ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման ընտրութիւնները աւարտեցան, որ Սահմանադրութեան՝ 2015 թուականին տեղի ունեցած փոփոխութենէն ետք խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնն էր։ Այս ընտրութիւններով, փաստացիօրէն Հայաստան անցում կատարեց կառավարման խորհրդարանական համակարգ։ Երկրին նախագահը կը շարունակէ մնալ պետութեան գլուխը, սակայն անոր լիազօրութիւնները կը նուազին յօգուտ վարչապետին եւ Ազգային ժողովին։ 2018 թուականին գործող նախագահի լիազօրութիւնները աւարտելէն ետք նոր նախագահը կ՚ընտրէ այս ընտրութիւններու արդիւնքին ձեւաւորուած Ազգային ժողովը։ Նորընտիր նախագահն ալ իր կարգին կը նշանակէ խորհրդարանական կայուն մեծամասնութեան ներկայացուցած վարչապետը։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի խորհրդարան անցած են ընտրութիւններուն մասնակցած ինն ուժերէն չորսը՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Ծառուկեան» դաշինքը, «ԵԼՔ» դաշինքը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ): Հայաստանի խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան 2022 թուականին:
Հայաստանի խորհրդարանական յետընտրական իրավիճակին շուրջ սկսած են քաղաքագէտներու, վերլուծաբաններու, քաղաքական, հասարակական դաշտը քննարկողներու վերլուծութիւնները: Թէեւ տեսակէտները, հիմնականին մէջ, իրարմէ չեն տարբերիր եւ գրեթէ բոլոր վերլուծաբաններն ալ կը նկատեն, որ արդիւնքները սպասելի էին, այնուամենայնիւ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անդրադարձաւ անոնցմէ երկուքին՝ «Կովկաս» հիմնարկի տնօրէն, ծանօթ քաղաքագէտ՝ Ալեքսանտր Իսքանտարեանի եւ քաղաքագէտ, քաղաքագիտութեան տոքթոր եւ վերլուծաբան՝ Հայկ Ա. Մարտիրոսեանի տեսակէտներուն:
Ալեքսանտր Իսքանտարեանին հետ հանդիպեցանք «Արմէնփրէս»ի մամուլի սրահը, ուր ան ասուլիս մը ունեցաւ, իսկ Հայկ Ա. Մարտիրոսեանը յատուկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Ըստ «Կովկաս» հիմնարկի տնօրէն՝ Ալեքսանտր Իսքանտարեանին, ամէն ինչ կանխատեսելի էր.
«Ընտրութեան արդիւնքներուն նորութիւններ չեմ տեսներ, ամէն ինչ եղաւ այնպէս, ինչպէս կը սպասուէր: Սկիզբէն ալ յստակ էր, որ հանրապետականները մեծամասնութիւն պիտի կազմեն, երկրորդ ուժը պիտի ըլլար «Ծառուկեան» դաշինքը եւ ակնյայտ էր, որ խորհրդարան պիտի անցնէր նաեւ «ԵԼՔ»ը, քանի որ անոր անդամները վատ չեն աշխատած, եւ անոնց կողմէն գրեթէ ութ տոկոս հաւաքելը նորութիւն չէր ինծի համար։ Իսկ այն, որ դաշնակցականները կ՚անցնէին, նոյնպէս պարզ էր, բայց անոնք մէկ տոկոս աւելի հաւաքեցին, քան ես կը սպասէի։ Կը սպասուէր նաեւ, որ հինգերորդ ուժ մըն ալ ըլլար, բայց չեղաւ, սակայն այդ մէկը շատ բան չի փոխեր», ըսաւ Ալեքսանտր Իսքանտարեան:
Ըստ Ալեքսանտր Իսքանտարեանին, խորհրդարան մտած ուժերու ծրագիրները աւելի շատ կենացներ են, քան՝ ծրագիրներ, իսկ մարդիկը գրաւելու անոնց զէնքը գաղափարական չէր, այլ էր։ Քիչ թէ շատ հասկնալի է, թէ ինչպէս կը դասաւորուին ուժերը խորհրդարանին մէջ։ Ամենայն հաւանականութեամբ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէ առանց միացութեան ոեւէ մէկուն հետ, բայց եւ չի բացառուիր, որ անոնք դաշնակցականներուն հետ առժամեայ միութիւն մը կազմեն:
Քաղաքագէտ, քաղաքագիտութեան տոքթոր՝ Հայկ Ա. Մարտիրոսեանի հարցազրոյցը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին: Հայկ Ա. Մարտիրոսեան աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, ուրկէ ալ ստացած է գիտական կոչումը: Մարտիրոսեան հայկական մամուլի մէջ մշտական ներկայութիւն ունի եւ իբրեւ վերլուծաբան մեծ ճանաչում կը վայելէ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս:
Ան 2000-ականներուն «ԱրմՆիւզ» հեռուստաընկերութեան «Մեկնաբանութիւն» հաղորդման հիմնադիրն ու վարողն էր: Դասաւանդած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական մանկավարժական համալսարանէն ներս եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը: Հայկ Մարտիրոսեան եղած է նաեւ Հայաստանի Գերագոյն դատական ատեանի՝ Վճռաբեկ դատարանի նախագահի խորհրդականը: 2016 թուականին նշանակուած է Հայաստանի Վարչապետի աւագ օգնական, այնուհետեւ հրաժարած է այդ պաշտօնէն:
Տքթ. Հայկ Մարտիրոսեան սուրիական պատերազմի, Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններու, եւ անշուշտ, հայաստանեան եւ հայկական քաղաքականութեան յառաջատար մասնագէտ է:
-Պարոն Մարտիրոսեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքները:
-Շատ վատ: Անցեալ Ապրիլին մենք կորսնցուցինք Հայաստանի մէկ մասնիկը: Այս Ապրիլին՝ ողջ Հայաստանը: Ան, որ հայաստանեան հասարակութեան մէկ մասը անտարբեր-բթացած է (զոմպիացուած), իսկ միւս մասն ալ՝ խորապէս հիասթափուած անշուշտ, իշխանութեան «ձեռքբերումն» է: Եւ այդ «ձեռքբերմամբ» ալ յառաջիկայ տարիներուն վերջնականապէս կ՚ոչնչացնեն Հայաստանը:
-Սպասելի՞ էին խորհրդարան մուտքը այն չորս քաղաքական ուժերուն, որոնք յաղթահարեցին նուազագոյն շեմը:
-Կը սպասուէր աւելի շատ ուժերու մուտք: Միակ անսպասելին եւ լաւն այն էր, որ որոշ գնահատումներով դաւաճանական նկատուող ՀԱԿ-ը չմտաւ խորհրդարան: Այդ մէկը ուղերձ էր իշխանութեան, որ հողատուները ձախողած են եւ որ ժողովուրդը չ՚ուզեր դաւաճանութիւնը իբրեւ պետական քաղաքականութեան ուղենիշ տեսնել: Շատ կը փափաքիմ հաւատալ, որ իշխանութիւնը ՀԱԿ-ի այդ ջախջախման հաղորդագրութիւնը ճիշդ ընկալած ըլլայ:
-Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք այդ չորս ուժերը: Ըստ որոշ որակումներու, անոնց մէջ չկա՞յ իսկական ընդդիմութիւն:
-Հայաստանի մէջ ամէն բան անկանոն է եւ անբնական: Այս պահուս չկայ, բայց վաղը կրնայ ըլլալ: Այլեւս չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանի մէջ «իրական» ընդդիմութիւն: Իսկ մրցապայքարին մէջ կա՞ր արդեօք: Ընդհանրապէս վերջին տարիներուն ամէն բան եղած է, որպէսզի ընդդիմութիւնը վերանայ եւ այդ մէկը մեծապէս յաջողած է իշխանութիւնը: Այս Ապրիլի 2-ին Հայաստան վերադարձաւ դէպի իր համայնավարական՝ կուսակցական բնոյթի անցեալը՝ նուազ խորհրդային ժամանակներու հզօր տնտեսութիւնը, Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ Խորհրդային երկրորդ շրջանի Հայաստանի հայրենասէր քանի մը առաջնորդները: Ինչպէս գիտենք, խորհրդային կուսակցապետական համակարգը սարսափելիօրէն վատ եւ հակաժողովրդական ճահիճ մըն էր եւ հիմա Հայաստանը «խորհրդարանական» համակարգի անուան տակ վերադարձաւ այդպիսի բնոյթի կառավարման: Այդ մէկը յետընթաց է, անհաւատալի վատ եւ վտանգաւոր յետընթաց:
-Եթէ Հանրապետական կուսակցութեան եւ «Ծառուկեան» դաշինքի հանդէպ սպասելի էր ընտրողներու վստահութիւնը, ապա ըստ Ձեզ՝ ինչո՞վ պայմանաւորուած էր վստահութիւնը «ԵԼՔ» դաշինքի հանդէպ:
-«ԵԼՔ»էն ներս հիմնականօրէն նոր դէմքեր կան: Մանաւանդ դաշինքի անդամներէն Էտմոն Մարուքեան ընկալելի է երիտասարդութեան համար, ժամանակակից է եւ ներկայացած է որպէս ընդդիմադիր: Իր հերթին՝ Արամ Զ. Սարգսեան, իր թերութիւններով հանդերձ, նոյնպէս ընկալելի է քաղաքացիներուն համար եւ ազնիւ մարդու որոշակի ընկալում կը վայելէ հասարակութեան մէջ: Միւս կողմէն՝ Նիկոլ Փաշինեան երկար ժամանակէ ի վեր կը ներկայանայ որպէս անհաշտ ընդդիմադիր, եւ ան ալ մեծ ընտրազանգուած ունի: Բացի այս բոլորէն, «ԵԼՔ»ը վարած է գրագէտ ընտրապայքար եւ եղած կուսակցութիւններու ու դաշինքներու պատկերին վրայ համեմատաբար աւելի ընկալելի եւ ակնահաճոյ է լայն զանգուածներուն համար: Անոնց յաջողութեան համար կային այլ հանգամանքներ եւս: Թէ ինչպէս ինքզինք կը դրսեւորէ այդ դաշինքը խորհրդարանէն ներս եւ դուրս՝ կը դժուարանամ ըսել: Որոշ կանխագուշակումներ, անշուշտ կարելի է ընել, բայց պէտք է ոչինչ բացառել: Կը կարծեմ, որ բաւական արագ ձեւով ամէն բան աւելի յստակ եւ տեսանելի կը դառնայ:
-Ծանօթանալով անոնց ծրագիրներու արտաքին քաղաքական դրոյթներուն, ի՞նչ նոր մօտեցումներ կը տեսնէք անոնց յառաջացուցած հարցերուն մէջ: Արդեօք ամէն բան նո՞յնն է՝ բառերու եւ նախադասութիւններու փոփոխմամբ:
-Հայաստանի մէջ ծրագիրներն ու դրոյթները բոլո՛րը, առանց բացառութեան բոլորը՝ կեղծ են եւ թուղթէ դուրս որեւէ մէկ արժէք չունին: Անոնք դրոյթներ չեն, որոնց կը հետեւին, այլ խօսքեր են, որոնք գրուած են որոշակի գրաւչութիւն ապահովելու համար: Եթէ քաղաքական իրավիճակը փոխուի, ուժերու գերակշիռ մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը՝ իրենց որդեգրած ծրագրային դրոյթներուն ճիշդ հակառակ գործողութիւններ կը կատարեն եւ այլ գիծ կ՚որդեգրեն: Այդ պատճառով ինծի համար հայաստանեան որեւէ ուժի որեւէ ծրագիր որեւէ արժէք ընդհանրապէս չունի: Ամէն ինչ պէտք է դատել՝ մեկնելով վարքագիծէն: Այդ է ինծի համար լաւագոյն ցուցիչը:
-Հայաստանի արտաքին քաղաքական հարցերը, մանաւանդ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները, ինչպէ՞ս կը դասաւորուին նոր քաղաքական ուժերու գործունէութեան պայմաններուն ներքոյ: Փոփոխութիւններ սպասելի՞ են:
-Ի՞նչ փոխուած է իշխանութեան ներսը, որ այս ընտրութիւններէն յետոյ ալ այդ հարցին մէջ փոփոխութիւններ ըլլան: Ընդհակառակը, ամէն բան կը մնայ նոյնը եւ միակ փոփոխութիւնը այն կ՚ըլլայ, որ այժմ իշխանութիւնը աւելի անկաշկանդ կը շարունակէ իր որդեգրած գիծը: Նոր խորհրդարանին մէջ իշխանական խումբը գրեթէ ստացած է բացարձակ վերահսկողութիւն եւ ամէն բան կ՚երթայ դէպի ամբողջատիրական կառավարչաձեւ: Այդ պարագային նախկին ուղեգիծի միայն աւելի անկաշկանդ եւ աւելի վստահ իրագործում կարելի է ակնկալել:
-Ինչո՞ւ ժողովուրդը, մեծ հաշուով, հաւանութեան չարժանացուց «Խաղաղութեան ծրագիր»ը եւ ատոր հեղինակ «Քոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը դուրս մնաց «խաղէն»:
-Որովհետեւ ժողովուրդը կարող է բթացուիլ, ժողովուրդը կարող է ստրկանալ, հաշտուիլ նոյնիսկ մշտական բռնաբարութեան հետ, բայց կտրուկ անձնասպանութեան ձգտիլ՝ դիւրութեամբ չ՚ըլլար: Այդ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան ծրագիր»ը երաշխաւորուած պարտութեան, ազգային եւ պետական անձնասպանութեան եւ դաւաճանութեամբ Հայաստանը ոչնչացնելու ծրագիր էր, որ «խաղաղութեան» ձգտումով՝ պարտութեան ելքով պատերազմ պիտի երաշխաւորէր: Անբարոյական կառավարչաձեւ եւ անվերջօրէն կեղծուող ընտրութիւններու համակարգ ներդրած հակազգային ուժերուն, որ մէկ անգամ արդէն դաւաճանած էր զինք տասը տարի առաջ՝ Մարտի 1-ին, ժողովուրդը չէր կրնար անգամ մը եւս հնարաւորութիւն տալ: Այդ մէկը կը նշանակէր, որ ամէն բան կորսուած է եւ ազգը ընտրած է ինքնաոչնչացման ճամբան: Մարդիկ հասկցան այդ մէկը: «Քոնկրէս-ՀԺԿ» դաշինքը այնքան ցած տոկոս ապահովեց, որ նոյնիսկ որեւէ այլ միջամտութիւն անոնց համար չէր կրնար փրկել իրավիճակը: Այդտեղ, սակայն, կայ անհաւատալի հանգամանք մը եւս. այնուամենայնիւ՝ քանի մը հազար Հայաստանի քաղաքացի՝ պատրաստ է հիմք դնելու իրենց հայրենիքի ոչնչացման համար: Եւ ատիկա չափազանց մտահոգիչ հանգամանք է: Քանի մը հարիւր դաւաճանը անգամ շատ է այս փոքրիկ երկրին համար: Կը մնայ յուսալ, որ անոնց մեծամասնութիւնը ոչ թէ դաւաճաններ են, այլ՝ մոլորեալ քաղաքացիներ, որոնք խաբուած են ոմանց գեղեցիկ, բայց կեղծ ճառերէն:
-Իսկ նոր խորհրդարան մտած ուժերը ի՞նչ քաղաքականութիւն կ՚որդեգրեն արցախեան հարցին ի նպաստ:
-Մենք լաւ ծանօթ ենք ՀՀԿ-ի լռելեայն քաղաքականութեան. Հայաստանի Արցախ նահանգի ազատագրուած տարածքները «անվտանգութեան գօտի» են, Աղտամը՝ իր Տիգրանակերտով «մեր հայրենիքը» չէ, հողերը Արցախի անհեթեթ եւ հակազգային անկախութեան ճանաչման պարագային պէտք է «վերադարձնել» Ատրպէյճանին եւ այլն: «ԵԼՔ»ը, եթէ նոյնիսկ լիովին այլ դիրքորոշում ընդունի այդ հարցին մէջ, անկարող կ՚ըլլայ որեւէ բան ընելու: Որքան տեղեակ եմ՝ անոնք բաւական հակասական եւ խնդրայարոյց մօտեցում ունին այդ հարցին մէջ: Իսկ ՀՅԴ-ն, ըլլալով այս եւ հաւանաբար նաեւ յաջորդ կառավարութեան մաս՝ այդ հանգամանքով անհերքելիօրէն կը կիսէ ՀՀԿ-ի մօտեցումները, որքան ալ առանձին գործիչներ դէմ խօսին հայկական հողերու յանձնման գաղափարին: Հետեւաբար՝ այս հարցին մէջ ալ, գոնէ յառաջիկային, թերեւս դիրքորոշման փոփոխութիւններ չըլլան: Իմ յոյսս այն է, որ իշխանութիւնը ՀԱԿ-ի օրինակով կը հասկնայ, որ ատիկա վտանգաւոր եւ ժողովուրդին համար անընդունելի մօտեցում է:
-Վերջերս Ընտրական յանձնախումբի նախագահը յայտարարեց, որ եթէ խորհրդարան անցած ուժերը միութիւն չկազմեն, կը նշանակէ ընտրութեան երկրորդ փուլ մը պէտք է գոյանայ: Ձեր կարծիքով, կ՚ըլլա՞յ ընտրութեան երկրորդ փուլ:
-Չեմ գիտեր: Ասիկա նոր ընտրութիւններ են եւ չեմ կարծեր, որ դաշնակցութիւն չկազմուի: ՀՅԴ-ն արդէն միութիւն կազմելու հարուստ փորձ ունի: Ծառուկեան դաշինքը՝ նոյնպէս: Այդ ինչո՞ւ պէտք է առժամեայ միութիւն չկազմեն:
ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ Է
«Ապրիլի 2-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններու միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին եւ ընդհանուր առմամբ առկայ էր յարգանք հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ: Այդուհանդերձ, ընտրութիւններու վրայ ստուեր ձգած է արժանահաւատ տեղեկատուութիւն առ այն, որ եղած են քուէներ գնելու դէպքեր, քաղաքացիական ծառայողներու եւ մասնաւոր հատուածի աշխատակիցներու հանդէպ ճնշումներ, որն ալ իր կարգին յանգեցուցած է ընտրութիւններու հանդէպ հանրային վստահութեան պակասի խորացման: Այնուամենայնիւ, ընտրութիւններու արդիւնքները կ՚արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդին կամքը:
«Ընտութիւններու միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը ողջունեց բարեփոխումներու իրաւական շրջանակը, ինչպէս նաեւ նոր միջոցներու ներմուծումը, որոնց իր աջակցութիւնը տրամադրած է Եւրոպական Միութիւնը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ համատեղ յաջողութեամբ իրականացուած ծրագրին միջոցաւ: Չնայած որոշ ոչ նշանակալի սարքաւորումներուն առընչուող խնդիրներու առկայութեան՝ դիտորդները արձանագրած են քուէատուփերու լցոնման, բազմակի քուէարկութեան, քուէներու հաշուարկի եւ աղիւսակաւորման վերաբերեալ իրաւախախտումներու աւելի քիչ դէպքեր:
«Ընտրական գործընթացներու ամփոփումէն ետք կ՚ակնկալենք աշխատիլ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն համապատասխան ընտրուած նոր Խորհրդարանի եւ Կառավարութեան հետ՝ ամրապնդելու քաղաքական երկխօսութիւնն ու շարունակելու Եւրոպական Միութեան օժանդակութիւնը ընկերային-տնտեսական ոլորտի բարեփոխումներուն մէջ, այդ կարգին՝ հիմք ընդունելով վերջերս նախաստորագրուած Եւրոմիութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական հարեւանութեան վերանայուած քաղաքականութեան ու Արեւելեան գործընկերութեան աւելի լայն շրջանակը», ըսուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան կայքէջին վրայ տեղադրուած Եւրոմիութեան մամուլի խօսնակի յայտարարութեան մէջ։
ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԵՍԱՅԵԱՆ. «ԿՈՒ ԳԱՆ ՈՒ Կ՚ԱՆՑՆԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»
«Աւարտեցա՛ւ, վերջ: Հանեցէք ցուցապաստառները, գովազդային վահանակները, պատերը մաքրեցէք...
«Շնորհակալ եմ բոլոր շնորհաւորանքներուն, լաւ խօսքերուն համար, շնորհակալ եմ մեզ ընտրողներուն, շնորհակալ եմ չընտրողներուն, շնորհակալ եմ գոհերուն եւ դժգոհներուն, կարեւոր քայլ առած ենք, մեր երկրին մէջ համակարգը փոխուած է, անցած ենք խորհրդարանական կառավարման: Ամէն ինչ տակաւին առջեւն է, եւ լաւ լուրերը, ամենաիրատեսական խոստումներու իրականացումը տակաւին առջեւն է, ժողովուրդը մեզի տուած է իր լիազօրութիւնը եւ մենք պարտաւոր ենք իրականացնելու բոլոր խոստումները, ուրեմն՝ արագ եւ որակեալ ճանապարհով կ՚երթանք դէպի անվտանգութիւն եւ յառաջընթաց...
«Կը շնորհաւորեմ բոլոր ուժերը, որոնք անցան խորհրդարան, ուրախ եմ, որ «ԵԼՔ»ը կայ, աւելի ուրախ եմ, որ կայ ՀՅԴ-ն, կ՚ուզէի աւելի շատ ձայն ստանար, կը յարգեմ այս ուժը: Իսկ «Ծառուկեան» դաշինքին կը մաղթեմ ըլլալ կառուցողական, կ՚ափսոսամ, որ նոր խորհրդարանին մէջ պիտի չըլլան Լեւոն Զուրաբեանը, Գագիկ Ճիհանկիրեանը, Հրանդ Բագրատեանը, Անահիտ Բախշեանը, Ստեփան Սաֆարեանը, Հեղինէ Պիշարեանը, Արթուր Պաղտասարեանը, Յովհաննէս Մարգարեանը... Ինչպէս եւ պիտի ըլլար՝ ընտրութիւնները կու գան ու կ՚անցնին, իսկ մարդն ու մարդկային յարաբերութիւնները յաւերժ են եւ ճիշդը ամենէն լարուած իրավիճակներուն մէջ սեփական դիմագիծը չկորսնցնելն է, դիմացինը յարգելը, կամուրջները չայրելը եւ ի վերջոյ՝ հաւատն ու լաւատեսութիւնը...
«Եւ այս ամէնուն գլխուն՝ սէր, սէր, սէր...
«Ժպտացէք, պարոնա՛յք, կեանքը կը շարունակուի»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