ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԹԵԼՄԱ ԷՄԻՆԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ԲԱՑԱՒ ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
Շուէտահայ նկարչուհի Թելմա Էմինեան, որ ծնած է Իսթանպուլի մէջ, Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպեց «Մեր ժամանակները» խորագրեալ մասնաւոր ցուցահանդէս մը։ Շուէտի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը անցեալ շաբաթավերջին։ Սթոքհոլմի հայկական դեսպանատան երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Եռօրեայ ծրագրին շրջագծով աւելի քան 200 նկարչասէր փութաց դեսպանատուն՝ ծանօթանալու համար Թելմա Էմինեանի ստեղծագործութիւններուն։ Շուէտացի գեղարուեստական քննադատներն ալ հետաքրքրուեցան այս ձեռնարկով։
Հարկ է նշել, որ Թելմա Էմինեան 1945 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ 1973-ին ան հաստատուած է Շուէտ եւ իր ստեղծագործական կեանքը տեւականացուցած՝ Սթոքհոլմի մէջ։ Շուէտի զանազան քաղաքներուն մէջ կազմակերպած է ցուցահանդէսներ։ Որդեգրած ըլլալով բանաստեղծական իրապաշտութեան ոճը՝ Թելմա Էմինեան նկարած է աւելի քան հազար գործ։ Շուէտէն դուրս իր ցուցահանդէսները կազմակերպուած են նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Իր գործերը ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս։ Վերջերս ան Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ստացած է հրաւէր մը ու կը պատրաստուի այդ հիման վրայ յառաջիկայ տարուան Հոկտեմբերին մեծ ցուցահանդէս մը բանալ Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ։