ՆՈՐ ԳԻՐՔ՝ «ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ» ԿՈՐՍՈՒՈՂ ՀԱՅ ԳԻՒՂԻ ՊԱՏԿԵՐԸ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ…

Օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է քեսապցի մտաւորական եւ հայագէտ, տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի նոր հատորը՝ «Փլող դպրոցները» խորագրով, որ պատմուածքներու եւ ակնարկներու շարք է՝ նուիրուած հեղինակի ծննդավայր Սուրիոյ Գարատուրան գիւղին:

Գիրքը կը նկարագրէ հնամենի հայ գիւղի մը հետ մեծ հայրենադարձութեան վերականգնումի ճիգերը, սահմանամերձ գիւղի տագնապները, ներազգային խռովքներն ու արտագաղթի ուրուականը։

Յակոբ Չոլաքեան գիրքին բացատրագիրին մէջ կը գրէ.

«Հին ու անցնող աշխարհի զառիթափին վրայ փլուզուող գիւղ մըն էր Գարատուրանը, որ քանի կար՝ աշխարհն էր իր մէջ, ինքն իր մէջ բզկտուած հայութիւն կոչուող համաշխարհային խաժամուժը կ՚աղմկէր իր մէջ, ու երազներէն կառչած կը մնար Հայաստան կոչուող հեքիաթ մը, որուն պորտէն հազարամեակներ առաջ կտրուած ինկած էր այս կիրճին մէջ, Միջերկրականի արեւելեան ափին։

Ատիկա 1950-ական թուականներուն էր։

Այստեղ ամէն ինչ իրականութեան եւ հեքիաթի սահմանին վրայ կը թուի ըլլալ, իսկ մենք միայն ժամանակով ու տարազով տարբեր ենք»:

Գարատուրանը, որու վառ նկարագրութիւնը տրուած է գիրքին մէջ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանը գտնուող Քեսապ աւանի ամենէն տարածուն գիւղն է։ Գիւղը կազմուած է տասներկուքէ աւելի թաղերէ, որոնք կը համապատասխանեն հոն հաստատուած գերդաստաններու անուններուն։ Բանասէր-պատմաբան Յակոբ Չոլաքեան իր այլ ուսումնասիրութիւններու մէջ այդ աւելի քան տասներկու թաղերը կը համախմբէ չորս կամ հինգ թաղախումբերու մէջ՝ Ծովու, Վարի, Կեդրոնական, Վերի եւ Գարատաշ։

Գիւղի բնակչութիւնը մասամբ քեսապցի, մասամբ ալ՝ մարաշցի, սուէտիացի եւ անտիոքցի հայերէ կազմուած է։

1865 թուականին Անտոնեան Վարդապետի համաձայն, հոն կապրէր վաթսուն ընտանիք։ 1911 թուականի մարդահամարի համաձայն, գիւղի բնակչութիւնը կը հասներ 1286 անձի՝ 236 ընտանիք։

1915 թուականին գիւղացիները կը տարագրուին դէպի Համա, ետքը՝ Հոմս, ապա՝ Դամասկոս։ 1920 թուականին գիւղ կը վերադառնայ բնակչութեան 45 տոկոսը։

1939 թուականի սահմանագծումով գիւղը կը մնայ Սուրիոյ մէջ, սակայն կարգ մը գիւղացիներու արտերուն եւ պարտէզներուն մեծ մասը կ՚ըլլայ թրքական կալուած։

1947 թուականին հայրենիք կը ներգաղթեն 804 անձեր, եթէ նկատի առնենք, թէ 1955 թուականին գիւղի բնակչութեան թիւը 398 անձ կը համարուի, ուրեմն մօտաւորապէս երկու երրորդէն աւելին հայրենիք ներգաղթած է: Ատկէ ետք ալ գիւղը աստիճանաբար պարպուած է, երիտասարդութիւնը սովորաբար հեռացած է գիւղէն: Սուրիոյ պատերազմն ալ իր ազդեցութիւնը ձգած է ընդհանրապէս հայկական բնակավայրերու եւ դպրոցներու վրայ, եւ արդիւնքին այսօր այն տեղ ունինք անկում ապրող համայնք մը:

«Փլող դպրոցները» հատորը մեծ արձագանգ գտաւ, այն առումով, որ խորագիրը զգայացունց էր, բայց՝ իրական: Զայն կարծես ընդհանրացած պատկերն է սփիւռքէն դուրս գործող հայ դպրոցներու, եւ ընթերցողը այս հատորին մէջ կը տեսնէ երբեմնի ծաղկուն եւ ուրախ, իսկ այսօր՝ պարպուող եւ տխուր հայաւաններէն մէկը… Ընթերցողը նաեւ զուգահեռներ կը տանի Գարատուրանի եւ այսօրուայ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն միջեւ, եւ կը տեսնէ, որ ընդհանրապէս նոյն պատկերն է. այսօր ալ Հայաստանի մէջ հեռաւոր հայ գիւղը եւ անոր դպրոցները կեցած են պարպումի, փլուզումի եւ կորստի վտանգներուն առջեւ… Այդ առումով այս գիրքը նաեւ ահազանգ է՝ ամէն գինով պահել հայ գիւղը: Հատուած մը գիրքէն.

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղին այդ կեդրոնական թաղը, ուր շատ էին տուները, մեզմէ՝ մեր ընտանիքէն բացի ուրիշ բնակիչ չունէր:

Իմ ծննդեանս տարին այդ տարածքին մէջ գտնուող տուներու շարքերը չորսէն աւելի եղած էին` Կուվճենց, Քորքենց, Մինասկոնց, Լրջենց… Իրարու թեւ մտած կամ մէկը միւսին թեւին տակ ծուարած, մէկը միւսին մէջքին ոտք դրած տուներու շարքեր, որոնք տոհմային պատմութիւններ ունէին. գիտէինք, թէ փոքր նահապետական ընտանիքէ մը ճիւղաւորուող ընտանիքները հայրական տան սենեակ մը երկու կցելով՝ թաղ մը շինած կ՚ըլլային: Երկյարկանի տուները քանի մը հատ էին։

Արեւելքին կռնակ դարձուցած գիւղի բնակիչները առաւօտը կ՚ողջունէին արեւմուտքին նայելով: Արեւածագը ոսկեջուրով կը ներկէր Տունակ լերան ծայրը, ապա դանդաղօրէն կը հոսէր վար, կը փռուէր ծովուն վրայ, կը բարձրանար ձորն ի վեր, ու, ահա՛, թթենիին մէջէն կը ցնցուղուէր մեր բակին մէջ:

-Կէսօր եղաւ,- կ՚ըսէր վերի թաղէն վարի պարտէզը խոտհարքի եկած Գաբթանին կնիկը՝ խոտի ահագին շալակը մեր բակի պատին կռթնցնելով, հորթերս հիմա հախքռուելու սկսան:

-Շալակդ քակէ նստէ, երկուքս ալ սուրճը իրաւունք ըրած ենք արդէն,- կ՚ըսէր մայրս՝ խնոցիէն նոր ելած գաւաթ մը թանը նախ հրամցնելով անոր:

Երբ ես աչքերս բացի՝ տուները կային, թաղեցիք չկային:

-Մատները կոտրին Հայաստան գրողներուն, խաբեցին առին տարին,- կ՚ըսէր Եարալէ պապուկը, որ մէկ քիլոօմեթր հեռու էր մեզմէ եւ մեր ամենամօտիկ դրացին, մեն-մինակ կ՚ապրէր Եարալենց ամբողջ վերի թաղին մէջ, ուր տասէ աւելի պարապ տուներ կային: Մեծ էր նաեւ Եարալէ պապուկին տունը, ուր մեծցեր էին հինգ աղջիկ զաւակներ, որոնք արդէն իրենց մօր հետ գացեր էին Պէյրութ, անկէ Ամերիկայի ճամբան գտնելու եւ մոռցեր էին, որ կայ ծննդավայր, որ կոչի Գարատուրան, եւ հայր, որուն մականունն ալ պիտի լքէին ի վերջոյ…: Այդ տան մէջ ծներ էր մանչ մը, մեծցեր էր մինչեւ 12 տարեկան, մեռեր էր հոն եւ որուն գունաթափ նկարը օր մը պապուկը ինծի բերելով ուզեց որ մեծցնեմ մատիտով: Հինգերորդ դասարան էի: Կը սիրէի հայերէնի դասագիրքէն հեղինակներու նկարները մատիտով գծել. կը նմանցնէի: Առաւ ու շրջանակի անցընելով կախեց պատին: Ու թերեւս այդ տան մէջ մնար կախուած դեռ մինչեւ օրս, եթէ Եարալէ պապուկին մահուընէ 15-20 տարիներ ետք գետնասահքը կուլ չտար թէ՛ այդ տունը, թէ՛ ինչ որ պիտի յուշէր, որ ատենօք մարդիկ ապրեր են այս լերան ստորոտին, այս ծմակ տեղը, եւ երազեր, որ տուները շատնան ի փառս Եարալեան գերդաստանին:

