ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)

Ծնած է 1869-ին Իզմիտի (Նիկոմեդիա) Ասլանպէկ գիւղին մէջ: Աւազանի անունով Արտաշէս: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, փոքր հասակէն յարած է ֆետայական շարժումնին, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան միջոցով:

1889-ին ընդունուած է Արմաշի դպրեվանք, որ այդ տարիներուն հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան առումով եռուն դարբնոցի մը վերածուած է եւ հասցուցած բազմաթիւ բազմահմուտ հոգեւորականներ եւ նուիրեալ ազգային ու հասարակական գործիչներ: Մուշեղ Սերոբեանը Արմաշի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը կը համարուի:

Արմաշի մէջ աշակերտած է Մաղաքիա Օրմանեան Սրբազանին, որ իր «Խոհք եւ խօսք» գիրքի «Արմաշական դպրեվանքցիներ» գլուխին տակ, Մուշեղ Սերոբեանին այսպէս կը նկարագրէ. «Աւազանի անունով Արտաշէս, Ասլանպէկցի. բացման օրերուն ներկաներէն մին եւ առաջին շրջանի եօթներէն մին։ Աւարտաճառի նիւթը առաւ Նարեկացիի Աղօթամատեանը։ Առաջնորդական պաշտօն վարեց՝ Արաբկիր, ուսկից յարմար դատեցի հեռացնել զրպարտութեանց չընդարձակուելուն համար, որով կրցաւ Ատանայի առաջնորդ ընտրուիլ եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ալ առաւ Կիլիկիոյ Աթոռէն իւր ընկերներէն առաջ։ Ազատութենէ ետքը համարձակ գործունէութեան ձեռնարկելուն պատճառաւ, Ատանայի դէպքերէն ետքը իրեն դէմ ալ դատապարտութիւն վճռուեցաւ ի բացակայութեան, զի փութացած էր կանխաւ Եգիպտոս մեկնիլ, ուսկից Ամերիկա անցաւ։ Շատ աշխատեցաւ Մայր Աթոռոյ եպիսկոպոսաց շարքին մտնել, որ կարենայ Ամերիկայի առաջնորդ ըլլալ եւ մինչեւ իսկ այս նպատակով Էջմիածին ալ գնաց, սակայն Գէորգ Ե. Կաթողիկոս ամուր մնաց անոր առաջարկը մերժելու մէջ, որով այժմ Պոսթընի մէջ կը մնայ, իբրեւ պարզ եկեղեցական պաշտօնեայ կամ ինչպէս կ՚ըսեն, իբրեւ հոգեւոր հովիւ։ Մուշեղի նկարագիրն է եռանդուն եւ համարձակ եւ բուռն գործունէութիւն թէ՛ գրական եւ թէ՛ վարչական ասպարէզներու մէջ, չափազանցութենէ չխորշելու չափ առաջ մղուող, որով չէ քաշուած կուսակցականներու իսկ համակիր եւ խորհրդակից երեւալ»:

1892-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ:

1895-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ, ստանալով Մուշեղ անունը:

Կուսակրօն քահանայ դառնալէ ետք, Օրմանեան Պատրիարքը զինք Զմիւռնիա կը ղրկէ, տեղւոյն առաջնորդին որպէս օգնական: Սերոբեան Զմիւռնիոյ մէջ կը ծառայէ երկու տարի:

Իր յախուռն, ըմբոստ, նուիրեալ եւ կազմակերպողի ընդունակութիւններով օժտուած ըլլալու հանգամանքներուն շնորհիւ, Պոլսոյ Պատրիարքական խառն ժողովը յարմար կը նկատէ զինք Արաբկիր ղրկել, ու աւերուած համայնք մը գոյութիւն ունեցած էր, շուրջ 10 հազար հայ բնակիչներով:

1897-ին Օրմեանեան Պատրիարքէն ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը, եւ նոյն տարւոյն սեպտեմբերին մեկնած է Արաբկիր՝ որպէս առաջնորդական տեղապահ: Կարճ ժամանակ մը ծառայելէ ետք, դարձած էր սիրելի տեղի բնակչութեան, որով եւ դարձած էր անոնց առաջնորդը եւ ծառայած Արաբկիրի մէջ շուրջ վեց տարիներ:

Արաբկիրի մէջ ծառայած տարիներուն, Հնչակեան կուսակցութեան տեղի վերակազմեալ մասնաճիւղը Սերոբեանը եւս ներառած են իրենց շարքերէն ներս:

Նկատի ունենալով իր խրոխտ նկարագիրը, Օրմանեան Պատրիարքը զինք Արաբկիրէն Պոլիս կանչած է, վստահելով անոր Պոլսոյ մի քանի եկեղեցիներու քարոզիչի պաշտօնը:

Որոշ ժամանակ մը Պոլիս մնալէ ետք, Ատանա քաղաքի գաւառական ժողովը Սերոբեանը ընտրած է որպէս առաջնորդ Ատանայի հայոց: Ստանալով Սիսի Կաթողիկոսութեան համաձայնութիւնը, միաժամանակ Օսմանեան կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Գաբրիէլ Նորատունկեանի միջամտութեամբ, դարձած է Ատանայի թեմի առաջնորդ:

Ատանայի առաջնորդութեան տարիներուն հալածանքներու կ՚ենթարկուի իր յախուռն բնաւորութեան պատճառով: Արա Ահարոնեանը այսպէս կը գրէ այդ մասին. «Ատանայի կուսակալ Պահրի փաշան կը դառնայ պաշտպանը հայր սուրբին։ Ատանա քաղաքը շուրջ 30 հազար հաշուող իր հայ ազգաբնակչութեամբ կը վայելէ Սերոբեանի զարկ տուած մշակութային եռուզեռը, ինչպէս նաեւ անոր օրով հայկական վարժարաններու համար նոր ծրագիր կը մշակուի, որ պիտի ընդգրկէր գիշերօթիկ վարժարան մը»:

Մուշեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Սերոբեանը, հոկտեմբեր 1906-ին, Սիսի մէջ, ձեռամբ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ եւ դարձեալ կը վերադառնայ Ատանա:

1908-ի Օսմանեան Սահմանդարութեան հռչակումէն ետք, կը մեկնի Եգիպտոս, ուր այդ ժամանակ կը գործէր կայուն հայկական գաղութ մը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գործունէութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար փաշայի: Եգիպտոսի մէջ Սերոբեան Եպիսկոպոս հանդիպումներ կ՚ունենայ եւ հանգանակութիւններ կը կատարէ, Ատանայի մէջ դպրոցներ կառուցելու համար: Սակայն 31 մարտ 1909-ին, լուրը կը ստանայ՝ Ատանայի դէպքերուն կապակցութեամբ: Անմիջապէս ճամբայ կ՚ելլէ՝ հասնելու համար իր ժողովուրդին: Մերսին հասնելէ ետք, սակայն, կ՚արգիլուի իրեն Կիլիկիա մուտք գործել, որով ստիպուած կը վերադառնայ Եգիպտոս:

Հասկնալէ ետք, որ այլեւս ինք պիտի չկարենար Կիլիկիա վերադառնալ ու շարունակէր իր հոգեւոր ծառայութիւնը, որոշ ժամանակ մը Եգիպտոս մնալէ ետք, կը մեկնի Կիպրոս ու գործունէութիւն կը ծաւալէ այնտեղ: Լառնաքայի մէջ եգիպտահայ մի քանի բարերարներու աջակցութեամբ դպրոց մը կը հիմնէ, որ սկիզբը իր անունով՝ «Մուշեղեան ազգային վարժարան» կը կոչուի, իսկ աւելի ուշ կը ստանայ «Նարեկ» անունը:

Մէկ տարի Լառնաքա մնալէ ետք կ՚անցնի Անգլիա: Ահարոնեան այս մասին կը գրէ. «Տարի մը Լառնաքա մնալէ ու վարժարանի կրթական գործերը կարգի դնելէ ետք կ՚անցնի Անգլիա ու Մանչեսթըրի մէջ կը ծանօթանայ հայ գործարարներու, որոնք կը քաջալերեն զինք մեկնելու Ամերիկա եւ սկսելու իրենց աջակցութեամբ հրատարակչական գործունէութիւն։

Ֆրեզնոյի մէջ Սերոբեան կը հիմնէ տպարան մը ու նորակազմ գաղութին համար կը դառնայ ծխական հովիւ»:

1910-ին, Պոսթընի մէջ հրատարակած է «Ատանայի դէպքերը եւ պատասխանատուները» աշխատութիւնը, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուցած է տեղւոյն արարքները:

