ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
«Ճի՛շդ է հայը յեղափոխութիւն տեսաւ իր երկրում,
բայց իր տկարութիւնները յաղթահարելու վերանորոգչական ճիգեր չարեց։
Նա չհասկացաւ, որ յեղափոխութիւն ասել է հինէն նորը,
նոր մարդ ստեղծել, նոր գիտակցութիւն, նոր կենսազգացողութիւն»
(Գարեգին Նժդեհ)։
- Հպարտութեամբ տառապղներն ու իրենց հպարտ կուռքով ապրողներն ու շնչողները լաւ կ՚ըլլայ, որ գոնէ մէկ անգամ այս տողը կարդան, ու կարդալէ ետք մէ՛կ վայրկեան գոնէ մտմտան, հասկնալու համար արդեօք ճշմարիտ Աստուծոյ հետ իրենց կապը առո՞ղջ հիմքերու վրայ է, թէ՞....
«Ուր որ խոնարհութիւնը կը տիրէ, սատանան տեղ չի՛ գտներ» (Պաիսիոս Աթոսացի):
- Մտահոգուիլ պէտք չէ, ազգին «փրկիչ»ը ամէն ինչ մեզմէ լաւ գիտէ ու կը հասկնայ, չէ՞ որ «ժողովուրդ»ին վստահութիւնը կը վայելէ...
«Մենք գիտենք», «մենք լաւապէս ուսումնասիրած ենք», «ժողովուրդը մեզի վստահած է, իսկ մենք ժողովուրդին շահերն է, որ կը հետապնդենք», «ինչ ուզենք այն ալ կ՚ընենք», եւ նման բազմաթիւ սին յայտարարութիւններով մեր երկրի «փրկիչ»ն ու իր հլու հնազանդ կամակատարները կը քայքայեն մեր պետականութեան հիմքերը, կ՚ոտնահարեն ամէն տեսակի սկզբունք, համոզում, սրբութիւն եւ արժէքներ, յատկապէս ազգային արժէքներ…
- Ընդդիմութեան մասին խօսիլ աւելորդ է, անոնք երկրի ու ժողովուրդի մասին չէ, որ կը մտածեն, այդ մէկը ոչինչ հասկցողն ալ գիտէ։ Միւս կողմէ երկրի առաջին դէմքին վարած մարտավարութիւնը մեզ աւելիով անդունդ կը տանի։ Նոյնիսկ եթէ արտահերթ ընտրութիւններ կատարուի, վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող արարածը պէտք չէ մնայ, քանի որ իր ամէն օր, ամէն վայրկեան մնալը մեր երկրին ու պետականութեան համար միմիայն վնաս է։ Տակաւին չեմ խօսիր իր պատճառով իւրաքանչիւր հայու կրած ամօթին ու նախատինքին:
- Տրամաբանութիւն եւ բարոյականութիւն ունեցողները կրնան նման կերպ վարուիլ, իսկ չունեցողները կը շարունակեն իրենց յանցանքներն ու թերութիւնները ուրիշներուն վրայ նետելով՝ արդարանալ ու արդարանալ եւ անվերջ արդարանալ...
«Նիկոլ Փաշինեանը ի զուր արդարացումներ կը փնտռէ։ Տարրական ռազմական գիտելիք ունեցող մարդիկ գիտեն, որ յաղթանակի ու պարտութեան համար մշտապէս պատասխանատու է երկրի տուեալ ժամանակի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։ Երկրի առաջնորդը վերլուծութիւններ գրելու, ճառեր ըսելու, արդարացումներ փնտռելու համար չէ։ Երկրի առաջնորդը՝ որոշումներ կայացնելու ու այդ որոշումներուն համար “գլուխով” պատասխան տալու համար է. պարտուած երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որպէս կանոն, կը հեռանայ զբաղեցուցած պաշտօններէն». Ռուսաստանի Դաշնակցութեան զինուորական ուժերու գնդապետ, ռազմական փորձագէտ Միխայիլ Խոտարեոնոք:
- «Դիակները անշունչ եւ անգործունեայ են, անկարող որեւէ մէկ հարց լուծելու» (Անծանօթ Հեղինակ)։
Ներեցէք մեզի գերիներ։
Ներեցէք մեզի գերիներու ծնողներ եւ երկնային համբերութիւն ձեզի։
- Թաւշեայ Հայաստանի մտածելակերպէն նմոյշ մը.
«Լաւ է հայը լինի թուրքի շուն, քան՝ օտարերկրեայ գործակալ, յատկապէս՝ Ռուսաստանի գործակալ»։
Այս ի՞նչ հիւանդագին մտածելակերպ։ Այս ի՞նչ անմիտ արտայայտութիւն։ Եւ այս մտածելակերպով երկիր կը կառավարուի...
Տէ ինչ, եթէ առաջին դէմքին համար Շուշին հայկական չէ, կամ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին այնքան գերի չէր վերադարձած Հայաստան, ինչ 10 նոյեմբերէն ետք, բնական է, որ իր մանկլաւիկները եւ ստրուկները նման ախտաբանութեամբ հանդէս գան։
Նման մտածելակերպ ունեցողները թող երթան ինչ ուզեն դառնան, բայց հայէն ու հայկականութենէն հեռու թող մնան, մեր ժողովուրդը կարիք չունի ձեր նման ստահակներու:
Պարզապէս ողբալի է։
- Երկրի մը մէջ ուր քաղաքականութեան ոլորտի մանկապարտէզը չաւարտած երեխային կը մտածեն նշանակել համալսարան աւարտածի մը պաշտօնին, կարելի է ենթադրել, թէ ի՜նչ մակարդակի է այդ երկրի քաղաքականութիւնը։
- Եթէ կ՚ուզենք մեր գոյերթը շարունակել մարդկային պատմութեան ընթացքին մէջ, ապա նախ եւ առաջ պէտք է «վերադաստիարակուինք» ինչպէս Նժդեհը կ՚ըսէ, եւ ուժ ու համարձակութիւն պիտի գտնենք արմատախիլ ընելու մեր մէջ բոյն դրած դաւաճան տականքները, որոնց համար ազգային արժէք, հաւատք, հայրենիք եւ այլ արժէքներ գոյութիւն չունին, այլ՝ գոյութիւն ունի միայն աթոռ եւ դրամ։
- Վերջին շրջանին մեր երկրի առաջին դէմքին եւ անոր խեղկատակներուն միջոցով անընդհատ խօսակցութիւններ եղան Շուշիի հայկականութեան մասին: Տրուեցան այլանդակ եւ անտրամաբանական «արդարացումներ», բայց իրականութիւնը իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր, ինչքան ալ փորձեր կատարուին Շուշին ներկայացնել որպէս Ատրպէյճանի քաղաք, կամ տժգոյն ու դժբախտ քաղաք: Փաստօրէն, 1881 թուականներուն Շուշին այնքան «դժբախտ ու տժգոյն» եղած է, որ այսպիսի դժբախտ ու տժգոյն հրատարակութիւններ ունեցած է...
Այդ անհայրենիք եւ անսկզբունք մանկլաւիկներուն ուշադրութեան կը յանձնեմ դեռ եւս 19-րդ դարին Շուշիի մէջ հրատարակուած գիրքերու ամփոփ ցանկ մը: Եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողներուն…
Ողբամ ստրկամտացդ:
Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց տպարանէն լոյս տեսած են հետեւեալ գիրքերը.
- Հաշուեցուցակ Ղարաբաղու Հայոց ազգային դպրոցաց վասն 1875, 1876, 1877, 1879 եւ 1880 ամաց, Շուշի 1881 (երեւի այս դպրոցներն ալ ազէրիական ուսումնական ծրագիրով գործած են... այն անուղեղներուն, որոնք կ՚ըսեն թէ այդ հողերը ազէրիական էին...)
- Քնար խօսնակ: [Բանաստեղծութիւններ], Շուշի 1881
- Արարատի գլուխը: Ճանապարհորդական տպաւորութիւնների նկարագիր, Շուշի 1883:
- Երկու մահ: (Իրական կեանքից), Շուշի 1885:
- Մայրենի լեզու: Այբբենարան հայ մանուկների համար, Շուշի 1886 - (այս ալ տպագրական սխալ է, պիտի ըլլայ ազէրի մանուկներուն... դարձեալ այդ անուղեղներուն):
- Աբրահամ Լինկօլն ստրուկների ազատողը: Երեխաների համար Շուշի 1888:
- Պանդուխտի յիշատակարանից, Շուշի 1888:
- Դաւիթ եւ Մհեր: Ժողովրդական դիւցազնական վէպ, Շուշի 1889:
- Հին հայոց տաղաչափական արուեստը: Քննական տեսութիւն, Շուշի 1891:
- Նոր-քնար, Շուշի 1891:
- Տարաս Բուլ՚բա: (Համառօտ փոխադրութիւն), Շուշի 1891:
- Տոկոսաբեր աղիւսակ 10-ի (թումանի) վերայ, Շուշի 1891:
- Ազ-Բուլատ չերքէզների իշխանը: Կովկասեան լեռնականների կեանքից, Շուշի 1892:
- Ռոստամ եւ Սոհրաբ: Ամբողջ վէպ եւ զանազան հատուածներ Շահ-Նամայից, Շուշի 1893:
- Զոհակ Բիւրասպի Աժդահակ: Ամբողջ վէպ Շահ-Նամայից, Շուշի 1894:
- Նումա Պոմպիլիոս: Հռովմի երկրորդ թագաւոր, Շուշի 1894:
- Շահ-Նամա: Սիաւուշ: Ամբողջ վէպ / Հատոր 5, Շուշի 1894:
Բ. Տէր-Սահակեանի տպարանէն լոյս տեսած են հետեւեալ գիրքերը՝
- Մտքեր, Շուշի 1903:
- Քահանայ, Շուշի 1901:
- Զգացմունքներ, Շուշի 1901:
Վիճակաւոր Առաջնորդին Ղարապաղու Բարձր Սրբազան Մետրապօլտին Բաղտասարայ տպարանէն լոյս տեսած է՝
- Կրօնագիտութիւն կամ Հոգեվարժութիւն քրիստոնէական: Ըստ լուսաւորչական Ուղղափառ դաւանութեան Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայաստանեայց, Շուշի 1840:
Հայոց հոգեւոր Տեսչութեան տպարանէն լոյս տեսած է՝
- Բացատրութիւն Մատթէոսի Աւետարանի: Ի պէտս դասախօսութեան կրօնի, Շուշի 1889:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024