«ԻՆՉՈ՞Ւ ՈՒՆԻՆՔ ԱՅՍ ՈՐԱԿԸ»

2018 թուականի գարունը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար կը թուէր, որ շրջադարաձային գարուն պիտի ըլլար, որովհետեւ աւելի քանի քսանչորս տարիներու կողոպուտէն ու թալանէն ետք, ի վերջոյ հայ ժողովուրդը համարձակութիւն ունեցած էր ոտքի կանգնելու, թօթափելու ստրկութեան լուծը եւ որոշում կայացնելու ապրիլ բարօր ու քաղաքակիրթ կեանքով:

Հայկական շարժումին գլուխն էին խումբ մը երիտասարդներ, ինչ որ աւելիով ներշնչած էր ժողովուրդը, որովհետեւ մինչ աշխարհը կ՚երիտասարդանար, մեր երկիրը կը շարունակէր ծերանալ ու ծերանալ… Այդ երիտասարդներուն ներկայութիւնն ու ստանձնած ղեկավարութիւնը «յեղափոխական» այդ շարժումին ոգեւորութիւն եւ ներշնչանք պատճառած էր հազարաւոր հայորդիներու… Եւ, իրապէս ալ, ժողովուրդը հասաւ իր նպատակին, տապալեց հինը, իր վրայէն թօթափեց աւելի քան քսանչորս տարիներու անարդարութիւնն ու ստրկական կարգավիճակը եւ աչքերը այս անգամ դէպի մօտիկ ու լուսաւոր ապագայ բանալով խոր շունչ մը քաշեց եւ սկսաւ իր դարաւոր պատմութեան նոր հանգրուանը:

Դժբախտաբար սակայն այդ ոգեւորութիւնն ու դրական սպասումները կատարուած իրողութիւններուն շատ երկար չտեւեցին, քանի որ «նոր»երը, «նոր» երիտասարդները պարզուեցան, որ հիներու շարունակութիւնն են, աւելին՝ որ հիներու սկսած գործին լիիրաւ շարունակողներն են…

Երկուքուկէս տարի արդէն անցած է գարնանային թաւշեայ իշխանափոխութենէն… Իշխանափոխութիւն կ՚ըսեմ, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ շարժումը աւելի ծանօթ է թաւշեայ «յեղափոխութեամբ»… Սակայն, երբ այսօր սթափ եւ զգացմունքներէ հեռու դատողութեամբ կը հետեւինք ու կը մտաբերենք անցնող շրջանին կատարուած իրողութիւնները, կը հասկնանք, որ իրականութեան մէջ կատարուածը պարզապէս իշխանափոխութիւն մըն էր, այսինքն՝ հինին վերանորոգումը «նոր»ով…

Հինը անցնող աւելի քան քսանչորս տարիներու ընթացքին գրեթէ տերեւաթափ ըրած էր մտածող ուժը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական ոլորտները դարձուցած էր անարգասաբեր: «Նոր»երը, հակառակ այն փաստին, որ երիտասարդ ուժեր կը համարուէին, սակայն ժողովուրդը պահ մը մոռցած էր, որ նոյն հիներուն պատրաստած սերունդն էր, այսինքն հիներու անկազմակերպ եւ անորակ աշխատանքին արդիւնքը, ըստ որում ունեցած վերջին երկուքուկէս տարուան անորակութիւնը: Անորակութիւն բոլոր մակարդակներու վրայ: Անորակութիւն, մանաւանդ ազգային պատկանելիութեան ու ազգային գաղափարներու առումով: Անորակութիւն, գիտական եւ մշակութային առումներով: Կարելի է անորակութիւններու շարքը երկարել, սակայն այստեղ նպատակը շարքի երկարումը չէ, այլ փորձել հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար մենք ունեցանք այս անորակութիւնը: Բազմաթիւ պատասխաններ ու փաստեր կարելի է տալ այս հարցումին, այստեղ սակայն, խօսքը պիտի փոխանցեմ «Առաւօտ» թերթի (https://www.aravot.am/) գլխաւոր Խմբագիր՝ տիար Արամ Աբրահամեանին, մէջբերելով անոր խմբագրականը 1 դեկտեմբեր 2020 թերթի համարին, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ «Ինչո՞ւ ունինք այս որակը»:

Յարգարժան խմբագիրին խմբագրականը ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք արեւմտահայերէնով.

