ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ա­րամ Խա­չա­տ­­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, Ucom ըն­կե­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ վեր­ջերս թո­ղար­կուած են եր­կու ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ, ո­րոնց մէջ ամ­փո­փուած են աշ­խար­հահռ­չակ յօ­րի­նող Ա­րամ Խա­չա­տրեա­նի սե­նե­կա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Այս ար­ժէ­քա­ւոր հա­ւա­քա­ծոն պատ­րաս­տուած է 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Ե­րէ­կուան շնոր­հան­դէ­սով այս հա­ւա­քա­ծոն ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ հան­րու­թեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ա­րամ Խա­չա­տրեա­նի տուն-թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­մի­նէ Գրի­գո­րեան։ «Խա­չա­տ­­ըր-եան» ե­ռեակն ալ մեկ­նա­բա­նեց սկա­ւա­ռակ­նե­րէն քա­նի մը գոր­ծեր։

Ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րուն մէջ ամ­փո­փուած գոր­ծե­րու ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուած են Ա­րամ Խա­չա­տրեա­նի տուն-թան­գա­րա­նին եւ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կա­ճա­ռին մէջ։ Նուագ­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Ար­մի­նէ Գրի­գո­րեան, Սօ­նա Բար­սե­ղեան, Կա­րէն Շահ­կալ­տեան, Կա­րէն Քո­չա­րեան եւ Մաք­սիմ Նո­վի­քով։

 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015