Ի ԳՈՐԾ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայաստանի պետական եւ ոչ-պետական հիմնարկներուն մէջ սփիւռքահայ մասնագէտները միշտ աշխատած են, սակայն պետական համակարգին մէջ անոնց թիւը սահմանափակ եղած է: Տարի մը առաջ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ փորձ կատարուեցաւ աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայեր հրաւիրելու եւ զանոնք Հայաստանի պետական համակարգին մէջ ներգրաւելու նպատակով: Կառավարութիւնն ալ իր կարգին ներկայացուց այն մասնագէտներուն ցանկը, որոնց կարիքը ունի մեր երկիրը:

2020 թուականի գարնան, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը յայտարարեց մասնագիտական հայրենադարձութեան այս ծրագրին մասին՝ «Ի Գործ» խորագրով: Ծրագիրը սփիւռքի մասնագէտներուն կառավարութեան մէջ եւ պետական մարմիններէն ներս աշխատելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնէ, Հայաստանի պետականաշինութեան մէջ ներդնելով դուրսէն բերուած փորձն ու գիտելիքը եւ հայրենիքի մէջ նոր փորձ ձեռք բերելով:

Ծրագրին մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ ետք Հայաստանի կառավարութիւնը արտասահմանի զանազան հայ համայնքներէն ստացաւ 800-էն աւելի դիմում: «Քովիտ-19»ի պայմաններուն մէջ մասնակիցներուն մեծ մասը ձեւով մը յաղթահարեց փակ սահմաններուն արգելքն ու 2020 թուականի սեպտեմբերին, պատերազմէն առաջ, ժամանեց Հայաստան: Մաս մըն ալ Հայաստան ժամանեց պատերազմի ընթացքին, սեփական միջոցներով: Յետպատերազմեան շրջանին 9 սփիւռքահայ մասնագէտ եւս միացաւ «Ի Գործ» ծրագրին, եւ այսօր, 19 արտասահմանեան երկիրներէ 52 սփիւռքահայ մասնագէտներ կ՚աշխատին Հայաստանի 19 զանազան պետական գերատեսչութիւններուն մէջ: Ասիկա աննախադէպ է սփիւռքահայերը հայրենի պետական համակարգին մէջ ներգրաւելու առումով: Նկատենք, որ մասնագէտները Հայաստան եկած են համաճարակի եւ պատերազմի պայմաններուն մէջ եւ այս երկու աղէտները ոչ մէկ ազդեցութիւն ձգած են անոնց որոշման վրայ:

ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայացուցած է ցանկ մը մասնագիտութիւններու եւ ասպարէզներու, որոնց ծիրէն ներս կարող են դիմել սփիւռքահայերը: Այդ ասպարէզներն են՝ քաղաքագիտութիւն, պետական կառավարում, միջազգային կապեր, բախումներու կառավարում, ընկերաբանութիւն եւ ընկերային աշխատանք, ռազմական գիտութիւններ, մշակութաբանութիւն, հոգեբանութիւն, կրթութիւն, իրաւագիտութիւն, համակարգչային գիտութիւն եւ տեղեկատուական արուեստագիտութիւն, հաղորդակցման ասպարէզի եւ լրատուամիջոցներու ուսումնասիրութիւններ, աղէտներու եւ հնարաւոր վտանգներու կառավարում, բնապահպանութիւն, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն, քաղաքաշինութիւն եւ թափօններու կառավարում, ճարտարագիտութիւն, ճարտարպետութիւն, բժշկութիւն եւ առողջապահական գիտութիւններ, միջազգային ձեռնարկատիրութիւն, ելեւմուտ, վիճակագրութիւն, տնտեսագիտութիւն:

ՊԱՅՄԱՆՆՆԵՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ապահովէ սփիւռքահայ մասնագէտներուն օդանաւի տոսմը (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), անոնց կը տրամադրէ նաեւ առողջութեան ապահովագրութիւն, մասնագէտները կ՚օգտուին նոյն արձակուրդներէն, ինչ որ նախատեսուած է տեղացի աշխատողներուն համար: Սփիւռքահայ մասնագէտները իրենց աշխատանքին դիմաց կը ստանան ամսական 336 հազար հայկական դրամ (շուրջ 630 ամերիկեան տոլար): Ծրագիրը չի հոգար մասնագէտին ընտանիքին ծախսերը, բայց անոնցմէ մաս մը Հայաստան փոխադրուած է իրենց ընտանիքներով եւ անձամբ կը հոգան ընտանիքի կացութեան ծախսերը: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անճարկոլեան կ՚ըսէ, որ սփիւռքահայերը հայրենիքի մէջ մէկ տարուան աշխատանքը կ՚ընկալեն նախ որպէս ծառայութիւն, որուն ծիրէն ներս իրենց ներդրումը կը ջանան ունենալ պետական ոլորտներու բարելաւման, զարգացման, քաղաքականութիւններու եւ ծրագրերու մշակման, Հայաստանի պետական համակարգի առողջացման: Գրասենեակը կարեւորութիւն կու տայ մանաւանդ այն հանգամանքին, որ անոնց մէկ մասը ի վերջոյ որոշում ընդունած է մշտական բնակութիւն հաստատելու Հայաստանի մէջ, ուր ստացած է կայուն աշխատանքի այլ առաջարկներ, նոյնինք պետական համակարգին մէջ:

Ծրագրի մասնակիցներէն Հայկ Մարգարեան, որ կ՚աշխատէր Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ, վերջերս նշանակուեցաւ կարեւոր պաշտօնի մը ղեկավար՝ Նորամուծութեան եւ ձեռներէցութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն:

«Ի ԳՈՐԾ-2021»

Այժմ արդէն մեկնարկած է «Ի Գործ 2021»ը, որուն դիմած է 80 սփիւռքահայ մասնագէտ: Անոնք աշխարհի զանազան երկիրներէն են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ռուսաստան, Չինաստան, Իրան, կարգ մը եւրոպական երկիրներ եւ Միջին Արեւելք: Այս տարուան դիմումները տակաւին կ՚ընդունուին, ապրիլ 15-ը դիմելու վերջնաժամկէտն է, որմէ ետք գրասենեակը ընտրութիւն կը կատարէ: 2021 թուականին գրասենեակը կը նախատեսնէ ունենալ 50 սփիւռքահայ մասնագէտ եւս, այս տարուան համար պետական պիւտճէէն կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 233 միլիոն հայկական դրամ: Այս անգամ մասնագէտներուն առաջարկներ պիտի ըլլան աշխատիլ նաեւ մարզերուն մէջ:

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հիմնական դժուարութիւնը, որ սփիւռքահայ մասնագէտը կը հանդիպի Հայաստանի մէջ, աշխատանքային մշակոյթի տարբերութիւնն է, ինչպէս նաեւ որոշ պարագաներու հայերէնի լաւ չտիրապետելը, բայց այդ բոլորը կը հարթուին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի մշակած քաղաքականութեան միջոցով:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՈՉ ՄԷԿ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ

Այս նիւթին տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար դիմեցինք Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ, հասկնալու համար, որ արդեօք ծրագիրը սահմանափակումներ ունի՞ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն համար, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը: Գրասենեակի ղեկավար Սառա Անճարկոլեան պատասխանեց. «Այս ծրագիրը նախատեսուած է բոլոր հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն համար, այդ կարգին նաեւ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն համար: Որեւէ սահմանափակում չկայ, եթէ դիմորդները համապատասխանեն ծրագրի չափորոշիչներուն: Աւելին՝ արդէն իսկ Պոլսոյ հայ համայնքէն այս ծրագրին մասնակցելու դիմում ունինք»:

ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Միւս համայնքներէն ծրագրի մասնակիցները ներկայացնելով նշենք այն անունները, որոնք սփիւռքէն եկած են եւ կ՚աշխատին Հայաստանի պետական համակարգին մէջ՝ վարչապետի աշխատակազմէն, նախարարութիւններէն մինչեւ քաղաքապետարան եւ զանազան պետական յանձնախումբեր: Բոլոր մասնագէտները ունին բարձրագոյն համապատասխան կրթութիւն, որակաւորումներ եւ զանազան երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ աշխատանքի փորձ:

ՍԱՀԱԿ ՄԱՀՐԵՃԵԱՆ, Գանատա, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմ, Գանատայէն Պահրէյնի Թագաւորութիւն տեղափոխուելէ ետք իր գործունէութեան սկսած է իբրեւ կառավարման ասպարէզի խորհրդական: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն ներս խումբի մը հետ կը մշակեն Հայաստանի երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը՝ նպատակ ունենալով ատոր մէջ ներգրաւել ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ արձանագրել լայնածաւալ եւ բազմաբնոյթ աճ եւ իրականացնել մեր արմատական արժէքներուն վրայ հիմնուած տեսլականը։

ՇԱՆԹ ԱԼՃԵԱՆ, Լիբանան, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ռազմավարական խորհրդատու: Ներգրաւուած է Հայաստանի վերափոխման ռազմավարութեան հիմնական կազմէն ներս:

ԱՆԱՀԻՏ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Կիպրոս, կ՚աշխատի Փտածութեան կանխարգիլման պետական յանձնախումբին մէջ, նաեւ 2020 թուականին համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած տնակալման եւ Արցախի պատերազմի ընթացքին ներգրաւուած է կարգ մը կամաւորական ծրագիրներու մէջ:

ԱՆՆԱ ԿԱՐԱԲԵԿԵԱՆ, Գերմանիա, կ՚աշխատի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ, ներգրաւուած է Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին մէջ: Այս հիմնադրամը ստեղծուած է ոլորտին արդիւնաւէտ եւ համակարգային զարգացումը ապահովելու, պետական քաղաքականութեան եւ զարգացման ծրագրերուն նոր ռազմավարութիւն ներդնելու նպատակով:

ԹԱՄԱՐ ՔԷՕՇՔԵՐԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան երեխաներու հիմնահարցերու վարչութեան մէջ եւ կը համակարգէ նախարարութեան եւ ընկերային կեդրոններու կապը՝ նպատակ ունենալով բարելաւել կեդրոններուն եւ անոնց մասնագէտներուն կարողութիւնները, նաեւ պարբերաբար ուսումնական գործնական դասընթացքներ կ՚իրականացնէ ընկերային կեդրոններու բուժգէտերուն համար:

ԱԼՊԵՐԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ, Ուքրայնա, կ՚աշխատի Տնտեսութեան նախարարութեան հանրային ներդրումային քաղաքականութեան վարչութեան մէջ։ Կը մասնակցի օրէնսդրութեան մշակման, հանրային ներդրումներու ասպարէզէն ներս ծրագրերու գնահատման մեթոտաբանութեան եւ պետական-մասնաւոր համագործակցութեան ձեւաւորման, կը զբաղի ծրագրերու վերլուծութեամբ եւ գնահատմամբ։

ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՒՖԱՆԵԱՆ, Ֆրանսա, կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին մէջ, ուր հետազօտութիւններ կը կատարէ կեդրոնանալով եւրոպական եւ միջազգային իրաւունքի վրայ։

ԱՐՄԷՆ ՊԵԿԻՃԱՆԻ, Իրան, կ՚աշխատի Երեւանի քաղաքապետարանը: Երկար տարիներ Իրանի մէջ աշխատած է երթեւեկի եւ փոխադրամիջոցներու ճարտարագիտութեան ասպարէզին մէջ, կը փորձէ մասնագիտական լուծումներ առաջարկել նաեւ Երեւանի մէջ:

ԱՐԱԶ ՉԻԼՈՅԵԱՆ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգենր, կ՚աշխատի Առողջապահութեան նախարարութեան մէջ, աշխատանքը կեդրոնացած է «Քովիտ-19»ի գնումներու եւ բաշխման եւ առողջութեան որակի բարելաւման վրայ:

ԵԼԵՆԱ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ, Շուէտ, կ՚աշխատի Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան մէջ որպէս միջազգային փորձագէտ, միաժամանակ որպէս խորհրդատու Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան շուկայի ազատականացման եւ ելեկտրականութեան առեւտուրի ծրագրին մէջ, որուն նպատակն է Հայաստանի մէջ զարգացնել ելեկտրականութեան շուկայի նոր նախատիպ:

ԴԱՒԻԹ ԻՎԱՆԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան մէջ եւ կը մասնակցի Ճարտարագիտական քաղաքի եւ ազգային ձեռնարկութիւններու հիմնադրամի աշխատանքներուն:

ՄԵՂՐԻԿ ԱՅԻԹԵԱՆ, Սուրիա, կ՚աշխատի Բարձր փորձագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան մէջ եւ իր աշխատանքը կը կեդրոնացնէ «Հայաստանի համար տուեալներու եւ հարկային կեղծիքներու յայտնաբերման համակարգ» նախագիծին վրայ։

ՕՆՆԻԿ ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ, Իրան, կ՚աշխատի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մէջ, ուսուցման եւ կրթական միջավայրի ձեւաւորման եւ նոր ուսումնական ռազմավարութեան ստեղծման փորձագէտ է: Հեղինակած է աւելի քան 120 հրապարակում եւ 12 գիրք, մանկավարժութեան, ուսանողներու դասաւանդման եւ ուսումնական ռազմավարութիւններու վերաբերեալ։

ԳՕԳՕ ՏԻՇՉՔԵԱՆ, Փորթուգալ, կ՚աշխատի Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ, աշխատած է կարգ մը երկիրներու մէջ, իբրեւ ձեւաւորման եւ գծապատկերի մասնագէտ:

ԼԻԼԻԹ ՄԱՆԱՍԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Հայաստանի Ազգային ժողովի, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնախումբին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

(Շարունակելի)

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021