Մենք առանձին էինք մեր թաղին մէջ՝ չորս քոյրերս ու ես, հայր ու մայր: Ո՛չ մութէ կը վախնայինք, ո՛չ գազանէ, որ կը պատահէր այդ տարիներուն: Բայց կը վախնայինք այդ տուներէն, ուր կրնային մեզի պէս մանուկներ ըլլալ հիմա, բայց չկային: Կը վախնայինք թաղի լքուած թոնիրներէն, ուր մեր թոնիրի հացի բոյրը չէինք առներ: Խոնաւութեան ծանր շունչ մը կը փչէր անոնց դուռերէն դուրս, խորո՜ւնկ, խորունկ ու մութ տեղերէ ելած ծանր շունչի պէս: Երեկոյեան, սարսափելի էին այդ անփեղկ պատուհանները՝ փորուած աչքերու պէս խորունկ ու մութ: Պատուհաններէն ու ծխնելոյզերէն ձմրան հովը կը սուլէր, մերթ վայրագ, մերթ ողորմագին, կը սողոսկէր հաստաբեստ պատին ճեղքերէն ու փուչիկի պէս կ՚ուռցնէր մեր ներսի պատի հողէ ծեփը՝ կարծես ներս հասնելու ու փաթթուելու համար մեր վերմակին: Փետրուարին՝ կատուները ահագին մռմռոցներով ցուրտ շունչով մը կը լեցնէին մեր հոգիները: Կատուները՝ անտէր, վայրի, այնքան շատ էին մէջտեղերը, ու կը ցնկնէին այդ տուներուն մէջ, ձագերուն աղեկտուր մլաւոցները կը լսէինք, բայց չէինք համարձակեր մտնել ներս՝ սիրելու ու շոյելու համար այդ քնքուշ էակները:

Հայրս կ՚ըսէր. «Մի՛ մօտենաք այդ տուներուն», ու այս հրահանգը աւելի վախ կը պատճառէր մեզի, հակառակ անոր որ կրնար տրուած ըլլալ միայն հաւանական փլուզումէ մը կամ դարանակալ օձէ մը զգուշանալով: Մենք ուրիշ անանուն բանէ կը վախնայինք: Մենք կը վախնայինք այդ տուներու անյատակ պարապութենէն: Նոյնիսկ մեր քաջարի աքլորը, հաւերու երամը ետին ձգած, երբ կը դեգերէր բակերուն մէջ, կը մօտենար այդ բաց դուռերուն, գլուխը կը թեքէր դէպի ներս, ականջ կու տար ու գռգռալով հաւերը կը հեռացնէր այդտեղէն…

Ու մենք կը մտածէինք անոնց վաղեմի բնակիչներուն մասին, որոնք տխուր պիտի ըլլային հիմա, մեր պատկերացումներով, տուն ու տեղ ձգած հեռացած ըլլալնուն համար:

-Բայց ինչո՞ւ գացին,- կը հարցնէի քրոջս:

-Տեղացիներէն վախցան,- կը պատասխանէր քոյրս՝ ձեռքով ցոյց տալով մեր Կունիկ լեռը, որուն ետին տեղացիներու երկիրն էր:

-Բայց ինչո՞ւ պապան չգնաց,- կը հարցնէի ես, քանի որ գիտէի, թէ հայրս խնդիր ունի այդ լերան ետին ապրող մարդոց հետ:

-Պապան չի վախնար,- կը պատասխանէր քոյրս ու կը շոյէր գլուխս:

Ու մենք մնացեր էինք այդ ձորին մէջ, Տունակ եւ Կունիկ լեռներուն գօտիներուն միջեւ, նեղ ձորի մը մէջ սեղմուած, հեռուն երեւցող պատառ մը ծովուն դիմաց:

Ու մութը չկոխած՝ կը մտնէինք ներս:

Անկէ ետք մութը կը խօսէր ու կը լռէինք մենք:

ՄԵՐ ԹԱՂԻՆ ԵՐԵՔ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ

Բայց ցերեկով, դպրոցական օրերուն, մեր թաղը գիւղին ամենէն շէն ու աղմկոտ անկիւնն էր: Հո՛ն էին գիւղին երեք դպրոցները: Հա՛, չորրորդ մըն ալ կար վարի թաղերուն մէջ տեղ մը, շատ մանր տղոց համար:

Դպրոցները իրարմէ 50-100 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին: Մենք սորված էինք անոնց անունները, բայց զանոնք կը կոչուէին տարբեր ձեւով:

Բողոքականաց դպրոցը կը կոչուէր Սթալինին դպրոցը, որովհետեւ դպրոցի տնօրէնը կը կոչուէր Ժոզէֆ Սթալին. անունը իրն էր, «պատուանունը»՝ համագիւղացիներէն նուէր: Տարիներ ետք պիտի գիտնայինք, որ մեր գիւղի այդ ուսուցիչը աշխարհահռչակ մարդու մը մականունը ստացեր էր, որովհետեւ ունէր անոր պէս անժպիտ աչքեր, խիստ կզակ ու միշտ վեր բարձրացած ցուցամատ ու ճկոյթ:

Ազգային վարժարանը կարմիրներու դպրոցն էր, թէեւ հոն կարմիր բան չկար: Օր մը հոգաբարձու մը հնչակեան դրօշ կախեց պատէն, միւսը եկաւ վերցուց ու Խորհրդային Հայաստանի դրօշը կախեց. երրորդը եկաւ՝ թէ այս դպրոցը ո՛չ ասոր է, ո՛չ անոր. հոս գոյները տեղ չունին: Համաձայնեցան դրօշ չկախել: Այսուհանդերձ դպրոցը մնաց կարմիրներու վարժարան: Ալ կը հասկնայինք դրօշակներու լեզուէն, մանաւանդ Եռագոյնէն, որ Միացեալ դպրոցին տնօրէնը ամէն առտու հետը բերելով կը բարձրացնէր բակի չորցած ծառին վրայ եւ իրիկունը երեքտակ ընելով՝ կը դնէր անութին տակ ու հետը կը տանէր: Չէինք հասկցած, թէ անոնց դպրոցը ինչպէս Միացեալ կը կոչուէր, քանի որ գիտէինք, որ ո՛չ մեզի կը միանայ, ո՛չ ալ մենք՝ անոր:

Մեր դպրոցին անուան Ազգային վերագիրը կարծես առաւելութիւն մը ունէր՝ Ազգային Մեսրոպեան վարժարան: Նեղուեցանք, երբ յանկարծ լսեցինք, որ Միացեալն ալ այդ վերարկուն նետեր է ուսերուն ու դարձեր Ազգային Միացեալ վարժարան: Թէ՛ բողոքականները, թէ՛ վարի թաղին մէջ մանկապարտէզ մը պահող կաթողիկէները չարացած կ՚ըսէին.

-Հապա մենք ազգային չենք՝ ի՞նչ ենք: Երեք դպրոցներն ալ իրենց հովանաւորները ունէին. աւետարանական վարժարանը Քեսապի աւետարանական վարժարանի մասնաճիւղը կը նկատուէր. կապուած էր Հալէպի համայնքապետարանին, իսկ սա ալ՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, Պէյրութ: Գիւղ այցելող հոգեւոր գործիչները յաճախ շատուոր կ՚ըլլային, հայախօս ու թրքախօս պատուելիներ, արաբ մկրտչական եւ երիցական եկեղեցիներու գործիչներ, քարոզիչներ, ամերիկացի ու գերման միսիոնարներ: Բողոքական ընտանիքներու թիւը կու տար կ՚առնէր, մէկ կը լսէինք, որ այսինչը լուսաւորչական դարձաւ, մէկ կը լսէինք այսինչը ետ դարձաւ: Բայց բան մը յստակ էր, որ այս դպրոցի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը միշտ լուսաւորչականներ էին:

Ազգային Մեսրոպեան դպրոցի հոգաբարձուներու ընտրութիւնը անպայման աղմուկ կը հանէր, որովհետեւ հոն հնչակ կար, ռամկավար կար, համայնավար կար եւ դեռ ուրիշ շատ բաներ. երբ հաշտ ըլլային՝ իրենք զիրենք Յառաջդիմական ճակատ կը կոչէին: Բարեգործականը կը նպաստէր: Իսկ Միացեալ դպրոցին տէրը Դաշնակցութիւնն էր. առերես չէր երեւեր, բայց այդպէս կ՚ըսէին. այստեղ միշտ աշխոյժ էին Օգնութեան խաչուհիները, մնացեալը չէր գիտցուեր…

Այսուհանդերձ, երեք դպրոցները բարիք էին ծնողաց համար: Տնօրէնին հետ փոքրիկ խնդիր մը կը բաւէր, որ Անաստասը քաշէր իր պզտիկները այսինչ դպրոցէն ու վաղն առաւօտ ղրկէր այնինչ դպրոցը: Դպրոց-ծնողք խնդիրները այնքան շատ էին որ… Դպրոցի ճամբան երբեք մէկ չէր, այս ճամբան չեղաւ, միւս ճամբան կ՚ըլլայ... Լաւ կ՚ըլլար, որ դպրոց չըլլար, բայց դպրոց յաճախելը անառարկելի խնդիր էր: «Ես մեր դպրոցը չեմ սիրեր» ըսելը միւս դպրոցին ճամբան բռնել կը նշանակէր:

Այդ վիճակին մէջ յայտնուած էի նաեւ ես: Չէի ուզեր քրոջս գացած դպրոցը երթալ: Փախուստը դժուար բան չէր, դասարանէն դուրս կ՚ելլես ու... հայտէ՜, ո՞վ կրնայ բռնել քեզ: Հիմա մայրս կը խրատէր զիս, որ դպրոց երթալը շատ լաւ բան է, հոն շուտով կը մեծնաս, կ՚ուսանիս, յայտնի մարդ կ՚ըլլաս: Ես մօրս խօսքերէն շատ բան չէի հասկնար:

Գիտէի, որ դպրոցը այնպիսի տեղ մըն է, ուր մտնելէ ետք պէտք է փախչիս, ինչպէս փարախէն դուրս ցատկող մեր խատուտիկ ուլիկը: Եւ առաւօտ մը մայրս ձեռքէս բռնած ելաւ ճամբան, կեցաւ Լրջենց կալին մէջտեղ, դէմքը դարձուց Տունակ լերան կողմը, ըսաւ.

-Ասիկա քոյրիկիդ դպրոցն է, կ՚երթա՞ս...

Ուսերս թօթուեցի:

Դարձաւ դէպի եկեղեցին, ըսաւ...

-Ասիկա Սթալին ամմոյին դպրոցն է, կ՚երթա՞ս:

Ուսերս թօթուեցի:

Մայրս դէմքը դարձուց դէպի Կունիկ լեռը, ըսաւ.

-Այս ալ Միացեալ դպրոցն է, կ՚երթա՞ս:

Բակին մէջ քանի մը աշակերտներու հետ Օրիորդ Անահիտը «Ուղտապան»ը կը խաղար. նկատեց մեզ, ձգեց շարքը ու ժպտալով մօտեցաւ մեզի: Ծաղկաւոր հագուստ հագած էր, փէշը թեթեւ հովէն կ՚ուռէր: Մօտեցաւ, ցածցաւ, գգուեց գլուխս, բան հարցուց. ես ալ չհասկցայ, թէ ի՛նչ ըսի: Աւելի ցածցաւ, որ լսէ զիս: Խորունկ փորուածքով օձիք ունէր, կուրծքը ճերմակ-ճերմակ կը բուրէր:

-Կ՚երթա՞ս,- հարցուց մայրս:

Ձեռքս Օրիորդ Անահիտի ափերուն մէջ էր…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024