ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ
Ծանօթացէ՛ք, տիկին Մանուշակն է։
Անոր իւրաքանչիւր առաւօտը կը սկսի հայելիի դիմաց։ Աչքերը բանալէ վերջ կը զբաղի ինքնախնամքով։ Նախ կը յվարդարէ մազերը, այնուհետեւ կը դիմայարդարէ դէմքը։ Քթի տակ երգ մը շշնջալով կոպերուն կը հաղորդէ փայլք կամ պարզապէս թարմութիւն մը։ Առանց վարանելու, հատիկ-հատիկ կը ներկէ թարթիչները։ Յատուկ մատիտով մը շուրթերը ընդգծելէ վերջ ալ կը տարածէ շրթներկը։ Մեծաւ մասամբ նախապատուութիւնը կու տայ կարմիր գոյնին, սակայն կը զգուշանայ զայն ամէնուր գործածելէ. միմիայն երեկոյեան հաւաքոյթներու ընթացքին։ Հուսկ, կը փչէ մանուշակի բոյրով օծանելիքը, սա իր հոտն է, որ պատանեկութենէ ի վեր չէ փոխած, այնուհետեւ ձեռքերը կը փափկեցնէ քսուկով մը, կը հագուի իր վերարկուն, կաշիէ ձեռնոցները, զորս տարիներ առաջ նուէր ստացած էր Փարիզէն. գլուխին կը դնէ ֆրանսական նրբաոճ գըլխարկներէն մին ու կը շտապէ համալսարանի մէջ դասախօսութիւն կարդալու։
Ճերմակամորթ, միջահասակ, մինչեւ ուսերը երկարող, սակայն ուսերուն չդպնող յարդարած վարսերով, կապոյտ աչքերով ու փոքրիկ կլոր քիթով սա տիկինը իր գեղեցիկ կազմուածքով ու խնամուածութեամբ կը զմայլեցնէ շուրջիները։ Ուսանող-ուսանողուհիները պարզապէս կը պաշտեն իրենց սիրելի դասախօսին մօտ։
Կէս դար մը հատած տիկին Մանուշակը երկու զաւակներու մայր է։ Ան կը դասաւանդէ գրականութիւն Պետական համալսարանինթերէն թափին մարգարիտներ։ Անոր հարուստ բառապաշարին ունկնդրելը պարզապէս գերհաճոյք մըն է։
Նրբանկատ դասախօսը ճիշդ չի համարեր գրականութիւնը կոչել առարկայ։ Առաջին օրուընէ կը փորձէ իր ուսանողներուն մէջ քանդել արդէն իսկ ձեւաւորուած թիւր կարծիքը եւ սերմանել սէր՝ դէպի յոյժ կարեւոր, զգացումային առարկան։ «Գրականութիւնը առարկայ մը չէ։ Անհնարին է սորվեցնել գրականութիւն։ Զգոյշ, աննկատ ուսուցիչը պիտի օգնէ աշակերտին, որպէսզի ան զգայ բուն գրականութիւնը, ո՛չ թէ սերտէ գրողի մը կենսագրութիւնը. ո՛չ թէ շարադրութիւնը արտագրէ զանազան դասագիրքերէ, այլ կրնայ իր սեփական աչքերով յայտնաբերել գրողը, հասկնալ անոր գիրքը։ Գրականութիւնը բոլորին է պէտք, ոչ միայն անոնց, որոնք պիտի դառնան բանասէր», կը պարզաբանէ տիկին Մանուշակ։
Վաստակաշատ ուսուցչուհին տարիներու հոլովոյթին բնաւ չէ կորսնցուցած իր թարմութիւնն ու երիտասարդութեան հմայքը։ Կը սիրէ կրել բարձրակրունկներ եւ հագուիլ ճաշակաւոր ու նրբաոճ։ Քանզի առաջին մասնագիտութեամբ դերձակ է, շատ անգամ ինք կը գծէ ու կը կարէ իր զգեստները։ Բարձրաճաշակ տիկինը նորաձեւութեան գլխակորոյս հետեւորդ մը չէ, պարզապէս կը սիրէ ինքնատիպ տեսք ունենալ։ Իր խնամուած տեսքով ան շատ անգամ օրինակ կը ծառայէ իր ուսանողուհիներուն։ «Կինը մշտապէս պէտք է ունենայ խնամուած տեսք, նոյնիսկ քնած ժամանակ», ժամանակ առ ժամանակ սա խօսքերը կը շշնջայ իր ուսանողուհիներուն ականջին։
Դասաժամերու ընթացքին ան ուսանողներուն գրականութենէ զատ կը սորվեցնէ նաեւ քաղաքավարութիւն, վարուելակերպի կանոններ, հանդուրժողականութիւն եւ այլն։ Կը փորձէ փորփրել հոգիներ, երիտասարդները լաւ ճանչնալու եւ ուղղորդելու համար զանոնք։ Իւրաքանչիւր ուսանողի կը ցուցաբերէ առանձնայատուկ մօտեցում մը։
Կրթած ու ճամբած է հազարաւոր երիտասարդներ, որոնցմէ ոչ մէկ մինչեւ այսօր մոռցած է զինք, որու վառ ապացոյցը ուսուցչուհիի յիշարժան տարեդարձներն են։
Ամէն տարի տիկին Մանուշակի տարեդարձը կը նշուի մեծ ցնծութեամբ։ Հեռաձայնը զանգերու տեղատարափէն կը շիկանայ։ Անոր առանձնատան երկու յարկերը կը վերածուին ծաղկաստանի։ Ամէնուր, նոյնիսկ լոգասենեակը կը պատուի ծաղիկներով։
Այս տարի տիկին Մանուշակը որոշեց իր 55-ամեակը նշել ընտանիքին հետ։ Գեղեցիկ սեղան մը պատրաստեց։ Երեկոյեան ընտանիքի պարագաները բոլորուեցան սեղանի շուրջ։ Առաջինը բաժակ բարձրացուց ամուսինը ու բաժակաճառով մը շնորհաւորեց իր թանկագին տիկնոջ տարեդարձը, այնուհետեւ զաւակները։ Ժամ մը անց հնչեց դրան զանգը. թղթատարն էր, որ կը կենար դրան շեմին՝ նուէրի խոշոր տուփով մը։
Թղթատարը ճանապարհելէ վերջ տիկին Մանուշակ առանց աճապարանքի բացաւ տուփը եւ ինչ տեսնէ. իր դիմանկարն էր՝ եզրաւոր գլխարկով։ Պզտիկ, կարմիր ծրարի մը մէջ ալ երկտողմ մը կար. «Կը շնորհաւորեմ իմ անկրկնելի դասախօսը տարեդարձի կապակցութեամբ։ Քսանհինգ տարիներու ընթացքին օտարութեան մէջ յաճախ ականջներուս կը հասնի ձեր քաղցր ձայնով արտաբերած հայերէն խօսքն ու խրատները։ Հետեւելով ձեր օրինակին՝ ես դարձայ գրականութեան ուսուցիչ։ Երկար խորհեցայ, ի՛նչ նուիրել ձեզի ու որոշեցի իմ ձեռքերով գծել ձեր դիմանկարը՝ մտքիս մէջ ունենալով ձեր խնամուած արտաքինը։ Յուսամ, պիտի հաւնիք։
Յարգանքներով ձեր առաջին ուսանողներէն՝ Սեւակ»։
Տիկին Մանուշակը անմիջապէս մտաբերեց Սեւակը, որ համալսարանը աւարտելէ վերջ գաղթած էր Ֆրանսա։ Աչքերը ուրախութենէն տամկացան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024