ԿՐԿԻՆ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ - Բ. ՀԱՏՈՐԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՎ ԵՒ ԹԷՔԷԵԱՆԱԿԱՆ ԱՅԼ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Հայրենի երիտասարդ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային եւ Լեզուագիտական համալսարաններու դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուի հրատարակութիւնը՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ: Արդէն լոյս տեսած է եռհատորեակի առաջին գիրքը՝ «Վահան Թէքէեան. Յօդուածների ժողովածու, 1901-1910, հատոր Ա.» խորագրով, որուն ԺԱՄԱՆԱԿ օրին անդրադարձած է:

Օրերս Վարդուհի Դաւթեան ընթերցողի սեղանին դրաւ նաեւ եռհատորեակի Բ. հատորը, որ կ՚ընդգրկէ Թէքէեանի գրած յօդուածները՝ 1911-1920 թուականներուն: Հատորին կողքը, ինչպէս Ա. հատորինը, զարդարուած է մեծանուն հայ նկարիչ եւ արձանագործ Երուանդ Քոչարի վրձինին պատկանող եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս պահուող «Բանաստեղծը. Վահան Թէքէեան» կտաւով: Եռհատորեակի Բ. հատորին մէջ մեծ տեղ գրաւած են Թէքէեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ տպուած յօդուածները, որոնք մեկնաբանելով, գիրք կազմողը կը նշէ, որ Թէքէեանի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կապը շատ ամուր եղած է. տակաւին 1908 թուականի Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ գրողը սկսած է աշխատակցիլ Սարգիս եւ Միսաք Գօչունեաններու հիմնած թերթին, իսկ երբ 1920-ական թուականներուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը միանայ «Ժողովուրդի Ձայն»ին, Թէքէեան կը դառնայ խմբագիրը միացեալ թերթին եւ արդէն իբրեւ սիւնակագիր ալ հանդէս կու գայ թերթի էջերուն: Թէքէեան բազմաբեղուն եղած է թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ հրապարակագիր: Անոր յօդուածներուն մէկ մասը տակաւին ցրուած է մամուլին մէջ, եւ գնահատելի է, որ վերջին տարիներուն ջանքեր կը գործադրուին զանոնք ի մի բերելու:

Թէքէեանի յօդուածներուն մէկ մասը առաջին անգամ հրատարակուած է գրողին մահէն ետք՝ «Երկու դրախտները» խորագրով, այնուհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը նոյն խորագրով 2017 թուականին հրատարակած է Թէքէեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հրապարակագրական եւ յուշագրական բնոյթով յօդուածները: Կազմող եւ խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան այդ յօդուածներուն կցած է նաեւ այլուր հրատարակուած կարգ մը գրութիւններ, որոնք կերպով մը առընչութիւն ունին Պոլսոյ եւ պոլսահայ դէմքերուն հետ: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այդ հրատարակութեան յաջորդած է «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարով լոյս տեսած թէքէեանական միւս գիրքը՝ «Կեսարիա» խորագրով օրագրութիւնը (2016):

Անցեալ տարի ալ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է Վահան Թէքէեանի՝ «Արեւ» օրաթերթին մէջ տպագրուած խմբագրականները՝ «Արեւի խմբագրականներ (1915-1945)» խորագրով:

Եւ ահաւասիկ, Վարդուհի Դաւթեանի կազմած ծաւալուն եռհատորեակը կու գայ լրացնելու վերջին տարիներուն Թէքէեան հրապարակագիրէն լոյս տեսած հատորներուն շարքը: Հետազօտողը այս հսկայական աշխատանքով նպատակ ունի գիտական լոյսի տակ ամբողջապէս մէջտեղ բերել Թէքէեանի հրապարակագրութիւնը:

Ինչպէս տեղեկացանք, Գ. հատորը թերեւս ըլլայ այս շարքին ամենածաւալունը՝ իր կարգին կազմուած երկու մասէ:

Բ. հատորը նոյնպէս հրատարակուած է «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ կեդրոնին մէջ օրերս տեղի ունեցած շնորհանդէսէն ետք արդէն հասանելի է ընթերցողներուն: Շնորհանդէսին հատորի մասին բարձր գնահատականներով հանդէս եկան «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, անուանի հայագէտներ Արծրուն Աւագեան, Վազգէն Գաբրիէլեան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Միրզախանեան եւ այլք, որոնք բարձր գնահատեցին Թէքէեան մեծին մօտենալու, անոր հրապարակագրութիւնը հետազօտելու եւ հանրայնացնելու երիտասարդ գրականագէտի ջանքն ու եռանդը:

Բ. հատորը լեցուն է գրականագիտական, քաղաքական, մշակութային եւ այլ բնոյթի յօդուածներով, որոնք համայնագիտարանային հարուստ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն ո՛չ միայն մեծ գրողի անձնական կեանքէն, այլեւ կը բացայայտեն պատմական իրադարձութիւններ, որոնց ժամանակաշրջանին ապրած եւ գործած է Թէքէեան: Այս գիրքը հրատարակողները զայն նուիրուած են Վահան Թէքէեանի ծննդեան 145-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի:

Վարդուհի Դաւթեանի ուսանողները շնորհանդէսի ընթացքին ընթերցեցին փունջ մը թէքէեանական յօդուածներէն: Հատորէն առնելով կու տանք Թէքէեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ տպուած երկու յօդուած, որոնք արդիական են նաեւ այսօր:

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԴԱՐԲՆԷ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԴԱՐԲՆՈՒԻ ՀԱՑ ԱԶԳԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Մէկ դարէ ի վեր Թուրքիան հնոց մըն է, որու մէջ ազգերու ճակատագիրները կը ձուլուին:

Հնոցը երբեմն կը բորբոքի եւ երբեմն հանդարտ կը մնայ: Հիմա անոր բորբոքման ատենն է, ինչպէս քանիցս ասկէ առաջ, անցեալ դարու ընթացքին: Այն խոշոր լոյսը որ այսօր այդ քուրայէն կ՚արտացոլայ, դարբնոցին ամենամութ անկիւնները անգամ խստօրէն կը լուսաւորէ: Հոն որոշապէս կը տեսնուին թէ՛ այն նիւթերը, որոնք իրենց վերջնական կերպարանքը ստացած նորաստեղծման կամ վերաստեղծման աստուածային փայլովը կը շողան, եւ թէ անոնք որ տակաւին սեւ ու անձեւ՝ կը սպասեն իրենց կարգին, իրենց արժանի վիճակը ստանալու համար:

Այս վերջիններէն Հայուն ճակատագիրը, որ հակառակ քանի մը անգամ հալոցին մէջ նետուելուն, անկէ դուրս եկաւ բոլորովին անյաջող ու նետուեցաւ անկիւն մը, առաջուընէ աւելի անպէտ ու անձեւ, եւ վերստին փոշիներու տակ ծածկուեցաւ, եւ այնպէս ալ կը մնայ մինչեւ այսօր:

Այն մեծ բոցին լոյսով որ ամէն խորշ կ՚ողողէ այսօր, ճանչնա՛նք գոնէ մեր ճակատագիրը եւ եթէ կարելի է՝ տէր ըլլանք անոր:

***

Ազգ մը որ իր վրայ ծանրացող դժբախտութեան անտրտունջ կը համակերպի, եւ ազգ մը որ առանց իր ուժերը հաշուի առնելու, կը խլրտի եւ կը ցցուի իր դժբախտութեան պատճառին դէմ, հաւասարապէս ենթակայ է ջախջախուելու ու փճանալու:

Մեր ազգը, միմիայն վերջին երեսուն տարուան ժամանակաշրջանին, երեք յաջորդական վիճակներէ անցաւ. առաջինը՝ համակերպութեան, երկրորդը՝ ընդվզումի եւ երրորդը՝ վերստին համակերպութեան վիճակը: Անշուշտ՝ պատճառէն արդիւնք սերտ յարաբերութիւն մը կար այդ երեքին մէջ, եւ ինչպէս որ երկրորդը ծնած էր առաջինէն, երրորդն ալ հետեւանքը եղաւ երկրորդին. ուրիշ բառով՝ եթէ դժբախտութեան առջեւ հայուն նախկին համակերպումին յաջորդեց անոր դէմ իր ընդվզումը, այս ընդվզումն ալ ստեղծեց իր կարգին նոր համակերպումը, որ ազգին ամենավերջին վիճակը եղաւ:

Հիմա ատենը չէ, ո՛չ ալ հոս տեղն է ճշդելու, մեր այս վերջին նիւթական ու մանաւանդ բարոյական դժբախտութեան պատասխանատուութիւնները: Այսքանը չափազանց որոշ է սակայն, թէ հայ ըմբոստական շարժումը, ա՛յն հզօր պատճառաւ որ սխալ ու գէշ վարուած էր, բացարձակ սնանկութեան մը յանգելով յառաջ բերաւ ազգին բարոյալքուած վիճակը թէ՛ Օսմանեան սահմանադրութենէն առաջ եւ թէ՛ անկէ վերջ:

Չափազանց յատկանշական, թէեւ ոչ զարմանալի է նաեւ սա՛ պարագան, թէ վերոյիշեալ ըմբոստական շարժման գլխաւոր վարիչները եղան միանգամայն վարիչներն անոր յաջորդող տխուր կացութեան. վերջինը առաջինին դատապարտութիւնը կը յայտնէր անհերքելիօրէն, չդադրելով նաեւ ինքն իր մէջ առանձինն դատապարտելի ըլլալէ…

Անշուշտ, այս պատասխանատուութիւնները ճշդելու ատենը չէ հիմա, բայց միշտ ատենն է ոմանց ծածկել ուզած եւ ուրիշներուն մոռնալ մղուած քանի մը պարզ ճշմարտութիւնները յիշելու, անոր համար միայն որ ազգը դեռ այսօր մինակնին առաջնորդել յաւակնողները համեստ ըլլան եւ ինքնիրեննին բաներ մը ընելով կամ ժողովներու մէջ իրենց գաղափարները քալեցնել ուզելով, նոր ձախողանքներու չառաջնորդեն մեզ…

***

«Ճանչնանք մեր ճակատագիրը» խօսքը չի նշանակեր աւելի կամ նուազ անհիմն գուշակութիւններ ընել մեր բնավայրին քաղաքական ապագայ կացութեանը մասին, ինչպէս կ՚ընեն հիմա մեր մէջէն շատեր ա՛յնչափ աւելի դիւրին քաղաքագիտութեամբ մը, որչափ անիկա միակ բանաձեւի մը մէջ ամփոփուած՝ բերնէ բերան շրջան ընելով հասած է իւրաքանչիւր հայու ականջին:

Այդ բանաձեւը, որուն ի՛նչ ըլլալը ամէն մարդ գիտէ, սա՛ «առաւելութիւնն» ալ ունի, որ անոր հաւատալը մեզ կ՚ազատէ մեր կողմէ որեւէ ճիգ կամ աշխատութիւն ընելէ, «չէ՞ որ արդէն որոշուած է, ուրեմն աւելորդ է մեր կողմէ սիրտ հատցնել այդ մասին, քանի որ մենք շատ պզտիկ ենք այդ շատ մեծ վճիռը փոխելու համար»: Այսպէս կը մտածէ մեծամասնութիւնը իր անգործութեան եւ նոյնիսկ անհոգութեանը արդարացում մը գտնելով այս մտածումին մէջ, մինչ փոքրաթիւ մաս մըն ալ հազիւ անկէ քիչ մը տարբերելով կը փափաքի բան մը ընել՝ բայց փութացնելու համար միայն ճակատագրին ժամանումը:

Փափաք չունինք, որովհետեւ կամք եւ կարողութիւն չունինք ինքզինքնուս հարցնելու եւ գիտնալու՝ թէ բուն իսկ մե՛ր շահուն համար, մե՛ր միջոցներովը ի՞նչ կրնանք ընել, անկախօրէն ուրիշներու մեզի համար վճռածէն կամ վճռելիքէն:

Շա՛տ բան, էապէս մեծ, թէպէտ երեւութապէս համեստ բան մը կրնանք ընել սակայն մենք մեզի, ի նախատեսութիւն ըլլալիքին, զոր որոշապէս չենք գիտեր, եւ ինչ որ ալ ըլլայ անիկա:

Եթէ ցնորատեսութիւնը եւ ինքնալքումը - որոնք արդիւնք են մեր վերջին քառորդ դարու ձախող ու դժնդակ շարժումի փորձերուն - պահ մը մէկդի թողունք, դիւրաւ պիտի ըմբռնենք, թէ մեր վիճակին մէջ գտնուող ազգի մը կատարելիք առաջին եւ ամենէն անհրաժեշտ գործն է իր ներքին ուժեղացումը՝ ներկայ եւ ապագայ ամէն պատահականութեան առջեւ պատրաստ գտնուելու եւ այդ պատահականութեանց ստեղծելիք նոր կացութեան մէջ իրեն արժանաւոր դիրք մը գրաւել կարենալու համար: Ներկային շարունակումը հաւանական է այնքան՝ որքան անոր փոփոխութիւնը: Անոր մօտալուտ փոփոխութեան վրայ յոյս դնելով վարուիլը վտանգաւոր տղայամտութիւն մըն է, ինչպէս տղայական աննախատեսութիւն մըն է զայն բնաւ հաշուի չառնելը: Երկու պարագային մէջ ալ, սակայն, մեր ընելիք հնարաւոր բանը միեւնոյնն է, ուժեղանալ բարոյապէս եւ նիւթապէս, դիմագրաւելու համար թէ՛ այսօրուան, թէ՛ անկէ աւելի գէշ եւ թէ՛ աւելի աղէկ վիճակներու մեր տկարութեանը սպառնացած վտանգները:

Ասոր համար ալ՝

Առաջին, պէտք է գալ մեր մէջ ներքին համաձայնութեան մը, լարելով մեր բոլոր պզտիկ ուժերը իրար ամբողջացնող, եւ ոչ թէ իրար չէզոքացնող ու փճացնող մեքենայի մը իբրեւ մասերը, չմոռնալով տխուր անցեալը բայց մոռնալով անոր տխուր գործաւորները, ինչպէս նաեւ վերածելով կուսակցականութեան վնասները իրենց ամենափոքր չափին… եթէ կարելի չէ զանոնք հիմնապէս բառնալ ալ:

Երկրորդ, պէտք է ցնցել եւ դուրս հանել ազգին մէկ կարեւոր մասը, անոր «բարձր» կոչուած դասակարգը, իր այժմու անտարբեր կամ վերապահ անգործութենէն եւ անոր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կապել բազմակողմանի եւ լուրջ ծրագրի մը գործադրութեան…

Բայց առաջինը մեծապէս կ՚օգնէ արդէն երկրորդը յառաջ բերելու:

Բարձր եւ միջին, մտաւորական եւ առեւտրական, խորհող ու գործող դասակարգերը ազգին՝ քովէ քով գալով միայն կրնան բան մը ընել եւ անհրաժեշտ է որ ա՛լ ընեն այդ բանը, որպէսզի դարբնուի ազգին ճակատագրին էութիւնը համաձայն իր իտէալին, եւ ոչ թէ հակառակ անոր, այնպէս ինչպէս ուրիշները կ՚ուզեն…

ԺԱՄԱՆԱԿ, 1912, թիւ 1287

ԲԱԽՏԸ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անհատներու կեանքին մէջ բախտը դեր մը կը կատարէ թերեւս. ազգերու համար բախտը գոյութիւն չունի:

Իր բարօրութիւնն ու իր դժբախտութիւնը ազգ մը ինքզինքին կը պարտի ամբողջապէս: Անոնք արդիւնք են միայն ու միայն, իր յայտնի ու անյայտ առաւելութիւններուն կամ թերութիւններուն, իր հին եւ նոր սերունդներուն առաքինութեանցը կամ մեղքերուն, անոնց ամբողջութեանը գումարին: Ազգ մը իր յանցանքովը կ՚իյնայ եւ իր արժանիքովը կը բարձրանայ:

Իրա՛ւ, ազգերն ալ երբեմն կը տիրանան բախտի պէս բանի մը, բայց զայն ունենալնին ու կորսնցնելնին մէկ կ՚ըլլայ: Պատճառը սա՛ է՝ որ ինչ որ բախտ կը կարծուէր, նորէն ուրիշ բան չէր, բայց եթէ վայրկենական զարթնումը այն ազգին մէջ դեռ կենդանի մնացած մէկ առաքինութեան, առաքինութի՛ւն որ սակայն չափազանց տկարացած ու հիւծած ըլլալուն համար՝ շուտ մը տեղի կու տայ եւ կը դադրի արդիւնաւոր ըլլալէ, իր հետ տանելով նաեւ իր բերած բախտը: Ասոր օրինակը հեռուները փնտռելու պէտք չկայ, մեր մօտն է:

Պէտք չկայ նոյնպէս հեռուները փնտռելու՝ տեսնելու համար ազգ մը, որ այս միջոցիս մանաւանդ, իր ամբողջ յոյսը բախտին վրայ դրած է: Այդ ազգը մենք՝ հայերս ենք, եւ աւելի քան ուրիշ ո՛եւէ ազգ՝ մենք եղած ենք բացարձակ հաւատացողները, պաշտողները բախտին՝ ինչպէս մեր դժբախտութիւնը բացատրելու, նոյնպէս մեր երջանկութեան յոյսը արդարացնելու համար:

Արդ, ազգի մը համար ասիկա ամենէն վտանգաւոր մտայնութիւնն է, վտանգաւո՛ր մանաւանդ այն պատճառաւ՝ որ երբ վաղը իր յոյսը նորէն ի դերեւ ելլէ, ազգը պիտի համակերպի ու պիտի լքէ ինքզինքը, ինչպէս լքած էր երկար ատեն, սպասելով որ օր մը բախտը իրեն ժպտի վերստին, ժպտի եւ հեռանայ, ուրիշ անգամներու նման:

***

Ամէն հայ աւելի կամ նուազ այս հաւատքն ունի բախտին մասին, զոր կը նկատէ իբրեւ իր ազգային գոյութեան հարցը վճռող ամենամեծ ազդակը:

Դիտելի է սակայն որ անիկա աւելի խորունկ եւ ուժով արմատներ նետած է հայ ժողովուրդին թուրքիաբնակ մասին մէջ, քան անկէ դուրս, ուրիշ երկիրներ գտնուող հայոց մէջ: Կովկասի եւ արտասահմանի մեր ազգակիցները, եթէ ներքնապէս կը հաւատան ալ թէ «առանց բախտի բան չ՚ըլլար», գոնէ նուազ կրաւորապէս կը սպասեն անոր՝ իրենց ամէն մէկ գործին մէջ: Ահա՛, այս հաւատքը քանդել եւ այս մտայնութիւնը սրբագրել պէտք ենք, ու մեր ճիգերը ասո՛ր պէտք է ձգտին այստեղ, ո՛չ թէ միայն այսօրուան՝ այն ամէն ժամանակուան համար, ոչ թէ ներկայիս մեզ զբաղեցնող խնդիրներուն՝ այլ մեր ապագային, մեր գոյութեան խնդրին ի նախատեսութիւն:

Արդարեւ, ի՞նչ ըրաւ թրքահայութիւնն եւ ի՞նչ ըրաւ մասնաւորապէս անոր մտաւորական ու վարչական կեդրոնը կազմող պոլսահայութիւնը՝ գոնէ այս վերջին չորսուկէս տարուան շրջանին երբ կարելի էր կարգ մը բաներ ընել առանց արգելքի, բանե՛ր որոնք ոչինչ ունին շռնդալից, բայց ազգի մը ամենէն բնական, ամենէն արդարանալի յոյսերուն իրականացումը կը հիմնաւորեն, կը պատրաստեն:

Այս շրջանին մեզի թոյլատրած բոլոր կարելիութիւններուն մէջ՝ մենք երբեք միտքերնէս չանցուցինք, օրինակի համար, թէ ազգ մը իր մտաւորականներովը եւ անոնց աշխատանքովը բան մը կ՚արժէ ամենէն առաջ, իր առեւտրականներէն, արհեստաւորներէն եւ վարչական մարդերէն ալ առաջ: Մենք թողուցինք որ մեր մտաւորականները, անո՛նք որ քաղաքականութեամբ չէին ուզեր զբաղիլ կամ եթէ զբաղէին ալ՝ ատ չէր իրենց ճշմարիտ կոչումը, թողուցինք որ «իրենց սանձը կրծեն», ինչպէս կ՚ըսուի, չկրնալով ազգին մատուցանել այն ծառայութիւնը, որուն իրե՛նք միայն կարող էին, գիրքերով, հանդէսներով եւ գործունէութեան ուրիշ այնչափ միջոցներով, որոնք չափազանց սովորական եւ բազմաթիւ են ուրիշ տեղեր: Ասով՝ իրաւ է թէ պոլսահայութիւնը նախ ինքզինքը դատապարտած եւ յետոյ դաւաճանած եղաւ իր արդիւնաւոր հայրերուն յիշատակին, բայց ատկէ աւելի՝ յայտնեց բախտին համար իր հաւատքը, ինչպէս դուրսէն՝ նոյնպէս ներսէն իրեն գալիք բախտին համար:

«Ազգի մը ուժը իր բնակչութեան թիւէն չի չափուիր, ինչպէս կը կրկնեն յաճախ, այլ իր կազմել կարողացած «էլիթ»ներուն արժէքէն»: «Մեր քաղաքակրթութիւնները ստեղծուած են «էլիթ»ներէն եւ անոնց շնորհիւ միայն կը յառաջդիմեն. երկիր մը երբ զրկուի անոնցմէ՝ շուտով կ՚իյնայ խեղճութեան եւ անիշխանութեան մէջ»: Ահաւասիկ աֆորիզմներ Կիւսթաւ Լը Պոնէն, որոնք ուրիշ բան չեն բայց եթէ ամէնուրեք գիտցուած ճշմարտութիւններ լաւագոյն եւ խտացած ձեւով մը զուրցուած: Միայն մեզի համար է որ անոնք իմաստ մը չեն պարունակեր, եւ կրնանք վստահաբար ըսել, թէ զանոնք կարդացող միջին ու «բարձր» դասակարգի պոլսահայը հեգնանքի ծամածռութեամբ մը կ՚անցնի անոնց վրայէն` վերացական խօսքեր նկատելով զանոնք ու փնտռելով թերթին մէջ, քիչ մը անդին, քսակարանի եւ միջազգային քաղաքականութեան վերաբերող լուրերը…

***

Հարկ կա՞յ եզրակացնելու եւ ըսելու թէ՝ իր ապագան բարոյապէս եւ մտաւորապէս պատրաստելու կանխահոգութիւնը չունեցող ազգ մը երբեք յուսալու չէ որ վաղը այսօրուընէ լաւագոյն պիտի ըլլայ իրեն համար:

Մեր մասին՝ ոչ մէկ արդարացում ունինք՝ գէթ այս վերջին յարաբերական ազատութեան տարիներուն միջոցին մեր ցոյց տուած անհոգութեանն ու անտարբերութեանը համար:

Մեզ զբաղեցնող ո՛չ արտաքին եւ ոչ ալ ներքին բազմաթիւ խնդիրները կրնան հանգստացնել մեր խիղճը եւ ըսել տալ, որ ասոնք չթողուցին մեզի մեր փափաքները իրագործելու: Չենք կրնար ասիկա ըսել՝ որովհետեւ նախ մեր փափաքները չէինք ճանչնար, կամ կը ճանչնայինք այնչափ անորոշ կերպով որ հաւասար էր չճանչնալու: Կ՚երազէինք, եւ մինչեւ այսօր ալ կ՚երազենք արդիւնք մը, առանց զայն ձեռք ձգելու միջոցներուն վրայ ալ անդրադառնալու, առանց այդ միջոցները գնահատելու եւ զանոնք գործադրել փորձելու:

Ասով ալ՝ ուրիշ բան չենք ըներ նորէն, բայց եթէ անգամ մը եւս յայտնել մեր՝ բախտին համար ունեցած պաշտամունքը,- ինչպէս որ նոյնը կը յայտնենք արդէն՝ երբ այս միջոցիս մեզ ամենէն աւելի շահագրգռող եւ մեզի համար ամենէն կենսական կարեւորութիւն ունեցող խնդիրները կը թողունք ազգային անգլուխ իշխանութեան մը ձեռքը…

ԺԱՄԱՆԱԿ, 1913, թիւ 1335

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023