ՍԱՐԵԱՆԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ ականաւոր գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեան իր կեանքի ընթացքին շատ ծաղիկներ նկարած է, բայց ապակիի վրայ նկարած անոր ծաղիկները միակ են ու անկրկնելի: Այս ապակենկարը վերջերս Երեւան հասաւ եւ մօտ տասը օր կը ցուցադրուի Վարպետի՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ:

Սարեանի «Ծաղիկներ» ապակենկարը ստեղծուած է բեմադրիչ Լաերթ Վաղարշեանի «Մարտիրոս Սարեան» ժապաւէնի արձանագրութեան ժամանակ: Սարեան նկարահանումներուն ընթացքին իր առջեւը ապակի մը տեսած է եւ ինքնաբուխ սկսած է նկարել այդ ապակիին վրայ, իսկ նկարահանումներուն աւարտէն ետք զայն նուիրած է նկարահանող Մարատ Վարժապետեանին: Յետագային, Վարժապետեանի ընտանիքը վաճառած է ապակենկարը, եւ մօտ տասը տարի առաջ, Շուէտի մէջ, աճուրդի մը ժամանակ ապակենկարը գնած է ռուս նշանաւոր հաւաքորդ Եուրի Նոսով:

Սարեանի թոռնուհիները, որ այսօր կը վարեն Վարպետին տուն-թանգարանի աշխատանքը, երկար փնտռելէ ետք բարեկամի մը միջոցաւ տեղեկացած են, որ ապակենկարը Նոսովի սեփականութիւնն է, կապ հաստատած են անոր հետ եւ խնդրած են, որ ան կարճ ժամանակով Երեւան բերէ եւ ցուցադրէ Վարպետի տուն-թանգարանին մէջ: Բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտած են, ռուս հաւաքորդը համաձայնած է եւ նկարը անձամբ Երեւան բերած, ինքն ալ ներկայ գտնուած է ցուցահանդէսի բացումին՝ պատմելով նաեւ, թէ ի՛նչ մեծ նշանակութիւն ունի այս նկարը իր հսկայ հաւաքածոյին մէջ: Նոսով Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ իբրեւ հաւաքորդ, նախասիրութիւն ունի 20-րդ դարու առաջին կէսի ռուսական արուեստին հանդէպ: Ինչպէս ծանօթ է, իր վաղ շրջանի գործերով Մարտիրոս Սարեան նոյնպէս կը պատկանի ռուսական արուեստի դպրոցին: Նոսովի անձնական հաւաքածոյին մէջ այս մէկը միակ Սարեանն է, բայց մոսկուաբնակ հաւաքորդը ըսած է, թէ անիկա եզակի է իր ունեցած բոլոր գործերուն մէջ: Նոսով առայժմ նկարը նուիրելու եւ վաճառելու մասին չի մտածեր: Նուիրելու առումով ըսաւ, թէ ինք շատ երիտասարդ է տակաւին նուիրատուութիւններ ընելու համար եւ առայժմ հաճոյք կ՚առնէ հաւաքելէն, իսկ վաճառելու մասին որեւէ յստակ բան չըսաւ, այդ մէկը ձգելով ժամանակին:

«Մարտիրոս Սարեան» ժապաւէնը, որուն նկարահանման ընթացքին ստեղծուած է «Ծաղիկներ» գլուխ գործոցը, նկարահանուած է 1965 թուականին՝ Սարեանի ծննդեան 85-ամեակին ընդառաջ: Կեանքէն հեռացած բեմադրիչին՝ Լաերթ Վաղարշեանին դուստրը՝ Մարինէ Վաղարշեան, ներկաներուն պատմեց, թէ իր հայրը այս ժապաւէնը նկարահանած է ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, որ կը կոչուէր «խրուշչեւեան ձիւնհաել»: Այդ տարիներուն էր, որ Խորհրդային Միութեան տարածքին, երկրի ղեկավար Խրուշչեւի նախաձեռնութեամբ խօսքի եւ արուեստի ազատութեան շունչ մը մտած է, վերացած է ատոր նախորդած Սթալինի անձի պաշտամունքը…Մինչ այդ Մարտիրոս Սարեանին հանդէպ տեսակ մը հալածանք կար, անոր դէմ կը հնչէին քննադատութիւններ, Սարեան ամբողջովին արժեւորուած չէր Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Լաերթ Վաղարշեան, որ Սարեանի արուեստի հաւատաւորներէն էր, կը նախաձեռնէ «Մարտիրոս Սարեան» ժապաւէնին: Իր յուշերուն մէջ ան՝ Վաղարշեան, անդրադարձած է «Ծաղիկներ»ու ստեղծման պատմութեան, գրելով հետեւեալը.

