ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբը այս շաբաթավերջին մասնակցութիւն կը բերէ փառատօնի մը, որ խորագրուած է՝ «Երգչախումբերու մարաթոն»։ Շաբաթավերջի երկու օրերուն նախատեսուած է այս ծրագիրը, որուն կը մասնակցի տասնհինգ երգչախումբ։

8 Ապրիլ Կիրակի, ժամը 18.40-ին, Լուսաւորիչ երգչախումբը հանդէս պիտի գայլ Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Մաչքայի մասնաճիւղէն ներս։ Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ երգչախումբը հայերէն երգ մը պիտի մեկնաբանէ՝ շուրջ յիսուն հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը։ Դաշնակով պիտի ընկերանայ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան։

Փառատօնին հետեւելու համար պէտք է ապահովուին տոմսեր։

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018