ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս Լիբանանի Ֆիլարմոնիք նուագախումբը համերգով մը հանդէս եկաւ Էշրէֆիէի Սեն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ։ Նուագախումբը երեկոյթի յայտագիրը գործադրեց՝ խմբավար Կարօ Աւեսեանի մականին ներքեւ։ Նիւ Եորքէն յայտնի դաշնակահար Կարէն Յակոբեանն ալ որպէս հիւր մասնակցութիւն բերաւ այս երեկոյթին, որու երգացանկին մաս կազմեցին Եոհան Շթրաուսի, Անթոնին Տվորաքի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները։

Հայկազեան համալսարանի վերատեսուչ Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան երեկոյթի ընթացքին յայտնեց, որ հաստատութիւնը նման մշակութային նախաձեռնութիւնները կը համարէ իր առաքելութեան ուղղակի մասերէն մին եւ Լիբանանի Ֆիլարմոնիք նուագախումբին հետ կազմակերպուած համերգն ալ կը դասուի նոյն ծիրին մէջ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018