ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Մարսէյլի մէջ, Պոլսահայ մշակութային միութեան եւ «Սահակ-Մեսրոպ» մշակութային կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական երեկոյթ մը։ Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց մայր տաճարին յարակից հաստատուած «Սահակ-Մեսրոպ» մշակութային կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած շահեկան բանախօսութիւն մըն էր այս մէկը, որու ատենախօսն էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրակազմէն պատմաբան Տքթ. Այլին Գօչունեան։ «Մշակութային ժառանգութեան մը վերարժեւորումը հարիւր տարի անց» խորագրեալ երեկոյթը արժանացաւ տեղւոյն հայկական շրջանակներու մօտիկ ուշադրութեան։ Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն անունով բացման խօսք մը արտասանեց յայտնի խմբավար Խաչիկ Եըլմազեան՝ ջերմօրէն ողջունելով ներկայութիւնը Այլին Գօչունեանի, որ այս առթիւ յատկապէս հրաւիրուած էր Մարսէյլ։
Այլին Գօչունեան օրուան նիւթը մեկնաբանեց մանրամասն համայնապատկերի մը վրայ։ Ան ընդգծեց, որ թէեւ ձեռնարկի ընթացքին մի միայն հայ մտաւորականներու մասին կը խօսի, սակայն իր փոխանցածները խորքին մէջ շատ աւելի լայն հետազօտութեան մը տարրերը կը հանդիսանան՝ պատկերացնելու համար, թէ Օսմանեան բազմազգ կայսրութենէն ներս իրաւունքն ու քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս կը խմորուէին, Եւրոպայէն հասած իրաւունքի միտքը ինչպէ՛ս կը համադրուէր կայսրութեան տեղական իրաւունքի մշակոյթին հետ, իրաւունքի հասկացութիւնը բազմազգ կայսրութեան մը մէջ ինչպիսի՛ տարբեր ընկալումներ կ՚ունենար եւայլն։ Իր զեկուցման մէջ Այլին Գօչունեան կեդրոնացաւ Գրիգոր Զօհրապի, Զապէլ Եսայեանի, Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Երուանդ Օտեանի նման հայ տիրական մտաւորականներու մտքի աշխարհին վրայ։ Նկատի ունենալով, որ անոնք ունեցած էին վիթխարի արտադրութիւն մը՝ Այլին Գօչունեան իրենց մտքի աշխարհը մեկնաբանեց՝ անոնց մտաւորական ժառանգութեան աւելի քան դար մը առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին բերած աշխատակցութեան սահմանումով։ Ակնյայտ է, որ ատենախօսը ուշադրութեամբ կատարած էր այդ ընտրութիւնը, որովհետեւ իր ընտրած մտաւորականներուն մէկ մասը նահատակուած էին 1915-ին, իսկ միւս մասը՝ ոչ։ Այլին Գօչունեան վերոյիշեալ մտաւորականներուն կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ կատարուած արտադրութիւնը մեկնակէտ ունենալու հանգամանքին զուգահեռ՝ բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի 1908-1913 թուականներու հրապարակախօսական գործերու «Օրուան մտածումներ» խորագրեալ ժողովածոյին, որ երկու տարի առաջ լոյս տեսած էր՝ մաս կազմելով հաւաքական յիշողութեան վերաբերեալ աշխատանքներու շարքին։ Այս հանգամանքը ան յատկապէս մատնաշնեց՝ ընդգծելով, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը շարունակած է հրատարակուիլ 1915-էն վերջ եւ այսօր որպէս վերապրած օրաթերթ կը ջանայ այդ շրջանին նահատակուած իր անցեալի հեղինակներու ժառանգութիւնը վերարժեւորել յարգանքով։
Այլին Գօչունեան երեկոյթի ընթացքին բացատրեց, որ 19-րդ դարը Օսմանեան կայսրութեան տեսակէտէ բարեփոխումներու դարաշրջան մըն էր։ Կայսրութեան բոլոր ժողովուրդները, մահմետական կամ ոչ, օրէնքի առջեւ հռչակուած էին հաւասար եւ այդ բոլոր իրաւական բարեփոխումները բիւրեղացած էին 1876 թը-ւականին հռչակուած Օսմանեան Սահմանադրութիւնով։ Այդ առաջին Սահմանադրութիւնը առկախուած էր Ապտիւլհամիտի կողմէ եւ երեսուն տարուան բռնաճնշումներու ժամանակահատուածէ մը վերջ կարելի եղած էր միայն 1908 թուականին վերահռչակել Օսմանեան Սահմանադրութիւնը։ Այլին Գօչունեան ներկաներու նկատառման յանձնեց սահմանադրական երկու շրջաններու տարբերութիւններն ու նմանութիւնները։ Իր խօսքերով, առաջին Սահմանադրութեան շրջանին օսմանահայութեան մօտ շատ աւելի լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուած էր, սակայն երկրորդ Սահմանադրութեան շրջանին հայ մտաւորականներուն մօտ գերակշիռ էր յուսահատութիւնն ու յոռետեսութիւնը։ Արդարեւ, թէեւ Սահմանադրութիւնը հռչակ-ւած էր, սակայն կ՚ապրուէին բազմաթիւ դէպքեր, որոնք խոտոր կը համեմատէին այդ Սահմանադրութեան ոգիին ու տարրին հետ։ Որպէս երկրորդ Սահմանադրութեան շրջանի առանձնայատկութիւն՝ Այլին Գօչունեան նշեց, թէ այդ ժամանակ իգական սեռը աւելի ներգրաւուած էր քաղաքականութեան մէջ, առաջին շրջանին բաղդատմամբ։ Կանայք բարեսիրական գործունէութիւններու սահմանը հատելով սկսած էին զբաղիլ քաղաքականութեամբ եւ այս երեւոյթի ամենավառ կերպարը հանդիսացած էր Զապէլ Եսայեան։
Բաց աստի, որպէս երկու սահմանադրական շրջաններու հասարակաց հանգամանք՝ Այլին Գօչունեան նշեց, թէ հայերէնի յատուկ, անոր բնորոշ իրաւական լեզու մը զարգացած էր այդ հանգրուաններուն։ Ան որպէս օրինակ մէջբերեց «սահմանադրութիւն», «իրաւազրկութիւն», «իրաւահաւասարութիւն» եւ նման զանազան բառերը կամ եզրերը։ Ան շեշտեց, որ այլ լեզուներու մէջ այս բոլորը չունին իրենց հոմանիշները եւ այդ երեւոյթները չեն բացատրուիր միայն մէկ բառով։ Իսկ հայերէնի պարագային այդ բարդ բառերուն արտադրուած ըլլալը կը բիւրեղացնէ այն իրադրութիւնը, որու պայմաններուն ներքեւ բազմաթիւ իրաւունքներէ զրկուած կ՚ապրէր ժողովուրդը։
Այլին Գօչունեան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, թէ Օսմանեան կայսրութենէն ներս հայերը որպէս զուգահեռ կամ զիրար ամբողջացնող գործընթացներ կ՚ընկալէին՝ կայսրութեան Սահմանադրութիւնը եւ իրենց համայնքային՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Օսմանահայերը այդ երկուքին միջեւ հակասութիւն չէին նկատեր ու կը հաւատային, թէ երբ կայսրութիւնը սահմանադրութեան տէր դառնար, ապա իրենց համայնքային դաշտն ալ պիտի դառնար աւելի ազատ ու պիտի զարգանար։ Օսմանահայ մտաւորականները իւրացուցած էին Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան բանաձեւումները եւ յաչս իրենց սահմանադրութեան մը տէր ըլլալը համազօր էր քաղաքակրթութեան։
Բանախօսութեան տեւողութեան Այլին Գօչունեան մանրամասնեց Զապէլ Եսայեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Երուանդ Օտեանի մօտեցումները այդ շրջանի օրակարգին շուրջ՝ միշտ մէջբերելով անոնց կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ գրուածները։
Ելոյթի աւարտին ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։ Նկատի ունենալով, որ երեկոյթի մասնակիցներու շարքին կը գտնուէր նաեւ ֆրանսահայ հեղինակաւոր մտաւորականներէն Փրոֆ. Ռոպէր Տէր-Մերկերեան՝ ձեռնարկի այս հանգրուանն ալ անցաւ առանձնապէս ճոխ։ Արդարեւ, օրուան բանախօսի արտայայտութիւններուն լոյսին տակ Ռոպէր Տէր-Մերկերեան հանդէս եկաւ յաւելեալ խորհրդածութիւններով եւ իր կողմէ կատարուած հարցադրումները, անոնց կապակցութեամբ Այլին Գօչունեանի փոխանցած պատասխանները՝ առիթ հանդիսացան, որպէսզի առաւել կատարեալ պատկերացում մը ստեղծուի ունկնդիրներու մտքին մէջ։
Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմօրէն ու գնահատանքով շրջապատեցին Այլին Գօչունեանը, որու հետ զրոյցը շարունակուեցաւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։