ՈՉ ԵՒՍ Է ԶԱՀԱ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՀԱՏԻՏ

Մա­հա­ցաւ 65-ա­մեայ Զա­հա Մու­համ­մէտ Հա­տիտ, որ կը հա­մա­րուի աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի կին ճար­տա­րա­պե­տը, ծա­գու­մով ի­րաք­ցի բրի­տա­նու­հի մըն է։ Ան ծնած է 31 Հոկ­տեմ­բեր 1950 թուա­կա­նին, Պաղ­տատ, Ի­րաք։ Իսկ ան մա­հա­ցաւ Մար­տի 31-ին, Մա­յա­մի­ի մէջ։ Ան Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ստա­ցած է ու­սո­ղա­կան կրթու­թիւն։ Ա­պա 1972-1977 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ ու­սա­նած է Լոն­տո­նի Ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ճա­ռէն ներս։ Ան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է հո­լան­տա­ցի ճար­տա­րա­պետ Ռիմ Քոլ­հաա­սի մօտ։ Իսկ 1980 թուա­կա­նին ան կը հիմ­նէ իր սե­փա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը սկսած է 1997 թուա­կա­նին, Պիլ­պաօ քա­ղա­քի Կու­կըն­հայ­մի թան­գա­րա­նի շէն­քի կա­ռու­ցու­մէն յե­տոյ։ Ա­ւե­լի վերջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Սին­սի­նա­թի քա­ղա­քի Ռո­զեն­թա­լի ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի կեդ­րո­նի շի­նա­րա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­լէ յե­տոյ ա­նոր գա­ղա­փար­նե­րը դար­ձած են իս­կա­պէս նա­խընտ­րե­լի։ Հա­տի­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն բնո­րոշ են սո­վո­րա­կան տա­րա­ծու­թեան ըն­դար­ձա­կուած շրջա­նակ­նե­րը, ա­ղա­ւա­ղուած հե­ռան­կար­նե­րը եւ կո­րա­գի­ծե­րը։ 2004 թուա­կա­նին ան դար­ձած է ա­ռա­ջին կի­նը, որ ար­ժա­նա­ցած է ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ո­լոր­տէն ներս հե­ղի­նա­կա­ւոր Փրիթց­քէր մրցա­նա­կին։ Ա­նոր գրա­սե­նեա­կին կող­մէ նա­խագ­ծուած շէն­քե­րը անհ­նար է շփո­թել եւ չճա­նաչ­նալ։ Աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րուն մէջ կա­ռու­ցուած նա­խա­գի­ծե­րը կը թուին միշտ այլ մո­լո­րա­կէ եւ տար­բեր կեր­պով կապ մը կը հաս­տա­տեն շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի հետ։

 Հա­տի­տի գոր­ծող եւ ա­պա­գայ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մաս կը կազ­մեն բազ­մա­թիւ նա­խա­գի­ծեր. ինչ­պէս՝ Ռի­վըր­սայ­տի թան­գա­րա­նը, Կլաս­կօ (2009), Քա­թա­րի մար­զա­դաշ­տը (2022), Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մեթ­րո­յի ոս­կեայ կա­յա­րա­նը, Պելկ­րա­տի մէջ, Սեր­պիա, բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­լի­րը, Մեն­հեթ­թը­նի մէջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, բնա­կե­լի շէն­քը, Հոնք Կոն­քի մէջ, Չի­նաս­տան, կա­ճառ մը, Պոն­նի մէջ, Գեր­մա­նիա, Պեթ­հո­վը­նի ա­նուան փա­ռա­տօ­նա­յին հա­մա­լի­րը (2020), Մա­քաո­յի մէջ, Չի­նաս­տան, քա­ռա­սուն յար­կա­նի պան­դո­կը, Չանկ­շա­յի մէջ, Չի­նաս­տան, մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նը, Տու­պա­յիի մէջ, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն, «Սի­նիա­թիւր թաուըրս» երկ­նա­քեր­նե­րը, Ա­պու Տա­պիի մէջ, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ, «Օ­փուս օ­ֆիս թաուըր»ը, Թո­քիո­յի մէջ, Ճա­բոն, ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­դաշ­տը (2022), Շի­քա­կո­յի մէջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Պեր­նը­մա տա­ղա­ւար­նե­րը, Պար­վի­խա­յի մէջ, Ռու­սաս­տան, ե­փա­կան ա­ռանձ­նա­տուն մը եւ այլ­ն։

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016