Երբ կը հարցնեն ինծէ, թէ զո՞վ կը տեսնեմ երկրի յաջորդ վարչապետ, պատասխանս յստակ է՝ Հայաստանը խորհրդարանական երկիր է, խորհրդարանն է, որ վարչապետ կ՚ընտրէ: Հետեւաբար, այդ խնդիրին մասին թող պատգամաւորները մտածեն: Երբ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններ ըլլան, ես, հարիւր հազարաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն նման, դիրքորոշումս քուէարկութեամբ կ՚արտայայտեմ՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին գերապատուութիւն տալով: Կ՚առարկեն. «Ուրեմն, դուք երկրի ճակատագիրը այս որակի խորհրդարանի՞ն կը վստահիք»: Ես ալ կը պատասխանեմ. «Ատիկա ե՛ս չէ, որ կ՚ընեմ. ատիկա 2018 թուականի 9 դեկտեմբերին ըրած է 884,864 քաղաքացի՝ ընտրողներուն 70.42 տոկոսը, որոնք «Իմ քայլ»ը դաշինքին ձայն տուած են»: Ատ մարդիկն են պատասխանատու ներկայի խորհրդարանին, եւ, հետեւաբար, վարչապետի որակին համար: Ազգային ժողովը վարչապետ ընտրելու եւ կառավարութիւն ձեւաւորելու միակ սահմանադրական մարմինն է. ուրիշ ձեւով ձեւաւորուող կառավարութիւնները «Ազգային փրկութեան» կառավարութիւն կոչուին կամ որեւէ մէկ ուրիշ անունով, անօրինական պիտի ըլլան:   

Բայց ես կ՚առաջարկեմ մտածել, թէ մենք ինչո՞ւ համար այս տխուր որկաի վարչապետ, կառավարութիւն եւ Ազգային ժողով ունինք: Այդ հարցումին պատասխանելու համար եկէք յիշենք, թէ 90-ականներու կէսերէն սկսած Հայաստանի մէջ իշխանութիւն ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուէր: Երկու տարբերակ կայ. կա՛մ գործող իշխանութիւնը ցինիկ, անբարոյ եւ անօրինական ձեւով կը վերարտադրուի, կա՛մ ալ օրինական ճանապարհով իշխանութեան կու գայ պետական կառավարումի, ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան մասին պատկերացում չունեցող ժողովրդականը (populist), որ երկիրն ու ժողովուրդը աղէտալի ողբերգութեան կը տանի: Ըստ էութեան, երկու պարագաներուն ալ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, առաջին դէմքին կողմէ կը նշանակուի, ու պատգամաւորներուն [երեսփոխաններուն] մեծ մասը պատահական, օրէնսդրական աշխատանքին բացարձակապէս անընդունակ մարդիկ են, որոնք ոտքէն գլուխ կախուածութեան մէջ այդ դէմքէն:

Երկու տարբերակներն ալ ակնյայտօրէն վատ են, եւ ատոնք լուրջ կասկածներ կը յառաջացնեն՝ արդեօք Հայաստանի մէջ կիրառելի՞ է այն բանը սովորութիւն դարձուցած ենք կոչել «ժողովրդավարութիւն», «ընտրութիւններ», «խորհրդարան»՝ իրենց դասական իմաստներով: Ինչպէս յայտնի է, այդ հարցը կը յառաջանայ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ՝ բազմաթիւ այլ երկիրներու՝ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Բայց ես վարկած մը ունիմ, որ, ի հարկէ, ստուգումի կարիք ունի: Ես կը կարծեմ, որ 884.864 մոլորած քաղաքացիները (որոնցմէ շատերը, նոյնիսկ այս ազգային ողբերգութեան պարագային կը շարունակեն պնդել իրենց մոլորութիւնը), ոչինչո՛վ կը զիջին Ֆրանսայի կամ Գերմանիոյ շարքային քաղաքացիներուն՝ կեանքի մասին պատկերացումները, մտահորիզոնը, ինչպէս նաեւ խորշումներն [phobia] ու նախապաշարումները գրեթէ նոյնն են:

Կ՚ենթադրեմ, որ Հայաստանի մէջ, ի տարբերութիւն զարգացած երկիրներու, չէ ձեւաւորուած այն վերնախաւը (նաեւ ռազմական, որ մեր պարագային շատ կարեւոր է), որ մեր հասարակութիւնը ուղղորդէ: Քիչ թէ շատ գրագէտ մարդու ցանկացած միտք՝ կարեւոր չէ, ճիշդ թէ սխալ, կ՚ենթարկուի ֆէյսպուքահայութեան, կամ, եթէ կ՚ուզէք՝ պօղոսահայութեան զանգուածային յարձակումին: Միտքի հեղինակը կը վարկաբեկուի, ժամանակակից լեզուով՝ հոգեբանական ահաբեկումի՝ սպառնալիքի (bullying) կ՚ենթարկուի:

Այսպիսով, ժողովրդավարութիւնը, իր բոլոր թերութիւններով, այլընտրանք չունի, իշխանութիւնը պէտք է արդար ընտրութիւններով ձեւաւորուի: Սակայն ժողովրդավարութիւնը այն պարագային իմաստ ունի, երբ հասարակութիւնը ազդեցիկ վերնախաւ ունի. այնքան ատեն որ ատիկա չկայ, մեզի կը սպասեն վերոյիշեալ երկու՝ հաւասարապէս վտանգաւոր տարբերակները:

Յարգարժան խմագիրի խմբագրականին այս տողերը կարդալով եւ պահ մը միքտով դէպի անցեալ՝ ո՛չ հեռու (երկուքուկէս տարիներ) տեղափոխուելով ու փորձելով սթափ դատողութեամբ վերլուծել, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ անցնող այս շրջանին, պիտի հասնինք այն եզրակացութեան, որ կատարուածը ծրագրուած եւ նպատակադրուած էր… Ինչքան ալ շատերու համար անհաւատալի կամ անընդունելի ըլլայ այս վարկածը, բայց իրողութիւններն ու փաստերը կու գան ճիշդ հակառակը վկայելու: Իսկ այդ բոլորին պատճառը անորակութիւնն է: Անորակութիւն բոլոր մակարդակներու վրայ:

Թեթեւ կերպով նայուածք մը նետենք անցնող երկուքուկէս տարիներու ընթացքին կրթական, գիտական ու մշակութային ոլորտին վրայ, նոյնը՝ տնտեսական ոլորտին, նոյնը՝ գիւղատնտեսութեան ու արդիւնաբերական ոլորտներուն վրայ եւ պիտի նկատենք, թէ հակառակ կատարուած որոշակի աշխատանքներուն, արդիւնքը սակայն փոխանակ գոհացուցիչ եւ ի նպաստ մեր պետականութեան ըլլալու, ճիշդ հակառակը եղած է, այսինքն՝ այդ կատարուած աշխատանքներէն օգտուած են անհատներ կամ որոշակի կազմակերպութիւններ, բայց ո՛չ պետութիւնը եւ պետականութիւնը:

Տակաւին, պահ մը ակնարկ նետենք մեր Ազգային ժողովին… Ընդունուած օրէնքներն ու այդ օրէնքներու քննարկումն ու ընդունման կերպերը միայն եթէ նկատի ունենանք, կը տեսնենք, որ այդտեղ դարձեալ թաքուն կերպով ընդհանուրի մէջ գործած է մէկ հոգի միայն, ընդհանուրի շղարշին տակ որոշումներ կայացուցած է մէկ հոգի միայն, որ իր կարգին ենթարկուած է մէկ անհատի մը կամ անհատներու, որոնք ուղղութիւն տուած են այդ միանձնեային:

Եզրակացնելով, անցնող երկուքուկէս տարիներու անորակութիւնն ու անկազմակեպուածութիւնը մեզ հասցուցին այս օրուան: Բնականաբար, երբ վերջին երկուքուկէս տարի կ՚ըսենք, չենք անգիտանար այդ ժամանակաշրջանին նախորդած աւելի քան քսանչորս տարիները, որոնք հող պատրաստած էին այս բոլորին: Պարզապէս, 2018 թուականի գարնան իշխանութեան եկած «նոր»երը եթէ ժողովրդական այդ աննախադէպ սատարումը նկատի ունենային եւ գոնէ այդ ժամանակ խիղճի խայթ ունենային եւ իրենց ծրագիրներն ու նպատակները՝ ինչ բանի համար իշխանութեան եկած էին, փոխէին ու մէկդի դնէին, շատ հաւանաբար մեր այսօրուան իրականութիւնը շատ աւելի տարբեր կ՚ըլլար: Բայց, ինչպէս կ՚ըսեն, անցեալը անցած է այլեւս, կը մնայ որ յառաջիկային նոյն կերպով, կամ տարբեր ձեւերով այլ բախտախնդիրներ չյայտնուին մեր պետութեան ղեկին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 դեկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020