին,
Արեւի պէս մեզ ժպտաց
Մեր ուսուցիչն առաջին:

Ահաւասիկ սեպտեմբերը բախած է մեր դուռը, ազդարարելով սկիզբը նոր ուսումնական տարուան։ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ուսումնական տարուան մուտքը կը համարուի սեպտեմբերի 1-ը՝ Գիտելիքի ու դպրութեան օրը։

Քանի մը օր վերջ, համրուած ժամեր անց՝ Թուրքիոյ բոլոր կրթական հաստատութիւններուն դռներն ալ բաց պիտի ըլլան իրենց սիրասուն աշակերտներուն առջեւ։ Պոլսոյ հայկական վարժարաններն ալ նոյնպէս անմասն պիտի չմնան։ Այս առթիւ, կ՚ուզեմ անկեղծօրէն շնորհաւորել մեր երկիր մոլորակի բոլոր ուսումնատենչ աշակերտները, ընդհանրապէս բոլոր անոնք, որոնք պիտի հատեն դպրոցի շեմը։ Կը մաղթեմ անոնց ծով գիտելիք եւ ուսման մէջ ցնորային յաջողութիւններ…

Սիրելի ընթերցող, քանի որ մեր այսօրուան նիւթը դպրոցն ու գիտելիքն է, ես ինքզինքիս իրաւունք վերապահած եմ անդրադառնալու արեւմտահայերէնի առկայ հրատապ խնդիրներուն ու հնարաւոր լուծումներուն։

Սրտի դառն կսկիծով պէտք է խոստովանինք, որ գրաբարէն մեզի ժառանգութիւն մնացած արեւահամ լեզուն՝ արեւմտահայերէնը այժմու ծանր ու անդարմանելի հիւանդ է։ Մահուան մահիճին մէջ  գտնուող մեր ոսկեղնիկը գրեթէ հոգեվարքի է։ Իսկ, ինչպէ՞ս եղաւ, որ մեր քաղցրահամ գրական հայերէնի երկու ճիւղերէն մին հիւանդացաւ։ Պատճառը ակնբախ է։ Համայն հայութեան շրջանակին մէջ արեւմտահայերէն խօսողներու թիւը կը պակսի օրէ օր, ժամ առ ժամ։ Ճակատագրի բերումով աշխարհով մէկ ցիրուցան եղած հայերը՝ կեանքի պայմաններու ներքեւ, երբեմն ճարահատեալ, մեծ մասամբ ալ կամաւոր հիմունքով, լաւագոյնս իւրացուցած են տուեալ տարածքաշրջանի լեզուն՝ ստուերի տակ թողլով մայրենին։ Այսօր անոնց համար մայրենի դարձած է անգլերէնը, ֆրանսերէնը, իտալերէնը, թրքերէնը, ռուսերէնը եւ այլն։

Այդ մարդիկ իրենց նորածիններուն հետ կը խօսին տեղւոյն լեզուով։ Անոնց մեծագոյն փափաքն է, որ իրենց մանուկը մայրենիին հաւասարապէս վարժ տիրապետէ աշխարհի հետ հաղորդ դառնալու լեզուին՝ անգլերէնին։

Արդարեւ, ողջունելի է ծնողներու այս քայլը։ Սակայն, վայրկեան մը, ո՞ւր մնաց արեւմտահայերէնը, արեւմտահայերէնի մասին չեղաւ խօսք մը… Վա՜յ յիշեցի, յիշեցի, արեւմտահայերէնը շատ խրթին լեզու մըն է, երեխան կը դժուարանայ զայն սորվիլ, բաց աստի, հայերէնի սերտումը տղոցմէ կը պահանջէ երկար ժամանակ ու անխոնջ աշխատանք…

Իսկ եթէ փորձենք մենք մեզի հետ պահ մը անկեղծ ըլլալ, ապա պէտք է խոստովանինք, որ արեւմտահայերէնը բնաւ խրթին լեզու մը չէ։ Պարզապէս նոյն այդ ծնողները կամ սփիւռքի մէջ գործող հայկական վարժարաններու դաստիարակները՝ մեծաւ մասամբ, բաւականաչափ չեն տիրապետեր իրենց լեզուին։ Այլեւս կը դժուարանան խօսիլ հայերէն։ Եւ այս դժուարութիւնը անոնք հոգեպէս կը բարդեն իրենց զաւակներուն ու աշակերտներուն՝ երեւայական պատնէշ ստեղծելով հայերէնի եւ իր նորաթուխ կրողի միջեւ։