1910-ին Ֆրեզնոյի մէջ հիմը կը դնէ ՀԲԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղին եւ աշխատանք կը տանի այլ շրջաններու մէջ ալ Բարեգործականի համար մասնաճիւղեր հիմնել: Նշենք, որ Մուշեղ Սերոբեանը մեծապէս նպաստած է Բարեգործականի գործունէութեան:

Յուլիս 1911-ին, որպէս Ամերիկայի թեմի առաջնորդական տեղապահ, Մուշեղ Եպիսկոպոսը Գալիֆորնիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կը կատարէ: Մէկ տարի ետք նոյն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս դպրոց մը եւ Կիրակնօրեան վարժարան մը կը բացուի: Մուշեղ Սերոբեանի ջանքերով, 1927-ին Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը առանձին թեմի կը վերածուի եւ կը մտնէ Մայր Աթոռի ենթակայութեան տակ:

Բարեգործականին կողմէ Մուշեղ Սրբազանը կը ղրկուի Արեւելեան Ամերիկա, ուր նաեւ Բարեգործականին համար մասնաճիւղեր կը բանայ:

1913-ին, Եգիպտոսի մէջ կը կազմուի Ազգային պաշտպանութեան կոմիտէն եւ Մուշեղ Սերոբեանէն կը խնդրուի վերադառնալ Եգիպտոս: Սրբազանը անմիջապէս կը վերադառնայ: Վերադարձին կ՚անցնի Եւրոպայէն ու Ռուսաստանէն, որպէսզի նպաստէ կովկասահայութեան ծրագիրին:

Յետեղեռնեան տարիներուն գործունէութիւն կը ծաւալէ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս մասին Ահարոնեան կը գրէ. «Ազգային պատուիրակութիւնը զինք կը հրաւիրէ Ֆրանսա 1917-ին, ուր Պօղոս Նուպար փաշա որոշած էր զինք ուղարկել Իրաք՝ օժանդակելու որբահաւաքի ծրագիրներուն եւ դառնալու Պաղտատի առաջնորդ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանագրով կը դառնայ արքեպիսկոպոս ու կը ստանձնէ Պաղտատի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը 1918-ի մարտին։

Տարի մը ետք, երբ գացած էր Ատանա որբախնամի առաքելութեամբ, վերադարձին կ՚արգիլուի իր մուտքը Իրաք անգլիական իշխանութիւններուն կողմէ։ Սրբազանը կը վերադառնայ Կիլիկիա ու կը դառնայ Խապայեան Կաթողիկոսի աջակիցը՝ դարձեալ ստանձնելով Ատանայի թեմակալ առաջնորդութիւնը։

1920-ի յունուարին կը գումարուէր Ազգային համագումարի լիակատար նիստը, ուր Սերոբեան կը ներկայանայ ու կը ներկայացնէ իր պատրաստած տեղեկագիրը։ (…) Սերոբեան կը վերադառնայ Եգիպտոս ու որոշ ժամանակ մը կը զբաղի Մելգոնեանի կտակով, որ այդ օրերուն առաւելաբար պիտի նպաստէր որբահաւաքի գործին։ Իր՝ Իրաք մուտքը արգիլուելէն ետք այդ ծրագիրը վստահուած էր ռամկավար Ռուբէն Հերեանին, զոր իրագործեց՝ բազմահարիւր որբեր տեղափոխելով Ամերիկա։

Որպէս եկեղեցական՝ այլեւս Սերոբեան թեմակալ պաշտօն ստանձնելով չէր զբաղած, այլ ամէն ջանք կ՚ընէր ցիրուցան հայութեան համար կրթական օճախներ հիմնել ու մանաւանդ զարկ տալ Բարեգործականի մասնաճիւղերու կազմութեան»:

Այսպէս, Մուշեղ Սերոբեան յետպատերազմեան տարիներուն իր կարելին կ՚ընէ, որպէսզի օգտակար ըլլայ տեղահանուած հայութեան:

1922-ին կը հրաժարի հոգեւոր կոչումէն եւ ինքզինք կը նուիրէ մանկավարժական, գիտական եւ հրապարակախօսական գործունէութեան:

Մուշեղ Սերոբեան ինքիզնք կը նուիրէ նաեւ Բարեգործականի գործուէնութեան եւ նուիրումով կ՚աշխատի անոր առաքելութեան համար, ինչի շնորհիւ 1924-ին ՀԲԸՄ-ի «Պատուոյ անդամ» կը դառնայ, իսկ յաջորդ տարին, 1925-ին, Պօղոս Նուպար փաշայի կարգադրութեամբ, առ ի գնահատանք իր ազգային-եկեղեցական նուիրեալ աշխատանքին, նիւթական յատկացում կը ստանայ:

Այդ տարիներուն Մուշեղ Սերոբեանը ոգեւորութեամբ կ՚աշխատի Կիպրոսի մէջ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շինութեան համար, որով այդ հաստատութիւնը 1926-ին իր դռները կը բանայ:

Մուշեղ Սերոբեան կ՚ամուսնանայ եւ կ՚անցնի Պէյրութ, վերջնականապէս այնտեղ հաստատուելու համար: Երկու զաւակ կ՚ունենայ, որ շատ կանուխ հողին կը յանձնէ: Կնոջմէ կը բաժնուի եւ կ՚անցնի Լառնաքա, ուր կ՚անցընէ իր կեանքին վերջին օրերը, եւ մահկանացուն կը կնքէ այնտեղ, հոկտեմբեր 1951-ին, 82 տարեկան հասակին:

***

Մուշեղ Սերոբեանը իր հոգեւորական եղած տարիներուն եւ ետքը զբաղած է նաեւ գրելով: Ան բազմաթիւ աշխատասիրութիւններու եւ գիրքերու հեղինակ է: Իր առաջին տպագրուած գիրքը կ՚ըլլայ «Պատկերներ» աշխատասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ, 1901-ին:

Արա Ահարոնեանի վկայութեամբ, Սերոբեանի գրիչէն լոյս տեսած են 35 հատորներ։ Անոր վերջին եւ ամենէն որակաւոր գործը 1948-ին կը տպագրուի Գահիրէի մէջ։ Ունի նաեւ մենագրութեան շարք մը:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

***

Այժմ մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մուշեղ Սերոբեանի գրիչէն պատառիկներ, փորձելով ընդհանուր գաղափար մը տալ Սերոբեան հոգեւորականին ու մտաւորականին մասին:

Վերը ըսինք, որ Սերոբեան ջերմ յարաբերութիւն ունեցած է ՀԲԸՄ-ի հետ եւ ոգեւորութեամբ աշխատած է Բարեգործականին համար: Իմանալով Վահան Մալէզեանի հրաժարականը, որ նուիրումով աշխատած է Բարեգործականին համար, 23 յունուար 1912-ին, Նիւ Երոքէն նամակ մը կը գրէ Մալէզեանին, ուր անդրադարձ կատարելով անոր հրաժարականին, այսպէս կը գրէ. «Բայց սա քու Հ.Բ.Ը. Միութեան պաշտօնէդ հրաժարելու կամաւորութիւնդ զիս կը դառնացնէ: Թերեւս քու տեղդ «վարձկան» մը գտնեն: Բայց չի կրնար բռնել տեղը անոր որ հոգիովը փարած է գործին: Ա՜խ, բարեկամս, ինչո՞ւ մեծերը կը ջանան իրենց փառքին պատուանդան ընել անկեղծ եւ անձնուրաց հոգիները, առանց խորհելու մասամբ թեթեւցնելու կեանքի բեռը, որ քու ուսերուդ կը ծանրանայ: Կը զգամ, Վահան, հոգիիդ բովանդակ սարսուռը, զոր կը կրես քու մէջդ այդ շա՛տ արդիւնաւոր եւ շատ պտղաբեր գործունէութենէդ հրաժարելու գաղափարը յղացած միջոցիդ: Ստոյգ է թէ Միութեան ծրագիրն ու նպատակակէտը ինքնին հիանալի է, բայց ո՛րքան աղուոր ծրագիրներ վիժած են, միմիայն աշխատողներու պակասութենէն: Փաշայի մը ոսկեզօծ հմայքը բան մը պիտի չարժէր բնաւ, եթէ քեզի պէս անձնուէրներ, իրենց սիրտն ու հոգին չտրամդրէին գործին զարգացմանը, եւ եթէ դուն -մասնաւորապէս- «Միութեան գիծը» չկազմէիր՝ գործունէութեանդ թափով…» («Ճամբուս ծայրը», Բ. հատոր, Փարիզ, 1955, էջ 36-37):

1910-ին, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Սերոբեանի «Կրօնի դասեր. Քրիստոնէական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը» գիրքը, որ պատրաստած է երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերուն համար: Գիրքը իր մէջ կը պարունակէ յառաջաբան մը, որմէ ետք հերթականութեամբ՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը, Քրիստոսաբանութիւն, Փրկագործութիւն, Ս. Հոգին, Հայր, Ս. Երրորդութիւն, Արարչագործութիւն, Անմահութիւն հոգւոյ, Եկեղեցի, ԽՈՐՀՈՒՐԴ՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Պսակ կամ Ամուսնութիւն, Օծումն հիւանդաց, Կարգ կամ Ձեռնադրութիւն: Իւրաքանչիւր ենթավերնագիրի տակ հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ ու բացատրութիւններ կու տայ թուարկուածներուն մասին, երբեմն նաեւ համեմատականներ կատարելով այլ եկեղեցիներու եւ կրօններու հետ:

Յառաջաբանին մէջ Սերոբեան կը բացատրէ դրդապատճառը նման դասագիրք մը պատրաստելուն, գրելով.

- Մեր ազգային վարժարաններու կրթական-ուսումնական ծրագիրին մէջ քրիստոնէական ուսման մասնաւոր տեղ մը տրուած ըլլալով հանդերձ պէտք է խոստովանիլ, թէ անիկա ցարդ պէտք եղածին պէս չաւանդուեցաւ մեր վարժարաններու աշակերտներուն, որոնք Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ զաւակներ ըլլալով հանդերձ գոնէ որոշ չափով մը չկրցին ընտելանալ անոր բարոյականին եւ վարդապետութեանը: Կրօնքի ուսուցումը անուանական մնաց, ու գտնուեցան նոյնիսկ վարժարաններ, որոնք յանուն մանկավարժութեան… իրենց ծրագիրէն արտաքսեցին կրօնի ուսումը, եւ իրենց հակակրօն վերաբերումը արդարացնել փորձեցին կրօնի ուսումին համար դասատուի եւ դասագիրքի չգոյութիւնը պատրուակելով:

…Մեր ազգ. նախակրթարաններուն եւ երկրորդական վարժարաններուն բարձրագոյն կարգերուն կրօնի ուսուցման պէտքին գոհացում տալու նպատակաւ, ձեռնարկեցինք պատրաստել մեր Քրիստոնէական բարոյականը եւ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատրաստուած է մէկ տարուան դասընթացքի համար:

Չենք ըսեր, թէ այս երկու հատորները անթերի եւ ամենակատարեալ գործեր եղած ըլլան: Համարձակութիւնը ունինք, գոնէ, յայտարարելու, թէ բաղդատմամբ ցարդ հրատարակուածներուն, ասոնք աւելի նպատակայարմար են քրիստոնէական կրօնի, բարոյականի եւ վարդապետութեան ուսուցումին, եւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մասնայատուկ վարդապետութեան տեսակէտով, իրենց ընտրած մեթոտովը, պարունակած նիւթերուն դասաւորումովն ու ամփոփումովը, եւ պատմական-բաղդատական ուսումնասիրութեան սկզբունքին կրարկումովը («Կրօնի դասեր. Քրիստոնէական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը», Կ.Պոլիս, 1910, էջ 9-10):

Կրօններու ինչութեան մասին կը գրէ.

Կրօնները՝ որոնք եկեղեցիով մը կը ներկայացուին, երեք մասեր կը պարունակեն իրենց մէջ: Ա. Բարոյականը՝ որ նոյն կրօնքին կամ եկեղեցիին պատկանող մարդերու կամ ժողովուրդի անհատներուն իրարու հետ եւ երբեմն ալ Աստուծոյ հետ ունենալիք յարաբերութիւնները կը ցուցնէ: Բ. Վարդապետութիւն՝ որ իր ներկայացուցած եկեղեցիին կամ կրօնքին պատկանող անդամներուն ունենալիք հաւատքը կը սահմանէ եւ Գ. Պատմութիւնը՝ որ նոյն կրօնքին կամ եկեղեցիին հիմնադիրին եւ եկեղեցւոյ գոյութեան, կազմակերպութեան եւ վարչութեան յաջորդական ձեւերը կը նկարագրէ ու կը պատմէ: Առանց մանրամասնութեան մտնելու, կրնանք ըսել թէ ամէն կրօն եւ եկեղեցի այս երեք տարրերէն միայն կը կազմուին:

Քրիստոնէական եկեղեցին ալ միւս եկեղեցիներու կամ կրօններու նման գրեթէ այդ երեք տարրերէն կը կազմուի: Քրիստոնէական Պատմութիւնը մեզի կը ներկայացնէ իր աստուածային հիմնադիրին, անոր առաքեալներուն, եկեղեցւոյ հայրապետներուն եւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր դարու մէջ անցած կեանքին, ունեցած կռիւներուն, եւ անոր ամբողջ կրօնական կեանքին նկարագրութիւնը կ՚ընէ մեզի: Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը մեզի կը սորվեցնէ այն հաւատքը՝ զոր պէտք է ունենայ քրիստոնեան իր հոգեւոր փրկութիւնը կարենալ ձեռք բերելու համար: Քրիստոնէական բարոյականը մեզի կը սորվեցնէ այն կեանքը՝ որուն սրբութիւնովն ու մաքրութիւնովը մենք զմեզ պիտի զանազանենք ոչ-քրիստոնեայ ժողովուրդներու կեանքէն, մեզի կու տայ այն կանոնները՝ որոնցմով պիտի կրնանք զմեզ զերծ պահել մեղքի եւ ապականութեան մոլորումներէն, եւ որ մեզի ցոյց կու տայ այն ճամբան՝ ուրկէ Քրիստոս քալեց եւ ուրկէ ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայ պարտաւոր է քալել, աշխարհի խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը կարենալ պահպանելու համար («Կրօնի դասեր. Քրիստոնէական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը», Կ. Պոլիս, 1910, էջ 11-12):

Խորհուրդի մասին այսպէս կը գրէ.

ԽՈՐՀՈՒՐԴ բառին իր նախկին պարզ նշանակութենէն անջատ այսօրուան մեր ըմբռնած իմաստը տուողն եղաւ Օգոստինոս, երբ խորհուրդ բառը սապէս սահմանեց. «Տեսանելի նշան անտեսանելի շնորհքին»: Եւ այդ օրէն է որ «խորհուրդը» իր քրիստոնէական մասնաւոր նշանակութիւնը ունեցաւ եւ գործածուեցաւ ցոյց տալու համար քրիստոնէական այն արարողութիւնները, որոնց զգալի ձեւին խորը խորհրդաւոր ու նուիրական գործունէութիւն մը կայ, եւ ահա այդ խորհրդաւորութեան միջոցաւ մարդիկ Աստուածային շնորհներ կ՚ընդունին: Մեր եւ բոլոր հին եկեղեցիներու համար եկեղեցւոյ խորհուրդները հետզհետէ եօթնի բարձրացան. 1. Մկրտութիւն. 2. Դրոշմ. 3. Ապաշխարութիւն. 4. Հաղորդութիւն. 5. Պսակ կամ Ամուսնութիւն. 6. Օծումն հիւանդաց. 7. Կարգ կամ ձեռնադրութիւն քահանայութեան: Խորհուրդները կազմող մասերն են. Ա. Նիւթը. Բ. Ձեւը: Խորհուրդներուն մէջ նիւթն է անոր մատակարարութեան ատեն գործածուած իրը կամ արարողութիւնը, իսկ ձեւն է այն որոշուած աղօթքի այն բանաձեւը, որով խորհուրդները կը մատակարարուին:

Խորհուրդներու մատակարարութեան համար երեք տարրեր անհրաժեշտ են, եթէ կ՚ուզենք որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ըմբռնումով խորհուրդը իր նշանակութիւնը եւ իր արդիւնքը ունենայ: Այդ երեք տարրերն են. 1. Զգալի նշան մը, որով կարող ըլլանք խորհուրդին արտաքին մատակարարութիւնը տեսնել. 2. Աղօթք, որ պիտի սրբագործէ եւ նուիրականացնէ խորհուրդին զգալի նշանը. 3. Օրինաւոր պաշտօնեայ, որ իրաւունք ունենայ խորհուրդը մատակարարելու, ի գործ դնելով զգալի նշանը եւ արտասանելով աղօթքը («Կրօնի դասեր. Քրիստոնէական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը», Կ.Պոլիս, 1910, էջ 70-71):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024