ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ
Հայաստանի մէջ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ համահայկական օրակարգով համաժողով մը: Զայն կը կազմակերպէ «Ապագայ հայկականը» շարժումը, որ հիմնած են ամերիկաբնակ ձեռնարկատէր, բարերար եւ գիւտարար Նուպար Աֆէեան, յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեան, Ռիչըրտ Ազարնիա, Արթուր Ալաւերտեան եւ անոնց միացած այլ մարդիկ: Միաժամանակ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ, որ նախաձեռնութիւնը կապուած չէ քաղաքական որեւէ խումբի կամ կազմակերպութեան հետ: Նախաձեռնութիւնը կը գանձատրուի «Ապագայ հայկականը» զարգացման հիմնադրամի կողմէ, որու նախաձեռնողներն են Ռիչըրտ Ազարնիա, Արթուր Ալաւերտեան, Նուպար Աֆէեան, Արամ Պեքճեան, Դաւիթ Թաւատեան, Ռուբէն Վարդանեան:
Հիմնադրամի նպատակն է մշակել եւ իրականացնել յառաջիկայ քսան տարիներու համար Հայաստանի զարգացման տեսլականի ծրագիրներ։
Իսկ հիմնադրամին անունը կրող «Ապագայ հայկականը» հանրային նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է 2021 թուականին եւ անոր արդէն միացած են աւելի քան 110 հազար հայեր՝ աշխարհի 108 երկիրներէ:
Նախաձեռնութեան գրասենեակէն կը տեղեկանանք, որ աւելի քան 300 փորձագէտներու մասնակցութեամբ այս նախաձեռնութիւնը սահմանած է Հայաստանի եւ հայութեան ապագայի տասնհինգ նպատակները։
Հիմնադիրները նաեւ կը յայտարարեն, որ նախաձեռնութեան կրնայ միանալ իւրաքանչիւր հայ, որ պատրաստ է աջակցիլ նպատակներու իրականացումին:
Համաժողովի ընթացքին ընդունուած բոլոր առաջարկութիւններն ու ծրագիրները կը հանդիսանան հանրային սեփականութիւն եւ հասանելի պիտի ըլլան պետական ու մասնաւոր ոլորտի բոլոր ներկայացուցիչներուն՝ ատոնց հնարաւոր տարբերակները մշակելու եւ իրագործելու համար։
Երբ հանրային այս նախաձեռնութիւնը արդէն սահմանած է ուղղութիւնները, որոնց յաջորդած են հանրային քննարկումները: Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան համայնքներու մէջ ամենաբազմազան խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած են 70-է աւելի առկայ եւ առցանց հանդիպումներ, որոնց արդիւնքին բոլորը միահամուռ կերպով հայութեան խնդիրները լուծելու ճանապարհին կարեւորած են միասնականութիւնը:
Համաժողովը նախատեսուած է մարտի 10-12 թուականներուն միջեւ: Կազմակերպիչները ընտրած են «Քաղաքացիական բարձրագոյն մարմին» մասնակցային ժողովրդավարական ձեւաչափը, որ առաջին անգամ պիտի կիրառուի հայկական իրականութեան մէջ: Այդ ձեւաչափով համախմբում մը արդէն կազմակերպուած էր Արցախի մէջ, մինչեւ շրջափակումը:
Կազմակերպիչները «Ապագայ հայկականը» համաժողովի իւրայատկութիւններէն մէկը կը համարեն այն, որ աշխարհի մէջ առաջին անգամ այսպիսի ձեւաչափով ներգրաւուած է նաեւ սփիւռքը: Ստեղծուած են փորձագիտական յանձնախումբեր, որոնք պիտի ղեկավարեն Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Արամ Աբրահամեան եւ Արմինէ Յովհաննիսեան:
Հինգ ամիս շարունակ հայկական փորձագիտական համայնքի աւելի քան հարիւր ներկայացուցիչներ առկայ եւ առցանց ձեւաչափերով քննարկած են նպատակներու իրագործման հետ կապուած ծրագիրները:
Ատոնք պիտի ներկայացուին «Ապագայ հայկական»ի համաժողովին, որուն մասնակցելու համար թափանցիկ վիճակահանութեամբ եւ ներկայացուցչական ընտրանքի միջոցով ընտրուած են 200 մասնակիցներ՝ ձեւաւորելով աշխարհասփիւռ հայութեան սեռատարիքային, կրթական եւ բնակութեան վայրով պայմանաւորուած մանրակերտը: Քննարկումներուն առցանց ձեւաչափով մասնակցելու հնարաւորութիւն ունին նաեւ արձանագրուած բոլոր հայերը: Արդիւնքին «Ապագայ հայկականը» նպատակ ունի ձեւաւորել հարթակ մը, ուր աշխարհասփիւռ հայութեան զանազան խումբերու ներկայացուցիչներ նախ կը ծանօթանան, ապա կը քննարկեն փորձագիտական գնահատում անցած ծրագիրները՝ միահամուռ ուժերով սահմանելով ապագայի իրենց տեսլականը:
Այսպիսով, «Ապագայ հայկականը» հանրային նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ, որ այս մէկը շարժում մըն է՝ մեկնարկած ամբողջ աշխարհի հայերու կողմէ: Մեծ անորոշութեան եւ հրատապ մարտահրաւէրներու այս ժամանակներուն նախաձեռնութիւնը կը ջանայ խթանել երկխօսութիւն մը, որ պէտք է ձեւաւորէ փոխըմբռնման եւ Հայաստանի ու հայութեան ապագայ տեսլականը: Նկատի առնելով մարտահրաւէրներու հրատապութիւնը՝ «Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը որոշած է անյետաձգելի հարցերով զբաղիլ հիմա՛:
«Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութեան սահմանած նպատակները
15 ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ
1- ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
Հաւաքականօրէն սահմանել եւ տէր կանգնիլ Հայաստանի ապագային։
2-ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ընդունիլ մեր անվտանգութեան դէմ սպառնալիքի առկայութիւնը եւ կառուցել աւելի արդիւնաւէտ ու հեռանկարային պաշտպանական համակարգ:
3-ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Յարգել հայ նահատակներուն, վերապրածներուն եւ զանոնք փրկողներուն յիշատակը միջազգային իրազեկման եւ մարդասիրական աջակցութեան միջոցով՝ կանխարգիլելու համար մարդկութեան դէմ բռնութիւնը, պայքարելու անոր դէմ եւ վերացնելու համար անոր հետեւանքները:
4-ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽ
Երաշխաւորել Արցախի ֆիզիքական անվտանգութիւնը եւ հաստատել անոր իրաւական կարգավիճակը:
5-ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ սփիւռքի փոխյարաբերութիւնները վերածել փոխադարձութեան եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու:
6-ՈՒԺԵՂ ՍՓԻՒՌՔ
Թարմացնել եւ ընդլայնել սփիւռքեան կազմակերպութիւններն ու կառոյցները՝ անոնց կենսունակութիւնը ապահովելու եւ ողջ աշխարհի տարածքին հայոց ժառանգութիւնը պահպանելու համար:
7-ՈՒԺԵՂ ԴԱՇԻՆՔՆԵՐ
Հակազդել մեկուսացումին եւ կարեւորութիւն ձեռք ձգել՝ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ռազմավարական գործընկերութիւններու միջոցով:
8-ՅԱՐԱՃՈՒՄ
Խթանել մարդկային ու նիւթական դրամագլուխ ներգրաւող մրցունակ տնտեսութիւն:
9-ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԱՃ
Կենդրոնանալ Հայաստանի ժողովրդագրական մարտահրաւէրներուն լուծում տալու վրայ՝ Հայաստանի ապագան երաշխաւորելու համար ապահովելով բնակչութեան աճ, հայրենադարձութիւն եւ մասնագէտներու ներհոսք:
10-ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ
Առաջնահերթութիւն հաղորդել կրթութեան՝ որպէս աշխարհի հայութեան բարձրագոյն ընկերային արժէք:
11-ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Ներդրումներ կատարել գիտութեան, ճարտարուեստի ուսմունքներու եւ ստեղծագործականութեան մէջ՝ նորարարութիւնն ու զարգացումը խթանելու համար մանաւանդ առողջապահութեան, շրջակայ միջավայրի եւ գիտելիքի վրայ յենած տնտեսութեան ասպարէզներուն մէջ:
12-ՈՂՋԱՄԻՏ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ
Զարգացնել արդիւնաւէտ եւ հաշուետու հիմնարկներ, հաւատարիմ մնալ կառավարութեան ու հասարակութեան մէջ կատարելութեան եւ արհեստավարժութեան ձգտումին:
13-ԱՐԴԱՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՒԱԶԵՑՈՒԱԾ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Արմատախիլ ընել աղքատութիւնը եւ հասնիլ հասարակութեան մէջ ազնուութեան եւ արդարութեան տիրապետման:
14-ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ
Հիմնուելով մեր եզակի ինքնութեան ու պատմական փորձին վրայ՝ զայն օգտագործել ոգեշնչելու եւ առաջնորդելու համար մեր ապագան:
15-ՓԱՍՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄ
Ղեկավարութենէն եւ հասարակութենէն պահանջել, որ ազգային որոշումներուն կայացումը հիմնուած ըլլայ ոչ թէ պատրանքներու, այլ փաստերու վրայ։
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ
Պատմական պատասխանատուութիւն փորձագիտական յանձնախումբ
Պատմական պատասխանատուութեան փորձագիտական յանձնախումբին մէջ կը քննարկուին հայ ժողովուրդի պատմական պատասխանատուութեան գաղափարական եւ գործնական հարցերը, ինչպէս նաեւ կը սահմանուին անոնց մէջ միջսերնդային պատասխանատուութեան ապահովման հնարաւոր եղանակները: Յանձնախումբին աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են անուանի պատմաբաններ, քաղաքագէտներ ու այլ ոլորտի մասնագէտներ, ինչպէս Հայրենիքէն, այնպէս ալ՝ սփիւռքէն:
Յանձնախումբին ղեկավարն է՝
Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան
Ան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակն է եւ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը:
Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան Աստուածաբանութեան տոքթոր է, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, արժանացած է զանազան երկիրներու գիտական եւ ուսումնական հաստատութիւններու պարգեւներու, պատուաւոր կոչումներու, ներգրաւուած է կարգ մը կրօնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններու մէջ:
Հայաստան-սփիւռք միասնականութիւն փորձագիտական յանձնախումբ
Հայաստան-սփիւռք միասնականութեան փորձագիտական յանձնախումբին աշխատանքները ուղղուած են Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւններէն ներս առկայ հիմնախնդիրներու բացայայտման եւ անոնց լուծման ուղիներու սահմանման, որոնք կը նպաստեն կայուն համագործակցային ու փոխօգնութեան գաղափարներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու ձեւաւորման։ Յանձնախումբի աշխատանքներուն կը մասնակցին հայազգի անուանի գիտնականներ ու մասնագէտներ ինչպէս սփիւռքագիտութեան, այնպէս ալ այս ոլորտին հետ առընչուող գիտական ու գործնական այլ շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւս:
Յանձնախումբին ղեկավարն է՝
Արամ Աբրահամեան
Ան նշանաւոր լրագրող եւ հրապարակախօս է՝ շուրջ քառասուն տարուայ փորձով։
Արամ Աբրահամեան «Առաւօտ» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է, զանազան տարիներու նաեւ հեղինակային հաղորդումներ վարած է «Ա1+», «Շանթ», Հանրային հեռուստաընկերութիւններուն մէջ։ Նաեւ գիրքերու հեղինակ է, կը դասաւանդէ համալսարանին մէջ:
Բնակչութեան աճ փորձագիտական յանձնախումբ