«Ստեղծագործելու պահուն չափազանց դժուար էր «որսալ» կամ ուղղորդել Վարպետը, որովհետեւ ան չէր սիրեր յատուկ դերի մէջ մտնել, որեւէ դիրք ընդունիլ: Ծաղիկները նկարելու պահուն ժապաւէնը վերջացաւ: Երբ խնդրեցին դադրեցնել աշխատանքը, Սարեան նոյնիսկ ուշադրութիւն չդարձուց ու շարունակեց նկարել: Ստեղծագործական յորձանքին մէջ յայտնուած Սարեանը այլեւս անհնար էր կեցնել»:

Ապակիի վրայ նկարելու Սարեանին հնարքը մեծ հնարաւորութիւն կու տայ Սարեանը բացայայտելու ստեղծագործելու պահուն, քանի որ ան որեւէ նախնական ուրուագիծ, նախագիծ չէր ըներ, այլ վրձինով եւ ներկերով կը նկարէր մէկ անգամէն ապակիի վրայ: Այդ մէկը, անշուշտ, եզակի վարպետութիւն կը պահանջէ:

Ցուցահանդէսի բացումին ցուցադրուեցաւ նաեւ «Մարտիրոս Սարեան» ժապաւէնը: Արուեստի շունչով նկարահանուած այդ ժապաւէնը ներկաներէն շատեր առաջին անգամ կը տեսնէին: Իսկ նկարը արդէն թանգարանի դահլիճին մէջ էր: Ժապաւէնի նիւթին հեղինակը ռուս նշանաւոր գրող, հրապարակախօս Իլիա Էրենպուրկն է, երաժշտութեան հեղինակը Մարտիրոս Սարեանի որդին՝ երգահան Ղազարոս Սարեան: Նիւթը հայերէնի թարգմանած է Պարոյր Սեւակ, իսկ ժապաւէնին մէջ զայն կը կարդայ դերասան Խորէն Աբրահամեան: Նկատելի է, որ ժամանակի մեծերը ստեղծած են Վարպետին մասին պատմող այս ժապաւէնը, որ ժամանակին յաճախ կը ցուցադրուէր հեռատեսիլով: Թերեւս շատերու միտքէն չէ անցած, թէ ո՞ւր է այն ապակենկարը, որ կը ստեղծուի այս ժապաւէնին ողջ ընթացքին… Շնորհիւ Սարեանի թոռնուհիներուն՝ Ռուզան եւ Սոֆի Սարեաններու պրպտումներուն, նկարը այսօր գտնուած է, եւ ճիշդ է, ան Սարեանի ժառանգութեան պահապաններու սեփականութիւնը չէ, սակայն, անոնք տեղեկացան, որ հոգատար ձեռքերու մէջ է, եւ գուցէ օր մըն ալ վերջնական հանգրուան գտնէ Սարեանի հայրենիքին մէջ:

Սարեանի տուն-թանգարանը այս շրջանին լեցուն է այցելուներով, մարդիկ եզակի հնարաւորութիւն ունին տեսնելու Սարեանի ստեղծած գլուխ գործոցներէն մէկը եւս: Վառ գոյներով ստեղծուած ծաղիկները կը վկայեն նկարիչի հոգիին գոյներուն մասին, որոնք վառ ու թարմ էին նոյնիսկ անոր 85-ամեայ տարիքին, երբ ան կը գծէր զայն:

Յայտնի է, որ իր կեանքին որոշ շրջանը Մարտիրոս Սարեան գրեթէ վրձին չէ վերցուցած իր ձեռքը՝ ծանր տանելով 1915-ի դէպքերը եւ երբ կրկին սկսած է նկարել, առաջին նկարածը կարմիր ծաղիկներու փունջ մը եղած է՝ այդպէսով ապրելու եւ ծաղկելու գաղափարը փոխանցած է իր արուեստին միջոցաւ: Սարեան իր յուշերուն մէջ գրած է. «Եւ ահա 1915 թուականին ես լսեցի այն փորձանքին մասին, որ կրկին բաժին ինկած էր Հայաստանին: Ամէն ինչ ձգեցի եւ գացի հայրենիք: Էջմիածինի մէջ եւ անոր շուրջը ես հանդիպեցայ թրքահայաստանի Եղեռնէն փախած մարդոց խումբերու: Իմ աչքերուն առջեւ կը մահանային մարդիկ, իսկ ես գրեթէ ոչինչով կը կարենայի օգնել անոնց… Ես ծանր հիւանդացայ, զիս տեղափոխեցին Թիֆլիզ՝ հոգեկան խոր խանգարման ակնյայտ նշաններով»։ Այս ատեն է, որ ան երկար ժամանակ չէ կրցած աշխատիլ, բայց ծանր ապրումներէն ետք առաջին նկարածը ծաղիկ էր՝ փորձելով գտնել ճանապարհ մը, դուրս գալու հիւանդութենէն: Այդ մասին Վարպետը ըսած է. «Արուեստը պէտք է կեանքի, պայքարի կոչէ մարդը, յաւերժական, համամարդկային նիւթերով հաղորդէ անոր յոյս ու հաւատք, ոչ թէ ճնշէ ողբերգական նիւթերու նկարագրութեամբ»:

Այդպիսի հոգեկան անկում մըն ալ Մարտիրոս Սարեան ունեցած է իր աւագ որդիին կորուստէն ետք: Ան հոգեկան ծանր ապրումներ ունեցած է, երբ 1962 թուականին ինքնաշարժի արկածով զոհուած է որդին՝ գրականագէտ Սարգիս Սարեան: Ժամանակակիցներ վկայած են, որ Սարեան այդ ժամանակ պատռած է իր կտաւները, գորգի նման փռած է գետին՝ ըսելով, թէ անոնք ոչ մէկուն անհրաժեշտ են: Այդ արարքին զոհ գացած են Սարեանի գլուխ գործոցներէն քանի մը հատը, այդ կարգին՝ «Դիմակներ» նշանաւոր կտաւը: Նկարիչի կեանքին ամենէն բարդ շրջաններէն էր այս հանգրուանը, Սարեան մէկ կողմէն անձնական ողբերգութեան մէջ յայտնուած է, միւս կողմէն ալ արուեստի քննադատները անոր գործերը դրած էին քննադատութեան թիրախին տակ: Ահաւասիկ, այդ բարդ ժամանակաշրջանին է, որ Վաղարշեան մտայղացած է ստեղծել «Մարտիրոս Սարեան» ժապաւէնը: Կարելի է նկատել, որ Լաերթ Վաղարշեանի այս ժապաւէնին շնորհիւ տեղի ունեցաւ Մարտիրոս Սարեանի վերարժեւորումը: Անցեալ տարի Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ նշուեցաւ նաեւ Սարեանի որդիին՝ գրականագէտ Սարգիս Սարեանի 100-ամեակը: Արժեւորուեցաւ նաեւ կեանքէն կանուխ հեռացած գրականագէտին, հայագէտին գործունէութիւնը, այցելուներ ծանօթացան Վարպետին եւ անոր որդիներուն հետ շատ ամուր կապին եւ այդ կապին հետեւանքով ծնած արուեստին, նամակագրութեան…:

Լաերթ Վաղարշեանի ժապաւէնի նկարահանումներէն ետք, Երեւանի Նկարիչներու տան մէջ, այդ թուականներուն բացուեցաւ Սարեանի անհատական ցուցահանդէսը: Մոսկուայէն Երեւան բերուեցան ու առաջին անգամ ցուցադրուեցան անոր վաղ շրջանի գործերը, որոնք մինչ այդ կը մերժուէին ու շտեմարաններէն դուրս չէին բերուեր: Վարպետը ամբողջութեամբ ճանչցաւ նաեւ ժողովուրդը:

ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ՊՈԼԻՍԸ

Ստեղծելով ամենատարբեր նիւթերով նկարներ, Սարեան ըսած է. «Ինչ որ նկարեմ, Հայաստանը կը յայտնուի»: Բայց իր կեանքին կարեւոր մէկ շրջանին Մարտիրոս Սարեան դիմած է Արեւելքի բացայայտման: Արեւելեան մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը յատկանշական եղած է 20-րդ դարու եւրոպական եւ ռուսական գեղանկարչութեան համար: Սարեանի համար Արեւելքին դիմելը ինքնաճանաչման կարեւոր շրջան մըն էր: Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ՝ Թուրքիա (1910), Պարսկաստան (1913), Եգիպտոս (1911) իր ուղեւորութիւններուն ողջ ընթացքին նկարիչը առաջնորդած է արեւելեան աշխարհի ըմբռնումը եւ ինքզինքը իբրեւ այդ աշխարհին մէկ մասնիկը նկատելու ջանքը:

«Ես նպատակ ունէի Արեւելքը հասկնալ, գտնել անոր բնորոշ յատկանիշները, իմ գեղանկարչական որոնումներս աւելի հիմնաւորելու համար... Ես կ՚ուզէի հաղորդել Արեւելքի իրականութիւնը, գտնել այդ աշխարհի պատկերման համոզիչ ուղիները», ըսած է Սարեան:

Արեւելեան փողոցներուն ամէնօրեայ կեանքը Սարեանի համար դարձած է նկարչական յայտնութիւններու հիմք: Ծանօթ են անոր արեւելեան նկարներու շարքերը, որոնք կը դասուին իր գլուխ գործոցներու կարգին:

Սարեան իր արուեստին մէջ շատ գեղեցիկ պատկերած է Պոլիսը, ուր գտնուած է 1910 թուականին: Ան Պոլիս գացած էր՝ իբրեւ ստեղծագործող, իր որոնումներու ճանապարհին կանգ առնելով հոն: Պոլսոյ մէջ ան կը փնտռէր կապը հին բիւզանդական արուեստին: Ան անշուշտ կարողացաւ տեսնել արեւելեան իւրայատուկ ոգիով տոգորուած այդ քաղաքը։ Հոն իրեն համար բացուեցաւ արեւի, լոյսի ու կարգ մը հակասական ստուերներու յարաբերութիւնը, որ իր արուեստը դարձուց շատ իւրայատուկ: Սարեան Պոլսոյ մէջ սենեակ մը վարձած էր եւ հնարաւորութիւն ունէր երթալու եւ տեղւոյն վրայ նկարելու: Ան Պոլսոյ կեանքը պատկերած է կենդանի, ծանօթ են անոր նկարած շուներու խումբերը, որոնք կարծես այդ փառահեղ անցեալ ունեցող քաղաքին հինէն նորի անցումը ցոյց կու տային, եւ այդ շուները Սարեանի նկարներուն մէջ արեւի լոյսին տակ շատ հետաքրքրական ձեւեր ու անսպասելի գոյներ կ՚ընդունէին, կը կռուէին իրարու հետ եւ կը թուէր, թէ այդ մէկը այն օտար ուժն է, որ եկաւ եւ ներխուժեց Պոլիս: Պոլսոյ տեսարաններէն շատեր գնուեցան Մոսկուայի Թրեթեաքով պետական պատկերասրահին կողմէ: Կան Պոլիսէն կարգ մը մատիտանկարներ, որոնք կը գտնուին Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ: Պոլիս կարենալ երթալու համար իրեն օգնած է իր Յովհաննէս եղբայրը։ Եւ երբ իր նկարները վաճառուեցան, ան առաջին անգամ պատմեց իր եղբօր մասին, ուրախանալով, որ տեղ մը հասած է:

ՆՈՐ ՇՈՒՆՉՈՎ

Սարեանի տուն-թանգարանը, երեք տարուան վերանորոգումէ ետք, ժամանակակից ձեւաւորմամբ երկու տարի առաջ բացած է իր դռները, թանգարանային գործի նոր պահանջներով: Վերականգնուած է տան այն հատուածը, ուր ապրած է Վարպետը իր հարազատներուն, որդիներուն հետ, ուր ընդունած է հիւրերը:

«Շատ ուրախ եմ, որ Երեւանը կը կառուցուի եւ կը վերածուի մայրաքաղաքի։ Ես նոյնպէս կը փափաքիմ կառուցել տնակ մը ու արուեստանոց մը, նոյնիսկ առանձին փոքրիկ պատկերասրահ մը՝ իմ գործերուս համար», իր ապագայ տան մասին այսպէս գրած է Մարտիրոս Սարեան 1927 թուականին՝ արուեստաբան Ռուբէն Դրամբեանին ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ:

Այդ տարիներուն, այդ մէկը թերեւս կը թուէր անիրագործելի երազանք մը: Սակայն Սարեան այն բացառիկ երազողներէն էր, որոնք ի վիճակի էին կեանքի կոչել մէկը միւսէն աւելի խիզախ ծրագիրներ։ Ան կառուցած է իր տունը, որ իր կենդանութեան ժամանակ արդէն վերածուած էր տուն-թանգարանի: Հայաստանի կառավարութեան յատուկ որոշմամբ, տուն-թանգարանը բացուած է 1967 թուականին եւ Վարպետը ներկայ եղած է այդ արարողութեան: Այդ տարիները արդէն անոր վերարժեւորման շրջանն էր, ինչպէս նաեւ բարենպաստ տարիներ էին Հայաստանի մէջ արուեստի, գիտութեան, մշակոյթի զարգացման համար: Անցեալ տարի մեծ շուքով նշուեցաւ թանգարանի հիմնադրման 50-ամեակը, որուն ծիրէն ներս յիշուեցաւ նաեւ Սարեանի ծննդեան 135-ամեակը, որ լրացած է 2015 թուականին, սակայն տուն-թանգարանի նորոգութեան պատճառով հոն չէ նշուած:

«Ծաղիկներ» ապակենկարի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Սարեանի ծննդեան օրը՝ 28 Փետրուարին: Նկարին տէրը՝ Եուրի Նոսով ըսաւ, որ առաջին անգամն է, որ ցուցադրութեան հանած է իր հաւաքածոյի այս բացառիկ նմոյշը եւ այդ առումով երջանիկ է, որ Վարպետին ծննդավայրին մէջ ցուցադրուեցաւ առաջին անգամ: Քանի մը օրէն «Ծաղիկներ» ապակենկարը կը տարուի Սարեանի տուն-թանգարանի դահլիճէն եւ կրկին կ՚ուղեւորուի դէպի Մոսկուա:

ԽՕՍՈՒՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Մարտիրոս Սարեանէն իր տուն-թանգարանին մէջ պահպանուած են բազմաթիւ լուսանկարներ: Անվերջ կարելի է դիտել սեւ-ճերմակ այդ լուսանկարները, որոնց մէջ Վարպետը կ՚երեւի՝ իր ծննդավայր Նոր Նախիջեւանէն սկսեալ մինչեւ երեւանեան կեանքի վերջին օրերը: Նախիջեւանի մէջ Սարեան լուսանկարուած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ, զատ լուսանկար մը կայ եղբայրներուն հետ, կ՚երեւի ազնուական հագուկապով ընտանիք մը հետ, որ մեծ մասնակցութիւն ունեցած է Նոր Նախիջեւանի հայկական գաղութի ստեղծման:

Լուսանկարներու մէջ կը տեսնենք երիտասարդ Սարեանը՝ Մոսկուայի նկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի ար-ւեստանոցներու մէջ, Փարիզի իր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի ժամանակ, ինչպէս նաեւ պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, գիտնականներու եւ դպրոցականներու շրջապատին մէջ։ Մեծ թիւ կը կազմեն ընտանիքին հետ լուսանկարները, կնոջ՝ Լուսիկ Սարեանի, երկու որդիներուն՝ Ղազարոս եւ Սարգիս Սարեաներու եւ անոնց ընտանիքներու հետ: Վարպետը լուսանկարուած է նաեւ դէպի Արեւելք ուղեւորութեան օրերուն, լուսանկարներ ունի Եգիպտոսի մէջ, իսկ ամենէն շատ լուսանկարները Սարեանէն պահպանուած են նշանաւոր մարդոց հետ՝ Թումանեանի, Իսահակեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի, Պարոյր Սեւակի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Հայաստան այցելած օտար արուեստագէտներու, գրողներու հետ: Յատկանշական է ամերիկացի աշ-խարհահռչակ գրող Ճոն Սթայնպեքի այցը՝ Մարտիրոս Սարեանի արուեստանոց, ուր Սարեան նկարած է ամերիկացի գրողը: Պատմութիւն մը կայ, որ այստեղ՝ արուեստանոցի պատին Ճոն Սթայնպեք տեսած է Ուիլիըմ Սարոյեանի դիմանկարը եւ հպարտացած է, որ զայն կը ճանչնայ:

Վարպետի դէմքը երջանիկ է մանաւանդ ընտանեկան լուսանկարներուն մէջ՝ որդիներով, հարսերով, թոռ-ներով շրջապատուած, իսկ արդէն աւելի ուշ տարիքին լուսանկարներու մէջ կ՚երեւին Մարտիրոս եւ Լուսիկ Սարեաններու վշտահար դէմքերը՝ իրենց աւագ որդիի կորուստէն ետք: Զաւակներ ունեցած է միայն Ղազարոս Սարեանը: Ներկայիս Ղազարոս Սարեանի դստրերը՝ Ռուզան եւ Սոֆի Սարեանները կը ղեկավարեն Սարեանի տուն-թանգարանի աշխատանքները եւ կը հանդիսանան Վարպետի հեղինակային իրաւունքի ժառանգները:

Ժառանգներէն տակաւին միակ նկարիչը Աննա Սարեանն է՝ Վարպետի ծոռնուհին:

Տուն-թանգարանին մէջ պահպանուած են նաեւ Վարպետի յուղարկաւորութենէն լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս 1972 թուականի այդ օրը բազմահազար մարդիկ հրաժեշտ կու տան Վարպետին, որ այսօր կ՚ապրի յաւերժութեան մէջ: Ան մարդու յաւերժացման եւ արուեստի հետ կապի մասին ըսած է.

«Արուեստը մարդու ձգտումն է դէպի անմահութիւն, անոր կամքն է ապրիլ յաւերժ:

«Կան, ի հարկէ մարդիկ, որոնք կը գերադասեն գեղանկարչական դիմանկարին լուսանկարը:

«Կան նաեւ մարդիկ, որոնք այս կամ այն չափով կը շփուին արուեստի հետ, նոյնիսկ կը սիրեն զայն, բայց կեանքէն ետ մնացած են եւ չեն ընդունուիր ժամանակակից արուեստը:

«Առաջինները, դժբախտաբար, չեն հասկնար, որ գեղանկարչութիւնը ընկալելու համար պէտք է ըլլալ կրթուած, ունենալ տեսնելու գրագիտութիւն: Երկրորդները չեն տեսներ արուեստը իր պատմութեան ընթացքին մէջ, կ՚ապրին՝ չհասկանալով իրենց ժամանակը»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018