ՀՐԱՇԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԱՆՃԸԼԸՔԻ ՍՈՒՐԲ ԹՈՐՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՈՒՐՋ

Սեբաստիա նահանգի Քանկալ գաւառակի գիւղերէն մին է՝ Մանճըլըք։ Երբեմնի հայաշատ՝ հայկական գիւղը ունի միջնադարէն մեր օրերուն հասած եկեղեցի մը։ Սուրբ Թորոս եկեղեցիի կառուցման տարեթիւի եւ անցած ուղիին մասին, ցաւօք հաւաստի տեղեկութիւններ չունինք։ Քանի՞ հայ մանուկ մկրտուած է հրաշափառ եկեղեցիին մէջ. քանի՞ ամուսնական զոյգ սուրբ եկեղեցւոյ խորանին առջեւ զիրար յաւերժ սիրոյ եւ հաւատարմութեան խոստում տուած են. վերջապէս քանի՞ հանգուցեալ սա Աստուծոյ տունէն՝ տէր հօր միջոցաւ ապաշխարելով, բըռ-նած է յաւերժի ուղին։ Սակայն՝ այսօր մեզի բախտ վիճակած է գրի առնել աւերակներու կոյտի մը վերածուած, հայոց երբեմնի փառաշուք եկեղեցիին շուրջ պատմուող հրաշապատումները։

Ըստ Զատիկ Քալտըլընի, որ տեղացիներ զինքը տետէ կը կոչեն, մեր օրերու միակ կենդանի վկան՝ հայը, որ ընտանեօք՝ տիկնոջ հետ միասին կը շարունակէ բնակիլ հայրենի գիւղին մէջ, դէպքերը տեղի ունեցած են 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ։ (Զատիկ Քալտըլընի՝ Մանճըլըքի վերջին հայու հետաքրքրական կենսագրութեան կ՚անդրադառնամ յաջորդիւ)։ Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Մանճըլըք գիւղէն դուրս՝ ամայի տարածութեան մը վրայ։ Քանի մը տասնամեակ առաջ պետութեան կողմէ ընդունուած որոշումի մը համաձայն՝ վճռուեցաւ հիմնովին քանդել եկեղեցին եւ անոր քարերով Քանկալի մէջ մզկիթ մը կառուցել։

Աստուծոյ տունը սկսան քանդել, սակայն ո՛չ հիմնայատակ։ Այսօր եկեղեցին թէկուզ կիսաաւերակ՝ կը շարունակէ պահպանել իր գոյութիւնը։ Սուրբ Թորոս եկեղեցին տեղացիներուն բազմիցս, զանազան նշաններով ապացուցած է իւր սրբատեղի ըլլալը։ Ինչպէս կ՚ապացուցէ յետագայ ընթացքը՝ Աստուծոյ բնաւ հաճոյ չէր սրբատեղիի պղծումը։

Պարոն Զատիկը կը պատմէ, թէ երբ սկսան հաւատքի օճախը քանդել, իրենց դրացիներէն թուրք կին մը եկեղեցին քանդողները կը քարկոծէր. «Թրքուհին թէ՛ քար կը նետէր սրբապիղծներուն ուղղութեամբ, թէ կը հայհոյէր ու կ՚անիծէր զանոնք։ Կինը շատ վշտացաւ ու ազդուեցաւ նման անողորմ երեւոյթէ», կը նշէ ան։ Վերջինիս հաւաստիացմամբ, եկեղեցիի քանդումը ուրիշ նպատակ մը եւս կը հետապնդէ. «Ինչպէս որ մեր գերեզմանատուները կը քանդէին, ոսկի, հա-րըստութիւն գտնելու ակնկալիքով, վստահ եմ, որ եկեղեցիի քանդման բուն նպատակը մզկիթի կառուցումը չէ, այլ՝ գանձեր գտնելու անյագուրդ կիրքը», ձայնին մէջ բարկութիւնը շեշտուած շարունակեց զրուցակիցս։ Բաց աստի, քարերը տեղափոխած ատեն, ճամբեզրին բեռնատարը տապալեցաւ՝ շարժավարը մահացաւ։ Ի վերջոյ քարերը հասան Քանկալ։ Մզկիթի շինարարութիւնը սկսաւ։ Մահմետականներու հոգեւոր տաճարի հիմքը եկեղեցիի քարերով ամրապնդուեցաւ։ Կարծես թէ յամնկած արգելքները ի չիք եղան. երբ սկսաւ բարձրանալ մզկիթի պատը, որ անսպասելիօրէն փլաւ ու վարպետն ալ մահացաւ։ Միայն սա չարաբաստիկ դէպքէն ետք, հրահանգուեցաւ դադրեցնել եկեղեցիի քանդումը։ Քանկալի մզկիթը կառուցուեցաւ՝ հայկական եկեղեցւոյ քարերով դրուեցաւ սա հոգեւոր տաճարի հիմքը։ Սակայն բուն հոգեւոր կառոյցը կառուցապատուեցաւ ուրիշ քարերով։

Յաճախ մարդիկ կը խլանան, կը կուրանան, կը դադրին Ամենակարող Տիրոջ ձայնը ու կամքը իմանալէ։ Սակայն երկրագունդի վրայ ոչ մէկ կենդանի էակ ի զօրու է հակառակիլ Աստուծոյ կամքին. քանզի Տիրոջ գործերը քննարկման ենթակայ չեն։

Յաջորդ հրաշապատումը, որ սերտօրէն կապուած է եկեղեցւոյ մօտալուտ անցեալին հետ, տեղի ունեցած է 25-30 տարի առաջ։ Մանճըլըքի տեղացիներէն մին, օր մը կը գողնայ եկեղեցիին պահարաններու փայտէ դռները։ Ականատեսները կը պատմեն, թէ գողութենէն քանի մը օր ետք, գողը երազ մը կը տեսնէ։ Երազին մէջ մարդ մը կու գայ եւ կը պատուիրէ. «Եկեղեցիէն գողցած պահարաններուն դռները ետ վերադարձուր, թէ ոչ՝ կը ստիպուիմ դստերդ լեզուն առնել։ Ան մինչեւ կեանքին վերջ համր կը մնայ»։ Թշուառ գողը շուրջիններուն պատմեց երազին մասին, սակայն կարեւորութիւն չտուաւ անոր բովանդակութեան։

Օրեր անցան։ Երեկոյեան ընտանիքի բոլոր պարագաները համախմբուած էին հարազատ երդիքին տակ։ Տան բոլոր դռները եւ պատուհանները գոց էին, յանկարծ անսպասելիօրէն տունին մէջ երկու ճերմակ աղաւնի յայտուեցաւ։ Քանի մը երկվայրկեան թռչեցան տունին մէջ, այնուհետեւ՝ ի զարմանս բոլորին ի չիք եղան։ Այդ գիշեր գողի կտուրէն ներս անբացատրելի ու առեղծուածային երեւոյթ մը տեղի ունեցաւ։ Բոլոր ներկաները զարմանքով պահ մը քարացան։ Յաջորդ առաւօտ, երբ այլեւս նոր օր ծագեցաւ, մայրը նշմարեց, թէ դուստրը չի կրնար խօսիլ, համրացած է։ Բարձրեալը անոր լեզուն մէկընդմիշտ առաւ։ Սա դէպքէն ետք ընտանիքի գող հայրը չփորձեց նոյնիսկ ուղղել իր գործած աններելի սխալը։ Տգէտ մարդը տեղի ունեցածը որակեց՝ սոսկ պատահականութիւն, դէպքերու համընկնում։

Այդ համր տիկինը, որ այսօր պատկառելի տարիքի հասած է, յետագային ամուսնացաւ, զաւակներ ունեցաւ եւ այսօր ալ կը շարունկէ ապրիլ Մանճըլըք գիւղին մէջ։ Պարոն Զատիկի խօսքով, վերջինս համր ըլլալով հանդերձ, կը փորձէ ձեւերու լեզուով մարդոց պատմել՝ իր կրած դժբախտութեան պատճառը։ Ան երկու ձեռքը, թռչունի թեւերու պէս պարզելով, դիմացինին ձեւով մը կը բացատրէ, որ իր լեզուն այդ երկու աղաւնիները առած են։

Պարոն Զատիկ կը պատմէ, թէ խորհրդաւոր աղաւնիները մինչ այսօր կը ճախրեն կիսաաւերակ Սուրբ Թորոս եկեղեցիին շուրջ ու կը թառին խորանին վրայ։ Բազմաթիւներ հանդիպած են առեղծուածային այս թռչուններուն։ Բազմիցս մարդիկ փորձած են լուսանկարել աղաւնիները։ Սակայն աւա՜ղ, թռչունները երբեւէ պատկերներուն մէջ չեն երեւիր։ Մինչ այսօր, ոչ մէկը կրցած է անոնց հետ լուսանկարուիլ։ Աչքդ պարզ կը տեսնէ, սակայն լուսանկարի մէջ անոնց երեւիլը անհնարին է։

