Կաթողիկոսներ տուած վիրահայոց թեմը
Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը անբաժան մասն է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Կ՚ենթադրուի, որ թեմը հիմնուած է 12-րդ դարուն։ Առաջնորդանիստը եղած է Տփղիս (Թիֆլիզ) քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցին (13-րդ դարէն)։ Թեմակալ առաջնորդներու մասին ամենէն հին յիշատակութիւնը կը վերաբերի 12-րդ դարու 70-ական թուականներուն: Կը յիշուի Բարսեղ (Բասիլիոս) Արքեպիսկոպոսը, ով 1178 թուականին մասնակցած է Հռոմկլայի եկեղեցական ժողովին։ Նախքան թեմի հիմնուիլը` տակաւին 7-րդ դարուն վիրահայ համայնքը ղեկավարած են հայ եպիսկոպոսներն ու քահանաները, հայերը ունեցած են իրենց եկեղեցիներն ու մատուռները։ 754 թուականին Տփղիսի մէջ կառուցուած է հայկական Հրեշտակապետաց եկեղեցին (1593 թուականին աւերուած է, հիմնովին վերակառուցուած է 1781 թուականին եւ վերջնականապէս քանդուած է 1937 թուականին)։ Պատմիչ Ուխտանէսի վկայութեամբ, 850-ական թուականներուն Տփղիսի մէջ քահանայագործած է հայ Կիրակոս Քահանան, որ գերազանց տիրապետած է վրաց գիրին ու գիտութեան։ 931 թուականին կառուցուած է Հարանց վանքը (վերանորոգուած է 1430 եւ 1715 թուականներուն, իսկ 1900 թուականին՝ հայ մեծահարուստ բարերար Ալեքսանտր Մանթաշովի միջոցներով)։ Եկեղեցիին կից եղած է հայկական գերեզմանատուն:
Հետագայ դարերուն Տփղիսի մէջ կառուցուած են բազմաթիւ եկեղեցիներ:
1804 թուականին Թիֆլիզի մէջ կար շուրջ երեսունհինգ հայկական եկեղեցի եւ մէկ մենաստան։ Վիրահայոց Թեմի առաջնորդներէն շատեր եղած են ականաւոր հոգեւորականներ, մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, որոնք ազգանուէր աշխատանք կատարած են ո՛չ միայն Վրաստանի, այլեւ՝ համայն հայութեան կեանքին մէջ։ Անոնցմէ վեցը՝ Սարգիս Դ. Վրաստանցին, Յովհաննէս Ը. Կարպեցին, Ներսէս Ե. Աշտարակեցին, Մակար Ա. Թեղուտցին, Գէորգ Ե. Սուրենեանցը, Գէորգ Զ. Չէօրէքճեանը հետագային օծուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Գարեգին Ա. Յովսէփեանը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս։ Վիրահայոց Թեմի առաջնորդներ եղած են բանաստեղծ, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական գործիչ. Յարութիւն Վրդ. Ալամդարեանը, Ստեփանոս Արք. Արղութեանը, որու օրօք Թիֆլիզի մէջ կառուցուած է թեմի եռայարկ առաջնորդարանը։ 1824 թուականին Ներսէս Արք. Աշտարակեցին հիմնած է Ներսիսեան դպրոցը, որ նշանակալի դեր խաղացած է հայոց կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ։
1826-28 թուականներուն ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ Թիֆլիզի մէջ Ներսէս Արք. Աշտարակեցիի եւ Յարութիւն Վրդ. Ալամդարեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են հայկական կամաւորական գումարտակներ՝ ռուսական բանակի կովկասեան հատուածի ռազմական գործողութիւններուն աջակցելու նպատակով։ 1827 թուականի 15 Մայիսին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գաւիթի առաջին գումարտակին յանձնուած է յատուկ զինադրօշ։ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ Վիրահայոց Թեմի եռանդուն աջակցութեամբ հայկական կամաւորական ջոկատներ ստեղծուած են կովկասեան ռազմաճակատին մէջ գործող ռուսական բանակը համալրելու եւ Հայաստանը թրքական լուծէն ազատագրելու նպատակաւ։
