ՆՈՒԷՐ ԼԱԶՕՂԼՈՒԻ ՎԷՊԸ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՆՈՍԹԱԼԺԻ»Ի ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ
Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Նուէր Լազօղլուի «Kalbim Turkuaz» գիրքին շնորհանդէսը։ Նուէր Լազօղլու ծանօթ է որպէս լրագրող, սակայն այս գործի պարագային գրասէրներուն կը ներկայանայ իբրեւ վիպագիր։ «Kalbim Turkuaz» վէպը լոյս տեսած է «Çiviyazıları» հրատարակչութենէն։ Սա իսկապէս հետաքրքրական գործ մըն է։ Նուէր Լազօղլու խարբերդցի հայ ընտանիքի մը շառաւիղն է եւ իր վկայութիւններուն հիման վրայ այս վէպին մէջ լայնօրէն օգտագործած է Էլազըղի շրջանի թրքերէն բարբառը։ Սա այս վէպին բնորոշ երեսակներէն մին է։ Բազմաթիւ հրատարակչութիւններ լայն զանգուածներու հասանելիութեան տեսակէտէ յարմար չեն դատած հրատարակել Լազօղլուի բնագիրը, սակայն ի վերջոյ հեղինակը գտած է հրատարակչատուն մը, որ համաձայնած է այդպէս իսկ ընթերցողներուն հրամցնել այս գործը։ Նուէր Լազօղլու շատ անմիջական ոճով մը հիւսած այս վէպը, որուն մէջ կ՚անդրադառնայ նաեւ իր ընտանիքին ու կեանքին։ Ան այս վէպը միեւնոյն ժամանակ թատրերգութեան մը ձեւաչափին մէջ ալ գրի առած է, հետեւաբար այս վէպը կրնայ վերածուիլ նաեւ շարժանկարի ծրագրի մը՝ եթէ պայմանները գոյանան։
«Նոսթալժի»ի երդիքին տակ կազմակերպուած գինեձօնին ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հրատարակիչ Օսման Քէօքէր։ Աւելի վերջ Նուէր Լազօղլու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ներկայ գրասէրներուն հետ, որոնք զանազան մանրամասնութիւններ հարց տուին այս գործին շուրջ։ Ներկաներու հարցումներուն պատասխանելէ վերջ հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը։