ԱՆՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆ

Եւ այսպէս, քանի մը օր առաջ որոշեցի կատարել գնումներ։

Ուրախ ու զուարթ տունէն դուրս եկայ եւ ուղղուեցայ դէպի իմ ամենասիրելի առեւտուրի կեդրոնը։ Խոշոր կեդրոնը պտտելու ընթացքին իմ ուշադրութիւնը գրաւեց փոքրիկ խանութ մը, ուր կը վաճառէին կանացի նրբաոճ ու գեղեցիկ զգեստներ, տարատեսակ զարդեր, պճնանքի իրեր… Ակամայ շատ հաւնեցայ լուսաւոր ու ճաշակաւոր դասաւորուած խանութը։ Ներս մտայ։ Քանի մը բան հաւնեցայ, սակայն նախընտրեցի ինքնատիպ օղեր։ Մարդու մը խորհրդաւոր դէմքի կմախքի տեսք առած այդ օղերը, ժամանակակից արուեստի գործի ընդօրինակում մըն էր։ Վաճառորդուհիին հարցուցի, թէ ի՞նչ կ՚արժէ։ Միջահասակ, բարետես արտաքինով, խնամուծ ու դիմայարդարուած վաճառորդուհին պատասխանեց՝ 2500 դրամ։

-Շատ բարի, ես կը գնեմ զայն,- լայնաժպիտ ըսի իրեն։

Օղերը վերցուցի եւ սկսայ մանրակըր-կիտ զննել։ Անմիջապէս նշմարեցի, որ օղերէն մէկուն ետնամասը փակցուցած են անխնամ ձեւով։

-Ներողութիւն, այս օղը վնասուած է։ Նոյնէն ուրիշ մը ունի՞ք։

-Ոչ, չունինք,- անտարբեր ու մռայլ դէմքով պատասխանեց նոյն այդ վայելչագեղ վաճառորդուհին։

-Կրնա՞ք զեղչել։

-Չեմ կրնար, եթէ կ՚ուզէք այդպէս գնեցէք։

Ա՜խ, շատ հաւնեցայ, հայեացքս բնաւ չկրցայ զատել իմ ընտրած օղերէն։ Կարծես այդ պահուն փորիկիս մէջ մտած ըլլար սատանայ։ Քանի մը վայրկեան կը խորհէի՝ գնե՞մ, թէ՞ չգնեմ… Ի վերջոյ որոշեցի գնել զիս այդքան հմայած զարդը։

Բարետես, թթուած դէմքով վաճառորդուհին ալ որոշեց չեղչել օղերը ու խստութեամբ աւելցուց.

-Նախապէս կը զգուշացնեմ, որ օղերը չէք կրնար ետ վերադարձնել։

-Շատ բարի, հասկցայ, ճիշդ ալ կ՚ընէք, որ ետ չէք վերցներ։ Չէ՞ որ ան հակաառողջապահական է եւ այլն…

Երբ օղերը գնեցի, անմիջապէս զանոնք անցուցի իմ ականջներուն ու այդպէս դուրս եկայ խանութէն…

Յաջորդ առտու, կրկին կրեցի իմ սիրելի օղերը ու գացի նախաճաշելու։ Նախաճաշի ընթացքին յանկարծ տեսայ, որ օղը պոկուեց ու ուղիղ ինկաւ պնակիս մէջ։ Շուարեցայ, զարմանքէն քարացայ։ Որոշեցի, վաղն իսկ երթալ խանութ ու տեղեակ պահել պատահածի մասին։ Այդպէս ալ ըրի։

Պոկուած օղը ձեռքս գացի խանութ, ուր կար նոյն վաճառորդուհին։

-Բարեւ ձեզ, երկու օր առաջ ես ձեզմէ գնեցի այս օղերը եւ մի միայն այդ օրը կրցայ կրել։ Յաջորդ օրը՝ այսինքն երէկ, ան պոկուեցաւ։

-Է՜հ, ի՞նչ ընեմ։ Ես ձեզ զգուշացուցի, որ օղերը ետ չէք կրնար վերադարձնել։ Ինչո՞ւ հիմա եկած էք,- բաւական վրդոված ու կոպիտ ձեւով այս բառերը իմ դէմքին նետեց անկիրթ վաճառորդուհին։

-Չէ՞ որ դուք ինծի անորակ ապրանք վաճառեցիք։ Կը խնդրեմ ետ վերցուցէք։ Թերեւս օղերը Չինաստանէն Հայաստան փոխադրման ընթացքին պոկուեցան, դուք ալ ձեւով մը փակցուցիք։

-Ես անանկ պարապ բաներով չեմ զբաղիր։ Ոչ մէկ բան ալ սոսնձեցի։ Բաց աստի, դուք երկու օր առաջ չգնեցիք զարդը։ Ո՞վ գիտէ քանի օր անցաւ,- ձայնը բարձրացնելով զիս սաստեց անքաղաքավար վաճառորդուհին։

Ես փաստերով անոր ապացուցեցի, որ օղերը գնեցի երկու օր առաջ։ Սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն։

-Ձեր քովը չէք ունի՞ք։

-Ոչ, տունը մոռցայ։

-Ը՜հը, առաւել եւս չեմ կրնար փոխել։ Գացէ՛ք, ես ժամանակին ձեզ զգուշացուցի։ Եթէ չէիք ուզեր՝ չառնէիք, ես ձեզ չպարտադրեցի,- բարկութիւնը կրկնապատկելով, աչքերը իմ վրայ լայն բանալով պատասխանեց բարետես արտաքինով, տգէտ երիտասարդուհին։

-Շատ բարի, ուրեմն ես կը բողոքեմ։

-Ո՛ւր ուզէք, որո՛ւ ուզէք կրնաք բողոքել։ Ինչ կ՚ուզես՝ ըրէ…

Ես բաւական վիրաւորուած ու վրդոված լքեցի խանութը։ Երբ տուն հասայ անմիջապէս տեղի ունեցած միջադէպի մասին գանգատեցայ խանութի տնօրէնութեան։ Չէ՞ որ հարցը երկու հազար դրամը չէր, այլեւ՝ խնդիրը վաճառորդուհիի անփոյթ ու անքաղաքաւար վերաբերմունքը։

Ակամայ բարետես ու խնամուած արտաքինով վաճառորդուհիի ներաշխարհը կը նմանէր որդերով լի, սակայն արտաքնապէս ախորժելի, կարմրաթուշ խնձորի մը։ Երիտասարդուհին բնաւ չէր տիրապետեր սպասարկման կանոններուն ու քաղաքավարութեան նրբութիւններուն։ Այս է, որ զիս մինչեւ հոգւոյս խորը վշտացուց։

Այդ մղձաւանջալի օրը տնօրէնութենէն ինծի պատասխան-նամակ մը չեկաւ։ Գրեթէ կորսնցուցի իմ յոյսը։ Յաջորդ օրը անծանօթ թիւէ մը ստացայ զանգ մը. խանութներու ցանցի տնօրէնն էր։ Բազմիցս ներողութիւն խնդրեց իրենց վաճառորդուհիի անքաղաքավար վերաբերմունքին համար։ Որպէս հատուցում ալ ինձմէ խնդրեց՝ ներկայալ խանութ եւ փոխել զարդը ուրիշ ապրանքի մը հետ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019