Բնակչութեան աճ փորձագիտական յանձնախումբին աշխատանքները ուղղուած են Հայաստանի ժողովրդագրական հիմնախնդիրներու հնարաւոր լուծումներու քննարկման: Յանձնախումբի անդամներուն քննարկումները նուիրուած են բնակչութեան թիւի աւելացման ուղիներու, բնակչութեան տեղաշարժի պատկերի ուսումնասիրման եւ քաղաքականութիւններու ու հնարաւոր սենարներու մշակման: Յանձնախումբի աշխատանքներուն կը մասնակցին զանազան միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդագրագէտներ, գիտական շրջանակներու այլ փորձագէտներ:
Յանձնախումբին ղեկավարն է՝
Արմինէ Յովհաննիսեան
Արմինէ Յովհաննիսեան իր աշխատանքային գործունէութեան սկսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ՝ որպէս իրաւաբան: 1993 թուականին տեղափոխուելով Հայաստան, առ այսօր «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն է: Ան հեղինակած է դասագիրքեր, ձեռնարկներ, մանկավարժական ուղեցոյցներ եւ նիւթեր՝ քաղաքացիական կրթութեան եւ կիրառական տնտեսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ:
Ամուսինին՝ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի հետ 2000 թուականին Երեւանի ու Վանաձորի մէջ հիմնադրած է «Օրրան» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը:
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
«ԱՊԱԳԱ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» նախաձեռնութիւնը բաց նամակով դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ընտրուած ու նշանակուած այլ ղեկավարներուն։ Նամակին մէջ, ի թիւս բազում մտահոգութիւններու, մասնաւորապէս ըսուած է.
«Տնտեսական զարգացումը Հայաստանի մէջ անբաւարար է եւ ունակ չէ հոգալ մեր ազգային անվտանգութեան ապահովման կարիքները։ Աւելի վատ՝ այժմ կանգնած ենք աշխարհաքաղաքական լրջագոյն սպառնալիքներու, պատերազմներու, համավարակի եւ պատժամիջոցներու վտանգներու առջեւ:
Հայաստանն ու սփիւռքը Հայաստանի անկախութեան երեսուն տարիներու ընթացքին չեն կարողացած արդիւնաւէտ գործընկերութիւն հաստատելու ուղիներ գտնել: Սփիւռքի ցանցային համակարգերը եւ կուտակուած փորձառութիւնը հիմնականը կտրուած կը մնան մեր հայրենիքի հրատապ կարիքներէն:
Հայաստանի ներկայ իրավիճակի համար պատասխանատու է երկրի ընտրուած կառավարութիւնը։ Սակայն այն գործողութիւնները, որոնց կառավարութիւնը այժմ կը ձեռնարկէ եւ կամ չի ձեռնարկեր, իրենց ներգործութիւնը կ՚ունենան ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի, այլեւ՝ ողջ հայ ժողովուրդի ապագայի վրայ։ Պատմական այս պահուն, բոլոր ընտրուած եւ նշանակուած ղեկավարները, մեր ընթացքը դէպի բարեկեցիկ ապագայ առաջնորդելու ժամանակ, պէտք է աւելի լայն պատասխանատուութիւն ստանձնեն, օգտագործեն ողջ ժողովուրդի ներուժը եւ հաշուետու ըլլան երկրի ու արտերկրի հայութեան։
Այսօր մենք պէտք է Ո՛Չ ըսենք քարացած մտածողութեան, Ո՛Չ՝ մեր գոյութեան իրական սպառնալիքներու թերագնահատման, Ո՛Չ՝ անտարբերութեան ու անգործութեան։
Ներկայիս այս իրողութիւններու յանդիման մենք խիստ կարիքն ունինք այնպիսի առաջնորդութեան ու առաջնորդներու, որոնք կը հաղորդակցին, բայց նաեւ կը լսեն, կը ներգրաւեն ու կը միաւորեն ազգը, կը համատեղեն ուժերն ու պաշարները եւ կը գործեն միասին՝ հասկնալով, որ ոչ մէկ խումբ կամ քաղաքական կուսակցութիւն միայնակ պէտք չէ որոշումներ կայացնէ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան