ՀԲԸՄ-Ի ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծական ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն եզ­­րա­փա­կիչ փու­լը բնո­րո­շուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած բազ­մա­կող­մա­նի ձեռ­նարկ­նե­րով։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Ուր­բաթ, Դեկ­տեմ­բե­րի 2-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, Հայ­կա­կան Հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալսա­րա­նի ներ­կա­յաց­ման ե­լեկտ­րո­նիկ գիր­քի մը շնոր­հան­դէ­սը եւ լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը։ Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան Օ­փե­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «ՀՈ­ԳԻՍ» ե­րաժշ­տա­կան պա­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը։ «ՀԲԸՄ զրոյց­ներ» շրջագծով, Շա­բաթ, Դեկ­տեմ­բե­րի 3-ին Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­սու­լի­սի մը, իսկ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ դրա­մա­հա­ւաք։ Այ­սօր յատ­կան­շա­կան եր­կու հան­դի­սու­թիւն­նե­րով կ՚եզ­րա­փա­կուի յո­բե­լեա­նը։ Այս­պէս, ՀԲԸՄ-ի Ե­րե­ւա­նի «Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» կեդ­րո­նէն ներս կը կա­տա­րուի բա­ցու­մը Սու­րիա­հա­յոց բժշկա­կան կեդ­րո­նին։ «Օգ­նենք Ար­ցա­խին» ար­շա­ւի ծի­րէն ներս ալ ՀԲԸՄ-ի կող­մէ բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ կը նուի­րա­բե­րուին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան։

Թէեւ բո­լոր քննար­կում­նե­րը շատ բո­վան­դա­կա­լից էին, սա­կայն յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջին մէջ ան­մո­ռա­նա­լի դար­ձաւ «ՀՈ­ԳԻՍ» ձեռ­նար­կը։ Օ­փե­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս ե­րե­կոյ­թի պատուոյ հիւ­րերն էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Առա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ կո­ղա­կի­ցը՝ Վե­րա Սեդ­րա­կեան։ Ե­րե­կոյ­թի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան։ ՀԲԸՄ-ի 110-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը իր կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­ցան՝ կազ­մա­կեր­պու­թեան բո­լո­րած ճա­նա­պար­հի լոյ­սին տակ՝ որ­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն բա­րեն­պա­տակ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Ըստ Յո­վիկ Էօր­տէ­քեա­նի, ՀԲԸՄ պա­տա­հա­կան չէ, որ ներ­կա­յիս կեան­քի կը կո­չէ գե­ղա­րուես­տա­կան ծրա­գիր մը՝ միու­թեան, ա­ւան­դու­թեան եւ ար­դիա­կա­նու­թեան խորհր­դան­շան­նե­րով։ Ան յի­շե­ցուց, որ «ՀՈ­ԳԻՍ»ի ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Նիւ Եոր­քի մէջ, շուրջ եր­կու հա­զար հան­դի­սա­տես­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Կարճ ժա­մա­նակ անց, «ՀՈ­ԳԻՍ»ի մաս­նա­կից­նե­րը ա­հա ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռիթն ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ այս­պէ­սով մաս­նա­կից դար­ձան հայ­րե­նիք-սփիւռք միաս­նա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րին։ Ան ընդգ­ծեց, որ ՀԲԸՄ այս գա­ղա­փա­րը որ­դեգ­րած է իր ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին։

Գե­ղա­րուես­տա­կան այս ծրա­գի­րը գան­ձատ­րուած է ՀԲԸՄ-ի կող­մէ, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող Հա­յոր­դեաց տու­նե­րը կը գան­ձատ­րէ ընդ­հան­րա­պէս։ Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Նոր­քի Հա­յոր­դեաց տան «Նա­րեկ» պա­րի դպրո­ցի ղե­կա­վար Ար­ման Ջուլ­հա­կեա­նի բե­մադ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «ՀՈ­ԳԻՍ»ը։ Այս վեր­ջի­նը նո­րա­րա­ր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մըն է՝ պա­լէի, եր­գի, ե­րաժշ­տու­թեան եւ այլ ա­րուեստ­նե­րու ու ար­դի ո­ճե­րու հա­մադ­րու­թեամբ։ Բե­մին վրայ շուրջ եօ­թա­նա­սուն հո­գի, զի­րար փո­խա­րի­նե­լով ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան շուն­չով իս­կա­պէս ինք­նա­տիպ ներ­կա­յա­ցում մը։ Բե­մագ­րու­թիւ­նը հայ մար­դու ինք­նու­թիւ­նը ցո­լաց­նե­լու ա­ռըն­թեր նաեւ շատ հա­մա­մարդ­կա­յին հէնք մը ու­նէր։ Ար­դա­րեւ, այն­տեղ փո­խան­ցուած խօս­քը կը պար­փա­կէ կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ. ինչ­պէս՝ սէր, միու­թիւն, խա­ղա­ղու­թիւն, յա­ռաջ ըն­թա­նալ, աշ­խար­հի հետ քայլ պա­հել ե­ւ այլն։ Այս ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցան նաեւ Ա­նի Մա­նու­կեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) եւ Փաթ­րիք Մա­լա­քեան (Ֆրան­սա)։ Նոր­քի Հա­յոր­դեաց տան «Նա­րեկ» պա­րի դպրո­ցի սա­նե­րուն միա­ցած էին նաեւ «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի եր­գի ու պա­րի խում­բե­րը։ «ԹՈՒ­ՄՕ» կեդ­րո­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւս պա­տա­հա­կան չէ, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ է ՀԲԸՄ-ի հետ։ Մնաց որ դար­ձեալ ՀԲԸՄ-ի մի­ջոց­նե­րով «ԹՈՒ­ՄՕ» կեդ­րոն­ներ հաս­տա­տուած են նաեւ Ստե­փա­նա­կեր­տի եւ Կիւմ­րիի մէջ։

«ՀՈ­ԳԻՍ»ը հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուես­տի, «Cirque de Soleil» ո­ճի լա­րա­խա­ղա­յին ե­րաժշ­տա­կան իւ­րա­յա­տուկ հա­մադ­րու­թիւն­նե­րու եւ հին հայ­կա­կան պա­րե­րու նո­րո­վի ներ­կա­յաց­ման հա­մադ­րու­թիւն մըն է։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ա­ռի­թը կ՚ու­նե­նան տես­նե­լու՝ իս­կա­պէս կը տպա­ւո­րուին խո­րա­պէս։ Ե­րե­ւա­նի ներ­կա­յա­ցու­մէն վերջ բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին այս նրբա­ճա­շակ ա­րուես­տի մա­տու­ցու­մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016