Վիրահայոց Թեմին մէջ իր գործունէութեամբ աչքի զարկած է մանաւանդ Կարապետ Արք. Բագրատունին։ Անոր առաջնորդութեան քսան տարիներուն ընթացքին կառուցուած են շուրջ վաթսուն եկեղեցի, բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, որոնցմէ նշանաւոր են նոր Կարապետեան վարժարանը (հիմնուած՝ 1842-44 թուականներուն) Ախալցխայի եւ Մեսրոպեան արական դպրոցը՝ Ախալքալաքի մէջ։ 1837 թուականին Վրաստանի մէջ կը համրուէին 198 հայկական եկեղեցի, վանք ու մատուռ, իսկ 1903 թուականին, ներառեալ Արդուին-Արտանուշ շրջանը, եկեղեցիներուն թիւը հասած է 256-ի։ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն ծաւալուած բռնութիւններու եւ հալածանքներու հետեւանքով գոցուած են թեմի տարածքին գործող գրեթէ բոլոր եկեղեցիներն ու վանքերը։ Թիֆլիզի մէջ քանդուած են Կուկիայի Ս. Գրիգոր (կառուցուած է 1789 թուականին), Հաւլապարի Ս. Կարապետ (կառուցուած է 1400 թուականին, վերակառուցուած է 1790 թուականին), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (կառուցուած է 1894 թուականին), Խարփուխի Ս. Սարգիս (կառուցուած է 1716 թուականին), Հարանց վանք, Հրեշտակապետաց, Մետեխիի Ս. Վարդան (կառուցուած է 1893 թուականին), Ջիգրաշէնի Աւետեաց Ս. Աստուածածին (կառուցուած է 1704 թուականին), Նաւթլուղի Ս. Գէորգ (կառուցուած է 1897 թուականին), Խոջիվանքի եւ այլ եկեղեցիներ ու վանքեր։ Վրաստանի մէջ 7-20-րդ դարերուն կառուցուած է շուրջ 650 հայկական եկեղեցի, որոնցմէ կանգուն են շուրջ 320-ը։
Այսօր Վիրահայոց Թեմը կը համախմբէ եւ կը գլխաւորէ Վրաստանի տարածքին գործող հայկական եկեղեցիները, կ՚առաջնորդէ հայ քրիստոնեայ համայնքը, կը ներկայանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ենթակայութեան ներքոյ: Հայոց հնագոյն այս թեմի կազմին մէջ կը մտնեն Թիֆլիզի, Ջաւախքի, Աճարիոյ, Քվեմօ Քարթլիի տարածքաշրջաններու մէջ գտնուող համայնքները, գործող եւ չգործող եկեղեցիները: Թիֆլիզի մէջ ներկայիս կը գործեն Կաթողիկէ Ս. Գէորգ եւ Հաւլապարի Էջմիածնեցոց Ս. Գէորգ, Ախալքալաքի մէջ՝ Ս. Խաչ, Նինոծմինտայի մէջ՝ Ս. Սարգիս, Ախալցխայի մէջ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները։ Ախալցխայի Ծուղրութ գիւղին մէջ ցայսօր կը պահուին միջնադարեան արուեստի եւ մանրանկարչութեան արժէքաւոր ձեռագիր մատեաններ «Ծուղրութի Աւետարանը» (10-րդ դար) եւ «Գինոսենց Աւետարանը» (10-րդ դարու առաջին կէս)։ Վերականգնողական աշխատանքներէ ետք սկսած են գործել նաեւ չորս եկեղեցի եւս Ախալցխայի շրջանին մէջ, Սուրբ Փրկիչը՝ Պաթումի մէջ, Ս. Աստուածածինը՝ Մառնէուլի շրջանը:
2013 թուականի դրութեամբ Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը ունի տասնվեց հոգեւորականներ, գործող յիսուն եկեղեցիներ:
2011 թուականի Յուլիսին Վրաստանի խորհրդարանը ընդունած է օրէնք մը, ըստ որու Վրաստանի մէջ գործող կրօնական համայնքները կրնան ստանալ կարգավիճակ: Այդ օրէնքի հիման վրայ ալ, 2012 թուականին Վիրահայոց Թեմը Վրաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան Հանրային ցուցակին մէջ գրանցուած է որպէս Հանրային իրաւունքի իրաւաբանական անձ:
Ներկայիս Վիրահայոց Թեմը վրաց իշխանութիւններէն կը պահանջէ վերադարձնել մինչեւ խորհրդային իշխանութեան հաստատուիլը Վրաստանի տարածքին եղած 442 հայոց եկեղեցիները, որոնք այսօր աւերուած ու փլատակներու վերածուած են, որոնց տարածքի վրայ այլ շէնքեր կառուցուած են, որոնք վրացականացուած են եւ կը գործեն որպէս Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ տաճարներ: Վիրահայոց Թեմը կը պահանջէ վերադարձնել խորհրդային իշխանութեան տարիներուն բռնագրաւուած Թիֆլիզի Ս. Նորաշէն Աստուածածին, Ս. Նշան, Մուղնեցոց Ս. Գէորգ, Երեւանցոց Ս. Մինաս, Շամխորեցոց Կարմիր Աւետարան եկեղեցիները, Ախալցիխէի Ս. Նշան եկեղեցին։ Վրաց իշխանութիւնները տակաւին չեն ընդառաջած այդ ամբողջական պահանջին: Վերջին առումով մեծ ձեռքբերում կը նկատւուի Ս. Գէորգ տաճարի ամբողջական վերանորոգումը, ինչ որ նաեւ վրաց իշխանութիւններու աջակցութիւնը ստացած է:
Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ Ս. ՊՍԱԿԸ
2015 թուականի 30 Հոկտեմբերը վիրահայութեան կեանքէն ներս դարձաւ յիրաւի պատմական: Հակառակ անձրեւային եղանակին, հաւատացեալներով լեցուն էր եկեղեցւոյ բակը: Երկամեայ վերանորոգչական աշխատանքներէն յետոյ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ ու վերաբացուեցաւ Ս. Գէորգ Առաջնորդանիստ եկեղեցին` իր վերանորոգուած առաջնորդարանով, բարեկարգուած բակով ու ընդարձակուած տարածքով: Վիրահայերը հնագոյն այս եկեղեցին կը կոչեն նաեւ Բերդի Մեծ եկեղեցի, որ Թիֆլիզի հնագոյն սրբավայրերէն մին է եւ կը թուագրուի 13-րդ դարուն: Մինչ նորոգումն ու օծումը, հայոց հնագոյն այս տաճարը բաւական անմխիթար վիճակ մը ունէր: Թիֆլիզի կեդրոնը գտնուող կառոյցի պատերը խոշոր ճեղքերով ակնառու էին, հիմքը ամուր չէր, իսկ ներսի պատերու որմնանկարները պատուած էին կիրով: Գմբէթը նոյնպէս այլ տեսք մը ունէր՝ ան մետաղեայ ծածկով մը պատուած էր: Հիմնանորոգումի արդիւնքին ամրացուած են Ս. Գէորգի հիմքը, պատերը, եւ մասնագէտներու համոզմամբ՝ եկեղեցին արդէն քանի մը հարիւր տարի կրնայ ապրիլ:
Մեծ ու առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Ս. Գէորգի որմնանկարներուն եւ սրբապատկերներուն: Տաճարը զարդարուած է հայ կերպարուեստի նշանաւոր վարպետներու՝ Յովնաթանեաններու, Գէորգ Բաշինջաղեանի եւ անյայտ հեղինակներու աշխատանքներով, որոնք վերականգնուած են ամբողջովին: Եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են ինչպէս հայ, այնպէս ալ՝ վրացի մասնագէտներ՝ ճարտարապետներ, պատմաբաններ, շինարարներ, փորձագէտներ:
Այս բացառիկ վերականգնողական աշխատանքներու հիմնական մասը բաժին հասած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան գլխաւոր վերականգնող, Կոթողային գեղանկարչութեան վերականգման գիտահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արժանիք Յովհաննիսեանին, որուն խորհրդատուական կարգով աջակցած է իտալացի մասնագէտ, Ֆլորանսայի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման կեդրոնի ղեկավար Ֆապրիցիօ Եագոպինին:
ԱՋԱԿԻՑՆԵՐ
Ս. Գէորգ տաճարի վերականգնման նախագիծը ունի բազմաթիւ աջակիցներ: 2012 թուականին մեկնարկած ծրագրի նախաձեռնողը «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամն էր, որ սոյն մեծածաւալ բարերարութեամբ նպատակ ունէր Վիրահայոց Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին վերադարձնել տաճարի երբեմնի կարգավիճակին, մշակութային կեդրոն մը ստեղծել տաճարին կից, որ կը նպաստէ հայկական համայնքի համախմբումին, եւ վերջապէս բարձրացնել հայոց տաճարի գրաւչութիւնը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներուն եւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն համար։ Ստանալով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու Վրաստանի իշխանութիւններուն աջակցութիւնը՝ ստեղծուած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրամ եւ նուիրատութիւններու միջոցաւ կեանքի կոչուած է ծրագիրը՝ 3.5 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով: Այս ծրագրի հիմնական նուիրատուներն են բարերարներ Ռուբէն Վարդանեան, Ալպերթ Աւտոլեան, Սէրկէյ Սարգիսով, Դանիէլ Խաչատուրով, ինչպէս նաեւ վրաց բարերարներ Ռուսուտան Մախաշվիլի եւ Պիծինա Իվանիշվիլի:
ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
1 Նոյեմբերին Թիֆլիզի վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ նորոգումէն ետք առաջին Ս. եւ անմահ Պատարագը, զոր մատոյց Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան: Եկեղեցին լեցուած էր հոծ բազմութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք Վիրահայոց Թեմէն, ուշագրաւ էր Ս. Պատարագի մասնակիցներուն անթաքոյց հիացմունքը` վերակառուցուած եկեղեցւոյ անկրկնելի գեղեցկութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ: Անոնք բոլորը ականատես եղան, թէ հայոց մեծերու շունչը իր վրայ կրող տաճարը վերագտած է իր երբեմնի շքեղութիւնը:
Յընթացս Ս. Պատարագի, Թեմակալ Առաջնորդը իր քարոզին մէջ անդրադարձ կատարած է 30-31 Հոկտեմբերին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերաօծման եւ բացման միջոցառումներուն, պատշաճօրէն խօսած է այն բարդ, աշխատատար ու տքնաջան աշխատանքներուն շուրջ, զորս վերանորոգման տարիներուն իրականացուցած են նախագծողներն ու կազմակերպիչները, բանուորներն ու վարպետները, շինարարներն ու վերականգնողները: Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսքեր ուղղած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարողական վարպետութեան՝ խմբավար Սվետլանա Տատոեւայի գլխաւորութեամբ, թեմի շուրջը համախմբուած երիտասարդ կամաւորներուն, թեմի աշխատակազմին, պաշտօնէութեան, հոգեւոր դասուն, որոնք մեծ պատասխանատուութեամբ ու պատրաստակամութեամբ կը կատարէին իրենց պարտականութիւնները:
Թեմակալ առաջնորդը հորդորած է հաւատացեալներուն՝ շարունակել յաճախել Թիֆլիզի երկու գործող եկեղեցիները, քանզի անոնք երկուքն ալ այն խնդրակատար եւ աղօթակատար սրբավայրերն են, որոնք արդէն բազում տարիներ հոգեւոր սնունդ տուած են, մայրական հոգատարութեամբ իրենց շուրջը կը համախմբեն վիրահայութիւնը:
Կիրակի օր հաւատացեալ հանրութիւնը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակից եղած է յուզիչ եւ ուրախալի իրադարձութեան մը՝ յաւարտ Սրբազան Պատարագի, եկեղեցիին մէջ կատարուած է առաջին պսակադրութիւնը: Նախախնամութեան կամքով Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ որմնանկարներու վերականգնման վրայ աշխատող երկու երիտասարդ վերականգնողներ՝ Դաւիթ Յովհաննիսեան եւ Աշխէն Պապեան, միասին աշխատելու տարիներուն սէր կապած եւ որոշած են Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ աշխատանքները աւարտելէ յետոյ կազմել իրենց ընտանիքը՝ ուխտելով պսակադրուիլ վերաբացուած սուրբ տաճարին մէջ: Երիտասարդ ամուսնացեալ զոյգի՝ Դաւիթի ու Աշխէնի սէրն ու համատեղ կեանքի մեկնարկը օրհնուած եւ ամրագրուած է Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ կատարուած պսակադրութեան արարողութեամբ, երիտասարդներու ձեռքով վերականգնուած որմնանկարներու վկայութեամբ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