Ինչեւէ, այսօր երբ արեւմտահայերէնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ կը դասուի աշխարհի վտանգուած լեզուներու շարքին, բոլորս ահագնած ենք։ Կը գիտակցինք, որ մեր լեզուի ներկայ անփառունակ վիճակին մէջ, ամէն հայ ունի մեղքի իր առիւծի բաժինը։ Թերեւս ոչ մէկ հայ կ՚ուզէ կորսնցնել իր լեզուն, սակայն շատեր անոր փրկութեան համար կ՚ընեն ոչ մէկ բան… Չէ՞ որ լեզուն է ածուի մը զարկերակը։

Երկար ժամանակէ ի վեր կը խորհիմ այս ցաւալի խնդրին շուրջ ու կը փորձեմ գտնել փրկութեան եզրեր։ Ահաւասիկ, գտայ արեւմտահայերէնը իր ողջ հմայքով, գեղեցկութեամբ ու հարստութեամբ ապրեցնելու միջոց մը, որու տեսլականը հետեւեալն է.

Թէպէտ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին բազում հայկական վարժարաններ, սակայն, ես՝ նուաստս, կ՚առաջարկեմ հիմնել դպրոց մը, որ պիտի բուրէ արեւմտահայերէն, որ արեւմտահայերէն պիտի շնչէ։ Այդ կրթական հաստատութեան մէջ բոլոր պաշտօնեաներուն՝ հսկիչէն մինչեւ տնօրէն, հոգաբարձուներու շուրթերէն պիտի հնչէ գրագէտ հայերէն խօսքը։ Դպրոցի անձնակազմի բոլոր անդամները ոչ միայն պարտադիր պէտք է ըլլան հայախօս, այլեւ՝ հայեցի, թէ՛ դաստիարակութեամբ ու մտածելակերպով, թէ մշակոյթով ու սովորոյթներով։ Ըստ իս, միայն այս միջոցաւ մենք կրնանք ինչ-որ չափով ապրեցնել արեւմտահայերէնը, ինչպէս նաեւ մնալ հայ՝ օտարութեան մէջ։

Այստեղ կը ծագի հարց. ուրկէ՞ պիտի գտնենք հայախօս ուսուցիչներ ու պատասխանատուներ։ Ես ունիմ այդ հարցի պատասխանը։ Թո՛ղ այս սրբազան գործին լծուին ազգի երեւելիները՝ գրողներ ու գիտնականներ, հոգեւորականներ, մամլոյ պատասխանատուներ, պաշտօնատարներ եւ այլք, որոնք փայլուն կը տիրապետեն մեր ոսկեղնիկ հայոց լեզուին։

Ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական առածը. «Հարցը՝ հարց կը բերէ»։ Ինչպէ՞ս գրաւել հայերէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւն չունեցող ծնողն ու աշակերտը։ Պատասխանը մին է. դպրոցը պէտք է ըլլայ անվճար, իսկ աշակերտը խրախուսելու համար կարելի է յատկացնել խորհրդանշական գումար մը։

Հոգ չէ, որ ծնողները հայերէն չեն գիտեր կամ կը տիրապետեն կցկտուր։ Անոնք ալ իրենց զաւակներու հետ ժամանակի հոլովոյթին պիտի սորվին…

Սիրելիներս, այսպէս հայերէնին համահաւասար ալ պէտք է սերտենք տուեալ երկրի լեզուն ու մշակոյթը։ Ամէն ջանք ու ճիգ պիտի թափենք, որպէսզի ըլլանք արժանապատիւ քաղաքացի, մեր երկրորդ հայրենիքը դարձած երկրի համար, ըլլայ այն՝ Պոլիս, Նիւ Եորք թէ Ամսթերտամ…

Բարին ընդ ձեզ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2019