ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ԿՐԹՕՃԱԽԸ. ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ

Սփիւռքի տարածքին գործող ամենահին հայկական դպրոցը՝ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը շուտով կը նշէ իր հիմնադրման 200-ամեակը: Հիմնուելով 1821 թուականին՝ ճեմարանը լուրջ դերակատարութիւն ունեցած է Հնդկաստանի հայ համայնքի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ եւ անոր գործունէութիւնը հայոց պատմութեան նշանակալի իրողութիւններէն մէկն է: Այսօր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիի ներքոյ գործող ճեմարանի կառավարիչ Տ. Մովսէս Վարդապետ Սարգսեանի հետ ԺԱՄԱՆԱԿ ունեցաւ հետեւեալ զրոյցը.

-Ներկայիս ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը: Ի՞նչ են ճեմարանի ձեռքբերումները եւ խնդիրները:

-Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը հայկական թեքումով, անգլիական տասնամեայ դպրոց մըն է, որ կը գտնուի Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքը եւ անդամ է Հնդկաստանի Տելհիի կրթական խորհուրդին, այսինքն` կրթական առումով այն կ՚ենթարկուի Հնդկաստանի Կրթութեան նախարարութեան:

1999 թուականէն սկսեալ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը Կալկաթայի բարձրագոյն դատարանի որոշմամբ՝ յանձնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խնամքին: Այդ տարունէ ի վեր Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը, ունենալով Վեհափառ Հայրապետի ուշադիր եւ հոգատար խնամքը, տարուէ տարի զարգացած է եւ կը շարունակէ զարգանալ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ այստեղ հոգեւորականներ նշանակուած են, Հայաստանէն ուսուցիչներ, մասնագէտներ եկած են։ Աշակերտներուն մեծ մասը նոյնպէս Հայաստանէն է, այժմ ունինք վեց երկիրներէ աշակերտներ՝ Հայաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Ռուսաստանէն, Հնդկաստանէն եւ Միանմարէն:

Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը սփիւռքի տարածքին գործող ամենահին կրթական հաստատութիւնն է, որ կը գործէ 198 տարիէ ի վեր եւ հետզհետէ աւելի կը զարգանայ: Ճեմարանի կրթական մակարդակը տարուէ տարի աւելի կը բարձրանայ եւ կեցութեան պայմանները կը բարելաւուին:

Ճեմարանը նաեւ առիթներ կու տայ իր լաւագոյն աշակերտներուն: Անոնք, որոնք կը համապատասխանեն Մարդասիրական ճեմարանի ուսումնական խորհուրդի եւ Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ հայոց եկեղեցիի հիմնադրամի առաջարկած կրթական չափորոշիչներուն, հնարաւորութիւն կը ստանան ճեմարանը աւարտելէ յետոյ ուսանիլ Կալկաթայի մէջ գտնուող լաւագոյն աւագ դպրոցներուն մէջ, որմէ յետոյ դարձեալ, եթէ կը համապատասխանեն բարձրագոյն կրթութեան չափորոշիչներուն, անոնք հնարաւորութիւն կը ստանան սորվելու Հնդկաստանի լաւագոյն քոլէճներուն մէջ: Այժմ ունինք տասնեակ ուսանողներ, որոնք կ՚ուսանին Հնդկաստանի զանազան քոլէճներու, ինչպէս նաեւ աւագ դպրոցներու մէջ:

Ճեմարանի առաջին լեզուն անգլերէնն է, այնուհետեւ՝ հայերէնը, որմէ յետոյ հնդկերէնը եւ ունինք նաեւ չորրորդ լեզու մը՝ ռուսերէնը: Բայց աշակերտները, ցանկութեան պարագային, կրնան սորվիլ նաեւ այլ լեզուներ․ այս պարագային դուրսէն կը հրաւիրենք տուեալ լեզուի մասնագէտ՝ աշակերտին հետ այդ լեզուն պարապելու համար:

Առօրեան շատ յագեցած է ու բազմազան, դպրոցական դասաժամերէն զատ, երեխաները նաեւ ընդգրկուած են մարմնամարզի եւ զանազան այլ ժամանցային կամ կրթադաստիարակչական միջոցառումներու մէջ: Ունինք ֆութպոլի, ռակպիի, պասքեթպոլի մարզիչներ, երեխաները ունին իրենց առօրեան բազմազան ու լեցուն դարձնելու բոլոր յարմարութիւնները. լողաւազան (որ Կալկաթայի առաջին գոց լողաւազանն է՝ հիմնադրուած 1930 թուականին եւ կը գործէ մինչեւ օրս, վերանորոգուած է երկու տարի առաջ), մարզասրահ, գրադարան, ունինք ասեղնագործութեան խմբակ, երգչախումբ, պարախումբ: Ամեն կիրակի ճեմարանի ողջ անձնակազմը Կալկաթայի հայոց եկեղեցիներուն մէջ կը մասնակցի Սուրբ Պատարագի, որու ընթացքին երեխաներէն ոմանք կը սպասաւորեն Սուրբ Սեղանին, ոմանք կ՚երգեն դպրաց դասուն մէջ:

-Հայր սուրբ, ի՞նչ են ճեմարան ընդունուելու պայմանները, եւ ո՞վ կը հոգայ կրթաթոշակը։

-Ճեմարանը կրթական բացառիկ հաստատութիւն մըն է, հարիւր տոկոսանոց կրթաթոշակով, ուր աշակերտը եւ ծնողքը որեւէ մտահոգութիւն չունին՝ վճարելու որեւէ բանի դիմաց, եւ փոխարէնը աշակերտները տասնամեայ փայլուն կրթութիւն կը ստանան ոչ միայն զուտ ակադեմական առումով, այլ անոնք կը դաստիարակուին ու կը դառնան լիարժէք հայ-քրիստոնեայ անհատներ եւ հասարակութեան պիտանի օրինակելի քաղաքացիներ։

Այս առումով, իսկապէս Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի դերը բացառիկ է: Հաստատութիւնը 198 տարուայ մէջ տասնեակ սերունդներ պատրաստած է եւ միշտ կապի մէջ է շրջանաւարտներուն հետ։ Բոլորն ալ յաջողած են իրենց կեանքին մէջ, բոլորն ալ իրենց նպատակներուն հասած են, որովհետեւ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի երդիքին տակ, ինչպէս իրենք կը խոստովանին, ստացած են այնպիսի դաստիարակութիւն, այնպիսի կրթութիւն, ինչ որ զանոնք կարող դարձուցած է՝ աշխարհի որեւէ վայրին մէջ ելք գտնելու, հզօրանալու, զարգանալու եւ իրենց տեղը գտնելու համար:

Նշեմ նաեւ, որ թիւր տպաւորութիւն եղած է ժամանակին, որ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը անապահով ընտանիքներու երեխաներու ուսման վայր է, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Եղած են ժամանակներ, երբ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու երեխաներուն ուղղակի տրուած է այդ հնարաւորութիւնը՝ Հայաստանէն գալ այստեղ ուսանելու, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի առաքելութիւնը այդ է: Այստեղ կրթական մակարդակը բաւականին բարձր է, եւ ընդունելութեան ժամանակ մեզի կարեւոր չէ, թէ դիմորդի ընտանիքը ինչպիսի՛ ընկերային վիճակ մը ունի: Անոնք, որոնք համապատասխան ընդունելութեան քննութիւնը կ՚անցնին, անհրաժեշտ փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն, կ՚ընդունուին, կու գան Կալկաթա ուսանելու, իսկ յետագային թէ ինչպէ՛ս կը սորվին, ինչպիսի՛ վարք կ՚ունենան, ատոր համեմատ ալ կ՚որոշուի անոնց կրթութեան շարունակութիւնը՝ կա՛մ կը շարունակեն եւ կա՛մ կը վերադառնան:

-Դուք արդէն երեք տարիէ ի վեր կը ծառայէք Հնդկաստանի մէջ, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք, ինչպիսի՞ն է այնտեղի հայկական համայնքը, նախքան երթալը ձեր ունեցած պատկերացումներն ու իրականութիւնը համընկնեցա՞ն իրարու:

-Հնդկաստանի հայ գաղութը, ցաւօք սրտի, այն չէ, ինչ որ եղած է ժամանակին: Այժմ ողջ Հնդկաստանի տարածքին հազիւ հարիւր հայ կը բնակի, որ մշտական բնակիչ է: Հայերը, որպէս համայնք հիմնականը Կալկաթայի մէջ են: Հնդկաստանի մէջ ունինք հայկական եօթ եկեղեցիներ. երեքը՝ Կալկաթա, երկուքը դարձեալ Արեւմտեան Պենկալիա նահանգին մէջ՝ Ճինսուրա եւ Սայտապաթ քաղաքները, ունինք եկեղեցիներ նաեւ Մատրասի եւ Պոմպէյի մէջ:

Իւրաքանչիւր կիրակի օր Կալկաթայի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ պատարագ կը մատուցուի, իսկ միւս քաղաքներու եկեղեցիներէն ներս տարին մէկ կամ երկու անգամ միայն հնարաւոր կ՚ըլլայ պատարագ մատուցել: Պատարագներու ժամանակ ալ հաւատացեալներու մեծ մասը Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի աշակերտներն եւ ուսուցիչներն են, տեղւոյն հայ համայնքէն շատ քիչեր են, որ մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցական արարողութիւններուն:

-Գալով Կալկաթայի հին գաղութին, այսօր այդ գաղութէն ի՞նչ մնացած է: Շփում ունի՞ք գաղութի անդամներուն հետ: Ի՞նչ են անոնց մտահոգութիւնները, իրենց ապրումները ինչքանո՞վ հայկական են:

-Հայ գաղութի մասին, ինչպէս արդէն ըսի, դպրոցական տարիներէն ունեցած մեր տպաւորութիւնները այլեւս չկան, որովհետեւ Հնդկաստանի անկախացումէն յետոյ ընկերային վիճակի վատթարացման պատճառով, հնդկահայերը հիմնականը գաղթած են արեւմտեան երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա եւ շատ քիչեր հոս մնացած են, մնացածներուն մէջն ալ հիմնականը խառն ամուսնութիւններ կնքուած են եւ հետզհետէ հնդկահայ համայնքը փոքրացած է: Եւ սակայն, վստահաբար կրնամ ըսել, որ հնդկահայ համայնքը աշխոյժ է՝ շնորհիւ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին, որ հնդկահայ համայնքի բաբախող սիրտն է, այն իր միաւորող գործունէութիւնը կ՚իրականացնէ Հնդկաստանի մէջ, անոր շուրջ կը համախմբուին հնդկահայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ տօներու ու կազմակերպուած զանազան միջոցառումներու ժամանակ:

Հայկական գաղութէն մնացած են հայկական փողոցներու անունները, հայերու կառուցած շէնքերը, որոնց մեծ մասը ցաւօք վաղուց հայերուն չեն պատկանիր, ժամանակին օտարուած են: Բայց եւ այնպես, ամէնուր հայ համայնքի թողած հետքերը կան՝ կամուրջներ, շէնքեր եւ այլն։ Ամէն տեղ հայկական արձանագրութիւններ, գերեզմաններ կարելի է գտնել, նոյնիսկ ուրիշ քրիստոնէական եկեղեցիներու մէջ՝ կաթողիկէ, աւետարանական, կան այդ հետքերը։ Որովհետեւ ժամանակին շատ եկեղեցիներ հայերը կառուցած եւ տուած են քրիստոնէական ուրիշ եկեղեցիներու. ինչպէս օրինակ՝ Մատրասի մէջ․ հայերը կառուցած են Սուրբ Թովմա Առաքեալի նահատակութեան վայրի եկեղեցին եւ նուիրած են Կաթոլիկ Եկեղեցիին:

-Տեղացիներու վերաբերմունքը ինչպիսի՞ն է հայութեան հանդէպ: Ի՞նչ մօտեցում կը ցուցաբերեն:

-Հնդիկներու եւ առհասարակ Հնդկաստանի վերաբերմունքը շատ դրական է հայերու, հայ համայնքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ: Կալկաթան բաւականին մեծ քաղաք է, բայց հայ համայնքն ու Հայ Եկեղեցին շատ յայտնի են հոս, բոլորը կը ճանչնան եւ կը յարգեն: Հիմա ալ, մեր եկեղեցին Հնդկաստանի մէջ մասնակցութիւն ունի բոլոր քրիստոնէական միջեկեղեցական հանդիպումներուն, արարողութիւններուն: Հայոց Մարդասիրական ճեմարանն ալ բաւական մեծ համբաւ ունի ողջ Հնդկաստանի տարածքին՝ իր ունեցած կրթութեամբ եւ վարկով։ Այս առումով պարզ օրինակ մը նշեմ, Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին մէջ թէկուզ մէկ տարի դասաւանդած ուսուցիչը անմիջապէս քանի մը անգամ աւելի աշխատավարձով աշխատանք կը գտնէ Կալկաթայի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, որովհետեւ բոլորին Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը յայտնի է իր բարձր կարգապահութեամբ, կրթութեան որակով, ուստի, եթէ մարդը աշխատած է այնտեղ, ուրեմն ունի բարձր որակաւորում: Նոյնը նաեւ կարելի է ըսել աշակերտներուն վերաբերեալ. ճեմարանի աշակերտները ունին լաւ համբաւ միւս կրթական հաստատութիւններու մէջ:

Հայերը Հնդկաստանի մէջ նաեւ յայտնի են ռակպիի ոլորտէն ներս, որովհետեւ երկար տարիներ հայերը այդ խաղը խաղացած են եւ շատ անգամներ յաղթող եղած: Վերջինը 2017 թուականին էր, երբ հայկական եօը հոգինոց խումբը՝ Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի տղաները, դարձեալ յաղթող ճանչցուեցան ամբողջ Հնդկաստանի ռակպիի մրցաշարքերուն:

-Հնդկաստանը աճող երկիր կը համարուի, ինչպէս նաեւ անդամ է «Մեծ քսանեակ»ին, ապագայ խոստացող երկիր մըն է տարբեր առումներով: Այս առումով ի՞նչ տեղեկութիւն կրնաք փոխանցել մեզի, ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը Հնդկաստանի կարողականութեան մասին, ի՞նչ կարելիութիւններ կը տեսնէք Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ:

-Հնդկաստանը միանշանակ զարգացող երկիր է, եւ կը կարծեմ այստեղի հայերը սխալ ըրած են, որ հեռացած են Հնդկաստանէն: Ասիկա երկիր մըն է, որ մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռնէ աշխատող մարդուն՝ յաջողելու, գործ զարգացնելու առումով: Ուրախալի է տեսնել, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի յարաբերութիւնները տարուէ տարի յառաջընթաց կ՚ունենան՝ պետական մակարդակով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019