Իսկ Պարոն Զատիկի կողակիցը՝ Տիկին Մարիամ հաւաստիացուց, թէ իրենց գիւղի եկեղեցին հրաշափառ է. ունակ է հրաշքներ գործելու։ Եւ որպէս փաստ յաւելեց. «Մեր ազգականներէն մին երկար տարիներ շարունակ չէ կրցած մանչ զաւակ մը ունենալ։ Օր մը կինը եկեղեցի գնաց ու գիշերեց։ Երկար աղօթեց՝ Տիրոջմէ արու զաւակ աղերսեց։ Աղօթքի ընթացքին ոտքը քերուեցաւ։ Այդ գիշեր կինը եկեղեցիին մէջ պառկեցաւ։ Շուտով յղիութեան բարեբաստիկ լուրը առաւ։ Ամիսներ վերջ ծնաւ մանչուկը, որու ոտքին խալ մը կար՝ խաչի տեսքով։ Խաչանման խալը կը գտնուի ճիշդ նոյն տեղը, որ մայրը քերած էր։ Բաց աստի, եկեղեցին շատ այցելուներ կ՚ունենայ։ Մարդիկ յոյսով լեցուն հոս կու գան եւ Աստուծմէ կը խնդրեն երազներու, անկատար փափաքներու իրականացում։ Շատեր գիշերելու կու գան։ Անգամ մը մենք ե՛ւս գացինք ու պառկեցանք եկեղեցիին մէջ»։

Եկեղեցիի պայծառակերպութեան հրաշապատումներու շուրջ զրոյցները այսքանով չեն սահմնափակուած։ Տեղացիները կարծես առասպելներ կը հիւսեն Մանճըլըքի եկեղեցւոյ հետ կապուած։ Մարդու բանական միտքը ունակ չէ ընբռնելու առասպելանման, անիրական թուացող պատմութիւնները։ Ահաւասիկ մենք այլեւս համոզուեցանք, թէ այս եկեղեցին իրապէս օրհնուած է Ամենակարող Տիրոջ կողմէ։ Քանզի Աստուած ի՛նքը հրաշքն է, մեզ կը մնայ հաւատալ սա ակամայ անիրական թուացող պատմութիւններու իսկութեան։

Մէկ ուրիշ հրաշապատումի համաձայն՝ եկեղեցւոյ մօտակայքը բնակող տեղացի երիտասարդ մը կը պատմէ, թէ իր մեծ մայրը գրեթէ ամէն օր կ՚աւլէ կիսաաւերակ եկեղեցին ու անոր շրջակայ տարածքը։ Օր մը տիկնոջ հարցուցին.

-Ինչո՞ւ ամէն օր այստեղը կ՚աւլես։

-Այս վայրը առանձնայատուկ է։ Մասնաւոր հիւրեր կ՚ունենայ։

-Ովքե՞ր են այդ հիւրերը։

-Երկար դեղնորակ մազերով կին մըն է։ Երբեմն ձին թամբած երկինքէն կ՚իջնէ։ Կու գայ եկեղեցիին մէջ մոմ մը կը վառէ ու կ՚երթայ։

Շուրջինները կարեւորութիւն չտուին այդ տարեց կնոջ խօսքերուն։ Վստահ էին, թէ պատկառելի տարիքը շալկած տիկինը կը զառանցէ։ Օր մը, ալեզարդ տիկնոջ թոռը փորձեց ստուգել իր մեծ մօր պատմածներուն իսկութիւնը։ Եկեղեցի գնաց ու ի՛նչ տեսնէ. մեծ մօր ըսածին նման եկեղեցիին մէջ մոմ մը կը վառէր։ Ո՞վ է այդ խորհրդաւոր անհատը, որ եկած է ու եկեղեցիին մէջ մոմ վառած։ Չէ՞ որ այդ ժամանակահատուածին գիւղին մէջ քրիստոնեայ ոչ մէկը կար, իսկ ինչպէս յայտնի է՝ մահմետականները մոմ չեն վառեր, այն ալ եկեղեցիի մէջ։

Միթէ սա իրականութի՞ւն է։ Գիւղացիները կը հաւատան եկեղեցիի զօրութեանը։ Պարոն Զատիկի խօսքով՝ ինք մինչ օրս, ամէն կիրակի եկեղեցի կ՚երթայ, կ՚աղօթէ ու մոմ մը կը վառէ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019